Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Նշմար. Ոչ Թէ Դափնեպսակ Մը, Այլ` Ճշմարտութեան «Դառն Պտուղը»

$
0
0

vaho_91516

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանչիսկոս պապը 2 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Պաքու: Անոր այցելութիւնը բնականաբար իր վրայ պիտի հրաւիրէ միջազգային լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը, ինչ որ Ազրպէյճանի համար կը ստեղծէ քարոզչութեան առիթ մը: Խորքին մէջ, սակայն, այդ այցելութիւնը աւելի վտանգ է, քան` օրհնութիւն:

Պաքու մինչեւ 2 հոկտեմբեր երկարող ժամանակը պիտի օգտագործէ նախապատրաստական քարոզչութիւն կատարելով այդ այցելութեան յաւելեալ փայլք ու կշիռ ապահովելու: Ազրպէյճանցիները այդ քարոզչութիւնը կատարելով, սակայն, առաւել եւս կը խորացնեն այն փոսը, ուր պիտի յայտնուին Հռոմի արդարամիտ եպիսկոպոսապետին արտասանելիք խօսքերէն ետք:

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վլատիմիր Ֆեքեթէ յայտարարած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Յստակ է, որ ազրպէյճանական կողմը նպատակ ունի շահագործելու այդ այցելութիւնը` յառաջ մղելու համար ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ իր թեզերը եւ այդպիսով հակակշռելու Ֆրանչիսկոս պապի Երեւան այցելութեան ընթացքին կամ անկէ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոր կեցուածքներուն պատճառով հայկական կողմին ապահոված կէտերը:

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը ղարաբաղեան հիմնահարցին անդրադառնալու մղելու քայլը կու գայ վկայելու, թէ Պաքու ունի այն յոյսը, որ Ֆրանչիսկոս պապը իր այցելութեան ընթացքին կ՛անդրադառնայ Ազրպէյճանի «բռնագրաւեալ հողերու» հարցին: Սակայն Ազրպէյճանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին պատասխանը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանչիսկոս պապը նոյնիսկ եթէ անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, ապա անոր արտասանելիք խօսքերը կրնան յուսախաբութիւն պատճառել ազրպէյճանական կողմին, որովհետեւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի չըլլան վերջինիս ակնկալութեան համահունչ:

Աւելի՛ն, այդ այցելութիւնը ազրպէյճանական կողմը ոչ թէ պէտք է խանդավառէ, այլ մեծապէս մտահոգէ Պաքուն, որովհետեւ միայն Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չէ, որ միջազգային լրատուամիջոցներու լուսարձակներուն տակ պիտի յայտնուի, այլ նաեւ Ազրպէյճանի մէջ տիրող բռնատիրութիւնը: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է յիշեն Երեւանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապի` պաշտօնական բնագիրէն շեղելու իրողութիւնը եւ մեծապէս մտահոգուին այս «անկանխատեսելի» եւ յառաջադէմ գաղափարներու տէր պապէն, որ վստահաբար աչք պիտի չփակէ բռնատիրութեան իրողութեան նկատմամբ եւ անպայման պիտի անդրադառնայ բռնաճնշումներուն, մարդկային իրաւանց խախտումներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցերուն: Այլ խօսքով` ան պիտի հարուածէ Ազրպէյճանի աքիլեսեան գարշապարը: Ազրպէյճան իր ակնկալածին նման Ֆրանչիսկոս պապէն պիտի չստանայ դափնեպսակ մը, այլ` ճշմարտութեան «դառն պտուղը»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>