ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սեւրի դաշնագիրին անմիջապէս նախորդող ժամանակաշրջանի Ամերիկայի պաշտօնական դիրքորոշումը լուսաբանող, շահեկան ու այժմէական «Հայաստանի հովանաւորութիւնը» խորագրեալ յօդուածը առանց յապաւումի, թարգմանաբար կը ներկայացնեմ ստորեւ (1): Դիւանագէտ եւ դաստիարակ Ֆիլիփ Մարշալ Պրաունի յօդուածը լոյս տեսած է 3 յուլիս 1920-ին, Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան ընկերակցութեան` հեղինակաւոր «Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան հանդէս»-ի հատոր 14, համար 3-ի 396-399 էջերուն մէջ (2): Հեղինակը (1875-1966) 1901-1903 թուականներուն պաշտօնավարած է Կոստանդնուպոլսոյ ամերիկեան դեսպանատան մէջ` իբրեւ երկրորդ քարտուղար, ապա` (1907-1908) առաջին քարտուղար (3):
«Նախագահ Ուիլսըն 24 մայիսին (1920, Յ.Չ.) դիմեց ծերակոյտին` վաւերացնելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ յանձն առնելու Հայաստանի հովանաւորութիւնը (mandate, Յ.Չ.) իբրեւ ընդառաջում Սան Ռեմոյի վեհաժողովի (19-26 Ապրիլ 1920, Յ.Չ.) խնդրանքին: Նախագահը միեւնոյն ժամանակ մատնանշեց, որ ինք համաձայն գտնուած է Հայաստանի սահմաններու ընդարձակման թրքական (իմա` Թուրքիոյ, Յ.Չ.) Վան, Պիթլիս, Տրապիզոն եւ Էրզրում նահանգներուն մէջ: Պէտք է նկատի առնել, որ այս երկու խնդրանքները բխած են Գերագոյն խորհուրդէն եւ ոչ թէ` Ազգերու լիկայէն, որուն հսկողութեան տակ պիտի դրուէին բոլոր հովանաւորութիւնները:
![Միջազգային օրէնքի ամերիկեան ամսագիրը եւ յօդուածին առաջին էջը](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/COVERS_AJIL_91916f.jpg?resize=640%2C361)
Միջազգային օրէնքի ամերիկեան ամսագիրը եւ յօդուածին առաջին էջը
29 մայիսին, հակիրճ ու որոշ չափով կուսակցական ենթահողով քննարկումէ ետք, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը հետեւեալ համատեղ որոշումը կայացուց` չընդառաջել նախագահ Ուիլսընի (հովանաւորութեան) խնդրանքին.
«Որոշուած ծերակոյտէն (Ներկայացուցիչներու տան հետ համատեղ) , թէ ծերակոյտը այսու յարգանքով կը մերժէ գործադիրին (նախագահին- Յ.Չ.) լիազօրութիւն շնորհել` Հայաստանի հոգատարութեան ընդունումին ուղղութեամբ, ինչպէս որ առաջարկուած էր նախագահին 24 մայիս 1920 թուակիր խնդրանքին մէջ»:
Պաշտօնական ոչ մէկ առարկութիւն պատճառաբանուած էր այս որոշումին նկատմամբ, թէեւ քննարկումը յառաջ բերած էր հիմնական որոշ առարկութիւններ: Այս առարկութիւնները գլխաւորաբար հիմնուած էին նախագահ Ուիլսընի կողմէ նշանակուած, Հայաստանի մէջ Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւնը (50 անդամէ բաղկացած, բնութագրուած` իբրեւ Հարպորտ առաքելութիւն, 1919 (4), Յ.Չ.) գլխաւորող հազարապետ-զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտի յատուկ տեղեկագիրին հիման վրայ:
Մինչ այս տեղեկագիրը մասնայատուկ յանձնարարականներ չէր առաջարկեր, սակայն կը շեշտէր որոշ դժուարութիւններ` Հայաստանի վրայ հովանաւորութիւն ստանձնելու պարագային: Զինուորական խնդիրը` ներքին կարգը պահպանելու եւ խնդրայարոյց դրացիներու կողմէ արտաքին յարձակումէ պաշտպանելու հարցը ներկայացուած էր իբրեւ լուրջ մտահոգութիւն: Մատնանշուած էր, որ Արեւելեան հարցի յորձանուտին մէջ Միացեալ Նահանգներու միջարկումին պատճառով, քաղաքական բարդութիւնները կրնան մէկ սերունդէ աւելի տեւել: Եւ հովանաւորութեան առաջին հինգ տարուան տնտեսական բարձրարժէք բեռը, որ գնահատուած էր աւելի քան 756 միլիոն տոլար:
