Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սուրիահայերը Երեւանի Մէջ. Բախում Երազային Հայաստանի Եւ Իրական Հայաստանի Միջեւ

$
0
0

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

syrians-in-armenia4_91616

Սուրիոյ աւերիչ պատերազմի բռնկումին հինգ տարին լրացաւ արդէն: Սուրիան, որ տասնամեակներէ ի վեր եռացող տարածաշրջանի մը անդորր ովասիսը կը սեպուէր, դարձաւ համաշխարհային քաղաքական ուժերու միջեւ կռուախնձոր` պատերազմի դաշտի վերածուելով: Սուրիոյ հայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, ծանր կորուստներ կրեց պատերազմին պատճառով եւ տեղաշարժի ենթարկուեցաւ: Անոր ստուար մասը իր ասպնջական հայրենիքին թոհուբոհէն ազատելու համար դիմեց գաղթի` թափառելով քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր, հայրենիքէ հայրենիք, միլիոնաւոր համաքաղաքացիներու նման` գաղթականի աննախանձելի կարգավիճակին մատնուելով:

Սուրիահայերէն շատերը դիմեցին Հայաստան` իբրեւ ապահով ապաստան:

Անոնք ի՞նչ պայմաններու մէջ կ՛ապրին : Հայաստանը մնայուն օթեւա՞ն է անոնց համար, թէ՞ ժամանակաւոր երդիք, մինչեւ որ իրերու դրութիւնը աւելիով յստականայ: Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, ի՞նչ նպաստ բերին Հայաստանին, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան զանոնք վերջնականապէս Հայաստան պահելու:

Խնդիրին մօտէն ծանօթանալու համար հարցազրոյցներ կատարեցինք զանազան ոլորտներու եւ տարբեր կեցութեանց մէջ ապրած սուրիահայերու հետ, որոնք պատասխանեցին շարք մը հարցումներու: Հարցազրոյցները կատարեցինք Երեւանի մէջ, 2015-2016 ժամանակաշրջանին, ուսանողներու, պաշտօնեաներու, գործատէրերու եւ ոչկառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ` փորձելով լաւագոյնս ապահովել ընկերային-տնտեսական տարատեսակ շերտերու ներկայացուածութիւնը:

Ինչպէս ծանօթ է ընթերցողին, պատերազմը Սուրիոյ հայութեան վրայ մասնաւորապէս ազդեց 2012-ի ամառէն ետք, երբ տագնապը հասաւ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Հալէպ` սուրիահայութեան կեդրոնը, ուր տեղակայուած էր յետցեղասպանութեան սփիւռքի «մայր» գաղութը:  Սուրիահայերը նախանցեալ տասնամեակներու Սուրիոյ յարաբերական կայունութեան շնորհիւ առիթ ունէին տնտեսապէս եւ ընկերային գետնի վրայ բարգաւաճելու: Սուրիահայերուն մեծ մասը միջին, վերին միջին եւ հարուստ դասակարգերուն կը պատկանի` ի տարբերութիւն Լիբանանի հայերուն, որոնց մօտ աղքատութիւնը եւ տնտեսական դժուարութիւնները աւելի ընդհանրացած են: («Պի. Պի. Սի. Նիւզ»):

Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն շուրջ կատարուած որեւէ ուսումնասիրութեան պարագային պէտք է նկատի առնել այն իրողութիւնը, որ անոնք մեծ մասամբ կամաւոր «հայրենադարձներ» չեն: Անոնք իրենց տունուտեղէն արմատախիլ եղած են ներքին պատերազմին, տիրող անապահովութեան պատճառով: Սուրիահայերէն ստուար շերտ մը` 20.000-ի հասնող, Հայաստան մուտք գործած է Սուրիոյ հակամարտութիւններուն սկիզբէն ի վեր: Վերոնշեալ թիւէն ոչ բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին այժմ:

Ըստ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ 24 փետրուար 2016-ին կատարուած մէկ յայտարարութեան, 16.000 սուրիահայ Հայաստան տեղակայուած է (այս թիւը խիստ առարկելի է):  Շատեր Հայաստանէն անցան Քանատա, Շուէտ , Աւստրիա, Գերմանիա եւ ուրիշ երկիրներ, եւ շատերն ալ իրենց կարգին կը սպասեն, որպէսզի լքեն Հայաստանը, մանաւանդ որ «Հայ տուն»-ի նման ծրագիրներ գաղթելու դիւրին միջոցներ կ՛ընձեռնեն սուրիահայերուն:

Մնայո՞ւն, Թէ՞ Գնայուն, Վերջնակա՞ն Հայրենիք, Թէ՞ Կանգառ

Թէ Հայաստանը անոնց համար ի՛նչ կը ներկայացնէ` վերջնակա՞ն, թէ՞ ժամանակաւոր երկիր, հարցախոյզին պատասխանողները տարբեր դիրքորոշումներ ցուցաբերեցին: Ըստ մեծամասնութեան, Հայաստանը հայերուն հայրենիքն է, եւ Սուրիան ասպնջական հայրենիք է: Սակայն ինչ կը վերաբերի Հայաստան հաստատուելու հարցին, ոմանք յայտնեցին, թէ Հայաստանը իրենց վերջնական երկիրն է, ուրիշներ խոստովանեցան` ժամանակաւոր հանգրուան մըն է Հայաստան մնալը, իսկ երրորդ կարծիքը անորոշութեան կը հակէր:

Երեւանի հրապարակը գտնուող «Փափարածծի» անունով նշանաւոր գիշերային զբօսավայրի տէր Շանթ Քոչեանը` Լաթաքիա ծնած ու մեծցած, հաւաստեց. «Սկիզբը, երբ պատերազմէն նոր եկայ Հայաստան, անիկա ժամանակաւոր երկիր էր ինծի համար: Բայց յետոյ, երբ տեսայ, որ նոր բան ստեղծելու եւ գործի առիթներ կան հոս, Հայաստանը վերջնական երկիր եղաւ ինծի համար: Միութենական անձ եմ: Հայաստանը կը մնայ մեր Հայաստանը` հայրենիքը, Սուրիան ալ հայրենիք է, բայց յիշատակ կը մնայ այլեւս: Եւրոպա ալ գացի այս տարի, բայց Հայաստանը ուրիշ է: Գործը շատ կարեւոր է հոս մնալու համար»:

Մինչդեռ համպըրկըրի խանութի տէր եւ համակարգիչի նորոգութեամբ զբաղող Վարդան Պերթիզլեանը ամենայն անկեղծութեամբ ու դառնութեամբ յայտնեց , թէ Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան մըն է իրեն համար , որովհետեւ ան թէ ՛շատ գոհ չէ իր աշխատանքին դիմաց ստացած արդիւնքէն եւ թէ՛ բարօրութեան ու տնտեսական ապահովութեան իմաստով ապահով չի տեսներ իր ընտանիքին ապագան Հայաստանի մէջ:

Հակառակ անոր որ Վարդանին ընտանեկան սնաքը բաւական հռչակ ունի Երեւանի մէջ, անիկա կը գտնուի Պուշկին փողոցին վրայ` փապերուն մօտ, այսինքն իրենց խանութը յաճախորդի սակաւութենէ չի տառապիր, այսուհանդերձ, ան դժգոհ է եւ յոռետես: Մտադիր չէ Հայաստան մնալ: Վարդան լիցքաթափելով իր մէջի վիշտը` կ՛ըսէ. «Հայաստանցի տղոց եթէ նոյնիսկ ոսկի գօտի դնես, նոյն անմիտը պիտի մնան»: Վարդան կ՛աւելցնէ` ըսելով, որ հայաստանցի տղաքը «չաուայա» են (գռեհիկ անուանում մը , որ Սուրիոյ աղքատ եւ յետամնաց գործաւորներուն համար կ՛ըսեն):

Վարդանին խօսքերը ծանր են բնականաբար : Հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ այդքան յարձակողական արտայայտութիւններ կ՛ունենայ ան, եթէ նկատի ունենանք Հալէպի իր կարգավիճակը, բարեկեցիկ կեանքը , իր ապրելու եղանակը այնտեղ, պատերազմին պատճառով իր ապրած վերիվայրումները եւ անապահովութեան դժուարին կացութիւնը , որուն մատնուած են ինք ու իր ընտանիքը այժմ Երեւանի մէջ:

21-ամեայ Սարինը, որ Երեւանի մէջ վարչագիտութիւն կ՛ուսանի, յայտնեց իր Հայաստան մնալու պատրաստակամութիւնը` ուսումը աւարտելէն ետք գոհացուցիչ պայմաններով աշխատանք գտնելու պարագային, այլապէս պիտի ստիպուի ուրիշ երկիր երթալու մասին մտածելու:

Սուրիա Վերադառնալու Մասին

Դիւրին չէ կամքէ անկախ պատճառներով լքել ծննդավայր մը` հարազատներով լեցուն, իր տուներով, դրացիներով, փողոցներով, թաղերով, դպրոցներով, գործատեղիներով, ակումբներով, եկեղեցիներով, կենցաղով, մթնոլորտով ու յիշատակներով, երբ անիկա ողբերգական եւ դժնդակ օրեր կ՛ապրի: Սուրիահայերը ձեւով մը բռնագաղթի ենթարկուած են եւ կը կրեն տեղահանուածի հոգեվիճակ: Սուրիահայերը եւ մասնաւորապէս հալէպցիները կալուածներ, շարժական եւ անշարժ գոյքեր ունին իրենց ծննդավայրին մէջ, սակայն պատերազմին պատճառով, դժբախտաբար, անոնցմէ շատեր մասամբ կամ ամբողջական ընչազրկութեան մատնուեցան եւ այժմ անորոշ վիճակի մէջ են: Անոնք կը սպասեն պատերազմին աւարտին, որպէսզի կողմնորոշուին. կը ծախուի՞ իրենց ունեցուածքը, թէ՞ ոչ, արդեօք ի՞նչ մնաց իրենց ունեցուածքէն եւ այլն: Հաղորդակցութեան ժամանակ կարօտաբաղձութեան եւ թախիծի տրամադրութիւնները պահուած չեն մնար սուրիահայերուն մօտ:

Վարդան Պերթիզլեան. «Չէ՛ չեմ վերադառնար: Մեր նպատակը հիմա յստակ չէ: Հոս մնալու փափաք չկայ: Կ՛երազեմ ետ Սուրիա երթալ»:

Անոր խօսքերուն մէջ հակասութիւններ ալ կան: Կ՛ըսէ, թէ Սուրիա պիտի չվերադառնայ, քանի մը երկվայրկեան ետք կ՛ըսէ, թէ կ՛երազէ Սուրիա վերադառնալ : Անապահովութեան պայմաններուն մէջ անորոշութիւնը զարմանալի պիտի չըլլայ:

Երեւան բնակող սուրիահայ ուսանող մը կը հաստատէ, որ միայն առժամեայ նիւթական եւ բնակարանային օժանդակութեամբ զանգուածային արտագաղթը չի՛ դադրիր: Ըստ իրեն, խնդիրը միմիայն սուրիահայերուն վերաբերող խնդիր չէ, այլ աւելին է: Տեղացի երիտասարդութիւնն ալ երկիրը լքելու մտադիր է: Ան կը շեշտէ, որ Քանատայի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործ գտնելու եւ ասպարէզի մէջ յառաջանալու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, եւ այս մէկը կը հրապուրէ երիտասարդութիւնը, հայրենիքը լքել կու տայ, օտար ափերու մէջ հաստատուելու կը մղէ զայն:

Հարցազրոյցներու պատասխանողներուն մեծ մասին մօտ նկատելի էր Հայաստան մնալու եւ հաստատուելու ցանկութիւնը, սակայն Արեւմուտք տանող արտագաղթի հոսանքը, որ տարածաշրջանին մէջ մեծ թափ ստացած է, կը մնայ գերակշռող ուժը: «Սուրիահայերուն 90 տոկոսը պիտի երթայ հոսկէ. Հայաստանը pit stop (կանգառ) է իրենց համար», ցաւ ի սիրտ աւելցուց Շանթ Քոչեան :

Ընկերային Եւ Տնտեսական Խնդիրներ

Սոյն ուսումնասիրութեան ատեն ի յայտ եկաւ, որ կարգ մը պարագաներու սուրիահայերը Հայաստան եկան մեծ ակնկալիքներով`  աշխատանքային պայմաններու, աշխատավարձերու եւ այլնի վերաբերող: Միջին քսանական տարիքի սուրիահայ երիտասարդ մը նշեց, թէ Սուրիոյ մէջ եւ ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ հայերուն ներկայացուած է Հայաստանի վարդագոյն պատկերը: Դպրոցականները կը սորվին Հայաստանի մասին` որպէս հայրենիքի, ուր ի վերջոյ բոլոր հայերը պէտք է եւ պիտի վերադառնան: Ուստի, երբ մարդիկ իրապէս վերադառնան, կը դիմագրաւեն բիրտ իրականութիւններ, զորս չէին նախատեսած: Սփիւռքահայերը, յատկապէս` երիտասարդները, դէպի հայրենադարձութիւն խրախուսող կազմակերպութիւնները (ոչ կառավարական) չեն կրնար ուժգնօրէն ազդել հայրենադարձներուն վրայ, որպէսզի անոնք մնայուն կերպով Հայաստան հաստատուին: Որոշ պարագաներու, այս կազմակերպութիւնները առաւելաբար քարոզչութեան կը ծառայեն` ակամայ թաքցնելով ոչ վարդագոյն իրականութիւնները:

Արդարեւ, աշխատելավարձն ու եկամուտը էական գործօններ են: Սուրիահայերը կը նշեն, թէ ցած աշխատավարձն ու ցած եկամուտը կը դժուարացնեն Հայաստան հատատուիլը: 25 տարեկան սուրիահայ երիտասարդ մը, որ ընտանեօք տպագրական գործերով կը զբաղի (ե՛ւ Երեւան, ե՛ւ Գիւմրի արտադրամաս ունին), ընդգծեց այն, թէ սուրիահայերը, յատկապէս երիտասարդները, հիասթափած էին Սուրիոյ դէպքերէն: Առ այդ, անոնք արագ ելք մը կը փնտռեն իրենց անապահով վիճակէն. բան մը, որ դժուար կը թուի ըլլալ Հայաստանի պէս ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող երկրի մը մէջ: Հետեւաբար անոնց համբերութիւնը կը հատնի, եւ աւելի բարւոք առիթներ կ՛որոնեն: Ասկէ զատ, տեղական շուկան եւ առեւտրական գործառնութիւնները սխալ կերպով արժեւորելու դէպքեր եղած են` գործարարական վատ տնօրինումի պատճառով: Միւս կողմէ` գաղթականներէն ոմանք պարզապէս դրամագլուխ չունէին Հայաստանի մէջ աշխատանք հաստատելու: Սուրիահայ երիտասարդը աւելցուց, որ դրամական օժանդակութեամբ, շարժառիթներու միջոցով, զուգահեռաբար սուրիահայ երիտասարդին շուկայական ճիշդ ուղղորդութիւն եւ ճիշդ արեւելում տալով` կարելի կը դառնայ անոր Հայաստան հաստատուիլն ու գործեր հիմնելը:

Տնտեսութեան կառուցուածքը, իր կարգին, չի նպաստեր գործարարական ներդրումներ կատարելու: Առկայ է մենաշնորհներու եւ փտածութեան խնդիրը, որ չի քաջալերեր դրամագլուխի տէր սուրիահայերը` դրամական ներդրումներ կատարելու: Օրինակ` համեմունքի եւ ձէթի վաճառականութեամբ զբաղող սուրիահայ երիտասարդի մը հաստատումով, ձէթի տակառին համար ինք կը ներդրէ 14.000 դրամ, առաւել 1000 դրամ տուրք` իւրաքանչիւր տակառի համար. այսպիսով,  տակառը ձեռք ձգելու գինը 15.000 կ՛ըլլայ: Այնուամենայնիւ, շուկային մէջ կան վայրեր, ուր ճիշդ միեւնոյն ապրանքանիշով տակառը 14.500-ի կը վաճառուի:

Այլ ժխտական կէտ մը կայ, ինչպէս որ կը նշէ տպագրական ըներութիւն ունեցող երիտասարդ սուրիահայը. տեղական շուկան շատ փոքր ու սահմանափակ է եւ բաւարար չափով նախնական, հում նիւթեր չունի արտադրութեան համար: Առաւել եւս, փակ սահմանները եւ նաւահանգիստ չըլլալու հանգամանքը խոչընդոտներ են ապրանք ներածել ուզողներուն համար: Նաեւ, եթէ ներդրում կատարող մը եւրասիական դաշինքի երկիրներէն դուրս երկրէ մը ներածէ իր ապրանքը, ապա ան անհաւատալիօրէն բարձր տուրք պէտք է վճարէ, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ թէ՛ մրցունակ սակերով ապրանք արտադրելը եւ թէ՛ արտասահմանեան շուկայի մակարդակի վրայ մրցակցիլը (արտածելու պարագային): Դրական կողմէ, ան կը հերքէ հարկային ծառայութեան գործադրած «կամայականութիւնները»` զանոնք ըսի-ըսաւ համարելով , տրուած ըլլալով, որ ինք նման հարցերու չէ հանդիպած:

Իսկ անոնք, որոնք պաշտօնեայ ըլլալով` ամսական աշխատավարձ կը ստանան, դիտել տուին, որ իրենց օրապահիկը չեն կրնար ապահովել. իրենց ստացած թոշակը չի բաւեր ապրելու ծախսերը եւ բնակարանային վարձքը փակելու: Երիտասարդ սուրիահայ մը` մօտ օրէն Քանատա հաստատուելիք, նկատել տուաւ, որ այս հարցը միմիայն սուրիահայերուն վերաբերող հարց մը չէ, այլ բոլոր հայրենադարձներուն, նոյնպէս տեղացիներուն կ՛առնչուի: Համաձայն անոր, եթէ տեղացիները, առանձնատուներու եւ յարկաբաժիններու սեփականատէր ըլլալով հանդերձ, իրենց ծախսերուն հետ հազիւ գլուխ կ՛ելլեն իրենց ստացած ամսականներով, ապա տան վարձք վճարողնե՛րը ինչպէ՞ս պիտի դիմանան իրենց չնչին աշխատավարձերով:

ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մօտ համատիրութեամբ փոքր ճաշարան մը բացած սուրիահայ երիտասարդի մը կարծիքով, եկամուտի տարբերութիւնը Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վհատեցուցած է շատ մը սուրիահայեր, որովհետեւ այստեղի ապահովուած եկամուտը չի կրնար ծախսերը հոգալ այն ապրելակերպին, որուն իրենք վարժուած են. կ՛ուզեն շարունակել այդպէս ապրիլ: Ան կը հետեւցնէ, որ եթէ ապրուստի համար բաւող եկամուտ ապահովուի, ստուար թիւով սուրիահայեր Հայաստան կը մնան: Ըստ իրեն, մեծ համեմատութեամբ  սուրիահայեր կը դժկամին Հայաստանի մէջ մեծ ներդումներ ընելու,  որովհետեւ գիտեն , թէ տեղական շուկան սահմանափակ է: Անոնք կը վախնան պարտքերու տակ իյնալէ` գործերու ձախողութեան պարագային:

Վերադառնալով «ապրելակերպ պահել»-ու խնդիրին` երիտասարդ տղայ մը նշեց, որ իր հայրը յայտնի դէմք է սուրիահայ գաղութին մէջ` Հալէպ: Ըստ երիտասարդին, իր հայրը մերժած է Հայաստան հաստատուիլ, քանի որ ատիկա պիտի նշանակէ «թշուառ» պայմաններու մէջ ապրիլ, փոքր յարկաբաժինի մը մէջ: Ուստի ան Հալէպ մնացած է:

Ինչ կը վերաբերի պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն եւ գործատէրերու եկամուտներուն, հարկ է լուսարձակի տակ առնել երկուքին միջեւ գոյացող «հակասութիւնը»: Տպագրական գործերով զբաղող սուրիահայ երիտասարդը յայտնեց, որ Հայաստանի շուկային դրական երեսակներէն է աշխատավարձերուն ու հարկերուն ցած ըլլալը: Թէպէտ ասիկա դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ ներդումներու առումով, սակայն ժողովուրդի մեծամասնութեան, այսինքն աշխատաւոր դասակարգին (տեղացի թէ սուրիահայ) կենսամակարդակը չի բարեշրջեր:

Հետեւաբար կարելի է եզրակացնել, որ ընկերային-տնտեսական լուրջ խոչընդոտներ գոյութիւն ունին (տան վարձք, փոքր շուկայ, հարկային դժուարութիւններ, մենաշնորհներ, ցած աշխատավարձ), որոնք պատճառ կը դառնան, որ սուրիահայերը անապահով զգան Հայաստանի մէջ :

