Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Յուշատետր. Ժամացոյցի Պատմութիւն Մը

$
0
0

Ռ. Հ.

Հարկաւ դուք ալ ձեր դաստակին վրայ կը կրէք ժամացոյց մը: Ես միշտ հաւատացած եմ, որ մարդ չի կրնար բնականոն կեանք մը ապրիլ, եթէ իր վրայ ժամացոյց մը չունի, թէեւ միշտ զարմանքով հանդիպած եմ մարդոց, որոնք ժամացոյց չունին իրենց վրայ, ու եթէ պէտք ըլլայ, շուրջիններուն կը հարցնեն, թէ ժամը քանի է: Ժամացոյց ըսուած գործիքին այնքան աժան տեսակները կան, որ մարդ այլեւս կը զարմանայ ժամացոյց չունեցողներուն վրայ: Արդեօք հարցը դրամական խնդիր չէ՞, ուրի՞շ ազդակ մը մարդիկը կը մղէ ժամացոյց չկրելու:

Դուք անոնցմէ չէք: Ձեր դաստակին վրայ ժամացոյց մը կայ: Այլեւս պիտի չհարցնեմ, թէ մէկ օրուան մէջ քանի ՞ անգամ կը նայիք այդ ժամացոյցին: Միայն թէ պիտի հարցնեմ, որ ամէն անգամ որ կը նայիք ձեր ժամացոյցին, արդեօք ժամացոյցին երկու սլաքներուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ՞ք, կ՛անդրադառնա՞ք, թէ այդ երկու սլաքներուն շնորհիւ է, որ դուք կը հասկնաք, թէ ժամը քանի՛ է: Այս երկու սլաքներէն մէկն իսկ եթէ պակսի, եթէ իր պարտականութիւնը չկատարէ, ձեր ժամացոյցը անօգուտ կը դառնայ: Դուք բնաւ անդրադարձա՞ծ էք այդ պարզ ճշմարտութեան:

Գիտեմ` պիտի պատասխանէք, որ այո՛, այս խնդրին անդրադարձած էք, երբ ձեր ժամացոյցը աւրուած է: Կը պատահի: Մէյ մըն ալ կը նայիք, որ ձեր ժամացոյցը կանգ առած է, սլաքները անշարժացած են, կամ սլաքներէն մէկը ինկած է տեղէն ու գործ չի տեսներ: Այն ատեն է ահաւասիկ, որ կ՛անդրադառնաք, թէ ինչպիսի պարապութիւն մը կը ստեղծուի, եթէ ժամացոյցին սլաքները գործ չտեսնեն:

Բայց նպատակս այսքան պարզ ճշմարտութեան մը մասին խօսիլ չէ: Ես պարզապէս պիտի ուզեմ երեւակայել, թէ մեր կեանքին մէջ ինչե՜ր կը պատահէին, եթէ դէմ յանդիման գայինք անհեթեթութիւններու հետ:

Տեղ մը կարդացած եմ որ «Անհեթեթի թատրոն»-ի նշանաւոր հայազգի թատերագիր Արթիւր Ատամովին թատերախաղերէն մէկուն մէջ բեմին վրայ դրուած է մեծ ժամացոյց մը, որ սլաքներ չունի: Ինքնին անհեթեթ է անշուշտ բեմին վրայ դնել սլաք չունեցող ժամացոյց մը, բայց աւելի անհեթեթը կայ: Թատերախաղին մէջ դերակատարները յաճախ կը նային սլաք չունեցող այդ ժամացոյցին ու ճիշդ ժամը կը տեսնեն: Հոս ահաւասիկ իրարու հետ ժամադրուած են երկու անհեթեթութիւններ: Ուրիշ հեղինակ մըն ալ, ո՜վ գիտէ, ինչպիսի անհեթեթութիւններ կրնան բեմադրել մեզի, անհեթեթութիւններ, որոնք կրնային պատահիլ, բայց չեն պատահիր, ու այդ պատճառաւ ալ գաղափար չենք ունենար անոնց մասին:

Օրինակի համար, երեւակայեցէք քսան յարկանի փառաւոր շէնք մը, որուն քսան յարկերուն միջեւ ո՛չ սանդուխ կայ, ո՛չ վերելակ: Այսպիսի շէնք մը կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ: Ո՛չ անշուշտ: Ո՛չ թէ քսան, այլ երկու յարկանի շէնք մը անգամ ունի իր սանդուխը: Սանդուխ չունեցող բազմայարկ շէնքը անհեթեթութեան խորհրդանշան մըն է: Ծաղրանկար մըն է: Բայց ոեւէ մէկը բնաւ կը մտածէ՞ թէ բազմայարկ իր շէնքը կրնար ստեղծուած ըլլալ առանց սանդուխի եւ բարեբախտաբար այդպէս ստեղծուած չէ:

Երեւակայեցէք փառաւոր շէնք մը, որ ո՛չ դուռ ունի, ո՛չ ալ պատուհան: Այդ շէնքէն ներս մտնելու կարելիութիւն չունիք: Այսպիսի շէնք մը կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ: Ո՛չ: Արդէն ո՛չ մէկը պիտի մտածէր դուռ ու պատուհան չունեցող շէնքի մը մասին, եթէ մէկը չյիշեցնէր, թէ շէնքը կրնար շինուած ըլլալ առանց դրան ու պատուհանի:

Բայց Արթիւր Ատամովին թատերախաղը, զոր յիշեցինք վերը, միայն սլաք չունեցող ժամացոյցի անհեթեթութեան մը մասին չի խօսիր: Ան կը խօսի երկրորդ անհեթեթութեան մը մասին եւս: Մարդիկ սլաք չունեցող այդ ժամացոյցին կը նային ու ճիշդ ժամը կը տեսնեն: Այս ալ ուրիշ անհեթեթութիւն մըն է:

Հիմա պիտի արժէ, որ երեւակայենք ուրիշ անհեթեթութիւններ ալ, որպէսզի տենենք, թէ բարեբախտաբար մեր կեանքը կը ծփայ ո՛չ թէ անհեթեթութեան վրայ, այլ` տրամաբանականին վրայ:

Օրինակ` ժամացոյց մը, որուն երկու սլաքներն ալ պզտիկ են ու իրարու հաւասար:

Կամ ժամացոյց մը, որուն վրայ վրայ տասը ժամ կայ, փոխանակ` տասներկուքի:

Կամ` սեղան մը, որ միայն երկու ոտք ունի:

Կամ` հայելի մը, որուն մէջ երբ կը նայինք, ուրիշի մը դէմքը կը տեսնենք:

Արթիւր Ատամովէն առաջ ուրիշ հեղինակ մըն ալ կայ, որ գրած է անհեթեթին մասին: Ասիկա անգլիացի նշանաւոր բանաստեղծ ու գրագէտ Օսքար Ուայլտն է, որուն ամէնէն նշանաւոր գործը անոր ամէնէն անհեթեթ վէպն է: «Տորիան Կրէյին դիմանկարը»: Տորիան Կրէյ վայելուչ երիտասարդ մըն է, այնքան վայելուչ որ Պասիլ Հալվըրտ անուն նկարիչ մը կ՛ուզէ անոր դիմանկարը շինել: Դիմանկարը հրաշալիք մըն է, բայց Տորիան Կրէյ կը մտածէ, որ իր վայելչութենէն բան մը պիտի չմնայ մօտ ատենէն, պիտի ծերանայ, պիտի տգեղնայ: Կը մաղթէ, որ իր դիմանկարին մէջինը ծերանայ, ատոր փոխարէն` ինք անփոփոխ մնայ: Իր մաղթանքը կ՛ընդունուի: Այն վայրկեանէն անդին դիմանկարի մէջի Տորիանն է, որ յաւէտ կը մնայ անփոփոխ:

Անհեթեթի գրականութեան մասին խօսելու ընթացքին պէտք է յիշեմ իմ գրականութիւնը: Անցեալին, ուրիշ նմանօրինակ պատմուածքներու կարգին, գրած եմ «Դաւիթեանին մնացեալ օրերը» անուն պատմուածք մը, որ անհեթեթին յիշեցումն է: Գնէլ Դաւթեան օր մըն ալ կը նշմարէ, որ օրերը հետզհետէ աւելի շուտ անցնիլ սկսած են: Չորեքշաբթին երեքշաբթիէն աւելի շուտ կ՛անցնի, այդպէս նաեւ` միւս օրերը, ու Դաւիթեան այլեւս չի հասնիր իր գործերուն, ամէն օր օրը գիշեր կ՛ըլլայ անհասանելի արագութեամբ: Գնէլ Դաւիթեան կը վազէ ու կը վազէ հասնելու համար ժամանակին, որ իրմէ կը փախչի:

Անհեթե՞թ է, թէ՞ ոչ:

rh@normarmara.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>