Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը 2014-2016, գլխաւորութեամբ Ժան Թիթիզեանի, ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն ի տես սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեան. այս առթիւ ՍԱՐՖ-ը կազմակերպեց տեղեկատուական հանրահաւաքներ` Սուրիայէն ժամանած անհատներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացումներով , դասախօսութիւններ, պատկերասփիւռի միջոցով հարցազրոյցներ, հեռաձայնային անմիջական կապեր Սուրիոյ շտաբի հետ, դրամահաւաքի ընթրիք-երեկոներ, մենաթատրոն` Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի, համերգի երեկոներ:
Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայութեան բնակարանային վարձքերու յատկացումներ եղան գործակցաբար Անի եւ Նարօտ հիմնարկի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու` ՄԱԿ-ի եւ Oxfam-ի հետ. վերջապէս` Հայաստանի մէջ գործող զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպում եւ որոշ գործակցութիւն` ի խնդիր հայրենիք ապաստանած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն: Վերջապէս ընթացիկ տարուան ՍԱՐՖ-ի գլխաւոր դրամահաւաք-թելեթոնի մը գնահատելի յաջողութիւնը առաւել եւս խրախուսեց գաղութս եւ, վերջապէս, հասանելի օժանդակութիւնը սուրիահայ մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն :
ՍԱՐՖ-ին մաս կազմող ներկայացուցիչներու համերաշխութիւնն ու արդիւնաւէտ աշխատանքը իր օժանդակութիւնը արդարացուց վերջին երկու տարիներուն գործող ատենապետ Ժան Թիթիզեանի նուիրումովն ու ջանասիրութեամբը, որ իր համեստութեամբ եւ քաջալերանքով առաջնորդեց ՍԱՐՖ-ի երկամեայ բեղուն գործունէութիւնը եւ այս ժամանակաշրջանին Սուրիոյ շտաբին փոխանցուեցաւ 1,4 միլիոն:
Առ ի գնահատանք, ընթացիկ ամսուան սեպտեմբեր 7-ին ՍԱՐՖ-ի գործադիր մարմինը կազմակերպեց ընթրիք-երեկոյ մը «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ եւ յանձնեց երախտագիտական յուշանուէր մը` Ժան Թիթիզեանի :
Վարձքդ կատա՛ր եւ ջանքդ անսպառ, յարգելի՛ ատենապետ:
Առ այդ, փոխատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան նշանակուեցաւ ՍԱՐՖ-ի ատենապետ, որ նոյնքան նուիրուած եւ աշխատունակ իր ոգիով պիտի առաջնորդէ` վերանորոգուած ուխտով ՍԱՐՖ-ի յառաջիկայ գործունէութիւնն ու նպաստը` ի խնդիր պատերազմի մէջ տագնապող մեր հայրենակիցներու ամէնօրեայ կարիքներու հոգածութեան: Սուրիահայութիւնը տակաւին կ՛ապրի պատերազմական դժնդակ պայմաններու մէջ. շարունակենք մեր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը` նորոգելով մեր ուխտը միասնաբար ամոքելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցաւերը:
Համազգային մտահոգութիւններով եւ միասնական ջանքերով`
ՍԱՐՖ-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