Դրական Կողմը

Հակառակ տնտեսական բոլոր խոչընդոտներուն` Երեւանի մէջ տասնեակներով սուրիահայեր յաջողած են իրենց գործին մէջ: «Սիրամարգ» նախագիծի պատասխանատու Ծովակ Սողոմոնեան կը հաւաստէ, որ մեծ թիւով մեքանիսիեններ, թոռնոճիներ, սափրիչներ, գործարարներ եւ տարբեր տեսակի արհեստաւորներ գոհ են Երեւանի մէջ իրենց ստացած վաստակէն:

«Սուրիացի արհեստաւորը վարպետ է, արագ աշխատող է, ճաշակաւոր է, յաճախորդին հետ վարուիլ գիտէ, հետեւաբար աչքի կ՛իյնայ եւ մրցակցութիւն կը ստեղծէ շուկային մէջ»: Սուրիահայերու ճաշարաններուն մեծ մասը եկամտաբեր է, ոմանք` այն աստիճան, որ մէկէ աւելի մասնաճիւղեր կը բանան քաղաքին մէջ: Տարբեր տեսակի գործերով յաջողակ սուրիահայերը վերջերս լուսարձակները գրաւեցին հեռատեսիլի, մամուլի եւ ընկերային ցանցերու վրայ: 19 մայիսին, օրինակ, «Երեւան էքսփօ» ցուցահանդէսին համալիրին մէջ մեծ շուքով բացումը կատարուցաւ «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որուն մասնակցեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանը:

Ցուցահանդէսին մասնակցած են սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող 70-է աւելի սուրիահայ ընկերութիւններ եւ անհատ ձեռնարկատէրեր:

Տնտեսութեան նախարարին այդ առիթով խօսքը ցոյց կու տայ սուրիահայերու տնտեսական առաւելութիւնը: «Գրեթէ բոլոր ներկայացուած ապրանքները, ծառայութիւնները Հայաստանի ռազմավարական եւ խոստմնալից ուղղութիւններու մէջ են` սկսելով ձեռագործներէն, հասնելով մինչեւ արհեստագիտական նոր լուծումներ պարունակող սարքաւորումներ: Այդ ապրանքները եւ ծառայութիւնները կրնան սպառիլ նաեւ եւրասիական տնտեսական երկիրներու շուկաներուն մէջ: Կայ միտք, կայ գաղափար, կայ որակ եւ ամենակարեւորը` ներկայացման ձեւ: Յառաջիկային աջակցութիւն կը ցուցաբերուի, եւ դուք կը տեսնէք սուրիահայերուն տնտեսութիւններուն յառաջընթացը: Այս փորձը ցոյց կու տայ, թէ որքան ալ դժուարութիւններ կան, սակայն մարդիկ լաւատեսութեամբ օժտուած են Աջակցութիւնը պիտի ըլլայ թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ արտահանման ներգրաւման տեսանկիւնէն: Անոնց հաւաքած գովազդներուն, արշաւներուն համաֆինանսաւորումով ապրանքներու ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին այլ երկիրներու մէջ»:

Ցուցահանդէսին` տպագրութեան, հրատարակչութեան, ոսկերչութեան, փայտամշակման, զբօսաշրջութեան, ասեղնագործութեան, սարքաւորումներու արտադրութեան, հաստոցաշինութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ արտադրելու սուրիահայ գործարարներուն ջանքերը նախագահ Սերժ Սարգսեանը նկատած է ոգեւորիչ եւ բարձր գնահատած է ներկայացուած ապրանքներուն որակական յատկանիշները:

Հետեւաբար, ըստ երեւոյթին, դրամագլուխի տէր միջին ձեռներէցութիւն վարող գործարարներն ու նորարարներն են, որ Հայաստանի մէջ առաւելապէս յաջողութիւն գտած են իրենց ասպարէզին մէջ: Սակայն ամէն մարդ դրամագլուխի տէր չէ, որ նոյն յաջողութեան կարելիութիւնը ունենայ:

(Շար. 1)

Մայիս 2016
Երեւան

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>