ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Առաջին Անունը Մուսա Լեռ Է
Երբ 1939-ին, Մուսա Լերան վեց գիւղերու ժողովուրդը, մերժելով ապրիլ թրքական լուծին տակ, ԿԱՄՈՎԻՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ԻՐ ՏՈՒՆԵՐԷՆ ԵՒ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԷՆ ու եկաւ նոր կայք հաստատելու Լիբանանի Պեքաայի դաշտավայրի մէկ անկիւնը` Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ, գաղթական մուսալեռցիներուն համար ապահովուած էր անապատային տարածք մը, որ կոչուեցաւ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ ֆրանսական իշխանութիւններուն յատուկ որոշումով:
Ֆրանսական իշխանութիւնները, խորհրդակցաբար նոր Մուսա Լեռի հիմնադիր եւ ազգային ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեանի հետ, նպատակ ունէին Մուսա Լեռ անունը պահելով` կենդանի պահել ժողովուրդի պատմութիւնն ու անցեալը յաջորդ սերունդներուն համար: Աւելի՛ն. գիւղը բաժնուեցաւ վեց թաղամասերու (վեց թաղապետներով), որոնք կոչուեցան Մուսա Լերան պատմական վեց գիւղերու անուններով` Պիթիաս, Եողուն Օլուք, Քեպուսիէ, Վագըֆ, Խտրպեկ եւ Հաճի Հապիպլի:
Լիբանանի անկախութենէն ետք, 1943-ին, նկատի առնելով, որ տարածքը ունէր նաեւ իր տեղական արաբական անունը` Այնճար (արաբերէն` հոսող աղբիւր իմաստով), պետական գրանցումը եղաւ Մուսա Լեռ-Այնճար (Հաուշ Մուսա-Այնճար) անունով: Իրականութեան մէջ ՆՈՐ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌՆ էր, որ ծնունդ կ՛առնէր, բնութեան շատ գէշ պայմաններու մէջ:
Անցած են արդէն 77 տարիներ, ժամանակին հետ շատեր սկսած են մոռնալ առաջին անունը եւ բաւարարուիլ միայն երկրորդով` Այնճարով, որ շատ կը տկարացնէ ժողովուրդին կապը անցեալին հետ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է միշտ Մուսա Լեռ-Այնճար անունը օգտագործել, եթէ նշումը մուսալեռցիներու մայրաքաղաք նկատուող Այնճարի մասին է:
Մուսա Լեռ-Այնճարը Զարգացող Հայկական Քաղաք Է
Անցեալ սեպտեմբերին, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի զոյգ առիթներով, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը իր պատգամը կու տար Մուսա Լերան հերոսներուն նուիրուած յուշարձան-համալիրին շուրջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, Մուսա Լեռ- Այնճարը մերժեց կոչել գիւղ, այլ յայտարարեց, որ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ-ԱՅՆՃԱՐԸ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ է այլեւս, եւ կարելի չէ զայն գիւղ որպէս նկատի ունենալ: Բնականաբար վեհափառը այս համոզումին յանգած էր` տեսնելով գիւղին ընդարձակումը, նոր կառոյցներու շինութիւնն ու զարգացումը, պանդոկներն ու ճաշարանները…
Վեհափառը պատգամեց աչքի լոյսի պէս հսկել այս զարգացող հայկական քաղաքին վրայ` զայն հեռու պահելով անոր հայկական դիմագիծը խաթարող բոլոր երեւոյթներէն:
Մուսա Լեռ – Այնճարի Թիկունքին` Նոր Մուսա Լեռը
