Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ցտեսութիւն Վաչի՛կ

$
0
0

ՀԱՅԴՈՒԿ ՇԱՄԼԵԱՆ

vatchig_91716

Չափազանց դժուար է սիրելի անձի մը մահուան անմիջապէս յաջորդող օրերուն իր մասին գրելը: Քանի մը տողը մէկ` մատներս պիտի դողդղան, աչքերս պիտի պղտորին, ապա յորդին, քանի մը անգամ պիտի ստիպուիմ կանգ առնել եւ պահ մը ետք միայն պիտի կարենամ, թերեւս, շարունակել:

Սակայն պարտաւոր եմ այս երկտողը գոնէ գրելու: Արդէն եղան շատ առիթներ, երբ թերացայ, փախուստ տուի, ուժն ու քաջութիւնը չունեցայ բան մը գրելու` մեզմէ այս աշխարհէն բաժնուած աննման անձերու մասին, սիրտ խորտակող, ահաւոր կորուստներու մասին. թող ներեն ինծի անոնց հարազատները… (սակայն գոնէ ջահել ննջեցեալներու ընտանիքները թող հասկնան` եթէ այսքան դժուար է գրել հոգեհարազատ մեծցած մարդու մահուան մասին, ինչպէ՞ս կարելի է, եւ… ի՞նչ ըսել երեխայի պարագային):

Շատ կը սիրէի Վաչիկը: Անշուշտ տակաւին կը սիրեմ, ընդմիշտ սիրելու եմ զինք, սակայն գիտենք, որ նոյնը չէ… Եւ ինչպէ՞ս կարելի էր այդ մարդը չսիրել…

Ազնիւ ու բարի, աշխատասէր եւ պարտաճանաչ, բծախնդիր, խղճամիտ, պարկեշտ եւ ճշմարտախօս, անշահագրգիռ, նուիրուած եւ հաւատարիմ` բոլոր այն տարիներուն, երբ առանձնաշնորհումը ունեցայ իր մտերիմ ընկերը դառնալու, իր կողմէ ո՛չ մէկ սխալ խօսք, ո՛չ մէկ թերացում կամ նուազագոյն չափով իսկ սխալ արարք մը լսած կամ տեսած եմ, ո՛չ մէկ: Այս աշխարհին մէջ նման հաստատում քանի՞ հոգիի հասցէին կարելի է կատարել:

Գիտենք, թէ յատկապէս Շուշին, որպէս քաղաք,  իր բնակչութեամբ, ըսենք, այլազան դիմագիծներ ունի: Վաչիկը, որպէս ամէնէն հին ժամանակներէն բնիկ շուշեցի (քաղաքին մէջ պատուական տոհմի մը անդամ, ներկայացուցիչ), ընդհանրապէս հայութիւնը եւ ի մասնաւորի Շուշին բնորոշող էական բարութեան զուտ մարմնաւորումն էր: Ոչ թէ միամիտ կամ անմիտ բարութեան, ո՛չ: Եթէ ան նկատէր, եւ շատ արագ կը նկատէր, որ դիմացինը իրեն նման լիովին հարազատ, մաքրամաքուր եւ անկեղծ չէ, անոր նկատմամբ իսկ կը մնար քաղաքավար ու սիրալիր, եթէ պէտք ըլլար, նոյնիսկ կ՛օգնէր անոր, սակայն… ոչ աւելի:

Իմ պարագայիս, չեմ գիտեր եթէ արժանի էի, սակայն Վաչիկը երբեք բաւարարուած չէր սովորական ծառայասիրութեամբ, թէկուզ իր պարագային այդ սովորականը արդէն իսկ անսովոր էր: Ան անվերջ կ՛ուզէր աւելին ընել, առիթ կ՛ուզէր, կը փնտռէր աւելին ընելու, միշտ մտահոգ, որ բաւարար չէր կատարածը, մինչ արդէն արտակարգ չափանիշներով ճարտար, կարող, հնարամիտ եւ օգտակար իմ ընկերս էր:

Պարտականութեան գիտակցութիւնն ու պարտաճանաչութիւնը կատարեալ էին: Միշտ առաջինը` դիրքի վրայ, միշտ լայն ժպիտը դէմքին կը ներկայանար իր պաշտօնին, բոլորին ձեռքը կը թօթուէր, վստահ կ՛ուզէր ըլլալ, որ իր գիշերային բացակայութեան հարց չէ ծագած, ամէն բան բնական ընթացած է, «լոխ լաւ» եղած է… Կը մեկնէր միայն այն ատեն, երբ վստահ ըլլար, որ իր ներկայութեան եւ գործին կարիք չկայ: Երբ որ աշխատանքի երկար օրուան աւարտին քէֆի եւ հաճոյքի պահ ստեղծուէր, ինք ժպտելով մեղմօրէն հրաժեշտ կ՛առնէր, ներողութիւն խնդրելով, որ պիտի չմնայ: Թէեւ այդ պահերուն անգամ տուն կ՛երթար միայն իր «պարտականութիւնը» կատարելէ ետք` Արցախի ամէնէն ընտիր տնական արաղի առատաձեռն հայթայթումով (որմէ մէկ կաթիլ անգամ ինք չէր օգտագործեր, ինչպէս` որեւէ այլ ոգելից ըմպելի, երբեք եւ որեւէ առիթով, որքան որ ալ պնդողներ ըլլային պատահական սեղանի մը վրայ, ուր կրնար գտնուիլ` ընդհանրապէս թիկունքս պահելու համար… Իր աննման ու տեւական ժպիտով մեղմօրէն կը մերժէր, ուրիշներու բաժակները կը լեցնէր):

