Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայ ազգի գերխնդիրները լուծման կը սպասեն:
Ինչպէ՞ս ազգ ըլլալ` տարտղնումով, կորսնցնելով հող, համրանք, լեզու, դառնալով ֆիզիքական եւ մշակութային խառնածին:
Զանց առնելով հռետորական բացատրութիւնները` հարկ է խօսիլ յիշուած եւ երբեմն ալ չյիշուած գերխնդիրներու մասին, առանձնացնել զանոնք ըստ ազգի գոյութենական հեռանկարներուն, առանց զանոնք փակագիծի մէջ դնելու, չհետեւելով մեր ենթակայական եւ կամ մեր շահախնդրական հետաքրքրութիւններուն, եւ հաշուեկշիռ ընել:
Հայկական հարց, Ցեղասպանութիւն, հայրենահանում, բռնագրաւուած Հայաստան, Արցախի Հանրապետութիւն, արտագաղթ եւ հայրենադարձութիւն` հայրենատիրութեան լոյսին տակ, սփիւռքներու յարաճուն օտարում` ինքնութեան մաշումով, մեզ իրարմէ հեռացնող ազդակներու վերացման դէմ անզօրութիւն:
Մեր անզօրութիւնները կը սքողենք հռետորական ելոյթներով եւ հրավառութիւններով, որոնք կը սկսին եւ կ՛աւարտին բարձրախօսներու աղմուկով եւ եսեր շոյող պատկերներով: Երբ մարին ջահերը, եւ դադրի աղմուկը, բացի յուզումներէ` ո՞ւր հասած կ՛ըլլան մեր հիմնահարցերը: Ինչպէս նաւապտոյտէ մը ետք իւրաքանչիւր յիշատակի որսորդ իր ճամպրուկը շալկած` կը վերադառնայ իր առօրեային, այդպէս ալ կ՛ընենք մենք` ազգի հիմնախնդիրները ձգելով սպասման սրահի մէջ տեղ մը… Եւ ամբողջ տարին կ՛որոճանք ամեակ մը, ամեակներ…
Յաջողութիւններու մասին կը սիրենք խօսիլ, կը խորհինք, որ այդ ձեւով կ՛ամրանանք, բայց կը լռենք, երբ արտառոց ձախողութիւններու դիմաց կը կանգնինք, եթէ դեռ զանոնք ճապկումներով յաղթանակ չհամարենք:
Աւելի քան կէս դարէ ի վեր սգատօները փոխարինած ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման աղմուկով եւ յաջողութիւններով, բայց չենք հարցներ, թէ հայոց իրաւունքը մազաչափ վերականգնեցա՞ւ: Կամ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը, եթէ համայն աշխարհ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:
Պատմական մեծ անարդարութիւն հայրենահանումը մազաչափ սրբագրուեցա՞ւ, թէ՞ այսօր ան աւելի շեշտուած է եւ կը շեշտուի աղէտ-արտագաղթով: Հակառակ հռետորական ճապկումներու` ի՞նչ կ՛ընենք հայրենադարձութեան համար, որ կարծէք իր փլասեպօ-ն գտած է չանհանգստացնող զբօսաշրջութեան մէջ, ան ըլլայ ճաշարանային, թէ լուսարձակներու տակ գումարուող խորհրդաժողովներով:
Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի ազատագրուած բեկոր է, որ ոչ թէ ճանաչման, այլ միացման հարց պէտք է ունենայ: Այդ միացումը իրողապէս եղած է, օրին եղած էր: Հակառակ ծագելիք դժուարութիւններուն` այդ միացումը օրինականացնելու նախաձեռնութիւնները հարկ է բազմապատկել, չընկրկիլ իրական կամ երեւակայական բարդութիւններու դիմաց, որոնք այսօրուան բարդութիւններէն աւելի պիտի չըլլան:
Այդ օրինականացման միս ու ոսկոր կու տայ, պիտի տար Արցախի բնակեցման յաջողութիւնը: Ասդին-անդին յայտարարել, որ ազատագրուած Արցախը ունի 150.000 բնակիչ (համացանցի վրայ, 2010-ի տուեալներով` 141.000), վառ կը պահէ կայսերական ձգտումները թուրք-ազերիական յարձակապաշտութեան: Կրկին պաշտօնական տուեալներով, Արցախի հանրապետութեան տարածութիւնը 11.000 քառ. քմ է աւելի է, այսինքն Լիբանանէն աւելի ընդարձակ է ազատագրուած Արցախը: Լիբանան ունի չորս միլիոն բնակիչ:
