ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Նոր կեանք, նոր միջավայր, մշակոյթներու բախում, համակերպում
Ինչ կը վերաբերի մշակութային խնդիրներուն, հարցախոյզին պատասխանող սուրիահայերը մեծ մասամբ յայտնեցին, թէ վերոյիշեալները խոչընդոտներ չեն սեպուիր Հայաստան հաստատուելու-չհաստատուելու իմաստով: Հակառակ անոր որ մտածելակերպի, հագուածքի, վարուելակերպի եւ շատ ու շատ բաներու մէջ հսկայական տարբերութիւններ կան հայաստանցիներուն եւ սուրիահայերուն միջեւ, այդուհանդերձ, գէթ որոշ չափով մերձեցում տեղի ունեցած է երկուքին միջեւ: Առ այդ, մշակութային խնդիրներն ու տարբերութիւնները պատճառ չեն դառնար, որ սուրիահայ երիտասարդները մերժեն Հայաստան մնալ:
Կ’արժէ նշել այն ճշմարտութիւնը, թէ սուրիահայերը իրենց հետ բերին արժէքներ, որոնցմով իրենք բնորոշուած են, ինչպիսիքն են` յաճախորդներու հետ սիրալիր վերաբերմունք ու հիւրասիրութիւն, աշխատասիրութիւն, վաճառականի ճկունութիւն եւ այլն: Սուրիահայութեան բերած նպաստներէն կարեւոր է յիշել այն, որ սուրիահայերը իրենց հետ այլազանութիւն բերին քիչ թէ շատ միատարր եւ պահպանողական ընկերութեան մը: Այսպէս, Շանթ Քոչեան` Փափարազզի գիշերային զօսավայրին տէրը, կը վկայէ. «Ժողովուրդը պահպանողական եւ դասական է, նորութիւն շատ չի սիրեր: Բացումին օրը (զբօսավայրին), ժամը մէկին մարդիկ գացին արդէն: Ամէն ինչի մէջ նորութիւնը դժուար է այս ժողովուրդին համար: Պէտք է յարմարիլ իրենց սովորութիւններուն: Երեք տարի առաջ Երեւանի մէջ մօրուքաւորը ինքնաբերաբար սուրիացի էր: Հիմա իրենք ալ սկսած են մեր սթայլին հետեւիլ, ճէլ գործածել եւ այլն: Զանազանելը դժուար է: Ազդեցութիւնը փոխադարձ է»:
Շանթ կ՛աւելցնէ. «Բաւական փոփոխութիւններ կան 2006-էն մինչեւ հիմա: Քանի մը տարի առաջ եթէ կարճ տաբատ հագնէիր, ծուռ-ծուռ կը նայէին: Ժողովուրդին մտածելակերպը կամաց-կամաց կը փոխուի»:
Բնականաբար դժգոհութիւն ալ կայ տեղացիներուն նկատմամբ: Վարդան Պերթիզլեան, օրինակ, որ համպըրկըրի սնաք ունի Երեւանի մէջ, թէեւ կը յայտնէ, թէ տեղացիները վերջին տարիներուն սկսան յառաջդիմելու` հագուածքի եւ մազի սափրուածքի կողմէ, սակայն կը դժգոհի տեղացի տղամարդոց կոշտ ու կոպիտ պահուածքէն, եւ, ըստ իրեն, շա՜տ երկար ժամանակի կը կարօտի այս պահուածքի փոփոխութիւնը:
Հալէպ ծնած ու հասակ առած քսանամեայ Սագոն, որ մատներու վրայ համրուող այն սուրիահայերէն է, որոնք Հայաստանի մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարած են, իր փորձառութիւնը դիւրին չի գտներ: Ան, երկու տարի Արցախ ծառայելով` քանի մը անգամ կռուած է տեղացի զօրակոչիկներու հետ եւ դժուարութիւն գտած է ծառայութեան կեանքի ոչ թէ ֆիզիքական, այլ ընկերային բաժինին մէջ: Ատով հանդերձ, Սագոն տոկացած է եւ այսօր Երեւանի մէջ կ՛աշխատի ու մտադիր է հայրենիք մնալ:
Սուրիահայերը ուտեստեղէնի ոլորտին մեծապէս նպաստեցին, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին գիշերային զբօսավայրեր զարգացուցին` ճաշարաններ, փապեր, գիշերային զբօսավայրեր վարելով: Ասիկա իր կարգին կրնայ օգտակար դառնալ զբօսաշրջութեան ոլորտին եւ կը նպաստէ զբօսաշրջիկներու այլազանութեան:
Սուրիահայերը իրենց հետ Երեւան բերին ուտեստեղէնի նոր տեսականի, համեմունքի գործածութիւն, խնճոյքի նոր տեսակ, նոր քիմք, նոր մշակոյթ:
Ինչ կը վերաբերի լեզուական խոչընդոտներուն, սուրիահայերը շատ արագ կ՛ընտելանան արեւելահայերէնին: Մէկ կողմէ լաւ բան է ասիկա, եթէ պիտի մտածենք համարկման եւ համահայկական փոխյարաբերութեան առումով, սակայն միւս կողմէ` համարկման գործընթացին ընդմէջէն արեւմտահայերէնն է, ցաւօք, որ զիջող դուրս կու գայ: Քոչեանի կարծիքով, լեզուի եւ մշակոյթի խնդիրը լուրջ խնդիր չէ: «Ես ալ կամաց- կամաց սկսայ արեւելահայերէն խօսիլ: Սուրիա համակերպած էինք արաբներուն, իրենց մտայնութեան: Մտայնութեան տարբերութիւնը նեղացուցիչ չեմ նկատեր: Մէկ լեզու է ի վերջոյ»:
Դպրոցներուն մէջ սուրիահայ աշակերտները արեւելահայերէն կը սորվին, կամաց-կամաց կը սկսին տիրապետելու Երեւանի խօսակցական լեզուին, մինչ պետութեան կողմէ կը բացակային արեւմտահայերէնին սատարելու յանդուգն նախաձեռնութիւնները: Փաստօրէն Հայաստանի մէջ չկայ արեւմտահայերու յատուկ դպրոց մը, որով արեւմտահայերէնը կը պահպանուի: Արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ Հայաստան հաստատուող սուրիահայերը պիտի ենթարկուին 40-ականներու ներգաղթողներու ճակատագիրին, այսինքն ժամանակի ընթացքին պիտի դառնան արեւելահայ (խուսափելով ձուլուիլ եզրոյթէն):
Ուրեմն սուրիահայերը միատարր Հայաստանին ու յատկապէս Երեւանին նկատմամբ մեծ ներդրում ունեցան քաղաքակրթական գետնի վրայ: Իրենց ներկայութիւնը ինքնին փակ միջավայր համարուող մայրաքաղաքին պարգեւեց այլազանութեան ոգի մը: Տեղացիները, որոնք սփիւռքահայը կը ճանչնային` իբրեւ ամառնային զբօսաշրջիկ, սկսան մօտէն ծանօթանալ անոր, գոյակցիլ անոր հետ, սորվիլ անոնց բարքերն ու սովորութիւնները:
Տրուած ըլլալով, որ սուրիահայերը զանգուածաբար եկան Հայաստան , անոնք կրցան փոքր համայնք մը կազմել Երեւանի մէջ :
Կազմակերպական
Հայաստան բնակող սուրիահայերուն խնդիրներով զբաղող կազմակերպութիւններէն է Aleppo NGO-ն, կամ «ՀԱԼԷՊ» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւնը:
Կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է խումբ մը սուրիահայերու նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի մէջ, ուր արձանագրուած է 2013 թուականին: Հետագային` 2014-ին, «Հալէպ» կազմակերպութիւնը նաեւ արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Հալէպ»-ը ազգանուէր գործունէութիւն կը տանի ընկերային, տնտեսական, մշակութային բնագաւառներուն մէջ, իր ամբողջ գործունէութիւնը կ՛իրականացնէ իրեն անդամակցած 150 կամաւորներու ջանքերուն շնորհիւ` նպատակ ունենալով շտապօգնութիւն տրամադրել սուրիահայ ամենակարիքաւոր ընտանիքներուն եւ անհատներուն, անոնց ապահովել անհրաժեշտ օգնութիւն եւ անոնց խնդիրներուն հիմնական լուծումներ տալ, ինչպէս նաեւ մշակել եւ իրականացնել տեւական ծրագիրներ` դիւրացնելու համար Հայաստանի մէջ սուրիահպատակներու բնակեցման եւ համարկման գործընթացը:
Հետեւեալները «Հալէպ» կազմակերպութեան նախագիծերն են :
- Տաքուկ ձմեռ,
- «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոն հաշմանդամութեան խնդիրներով սուրիահայերու համար,
- Հիւրընկալէ ընտանիք մը,
- Փրկէ կեանք մը,
- Որդեգրէ կեանք մը,
- Արաբերէնի ակումբ,
- Արաբերէն լեզուի ուսուցման դասընթացքներ,
- Ընկերային-հոգեբանական աջակցութիւն` սուրիահայերու համար,
- Ընկերային-հոգեբանական աջակցութիւն` սուրիահայ երիտասարդներու համար,
- Թաղիքագործութեան դասընթացքներ սուրիահայ կիներու համար,
- Աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներ` կիներու համար,
- Սուրիահայ երիտասարդները յանուն աւելի լաւ ապագայի` Հայաստանի մէջ:
Մինչեւ 2015-ի աւարտը աւելի քանի 1400 սուրիահայ ընտանիքներ, այսինքն` աւելի քան 4800 անձ, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական հարցեր դիմագրաւող խումբեր արձանագրուած են կազմակերպութեան մէջ` օգտուելով մարդասիրական օգնութենէ եւ բարեգործութենէ :
«ՀԱԼԷՊ»-ը իր աշխատանքները կը կատարէ այլ մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ: «ՀԱԼԷՊ»-ի գործընկերներն են` սփիւռքի նախարարութիւնը, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող գերագոյն յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ օգնութեան միութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայկական ու միջազգային շարք մը այլ կազմակերպութիւններ ու հիմնադրամներ:
«Հիւրընկալէ ընտանիք մը» ծրագիրով այս կազմակերպութիւնը կը ջանայ գտնել նուիրատուներ , որպէսզի գնէ համեստ, ցած գիներով յարկաբաժիններ, իւրաքանչիւրը` 15.000-20.000 տոլարի միջեւ տարուբերող, զանոնք յանձնելու համար սուրիահայ ընտանիքներու, որպէսզի անոնք ժամանակաւորապէս առանց վարձքի բնակին: Կազմակերպութիւնը կը ստանձնէ իրաւական ամբողջ թղթաբանութիւնը, ինչ կը վերաբերի յարկաբաժիններու գնման: Յարկաբաժիններուն օրինական տէրերը պատսպարուող ընտանիքներուն սատարող նուիրատուները կ՛ըլլան: UNHCR-ը ձեռք բերուած յարկաբաժինին կահ-կարասի կը տրամադրէ: Այս նախագիծին յայտարարուած ձգտումն է նուազեցնել սուրիահայերու Հայաստանէն արտագաղթի հոսքը: «Հալէպ» կազմակերպութեան բազմաթիւ նախագիծներէն մէկն է ասիկա :
«Հալէպ» կազմակերպութիւնը իր լուման կը բերէ նաեւ կիներու հզօրացման (empowerment) աշխատանքներու: Այսպէս, կազմակերպութիւնը «Աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներ կիներու համար» ծրագիրը իրականացուցած է` Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութիւն ընկերութեան Եւրոպական Միութեան «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագիրի ծիրին մէջ: Դասընթացքները չորս ամսուան վրայ տեղի ունեցած են, եւ այս կարճ ժամանակամիջոցին մասնակից կիները բաւական հմուտ ասեղնագործողներ դարձան: Ծառայելով իր նպատակին` ծրագիրը խթանած է 40 սուրիահայ եւ հայաստանցի կիներու գործունեայ մասնակցութիւնը, անոնց միջեւ համարկումը եւ նպաստած է հայկական աւանդական ասեղնագործութեան, մասնաւորապէս` Ուրֆայի, Վանի, տանթել եւ նորվեկեան ասեղնագործութեան պահպանման եւ տարածման:
9-12 նոյեմբեր 2015-ին Երեւանի «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հայկական աւանդական ասեղնագործութեան հինգ օրեայ բարեսիրական ցուցահանդէս-վաճառքը: Ասիկա օրինակ մըն է «ՀԱԼԷՊ»-ի աշխատանքներէն :
Նաեւ` օժանդակութեան հետաքրքրական նախագիծ մըն է «Սիրամարգ» նախագիծը, որ Հայաստան տեղակայուած RepatArmenia եւ Ayo! կազմակերպութիւններուն համատեղ ջանքերով յառաջացած է սուրիահայերուն սատարելու ձգտումով: Նախագիծը սուրիահայերու եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերու աշխատանքային ձեռնարկութիւնները կը ծանուցէ համացանցի վրայ: «Սիրամարգ»-ը ունի առցանց հասցէարան մը, ուր սփիւռքահայերու ձեռնարկութիւններուն մասին մանրամասնօրէն կրնայ տեղեկանալ կայքի այցելուն: Հայաստանաբնակ սփիւռքահայերու ձեռնարկութիւնները կայքին վրայ բաժնուած են ըստ բնագաւառներու (ժամանցային, ուտեստեղէն, գիշերային կեանք եւ այլն):
Եզրակացութիւն
Սուրիահայերը Երեւանի մէջ նոր համայնք մը եղան: Անոնք արեւմտահայ են, արաբական աշխարհէն եկած են, տեղացի հայերէն շատ երեսակներով կը տարբերին` տարբեր ժողովուրդ ըլլալու աստիճան, եւ հետեւաբար քաղաքակրթական յաւելեալ արժէք մը եղան Հայաստանին: Մէկ խօսքով, սուրիահայերը համեմեցին Երեւանի միատարր կազմը:
Առաւել, մեր հարցախոյզին համաձայն, սուրիահայերը ընդհանրապէս կը սիրեն Հայաստանը, կ՛ուզեն Հայաստան բնակիլ, միաժամանակ կարօտ ունին ասպնջական Սուրիոյ հանդէպ, եւ եթէ պատերազմը դադրի, ու Սուրիան իր երբեմնի անդորրութիւնը եւ բարօրութիւնը վերագտնէ, ծննդավայր վերադարձողներ պիտի ըլլան անոնցմէ: Անոնք գաղթականի անորոշ հոգեվիճակին մատնուած են, թէկուզ ունին անկախ հայրենիք մը, որ զիրենք կը հիւրընկալէ: Այս ընթացքով շատերը պիտի ստիպուին Քանատաները եւ Աւստրալիաները մեկնելու, որովհետեւ ներկայ Հայաստանը հայոց երազանքներու Հայաստանը ըլլալէ մղոններով հեռու է: Արդարեւ, Հայաստանի պետութիւնը տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւն չ’երաշխաւորեր իր բնիկ զաւակներուն, ալ ո՛ւր մնաց` սուրիահայերուն: Ասոր խօսուն փաստը այն է, որ վերջին 8 տարիներուն շուրջ 300 հազար հայաստանցի արտագաղթած է:
Ասկէ զատ` պետութիւնը ձախողած է համահայկական տարազ հագնելու մէջ: Նաեւ` համահայկական կազմակերպութիւնները թերացած են սուրիահայերուն ճամբով արեւմտահայ ինքնութիւնը պահպանելու ռազմավարութիւն որդեգրելու մէջ, հայրենի հողին վրայ` զլանալով սատարել արեւմտահայութեան մայր համայնքին մայրենիին` արեւմտահայերէնին:
Մայիս 2016, Երեաւն
(Շար. 2 եւ վերջ)