Կը թուէր, որ այս առարկութիւնները ծանրակշիռ էին հովանաւորութեան ընդդիմացող ծերակուտականներուն համար, թէեւ իրականութեան մէջ, զօրավար Հարպորտի ուսումնասիրութիւնները միայն համեմատաբար փոքր Հայաստանի հովանաւորութեան ուղղուած չէին, այլ աւելի լայնատարած հովանաւորութեան` ամբողջ Անատոլիայի, Կոստանդնուպոլսի եւ եւրոպական Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ` անդրկովկասեան Հայաստանի (այս եւ բոլոր ընդգծումները` իմս, Յ.Չ.):
Անկասկած, առանց նկատի ունենալու կուսակցական նկատառումներու բնոյթը, կը թուի ակնյայտ ըլլալ հովանաւորութեան հանդէպ ծերակոյտին հակառակութիւնը, որ մասամբ հիմնուած է Ազգերու լիկային հանդէպ իսկական անվստահութեան, եւ այս առաջարկութեան ենթադրած լուսաբանուած ու ներառուած պատասխանատուութիւնները, եթէ Միացեալ Նահանգները պէտք է կառավարեն Հայաստանը:
Ներկայացուած այս ծանրակշիռ առաջարկին գործնական խնդիրը անվիճելիօրէն կը կայանար այն բանին մէջ, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ պէտք է՞ գործօն մասնակիցը դառնան Արեւելեան հարցին: Արեւելեան հարցին կենսունակութիւնը ակներեւ կերպով դրսեւորուած է Եւրոպայի ուժերուն բացայայտ մրցակցութեան մէջ` նպաստաւոր դիրքեր գրաւելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: «Հովանաւորութեան» պատրուակին տակ Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ Յունաստանը հետամուտ են արժէքաւոր հողային տարածքներ աւելցնելու:
Մեծն Բրիտանիոյ դիրքորոշումը յատուկ լուսաբանութեան կը կարօտի: Պաղեստինի ու Միջագետքի կողքին, ինչպէս նաեւ` Արաբիոյ եւ Պարսկաստանի վրայ իր ունեցած ազդեցութեան գօտիէն անդին, Մեծն Բրիտանիան փաստօրէն գրաւած է Կոստանդնուպոլիսը` ձեւական, բայց դժկամօրէն գործակցելով իր դաշնակիցներուն հետ, յայտնապէս անսահմանափակ կեցութեան կայք հաստատած է Վոսփորի (նեղուց, Յ.Չ.) վրայ:
![Հայաստանը՝ ըստ Սեւրի պայմանագիրին](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/Armenia_91916.jpg?resize=640%2C458)
Հայաստանը՝ ըստ Սեւրի պայմանագիրին
Պատմական անկեղծութիւնը կը պահանջէ, որ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել այն փաստին, որ 1880-ի Պերլինի դաշնագիրով Մեծն Բրիտանիա հայերու պաշտպանութեան դերը ստանձնեց եւ գրաւեց Կիպրոսը` իբրեւ երաշխիք (Բարձրագոյն, Յ.Չ.) Դրան կողմէ Հայաստանին բարեկարգումներ իրականացնելու: Սուլթան Ապտուլ Համիտ շուտով հասկցաւ, որ հայերը կը սխալէին, հաւատալով որ կրնային ապաւինիլ (Մեծն Բրիտանիոյ, Յ.Չ.) հերոսական պաշտպանութեան, ընկերային եւ քաղաքական բարեկարգում ապահովելու իրենց ձգտումներուն մէջ: 1880-էն առաջ, դաժան ըլլալով հանդերձ Օսմանեան կայսրութեան հպատակներուն (ոչ թուրք, Յ.Չ.) կոպիտ կառավարումը, հայերը կ՛ապրէին համեմատաբար հանդարտ, առանց թուրքերուն կողմէ գործադրուած ծանրակշիռ տառապանքին: Երկու ցեղերուն միջեւ դառնութիւնը, եւ (թուրքերու կողմէ, Յ.Չ.) սարսափելի ջարդերը, որոնք տեղի ունեցան 1895-ին եւ 1896-ին, եւ որոնք նախընթացն էին հետագային (հայերը, Յ.