Եթէ հայերով չաճի Արցախի բնակչութիւնը, հարց պէտք է տալ, թէ վաղը որոնցմո՞վ պիտի բնակուի այդ ազատագրուած հողը: Ազատագրուած հողը միայն հայրենասիրական երգերու նիւթ չէ, պէտք չէ ըլլայ: Եւ պէտք է յիշել, որ քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է:
Ընդարմացած զանգուածները չեն ուզեր անհանգստանալ եւ չեն ուղղեր հարցումը. ի՞նչ կ՛ընենք բնակչութեամբ վերահայացնելու համար հայու հողը: Մամուլով եւ բեմերէ յայտարարել, որ հոն կ՛ապրին միայն 150.000 հայեր, պարտութեան անփառունակ խոստովանութիւն է: Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռքներ հիմնախնդիր օրակա՞րգ է այս բնակեցումը, եւ ի՞նչ են արդիւնքները: Բաղդատել սուրիահայերու մեր օրերու Քանատա զանգուածային գաղթին, զոր ոմանք «յաղթանակ» կը համարեն: Հայրենասիրական երգերը եւ ճառերը անոնց քայլերը չառաջնորդեցին «դէպի երկիր»:
Նոյն հունով, եւ տրամագծօրէն հակառակ ուղղութեամբ, ի՞նչ է ազգի քաղաքական վերաբերումը արտագաղթի հարցով: Կա՞յ նման վերաբերում: Երբ կ՛ըսենք, որ արտագաղթի հանդէպ վերաբերումը քաղաքական է, հարկ է հասկնալ, որ ան գաղափարախօսական եւ տնտեսական է: Հայաստանի եւ սփիւռքներու «ղեկավարութիւնները» ցարդ անկարող եղան գործարանները վերաբանեցնելու, աշխատատեղեր ստեղծելու, որպէսզի մարդիկ չգաղթեն եւ արդիւնաբերութիւնը ամրացնէ անկախութիւնը: Թերաճ երկիրներու պատկերով, անհատական հարստացում կայ զանգուածի անբաղձալի կացութեան զուգահեռ, ինչ որ տնտեսական եւ հոգեբանական ազդակն է աղէտ-արտագաղթի: Այս հիմնախնդրի լուծումը «ղեկավարումէ» կախում ունի, կախում չունի բարեացակամ կամ անբարեացակամ դրացիներէ: Այսինքն մենք ենք դերակատարը եւ պատասխանատուն: Բայց կախում ունի նաեւ ներշնչուած եւ ապրուած հայրենատիրութեան անսակարկելի յանձնառութենէ:
Հոգեբանական ազդակը գաղափարախօսական է, համազգային է: Ան կը յատկանշուի «ղեկավարութիւններու» հրամցուցած օրինակով: Երբ սահմանին վրայ Թալինի գիւղացիին քսան տարեկան զաւակը կը մեռնի, անընդունելի է, որ այլ տեղ, սակաւապետութեան (ինչպէս կ՛ըսուի` օլիկարխի) տղան կամ աղջիկը, յորդող ճոխութեամբ հարսանիք ունենան: «Աչք ծակող» անհաւասարութիւնները ազգային գաղափարախօսութեան արմատները կը չորցնեն: Անոնց մասին, լուռ համախոհութեամբ, չենք խօսիր, չի խօսիր մամուլը, չեն խօսիր հեռատեսիլի ժամերը լեցնող ժողովները եւ Ազգային ժողովը, այդ մասին կարգախօսներ չեն յանկերգուիր ցոյցերու եւ հանրաժողովներու ընթացքին: Բացասականութիւնները կը ներշնչուին ղեկավարութիւններու բացասական օրինակով:
Բարոյախօսական ճառը եւ յորդորները դատարկաբանութիւն են, երբ կը բացակայի առաջնորդի պայծառ օրինակը: Այդ օրինակները կը պայծառանան, երբ բանին Դաւթաշէնէն դիտուող, կամ Նուբարաշէնի, Սիսիանի գործարանները: Հայաստանի սակաւապետութիւնը (օլիկարխները) ազգային գաղափարախօսութեան կենդանի օրինակ կ՛ըլլան, երբ այդ գործարանները բանին: Բանող գործարանները կ՛ըլլան հայրենատիրութեան կենդանի օրինակ եւ լաւագոյն եղանակը` յարգելու սահմանին վրայ զոհուած երիտասարդ զինուորը: Մեր ցուցամոլիկութիւնը պիտի կարենա՞նք փոխարինել ազգային իրաւ հպարտութեամբ, որ ո՛չ ապարանք է, ո՛չ գանձ արժող ինքնաշարժ, ո՛չ Կլենտէյլի, Քոթ տ՛Ազիւրի կամ Փունթա տել Էսթէի հրապուրիչ բնակարան: Խօսքի պատրանքներով վերականգնում կարելի չէ, այլ միայն` կենդանի օրինակով:
Ինչպէ՞ս չմտածել Մահաթմա Կանտիի մասին, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Նոյն հունով, ինչո՞ւ չենք խօսիր ոչ թէ թոշակառուի կամ զբօսաշրջիկի հայրենադարձութեան մասին, այլ` իրաւ զանգուածային հայրենադարձութեան, որպէսզի Արցախի 141.000 բնակչութիւնը տասնապատկուի եւ օտարումի դատապարտուող սփիւռքեան համայնքները շարունակութիւն դառնան հայրենիքի մէջ` ձեռք քաշելով պարտադրուած եւ անուն փոխած գաղթականի վիճակէն, ներշնչուելով Վիգէն Խեչումեանի այն խոր իմաստութենէն, որ` «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ», ինչ որ կը մոռցուի մերուելով, երբ այդ պարտութիւնն ալ չենք տեսներ:
Ազգի հատուածները եւ անդամները իրարմէ հեռացնող աշխարհագրական եւ տնտեսական ազդակներու վերացման մասին խօսեցանք: Հարկ է նաեւ խօսիլ մշակութական հեռացումներու մասին, որուն դէմ յաղթանակը պիտի գայ հայրենատիրութեան գաղափարի զարգացումով, մեր լեզուի անխարդախ պահպանումով եւ գործածութեամբ, մեր մշակոյթի իւրացումով, որ չըլլայ ապակեփեղկի ետին դրուած գեղօր կամ տօնական օրերուն յիշուող սնապարծութեան առարկայ:
Այսինքն վաղուան համար այսօր կարիք ունինք համապարփակ տեսիլքի, առանց գերադասի եւ ստորադասի անժամանակ եւ անհորիզոն թափահարումներու:
Եթէ անհրաժեշտ է, եւ է, ազգային իրաւ յանդգնութեամբ, վերատեսութիւններ պէտք է ընել` յաղթահարելով սնապարծութիւնները եւ շահախնդրութիւնները, բոլոր մակարդակներու վրայ, որքան որ ալ ցաւցնող ըլլան վերականգնումի միտող նախաձեռնութիւնները:
Եւ առաջին հերթին պիտի հասկնանք, որ աշխարհի մեծ համարուածները, որոնց սպասման սենեակներու յաճախորդները դարձած ենք, ոչինչ պիտի ընեն մեզի համար, եթէ իրենց ըրածը եւ ընելիքը իրենց շահ պիտի չապահովեն: Մեծերուն եւ հզօրներուն համար ճանաչումներ եւ այլ դրական քայլեր երբեք սոսկ մարդասիրական չեն եղած եւ պիտի չըլլան:
Ուրիշներ մեր փոխարէն շագանակները կրակէն պիտի չհանեն: Այսքան պարզ է քաղաքական խաղին օրէնքը:
Էականը այն է, որ մենք իրապէս գիտնանք, որպէս ազգ, թէ ի՞նչ կ՛ուզենք, ինչո՞ւ կ՛ուզենք, ի՞նչ պատրաստ ենք ընելու այդ «ինչո՞ւ»-ները իրականացնելու համար:
Այս ընել` հաւասար է սահմանին վրայ զոհուած զինուորի քաջութեան, որպէսզի իրականացնենք ամերիկեան պարզ իմաստութիւնը. «The right man in the right place, at the right time»… Ի հարկին եսերու եւ շահերու դէմ պայքարելով:
Պարզ հայերէնով պիտի ըսենք` գործը յանձնել ատակ եւ բանիմաց անձին, ճիշդ ժամանակին, հրաժարելով այն միտքէն, որ աթոռը կամ աթոռակը ծնունդ կու տան օդաչուին, նաւապետին, զօրավարին, առաջնորդին, ղեկավարին…
Ինչ որ յաճախ մոռցած ենք եւ կը մոռնանք:
Կրկնենք. Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքներ:
Եւ կը մտածե՞նք, թէ ո՛ւր պիտի հասնինք, եթէ մոռացումները շարունակուին… եւ միամտօրէն սպասենք, որ խոստումներու խնձորները երկինքէն պիտի իյնան:
13 մայիս 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք