Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Յիշատակներու Ընդմէջէն` Մուսա Լեռէն Այնճար

$
0
0

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

kendirdjian_91716

«Հաւաքուեր էինք գիւղի մուտքին, հանրակառքերը գրեթէ պատրաստ էին մեկնելու, երբ յանկարծ նկատեցինք, որ հայրս չկար…»:

1939-ի Մուսա Լերան գիւղերը պարպելու բազմաթիւ պատմութիւններէն մեծ հօրս վարկածը կը սկսէր այսպէս:

Հայրը` Վահան քհնյ. Քենտիրճեանն էր, Պիթիասի նոր ձեռնադրուած քահանան, որ ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք ձեռնարկած էր Պիթիասի եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքին: Կազմակերպած էր դրամահաւաք` Անտիոք եւ Ալեքսանտրեթ` միացնելով գիւղացիներու լումային, յաջողած էր կառուցել Պիթիասի հոգեւոր տունը, որուն գմբէթն ալ եթէ ամբողջանար, պատրաստ պիտի ըլլար խունկի ծուխին եւ շարականներուն աղերսին…

Բայց վրայ հասած էր 1939-ը…

«Վազելով ելայ գիւղ` փնտռելու եւ օգնելու հօրս, որ շուտով միանայ ժողովուրդին` շարժելու պատրաստ հանրակառքերուն մէջ»:

Կը սիրէի լսել այս պատմութիւնը մեծ հօրս շուրթերէն, երբ հաւաքուած կ՛ըլլայինք Այնճարի իր տան հիւրընկալ սեղանին շուրջ:

2003-ի ամրան կը գտնուէինք Մուսա Լեռ, մեծ հօրս եւ մեծ մօրս ծննդեան ութսուներորդ տարեդարձը տօնելու իրենց ծննդավայրին մէջ, ուր կ՛այցելէին գրեթէ 65 տարի ետք…

Պիթիասի եկեղեցին էինք, որ տակաւին կը գտնուէր այնպէս, ինչպէս ակամայ լքած էին տարիներ առաջ… սպասող, տխուր եւ անգմբէթ…

Կը փափաքէի մեծ հօրս բերնէն նորէն լսել պատմութիւնը… այս անգամ` նոյնինքն Պիթիասի եկեղեցւոյ տակաւին չօծուած կամարներուն տակ:

«Հայրս տունը չէր: Վերջին անգամուան համար սենեակ-սենեակ թափառելէ ետք մեր ամայացած տան մէջ` վազեցի դէպի եկեղեցի… այնտեղ էր: Նստած եկեղեցւոյ մէջտեղը, հողաթումբի մը վրայ, գլուխը առած ափերուն մէջ` կը հեծկլտար…»:

Ամէն անգամ որ կը պատմէր, կը յուզուէր: Բայց այս անգամ արցունք կար մեծ հօրս աչքերուն մէջ: Եւ այդ արցունքներուն մէջ կային նաեւ իր հօր արցունքները… ծննդավայրը ձգելու, տարագրութեան, անարդարութեան եւ ճակատագիրի դէմ անզօրութենէն թելադրուած արցունքներ… Մեծ հօրս արցունքներուն մէջ կարելի էր տեսնել նաեւ տէր Վահանին թաց աչքերը, որոնք յաջորդող ամիսներուն եւ տարիներուն պիտի տեսնէին աւելի սարսափելին, երբ իր ժողովուրդին զաւակներէն, մալարիայէն եւ թիֆոյիտէն յաղթուած, տասնեակներ եւ հարիւրաւորներ հողին պիտի յանձնէր Լիբանանի արեւելքի ճահիճներուն մէջ ձեւաւորուող նոր գաղթակայանին` Այնճարի մէջ:

Տխուր երկու օրերու Այնճարի ցուրտ, բայց քաղցր հողին յանձնուեցան տէր Վահանին,  ապա տէր Բաբգէնին մարմինները, հազարաւոր այլ մուսալեռցիներու նման, որոնք իրենց նոր բոյները շինեցին հին եւ տաք բոյնին կարօտը սրտերնուն մէջ… Իսկ իրենց հին բոյները ցրտացան, շիւղ առ շիւղ քանդուեցան ժամանակի անողոք քամիի սուլոցին հետ… մնաց ջերմ յիշատակը կորսուած ծննդավայրի մը, նարնջենիներով ծեփուած լեռներու… եւ մնաց անաւարտ եկեղեցի մը հեռաւոր Պիթիասի մէջ` առանց գմբէթի… մնաց նաեւ մեծ հայրերու եւ իրենց դրուագներու յուզող յիշատակը թոռներու եւ ծոռներու յիշողութեան թաքուն դարաններուն մէջ…

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>