Մուսալեռցիներու նոր մայրաքաղաքը կառուցուած է լեռնաշղթայի մը ստորոտին:Այս լեռները բնական ապահովական պարիսպ մը հանդիսացած են հոս ապրող հայրենակիցներուն համար:
Տարեցները կ՛ըսեն, որ երբ մուսալեռցիք ժամանած են հոս, ձմրան սարսափելի ցուրտին տոկալու համար ստիպուած եղած են այս լեռներուն վրայ գտնուող ծառերուն ճիւղերը կոտրել տաքնալու համար. նոյնիսկ արմատախիլ ըրած են ծառերուն մեծ մասը: Այս լեռները դարձած են լերկ եւ չոր, ինչ որ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է շրջանի կլիմայական պայմաններուն վրայ:
Արդեօք կարելի՞ էր ժամանակի անիւը ետ տանելով` դարձեալ կանաչապատել այս լեռները, օգտուելով այս ծառերու բերած բարիքներէն, ստեղծելով նոր կանաչապատ Մուսա Լեռ, որ անտառախիտ է եւ մշտադալար, ու կը յիշեցնէ պատմական լեռը…
Այո՛, կարելի է, ըսաւ Մուսա Լեռ-Այնճարի քաղաքապետութիւնը եւ լծուեցաւ բաւական դժուար եւ երկար ժամանակի կարօտ անտառապատման ծրագրի մը, որ արդէն իրականութիւն է: Ծրագիր մը, որ հպարտացուցիչ է իւրաքանչիւր հայրենակիցի համար` թէ՛ որպէս Լիբանանցի եւ թէ՛ որպէս հայ:
Ո՞ւր Կը Գտնուի Կանաչապատ Նոր Մուսա Լեռը
Ինչպէս յիշեցինք, Մուսա Լեռ-Այնճարը կը գտնուի Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ` արեւելեան լեռնաշղթայի ստորոտին: Հետեւաբար լեռնաշղթայ մը կայ անոր թիկունքին. քանի մը իրերայաջորդ բլուրներ` սկսելով «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ ետեւէն` հասնելով մինչեւ Հեռու Ջուրը (այդպէս կը կոչեն Շեմսինի ակը մուսալեռցի-այնճարցիները):
Այս լեռներուն վրայ է, որ սկիզբ առած է Լիբանանի անտառապատման մեծագոյն ծրագիրներէն մէկը` նախաձեռնութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի անտառապատման միութեան( L.R.I., LEBANESE REFORESTRATION INITIATIVE), 2011 թուականի հոկտեմբերին:
Անտառապատման Ծրագիրը Եւ Անոր Իրագործումը
Ահաւասիկ` ինչ կը պատմէ այդ մասին հոգիով եւ սրտով բնութեան կապուած եւ առաջին օրէն ծրագրին մասնակցած նոր Մուսա Լերան անտառապահներէն Հրայր Քիւրտեանը:
«Անտառապատման ծրագիրը նպատակ ունէր մեր լեռներուն վրայ ցանել շուրջ 48.000 ծառեր` յաջորդական երեք տարիներու ընթացքին: Ծառերը պիտի ցանուէին ազգային վարժարանի կալուածներու անկիւնէն սկսելով` մինչեւ գերեզմանատուն, որ բաւական հսկայ տարածք է, մօտաւորապէս 45 հեկտար (այսուհետեւ այսու տարածքը նկատի ունենալ որպէս կանաչապատ նոր Մուսա Լեռ): Ամբողջութեամբ չափագրուեցաւ լերան լանջերու տարածքը, ճշդուեցան այն կէտերը, ուր պիտի հաստատուէին ջրամբարները, եւ Այնճարի ակէն խողովակներով ջուրը պիտի մղուէր դէպի լերան ջրամբարները` ցանուլիք ծառերը ոռոգելու համար կաթիլային դրութեամբ, որուն համար ամբողջ ցանց մը պիտի հաստատուէր լերան կողերուն: Պիտի ցանուէին տարբեր ծառատեսակներ` կաղնի, շոճի, նոճի, ընկուզենի, նշենի, կնձնի եւ այլ անտառային ծառեր:
Ջրամբարներու եւ ոռոգման ցանցերու հաստատումէն ետք կը սկսի ցանելու աշխատանքը: Յաջորդական երեք տարիներու ընթացքին կը ցանուին 48.000 ծառեր: Շուրջ 100 կամաւորներ կը մասնակցին այս աշխատանքներուն: Ինը ջրամբարներ կը հայթայթեն անհրաժեշտ ջուրը` ոռոգելու համար ցանուած ծառատունկերը:
Ցանուած ծառերէն կարելի եղաւ փրկել շուրջ 35.000 ծառեր: Բնականաբար դիւրին չեղաւ քանի մը տարիներու վրայ երկարող այս աշխատանքը: Առօրեայ դրութեամբ աշխատանք կար եւ` բաւական դժուարութիւններ: Երեք անգամ հրդեհներ բռնկեցան տարածքին մէջ` այրելով բաւական թիւով ծառեր: Լերան վրայ կային 13 հովիւներ, որոնց արածող անասունները, յատկապէս այծերը, մեծ վնաս կը պատճառէին: Կարելի եղաւ արգիլել այս հովիւներուն տարածք մուտքը եւ փրկել ծառերը: Պատահեցաւ, որ օր մը 50 այծեր գրաւուեցան հովիւներէն, որոնք տարուեցան քաղաքապետարան, եւ կարելի եղաւ արգիլել հովիւներուն ոտնձգութիւնները: Պատահեցաւ նաեւ, որ ջուրի ամբարներէն մէկը փոթորիկի պատճառով լեռնէն վար գլորի` բարեբախտաբար առանց մեծ վնասներ պատճառելու: Այս աշխատանքը ունեցաւ իր երկու կամաւորները` Խաժակ Սթամպուլեանն ու Պերճ Թիւմպերեանը, որոնք դարձան այս լերան բնակիչներն ու պաշտպանները: Կարելի է ըսել, որ երրորդութիւն մը դարձանք` նոր Մուսա Լերան անտառապահներս:
Դէմ հանդիման գտնուեցանք նաեւ այլազան դժուարութիւններու: Լեռը շատ ժայռոտ էր, եւ ցանուելիք ծառերուն համար փոս փորելը` սարսափելի դժուար: Լերան վրայ կային տեսակաւոր անասուններ, որոնցմէ շատեր կը կրծէին ջուրի խողովակները ջուր խմելու համար…: Պէտք էր դժուարութիւնները լուծուէին առանց վնաս հասցնելու անասուններուն, որոնց բնական միջավայրին մէջ յառաջ պէտք է տանէինք մեր ծրագիրները: Պէտք էր ծառերուն տակը փորուէր, հոգ տարուէր` որ ջուրը հասնէր բոլոր ծառերուն` շաբաթական առնուազն մէկ անգամ: Այս աշխատանքը կ՛ենթադրէր առնուազն օրական քանի մը անգամ այս լանջերուն վրայ շրջիլ` նուազագոյնը օրական հինգ քիլոմեթր քալելով:
Անտառապատման այս ծրագիրը դարձաւ Լիբանանի ամէնէն յաջողած ծրագիրը եւ օրինակ ծառայեց այլ քաղաքապետութիւններու` նման ծրագիրներ մշակելու:
Հոս այցելողները, ներառեալ` Միջին Արեւելքի անտառապատման շրջանային պատասխանատուները, կը զարմանան ձեռք բերուած իրագործումով: Այս ծիրին մէջ զիս հրաւիրեցին Միացեալ Նահանգներ` յաւելեալ ծանօթութիւններու եւ անտառապատումի գործնական աւելի լայն փորձառութիւն ձեռք բերելու համար:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ ծառատնկումի այս աշխատանքը խանդավառութիւն ստեղծեց յատկապէս երիտասարդներուն մօտ , որոնցմէ շատեր կամաւոր եկան` մասնակցելու այս աշխատանքներուն:
Շուֆի բնական արգելոցի (AFDC) պատասխանատուները օժանդակեցին ծառատնկումի ծրագրին` 3000 ծառեր տրամադրելով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բնապահպանութեան նախարարութիւնը այս ծրագրին համար տրամադրեց 5000 ծառատունկեր` գիւղատնտես Կարօ Յարութիւնեանի միջնորդութեամբ:
Ծառեր ցանուեցան նաեւ բնակելի տարածքին մէջ, ուր հնարաւորութիւն կար, յատկապէս` ընկուզենի եւ ձիթենի:
Այնճարէն երիտասարդ կամաւորներ Հրակ Հանտեան եւ Րաֆֆի Թովմասեան գետեզերքը ցանեցին շուրջ 1000 բարտի եւ ուռենի»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ծառատնկումը աւարտա՞ծ է, թէ՞ տակաւին կայ յաւելեալ ծառեր ցանելու ծրագիր, Հրայր Քիւրտեան յայտնեց, որ` «Կայ տակաւին 25.000 ծառ ցանելու ծրագիր: Այս նորաստեղծ անտառակները պէտք է պահպանենք մանաւանդ հրդեհներէն: Կարելի է 15 տարի ետք բերք ստանալ այս ծառերէն որ բաւական եկամուտ կրնայ ապահովել: Նախատեսուած ծրագիրներուն մէջ է նաեւ Այնճարի գետի հունի ամբողջական մաքրութիւնը, որ մեծածախս ծրագիր մըն է»:
Հետաքրքրական էր իմանալ, որ Հայաստանէն շրջան եկած այցելուներ յայտնած են, որ մուսալեռցիք ՆՈՐ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ շինած են այս լեռներուն վրայ, որ ուշադրութեան արժանի երեւոյթ է:
Անտառապահները կը մտածեն նաեւ հոս կառուցել կրկնօրինակը Մուսա Լերան պատմական յուշարձանին:
Ապագայի որպէս ծրագիր` կը մտածուի զարգացնել կազմակերպուած այցելութիւնները այս տարածք (ecotourism):
Նոր Մուսա Լերան Եզակի Արտադրութիւնը`
Բացառիկ Համով Ելակը
Ինչպէս յիշեցինք, լերան երկրորդ անտառապահը Խաժակ Սթամպուլեանն է, որ դարձած է նոր Մուսա Լերան բնակիչ եւ փարած է այս լանջերուն: Քչախօս է, սակայն խիստ աշխատասէր եւ հետեւողական:
Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ այս ծրագրի մասին:
«Ամբողջ պատմութիւնը կը նմանի ծանօթ լուբիայի հունտի պատմութեան: Սկիզբը քանի մը ընկերներով սկսանք լերան վրայ ցանելու փորձեր ընել: Երբ ծառատնկումի աշխատանքը ընթացք առաւ, տարածքը մեծցաւ: Փոքր կեդրոն մը ստեղծեցինք .քանի մը ծառ, նստարան եւ քանի մը ակօս ելակ ցանեցինք այցելողները հիւրասիրելու համար: Մեր միտքը հին Մուսա Լեռը վերականգնել էր` իր թոնիրով եւ հին բնակարանով: Ունեցանք ընկերական հանդիպումներ որոնք քաջալերեցին երիտասարդները` օժանդակելու տարուող աշխատանքներուն:
Սկսանք փորձեր կատարել լերան վրայ տեսակաւոր բոյսեր ցանելով, ինչպէս` ձմերուկ, մեծ դդում, ազատքեղ, հայկական վարունգ (աճուր), ստեպղին, սեխ, ճակնդեղ, հազար, լոլիկ, պղպեղ, բակլայ եւ ոլոռն, կորեկ եւ այլ տեսակի բանջարեղէններ:
Փորձեցինք նաեւ ելակ ցանել, որ յաջող կերպով աճեցաւ: Փորձը մեծցնելով` ցանեցինք 2000 ելակի տունկեր: Տեղական ելակի տեսակը, հակառակ անոր որ յաջող աճեցաւ, շատ կակուղ էր եւ ժամանակի ընթացքին չպահեց իր քանակի եւ որակի արտադրութիւնը:
Մեր ծրագիրներուն օժանդակող SPNL բնապահպանութեան ընկերութիւնը տրամադրեց մեզ 240 ելակի տունկեր, որոնք ցուրտ շրջաններու համար աւելի յարմար էին (ալպիական): Կարելի եղաւ այս տեսակը բազմացնելով` պատրաստել շուրջ 12000 նոր տունկեր եւ ընդարձակել ցանքատարածքը: Հիմա ունինք 1600 քառակուսի մեթր տարածութիւն մը, որ ցանուած է ելակով: Օրական 10-12 քիլօ ելակ կը քաղենք` որ կը բաշխուի շրջան այցելողներուն: Այս արտադրութիւնը ամբողջութեամբ բնական է եւ կրնանք ըսել, որ բացառիկ համ ունի եւ կը զարմացնէ այցելուները: Վերջերս սկսանք փոքր քանակութեամբ այդ ելակէն ուղարկել Պէյրութ:
Հետաքրքրական է, որ լերան վայրի անասունները վնաս չեն հասցներ ելակի թուփերուն (բացի մրջիւններէն), մինչդեռ անոնք մեծ վնաս պատճառեցին այլ ցանքերու, ինչպէս` դդումին, սոխին, սխտորին…
Փորձեր կատարեցինք նաեւ կանաչեղէն ցանել ` միշտ ուշադիր ըլլալով լուսնի շարժումներուն, որոնք կ՛ազդեն ցանքերու աճումին: Ջուրը Այնճարի ակէն է եւ` շատ մաքուր (ըմպելի)»:
Այս տեղեկութիւնները տալէ ետք լերան վրայէն ձայնեց Այնճարի ակի ջուրի պաշտօնեային, որ անմիջապէս ջուրը դէպի լեռ մղող մեքենաները աշխատցուց, եւ ջուրը հասաւ լեռ …
Վտանգուած Անասուններ`
Մուսա Լեռ-Այնճարի Տարածքին Մէջ
Անտառապահներէն երրորդը Պերճ Թիւնպերեանն է, որ անասուններու` պաշտպանը կը նկատուի: Ան ալ լերան բնակիչներէն է եւ` նոր Մուսա Լերան պաշտպաններէն:
Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ Պերճը անհետացման ենթակայ, սակայն Այնճարի տարածքին մէջ տակաւին գոյատեւող կարգ մը անասուններու եւ այդ գծով տարուող աշխատանքներու մասին:
«Բնութեան մասնագէտները նկատած են, որ անհետացման ենթակայ երկու անասուններու տեսակներ կան, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել Այնճարի տարածքին մէջ` շատ փոքր թիւերով: Առաջինը Ջրաշունն (otter ) է, որ տակաւին կ՛ապրի Այնճարի գետին մէջ` նկատի առնելով, որ տակաւին մեր գետին ջուրը չէ ապականած: Երկրորդը Սուրիական թռչունի տեսակ մըն է, որ նաեւ երգող թռչուն է եւ կը շարունակէ ապրիլ մեր շրջանին մէջ: SPNL բնապահպանութեան ընկերակցութիւնը, գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, մշակած է այս անասուններու փրկութեան ծրագիր մը: Կայ նաեւ գործակցութիւն` դրացի Քֆար Զապատ գիւղի քաղաքապետութեան հետ: Ծրագիրը կը միտի անհետ կորուստէ փրկել այս անասունները: Զուգահեռաբար, նաեւ կ՛ուսումնասիրուին այլ անասուններու ներկայութիւնը մեր շրջանին մէջ:
Առաջին աշխատանքը եղաւ ուսումնասիրել, թէ մեր նկատողութենէն դուրս ի՛նչ անասուններ կան մեր շրջանին մէջ: Այս մասին բաւական ուսումնասիրական աշխատանք տարինք: Հաստատեցինք նաեւ գիշերային նկարահանող լուսանկարչական մեքենայ, եւ ի զարմանս մեզի` տեսակաւոր անասուններ երեւցան ժապաւէնին մէջ, ինչպէս` գայլ, աղուէս, վայրի կատու, բորենի, վայրի ոզնի, վայրի շուն…
Զուգահեռաբար կազմակերպուեցան նաեւ ձեռնարկներ` ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու համար կատարուած աշխատանքներու մասին: Կազմակերպուեցան ժողովրդային լսարաններ, դպրոցներուն մէջ հանդիպումներ եւ յատուկ դասախօսութիւններ` այս նիւթով: Կազմակերպուեցան նաեւ ժողովրդային տօնախմբութիւններ` յատուկ յայտագիրներով, յատկապէս` թռչուններու աշնան գաղթը դիտելու նպատակով: Ես կը մասնակցիմ նաեւ այս նիւթին շուրջ մասնագիտական սեմինարներու եւ վարժութիւններու: Այս ծիրին մէջ մասնակցեցայ նաեւ աշխատանքային ծրագրի մը, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ մէջ, յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք բերելու համար: Լերան վրայ անասունները մեզ մօտեցնելու համար կեր կը դնենք եւ ջուր: Դանդաղօրէն անասունները սկսան մօտենալ եւ ընտելանալ: Բնականաբար այս մէկը օգտակար եղաւ զանոնք ուսումնասիրելու համար սակայն նաեւ նոր դժուարութիւններ ստեղծեց: Մուկերն ու խլուրդները ոչնչացուցին մեր ցանած ընկուզենիներէն մաս մը…