Չ.) ոչնչացնելու Երիտասարդ թուրքերու ընդհանուր քաղաքականութեան, պէտք է վերագրել Մեծն Բրիտանիոյ` հայերուն հանդէպ ամուլ ու անօգուտ բարեկամութեան: Երբ մտածենք Մեծն Բրիտանիոյ Մեծ պատերազմին (Ա. Աշխարհամարտ, Յ.Չ.) կրած հսկայական զոհողութիւններուն մասին, կը փորձուինք արդարացնել Հայաստանը կառավարելու (պաշտպանելու, Յ.Չ.) անոր դժկամութիւնը: Սակայն, միւս կողմէ, պէտք է մատնանշել այն փաստը, որ Մեծն Բրիտանիան պատրաստակամ է ստանձնելու ծանր բեռը Պաղեստինի, Միջագետքի, Պարսկաստանի եւ այլուր, ուր նիւթական առաւելութիւնները խոստմնալից են:
Ըստ երեւոյթին, եւրոպական ուժերուն գլխաւոր շահագրգռութիւնը կը կայանար ոչ թէ Մերձաւոր Արեւելքի ճնշուած ու հարստահարեալ ժողովուրդի բարօրութեան մէջ, այլ` եսամոլութեամբ տիրանալու նիւթապաշտական շահերու: Եւ հասնելէ ետք բաւական գոհացուցիչ (իրարու միջեւ-Յ.Չ.) երկրամասերու բաժանումին` եկած են Միացեալ Նահանգներէն խնդրելու` ընդունիլ ամէնէն փշոտ եւ ամէնէն անբաղձալի աշխատանքը` հոգալու կոպտօրէն անտեսուած ու լքուած հայերը:
Այս անհաճոյ փաստերը պէտք է նկատի առնուին, երբ ամերիկացիները կ՛ամբաստանուին հայերու նկատմամբ եսակեդրոն անտարբերութեամբ: Արդարօրէն պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Մեծն Բրիտանիոյ հանրային կարծիքի զգացումը չէ դրդած (պետութիւնը, Յ.Չ.)` այս ամէնէն դժբախտ ժողովուրդին հանդէպ իրենց խոստացած պարտաւորութիւնը պատուով կատարելու:
Այս ծանրակշիռ կացութեան մէջ բնաւ տարօրինակ չէ, որ ամերիկացի ժողովուրդը դժկամութիւն ունենայ խառնուելու այս լուրջ խնդիրին մէջ` Արեւելեան հարցին, ընդունելով Հայաստանի հոգատարութեան դժուարին բեռը: Սակայն ամերիկացի ժողովուրդին խիղճը խորապէս ազդուած է այս դժբախտ ժողովուրդին ողբերգական վիճակով, որ այս պահուս անոնց խղճալի մնացորդը պաշտպանուած չէ բացարձակ ոչնչացումէ` թուրքերուն, քիւրտերուն եւ հարեւան Ազրպէյճանի թաթարներուն կողմէ: Մարդասիրական մեծածաւալ օժանդակութիւններ յատկացուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ զանազան ունակութեան տէր քաջասիրտ բազմաթիւ ամերիկացիներ, դժուարին ու վտանգաւոր պայմաններու տակ, իրենք զիրենք նուիրած են օժանդակութիւն հասցնելու եւ յոյս ներշնչելու` յուսահատութեան մատնուած այս ժողովուրդին:
Ծերակոյտին մէջ հայերուն հանդէպ այս համակրանքը եւ կարեկցութիւնը արտայայտուեցան ծերակուտական (Կիլպըրթ, 1859-1934, Յ.Չ.) Հիչքոքի կողմէ, որ իբրեւ փոխընտրանք ծրագիր` պէտք էր օգնել Հայաստանի Հանրապետութեան` նիւթական եւ զանազան տեսակի բարոյական արժանաւոր նեցուկով: Այս առաջարկը ունէր նշանակալի արժէք, սակայն անտեսուեցաւ ծերակոյտին կողմէ: Ամերիկայի Կառավարութեան եւ Ամերիկայի ժողովուրդին բարոյական նեցուկը կրնայ մղել մեծ թիւով փորձառու, նուիրեալ ու քաջասիրտ կամաւորներ` մեկնելու Հայաստան, ստանձնելու հսկայական, սակայն ոգեւորիչ յանձնարարութիւն` կանոնաւորելու քաոսային վիճակը եւ յոյս ներշնչելու խաւարային յուսահատութեան:
Մեծ խնդիրը կը կայանայ Միջազգային բոլոր ընտանիքին պարտաւորութեան մէջ` յետամնաց զարգացումի տէր ժողովուրդներուն եւ ազգերուն օժանդակելու, որ յստակօրէն մարմնաւորուած է Հայաստանը հովանաւորելու հարցով: Միացեալ Նահանգները ստիպողաբար ընդունեցին այսպիսի գործնական (հովանաւորութեան, Յ.Չ.) առաջարկութիւններ, Հայիթիի եւ Սանթօ Տոմինկոյի պարագաներուն, ուր ամերիկացի պաշտօնատարներ եւ զինուորներ, ինչպէս յարմարապէս նկարագրուած է նախագահ Ուիլսընի կողմէ, «Մեծ եղբօր» դեր կը կատարեն:
Աշխարհի տարածքին այսպիսի իրավիճակներ բազմաթիւ են, բայց Հայաստանի տառապանքը վստահօրէն ամէնէն սաստիկն է: Շեշտուած կերպով կարելի է հաստատել, որ Միացեալ Նահանգները լայնատարած պարտաւորութիւններ ունին այս (ամերիկեան, Յ.Չ.) ցամաքամասին վրայ, ինչպէս նաեւ` իր պարտականութիւնը` ֆիլիփինցիներուն հանդէպ. ուստի չենք կրնար «բոլոր արարածներուն ոստիկան» ըլլալ: Արդարացիօրէն կարելի է ըսել, որ եթէ Եւրոպան անզգամօրէն անտարբեր է հայութեան իրաւունքներուն եւ կարիքներուն հանդէպ, մենք պարտաւոր չենք ստանձնելու Եւրոպայի վերաբերող այս պաշտօնը:
Սակայն Ճշմարտութիւն կը մնայ այն, որ սարսափելի պատերազմի մը աւարտէն ետք, երբ յուսացինք, որ բոլոր ազգերու իրաւունքները պիտի հաստատուին միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքներու վրայ, կը թուի, թէ աշխարհը անտարբեր կը մնայ հնադարեան ազգի մը իրաւունքներուն հանդէպ, որ տակաւին գերութեան մէջ է:
Ինչպիսի պատճառաբանութիւն ալ որ կրնայ ըլլալ` մերժելու Հայաստանի հովանաւորութիւնը, կասկածելի է, որ ամերիկացի ժողովուրդը կրաւորական մնայ եւ արտօնէ, որ այս ազգը բոլորովին արմատախիլ ըլլայ, մինչ աշխարհը լկտիօրէն, անամօթաբար, եսամոլական տարբեր նպատակներով անհրաժեշտ քայլերու չի դիմեր անպատմելի եղերական վախճանէն խուսափելու ուղղութեամբ: Համամարդկային ազնիւ քաղաքացիութիւնը կը թուի Միացեալ Նահանգներէն պահանջել շեշտադրել իր բարոյական առաջնորդող կեցուածքը` ազգերու հիմնական իրաւունքներուն նկատմամբ»:
Յստակ է, որ 96 տարի առաջ գրուած այս յօդուածը չքմեղանքի բնոյթ ունի եւ արդարօրէն կը մեղադրէ Եւրոպան ու յատկապէս Մեծն Բրիտանիան, որուն վարչապետը լկտիօրէն ըսած էր, թէ իրենց մարտանաւերը Արարատ լեռ չէին կրնար բարձրանալ:
Սակայն այսօր Միացեալ Նահանգները 96 տարի առաջուան վիճակին մէջ չեն, ու երկար ժամանակէ ի վեր, հեղինակին խօսքով` «բոլոր արարածներուն ոստիկան»-ի դերը առած է արդէն, ուստի կ՛ակնկալուի գործադրել վերեւ նշուած «Միացեալ Նահանգներէն պահանջել շեշտադրել իր բարոյական առաջնորդող կեցուածքը` ազգերու հիմնական իրաւունքներուն նկատմամբ»:
Սակայն այս յօդուածը կը վերահաստատէ նաեւ բազմաթիւ անգամ փաստուածը, այն, որ պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժին, առանց ժամավաճառութեան` յարատեւօրէն հզօրացնելով մեր սեփական կորողականութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
10 սեպտեմբեր 2016
———————————–
(1) Թարգմանութեան ճշգրտութեան համար օգտագործուած են «Նայիրի» կայքէջի Անգլերէն-հայերէն բառարանները ( http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB )
(2) American Society of International Law, «American Journal of International Law» Vol. 14 No. 3 (July, 1920) pp. 396-399. “The Mandate Over Armenia” by Philip Marshall Brown ( http://www.jstor.org/stable/2187661?seq=4#page_scan_tab_contents )
Նաեւ United States Policy toward the Armenian Question and the Armenian Genocide Սիմոն Փայասլեան, 2003, 2005 էջ 175:
(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Philip_Marshall_Brown )
(4) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Harbord_Commission )