Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը Բեկանման Ենթակայ Չէ. Էօզտեմիր

$
0
0

ozdemir_90716

«Մետիամաքս» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ «Դաշինք 90»-«Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր ըսած է, որ Պունտըսթակի կողմէ վաւերացուած եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բեկանման ենթակայ չէ՛:

«Պունտըսթակը գրեթէ միաձայնութեամբ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ուրեմն միայն Գերմանիոյ խորհրդարանը կրնայ այդ բանաձեւը տնօրինել», ըսած է ազգութեամբ թուրք գերմանացի խորհրդարանականը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը կը կիսէ այն տեսակէտները, որոնք ներկայացուած են բանաձեւին մէջ:

Էօզտեմիր շեշտած է, որ բանաձեւին վաւերացումով գերմանացի խորհրդարանականները փափաքած են ընդգծել, որ ներկայ Գերմանիան նաեւ կ՛ընդունի գերմանական կայսրութեան մեղքը` Հայոց ցեղասպանութեան մէջ:

«Երբե՛ք նպատակ չենք հետապնդած մեղադրել Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները: Մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիա պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ քննարկումներ  կազմակերպելու այս մասին: Կարեւոր է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան զարգացնեն լաւ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ», նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ Էօզտեմիր «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին եւ 1916-ին հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակին եւ դատապարտման մասին» բանաձեւին հեղինակն է: Բանաձեւը վաւերացուած էր այս տարուան յունիս 2-ին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>