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ լերան այս ծրագիրը զուգադիպեցաւ Սուրիոյ մէջ սկսած բախումներուն, եւ լեռը սահմանային գօտի ըլլալով` դարձաւ վտանգաւոր շրջան մը: Սահմանը անցող փախստականներ եղան: Պատահեցաւ նաեւ, որ օր մը, առաւօտ կանուխ օգնութեան կանչեր լսենք լերան գագաթէն: Ի յայտ եկաւ, որ հովիւ մըն էր օգնութիւն խնդրողը. ականի վրայ կոխած եւ մէկ ոտքը կորսնցուցած էր: Փութացինք օգնութեան քաղաքապետութեան ոստիկաններու հետ միասնաբար, մեզի միացաւ նաեւ մեզի միշտ օգնող կամաւոր Սեւակ Գոճայեանը: Կարելի եղաւ հովիւը լերան գագաթէն վար իջեցնել եւ յանձնել իր հարազատներուն:
Ինչ կը վերաբերի ջրաշունին, որուն մուշտակը շատ յարգի է, կ՛ապրի միայն մաքուր ջուրի մէջ: Իւրաքանչիւր 5 քիլոմեթր տարածքին մէջ կ՛ապրի մէկ ընտանիք` 10-15 անդամներով: Ընդհանրապէս կը սնանի ձուկ ուտելով (բաւական վնաս հասցնելով մեր ձկնարաններուն, յատկապէս` Ռազմիկ Սգայեանի ձկնարանին): Այս անասունը շատ խելացի է եւ բնութեան հաւասարակշռութիւնը պահելու համար` խիստ անհրաժեշտ»:
Նոր Մուսա Լերան Կղզին
Այնճարի ակին մօտ կը գտնուի բնական կղզի մը, որ շրջապատուած է Այնճարի ակի ջուրով եւ երկար տարիներ փակ տարածք էր` պետական վերահսկողութեան տակ: Տարիներ առաջ Այնճարի քաղաքապետութիւնը այդ տարածքը մաքրելու եւ իր բնական վիճակին մէջ պահելու նպատակով աշխատանք տարաւ, որ կղզիին տարածքը փոխանցուի Այնճարի քաղաքապետութեան: Այդ աշխատանքը յաջողութեամբ աւարտեցաւ: Երիտասարդները գործի լծուեցան, եւ աշակերտներ, պատանիներ եւ սկաուտներ` կամաւոր կերպով մասնակցեցան կղզիի մաքրութեան :
Յետ մաքրութեան, Պերճ Թիւմպերեանն ու Խաժակ Սթամպուլեանը նշանակուեցան կղզիի պատասխանատուներ: Այդ ջուրին մէջ կը գոյատեւէ ջուրի շունը, որ կը գտնուի հսկողութեան տակ:
«Ունեցանք ուրեմն նաեւ կղզի, որ այլազանութիւն ստեղծեց մեր աշխատանքներուն մէջ», ինչպէս ըսին անտառապահները:
Կանաչապատում` Անապատականացման Դէմ
Մուսա լեռ-Այնճար կատարած իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյեանը, տեսնելով Այնճարի տարածքին հին լուսանկարները, կարծիք յայտնեց որ «մուսալեռցի-այնճարցի հայերը ապացուցած են, թէ բնութեան դէպի անապատականացում ընթացող զօրաւոր հոսանքին կարելի է դիմադրել եւ այդ ընթացքը փոխել հակառակ ուղութեամբ` դէպի կանաչապատում: Այս մէկը հայու նկարագրի ամէնէն ցայտուն գիծերէն մէկն է: Մուսալեռցի-այնճարցիները իրաւունք ունին հպարտանալու: Անոնք անապատը վերածած են ովասիսի»:
Արդար գնահատանք մը` շինարար եւ աշխատասէր հայու նկարագիրը մատնանշող:
Ահաւասիկ այս ձեւով ծնունդ առաւ կանաչապատ նոր Մուսա Լեռը:
Անոր կը հսկեն երիտասարդ պաշտպանները:
սեպտեմբեր 2016,
Մուսա Լեռ -Այնճար