ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
Որոշած էի Քեսապ երթալ: Քանի մը տարիներէ ի վեր չէի գացած պատերազմին պատճառով: Բացակայութիւնս երկար տեւած էր:
Երբ սկսայ բարեկամներուս ըսել` «Քեսապ պիտի երթամ», ամէն մէկը բան մը ըսաւ` «Ի՞նչ կայ այս կացութեան, ի՞նչ գործ ունիս, հապա՞ եթէ բան մը պատահի հոն եղած ժամանակդ, ի՞նչ պիտի ընես»:
Որոշումս յստակ էր. երթալ: Աստուծոյ վստահելով` ճամբայ ելայ: Ուրախութիւնս անսահման էր: Վերջապէս պիտի տեսնէի հարազատներս, բարեկամներս եւ վայելէի Քեսապի գեղեցիկ բնութիւնը: Արդէն իսկ բացուած էր այն ճամբան, որ քանի մը տարիներէ ի վեր գոց էր: Այդ ճամբայէն շատեր գացած են Քեսապ` օդափոխութեան, բանակումի, համագումարի կամ վաճառականութեան համար:
Երբ մօտեցանք Տիւզաղաճին, որ Քեսապի առաջին գիւղն է, ճպուռները իրենց ձայներով կը խանգարէին բնութեան խաղաղութիւնը:
Հասանք Քորքիւնէ. իրենց տեղերն էին` գիւղի եկեղեցին, տուները, աղբիւրը: Հոն էր գիւղացիներուն մեծ մասը: Ամէն մարդ սկսած էր հոգալ իր պարտէզները: Մարդիկ յոյսով լեցուած են, ուրախ են, որ վերադարձած են իրենց հայրենի գիւղը, ուր ապրած են իրենց ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը:
Քեսապի մէջ կարգ մը վաճառատուներ արդէն իսկ բացած են իրենց դռները: Ներկայիս մարդիկ հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերը Քեսապ կ՛ելլեն օդափոխութեան համար: Ոմանք տուն վարձած են ամրան համար: Ուրիշներու տուները քանդուած են եւ կամ պատերազմի շրջանի մէջ են, եւ Քեսապ կ՛ապրին ձմեռ թէ ամառ:
Գիւղացիք իրարու կ՛ըսէին. «Այս տարի Աստուածածնայ տօնին բաւական մարդ եկած էր: Շուրջ տասը տարիներէ ի վեր այսչափ եռուզեռ չէր եղած»:
Ոմանք սկսած էին Գարատուրան ծով երթալ: Այլեւս կրնային մինչեւ վար` ծովեզերք հասնիլ, ուր շրջան մը արգիլուած էր: Մենք ալ հասանք ծով` դիտելու համար Աստուծոյ գեղեցիկ ստեղծագործութիւնը: Ամպ չկար այդ օրը եւ հեռուէն կ՛երեւէր Մուսա Լեռը, որ յաճախ մշուշին մէջ կորսուած կ՛ըլլար: Կը դիտենք ծովը, որ կարծես միացած էր երկինքին: Աստուծոյ ներկայութիւնը աւելիով կը զգաս այդ բնութեան մէջ: Երբ վերադարձի ճամբան բռնեցինք մեր դիմաց ելան խումբ մը երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, որոնք Հալէպէն եկած էին Քեսապ եւ իրենց օրը պիտի անցընէին Գարատուրանի ծովը` լողալով:
Կը հանդիպիմ բարեկամներու, որոնք մեծ եռանդով կ՛եփէին լոլիկի ու պղպեղի մածուկ եւ նուռի թթու: Պիտի ծախեն, որպէսզի կարենան իրենց ձմրան ապրուստը ապահովել: Յոյսով են, որ յաջորդ գարնան եւ ամրան աւելի լաւ պիտի ըլլան: Պիտի կարենան իրենց հին օրերուն դառնալ: Իսկ սեպտեմբերի վերջը կամ հոկտեմբերի սկիզբը «փրփուր» կ՛եփեն, որ կը պատրաստեն խաղողի հիւթէն եւ ռուպ կը պատրաստեն: Իսկ ռուպին վրայի փրփուրը դափնիի տերեւով կ՛ուտեն: Այդ ժամանակ մարդիկ կը հաւաքուին իրարու քով եւ «քէֆ» կ՛ընեն: Իսկապէս հիանալի առիթ մըն է:
Արդէն իսկ դպրոցները կը պատրաստուին իրենց դռները բանալու նոր տարեշրջանի մը համար: Աշակերտները խանդավառ են: Մեծ երազներ ունին:
Աւետարանական եկեղեցւոյ կիները աւանդութիւն դարձած ամէն Աստուածածնայ տօնին առիթով իրենց ձեռագործի եւ անուշեղէնի պազարը դարձեալ կազմակերպած էին տօնի նախօրեակին:
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զանգերը, որոնք փճացած էին ահաբեկիչներուն կողմէ, փոխարինուեցան նոր զանգերով:
2016-ի ձմրան Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի երիտասարդները ներկայացուցին թատրոն մը «Միլիոնատէր եղանք, միլիոնատէր», որուն հեղինակն է գիւղի զաւակներէն` Գ. Աբէլեան: Բեմադրութեամբ` Սոնա Կիւզելեանի: 2017-ի ձմրան ուրիշ թատրոն մը պիտի ներկայացնեն, այս անգամ տարբեր հեղինակէ մը:
Խումբ մը երաժշտասէրներ արդէն իսկ մաս կազմած են Համազգայինի «Կիլիկիա» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, անոնք ճշդապահութեամբ ու խանդավառութեամբ կը հետեւին փորձերուն եւ արդէն իսկ ողջունելի ելոյթներ տուին սեպտեմբերի սկիզբը:
Կը հանդիպիմ Շաղիկին, որ իր կարգին Քեսապ եկած էր իր ամուսնոյն եւ երկու մանչերուն հետ: Երկուքս ալ մեր լաւատեսութեան մասին կը խօսինք: Ան կ՛ըսէ. «Անցեալ տարի, երբ սեպտեմբերին Քեսապ եկայ, շատ յուսահատ էի: Բայց հիմա կը տեսնեմ, որ ամէն բան դէպի յառաջ կ՛երթայ: Քիչ մըն ալ պիտի սպասենք, որպէսզի մեր հօրենական տունը նորոգենք եւ յաջորդ անգամ մեր տունը մնանք, երբ արձակուրդի համար Քեսապ կու գանք»: Ես ալ իմ ուրախութիւնս կը յայտնեմ իրեն: Ուրախ եմ, որ հակառակ իրենց դժուարութիւններուն լաւագոյնը կ՛ընեն, որպէսզի դէպի առջեւ երթան եւ կեանքը շարունակեն: Այս ձեւով Քեսապը անտէր կամ օտարին ձեռքը չի մնար:
Քեսապ ապրող քեսապցիներուն եւ դուրսը գտնուող քեսապցիներուն համար դժուար էր լսել 21 մարտ թուականը, որովհետեւ այդ օրը անոնք ստիպուած էին հեռանալ իրենց գիւղէն, երբ տարբեր տեղեր մարդիկ կը տօնէին գարնան առաջին օրը, իսկ արաբական աշխարհին մէջ` մայրերու օրը: Անոնք երեք ամիսներ ետք, երբ լսեցին Քեսապի ազատագրումին մասին, նոյն օրն իսկ արդէն բռնեցին վերադարձի ճամբան: Հակառակ անոր որ կային քանդուած եւ գողցուած տուներ, խանութներ, սակայն անոնք ուրախ էին, կրնային իրենց աշխատանքով նորոգել քանդուածը եւ կամաց-կամաց վերադառնալ իրենց հին օրերուն:
Վարձքերնիդ կատար, սիրելի՛ հայրենակիցներ: