Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Տեսակէտ. Դէպի Ամբողջական Յուսահատութիւն

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

dark-tunnel_91916

Յուսահատական է հայ իրականութեան խճանկարը` սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան: Չկայ հաւաքական կեանքի բնագաւառ մը, ուր յառաջխաղացք կ’արձանագրուի, մինչդեռ տեղքայլն ու անկումը անհերքելի են բոլոր մակարդակներու վրայ: Տնտեսութիւն, կրթութիւն, արուեստ, ընկերային արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն, բանակաշինութիւն, Հայ դատ… Մասնագիտական ժամանակակից արժեւորում մը, որ զերծ է քարոզչական յետին նպատակներէ, տարբեր եզրակացութեան չի կրնար յանգիլ:

Յուսահատական է իրավիճակը ո՛չ միայն այն պատճառով, որ չկան բարգաւաճելու առարկայական պայմաններ, ինչպէս իշխանաւորները յաճախ կը սիրեն շեփորել. ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Հայաստանը չունի բնական հարստութիւն, չունի ծովային ելք, ունի խնդրայարոյց աշխարհագրութիւն ու կրկնակի թշնամիներ. ո՛չ միայն այն պատճառով, որ սփիւռքը, անյաղթահարելի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, դատապարտուած է անհետացման: Այլ նաեւ` որովհետեւ չկա՛յ վերականգնելու քաղաքական կամք ու այդ քաղաքական կամքը ազգին հոգեմտաւոր էութեան մէջ կոթողող, լիարժէք աւագանի: Փոխարէնը` կան պատրուակներ, բազո՜ւմ պատրուակներ, որոնք ենթակայական սահմանափակումներու տխուր փաստը ի զուր կը փորձեն քողարկել:  «Չենք կրնար, որովհետեւ…, ձախողեցանք, քանի որ… մեր կարողութիւնները չեն ներեր… փորձեցինք, բայց…» եւ, եւ, եւ…

Ու կը յամենայ այս կացութիւնը, որովհետեւ հայ քաղաքական կեանքի մէջ որակական սերնդափոխութիւնը ութերորդ մահացու մեղքն է: Նորութիւնն ու փոփոխութիւնը, որոնք կը զուգակցին առողջ երիտասարդութեան, անհանդուրժելի գործօններ են, որովհետեւ յղի կրնան ըլլալ կարծրատիպ լիազօրութիւններու կոտորակման «վտանգով»: Այդ կարելիութիւնը առանձինն արդէն բաւարար է վանելու համար սերնդափոխութեան նման «փորձանք» մը` քննելի օրակարգերու սեղանէն: Նախընտրելի է մոխիրներու վրայ հնամաշ աւատապետութեան շարունակութիւնը, ամուլ ու միօրինակ, քան` ուժերու կարողական վերադասաւորում մը:

Յուսահատական է ներկան, քանի որ աւատապետութեան կողքին, ուռճացած է թիւը կեանքէն յոգնածներու այն փաղանգին, որուն անկեղծ մտահոգութիւնը դադրած է պայքարելու աւիւն արտադրելէ: Մէկը, որ սրտնեղած` դարձած է ոչնչապաշտ, միւսը, որ բաւարարուած է տեսական մտաշխատութիւններով, ուրիշ մը, որ տարուած է օրապահիկի մտմտուքներով…

Յուսահատական է ամէն ինչէ աւելին ա՛յն, որ ներհայկական հարթակի վրայ մարդկային արժէքներու համակարգը անկասելի վիժումներու հոլովոյթ մը կ՛ապրի: Լաւի եւ վատի, շահախնդիրի ու անշահախնդիրի, անկեղծի ու շողոքորթի հակոտնեայ հասկացողութիւնները անընդհատ մերձեցման մէջ են հոն` խաթարելով ո՛չ միայն ներկայ հաւաքական կեանքի բարօրութիւնը, այլ նաեւ` ապագան հունաւորող նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր ենթահողը:

Յուսահատութիւնը այսպէս ամբողջական կը դառնայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>