Վաչիկը ինքնիրմէ առաջ, միշտ ուրիշներուն մասին կը մտածէր, կը հոգար: Ամէն անձ, որ զինք կը ճանչնար, զինք կը յարգէր, կը սիրէր: Ամէն անգամ որ մէկը բանի մը կարիքը ունենար, իրեն կը դիմէր: Եւ ան բոլորին կը հասնէր, բոլորին խնդիրները, մեծ կամ փոքր,կը լուծէր անպայման: Ոչ մէկ բան «ականջի ետեւ կը նետէր», կը լսէր, հոգ կ՛ընէր, իր կարելին, եւ աւելի՛ն, կը կատարէր:

Մեր յարաբերութիւնը հասած էր մակարդակի մը, որ կարծես ան միտքս կը կարդար` առանց խօսք մը անգամ ըսելու, արդէն կը գիտնար, թէ ի՛նչ կ՛ուզեմ, եւ կը կատարէր: Հեռուէն դէմքիս նայելով` կը գիտնար նաեւ, թէ ի՛նչ տրամադրութեան մէջ եմ. երբ զիս ուրախ տեսներ, իր ալ դէմքը անմիջապէս կը լուսաւորուէր, իսկ եթէ քիչ մը մտազբաղ տեսնէր, ինք ալ յանկարծ մտահոգ յօնքերը կիտած` կը մօտենար, ցած ձայնով հարց կու տար, թէ «խի՞ այդպէս եմ, էդ ի՞նչ է պատահել», ինք ի՞նչ կրնար ընել, որ տրամադրութիւնս բարելաւուի:

Անհրաժեշտ է նաեւ այստեղ յիշատակել Վաչիկին սրամտութիւնը: Շատ նուրբ, միշտ իմաստալից, իմաստուն, ինքնատիպ սրամտութիւն մը, որ ան կ՛արտայայտէր խնայողութեամբ, պատշաճ առիթներով եւ իր մտերիմ անձերու առջեւ միայն: Այս տեսակի սրամտութիւնը անսովոր խելացութեան նշան է, ինչպէս նաեւ` ներքին ուժի: Եւ ան երբեք չկորսնցուց իր այդ իւրայատուկ յատկանիշը: Մինչ արդէն երեք տարիներէ ի վեր անդադար ցաւերու մէջ էր, ահաւոր ու անհասկնալիօրէն անդարմանելի վէրքեր ունէր, տեւապէս կը տառապէր, սակայն երբեք այդ մասին չէր խօսեր, յայտնի չէր ըներ: Կ՛աշխատէր եւ կ՛օգնէր ուրիշներուն: Ժպիտը միշտ դէմքին եւ առանց առիթ փախցնելու նուրբ սրամտութիւն մը ընելու, շրջապատի կորովը բարձրացնելով:

Կ՛ըսեն, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ, սակայն միշտ ալ այդպէս չէ: Անձնական կորուստէն ետք, անոր մահը նաեւ շատ մեծ կորուստ է հայութեան համար, Արցախի եւ Շուշիի համար, «Նարեկացի արուեստի միութեան» համար:

Մնալու համար մեր իրաւասութեան մէջ` ես, Այտան, Տեսիլն ու Պատրոյգը ահաւոր կսկիծով ոչ միայն կը սգանք մեր ընտանիքի անդամ դարձած բացառիկ անձի մը մահը, այլ նաեւ կը գիտակցինք, որ  կորսնցուցինք Շուշիի «Արամ Մանուկեան» ճամբարի սիւներէն մէկը:

Երկար ժամանակ առաւ, մինչեւ որ կարողացայ այս գրութիւնը իր աւարտին հասցնել… Անշուշտ թէ անբաւարար է ներկայացնելու համար այս բացառիկ մարդը, որ այլեւս մեզի հետ պիտի չըլլայ այս աշխարհին մէջ…

Վա՜յ Վաչիկ, վա՛յ… Զիս, մեզ թողեցիր, գացիր… Հիմա ես ինչպէ՞ս պիտի վերադառնամ Շուշի, ուր ա՛լ դուն չկաս… Կու գանք, անշուշտ… սակայն այլեւս բան մը պակաս պիտի ըլլայ, նոր ու յաւելեալ դատարկութիւն մը եւս, այդտեղ, տարիներու ընթացքին անհետացած բազմաթիւ, արտակարգօրէն մեծ թիւով, մեզմէ հեռացած միւս բոլորին շարքին… Շուշիի նոր փլատակ մը եւս, սրտիս վրայ… բայց Շուշիի մէջ փլատակներն ալ կ՛ապրին, կը շնչեն, բոյսերով եւ ծաղիկներով կը ծածկուին…

Իսկական, հարազատ, ընտիր ու բարի ընկերս էիր, եղբայրս էիր… Քեզ շա՜տ, շա՛տ, անվե՛րջ պիտի կարօտնամ… Աստուած քեզ դիմաւորեց յաւերժական լոյսերու մէջ… այո՛, արցունքներուս ընդմէջէն, պայծառ երկնքին մէջ լաւապէս տեսայ ինծի ուղարկած սպիտակ նշանդ… կ՛երեւի նորէն մտահոգ ես իմ տրամադրութեամբս….

Պիտի շարունակեմ ամէն ջանք ի գործ դնել, որ արժանի ըլլամ, որպէսզի ես ալ, երբ  պահը հասնի, այդտեղ, դրախտի այդ բարձրագոյն ոլորտին մէջ, քու մօտդ հասնիմ: Բարով երթաս եւ` առ այժմ:

3 սեպտեմբեր 2016
Քանատա

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>