Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Հեքիաթը Կը Կանչէ» Թատերախաղի Բեմադրութիւն
Օգոստոս ամսուան սկիզբէն մինչեւ սեպտեմբերի առաջին շաբաթը ՀԲԸՄ-ի մատենագիտական յանձնախումբը անվճար, շաբաթական հերթականութեամբ, կազմակերպեց «Հեքիաթը կը կանչէ» թատերական ձեռնարկը:
Իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին մեծ մայրիկի պատմողական ոճով կը ներկայացուէին զանազան հեքիաթներ` հայ փոքրիկը առնչելու հայ գիրքի ու գրականութեան հարուստ աշխարհին: Մեծ մայրիկի օգնականներն էին` զատկաճճին, շնիկը, ծաղրածուն եւ այծիկը: Դերակատարները դպրոցական աշակերտներ էին, որոնք յաջողապէս մարմնաւորեցին իրենց վստահուած դերերը:
Թատերական մթնոլորտը, դերակատարներուն բարձր տրամադրութիւնը, արուեստի ու խնդութեան քաղցր պահերը բարձրացուցին մանուկներուն տրամադրութիւնը:
Թեհրան
Իրանահայ Անուանի Արձանագործ Նշան Թանիք Կնքեց Իր Մահկանացուն
30 օգոստոսին իր մահկանացուն կնքեց տասնեակ մրցանակներու եւ գնահատագրերու, իսլամական մշակոյթի ու առաջնորդման նախարարութեան կողմէ արուեստի դոկտորի կոչումին եւ արուեստի առաջին կարգի մետալի արժանացած իրանահայ անուանի արձանագործ Նշան Թանիք:
Թանիք Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան կողմէ վկայուած էր արդիւնաբերական արուեստներու գերվկայականով: Արժանացած է անգլերէն լեզուի եւ պարսկական գրականութեան մագիստրոսի կոչումին` ստանալով արուեստի պատուաւոր դոկտորի աստիճան: Ան հիմնադիրը եղած է Իրանի մէջ գտնուող կարգ մը թանգարաններու:
Յայտնենք, որ Թեհրան նահանգի Մշակութային ժառանգութեան գերատեսուչ Ռաճապալի Խոսրոապատի խոստացած էր Թեհրան քաղաքի Բարեզարդման կազմակերպութեան համագործակցութեամբ գնել իր գործերը, սակայն անոր մահով անկատար մնաց պատասխանատուներուն տուած այդ խոստումը:
Ատրպատական
Ատրպատականի Հայոց Առաջնորդին Հանդիպումը Սալմաստի Գաւառապետին Հետ
4 սեպտեմբերին Սալմաստի գաւառապետարանին մէջ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան հանդիպում ունեցաւ Սալմաստի գաւառապետ դոկտ. Մանսուրիի հետ:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց գաւառապետին եւ գաւառապետական խորհուրդի կազմին, ինչպէս նաեւ` հրիտակուած կալուածներու պետական հիմնարկութեան ընդհանուր տնօրէնին, Սալմաստի հայկական կալուածներու հանդէպ հոգածութեան բարի տրամադրութեան համար: Ան կարեւորութեամբ նշեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրօնապետական հանգամանքը եւ ցաւ արտայայտեց հեռաւոր շրջաններուն եւ հայաթափուած գիւղերուն մէջ երբեմն տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ, որոնք կ՛անհետացնեն նաեւ Իրանի համար կարեւոր եւ հնագիտական արժէք ներկայացնող աղօթատեղիներ, գերեզմանաքարեր եւ այլ պատմական կոթողներ:
Սրբազան հայրը գնահատեց գլխաւոր քաղաքներուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներու վերանորոգութեան աշխատանքները, որոնք կը կատարուին Ազգային առաջնորդարանին եւ Իրանի Եկեղեցիներու պահպանման հիմնարկութեան հսկողութեամբ, նահանգապետին եւ գաւառապետին տնօրինումով եւ կ՛իրականացուին պետական պիւտճէէն յատկացուած գումարներով:
Գաւառապետ դոկտ. Մանսուրի իր կարգին շեշտեց իր իշխանութեան անխտրական ոգին, յատկապէս` փոքրամասնութիւններուն հանդէպ եւ խոստացաւ առաւել ուշադրութիւն դարձնել հայկական կոթողներուն` Սալմաստի մէջ, յատկապէս` գիւղական խորհուրդներուն կողմէ հսկողութիւնը աւելցնելու առաջադրանքով:
Հրիտակուած կալուածներու պետական հիմնարկութեան տնօրէն այաթ. Տովլաթի, մատնանշեց այն խնդրայարոյց կալուածները, որոնք անմիջական լուծման կարիք ունին: Այս գծով, Ազգային իշխանութեան զոյգ ատենապետներ` դոկտ. Արա Մելիքեան եւ Ռուբիկ Ջանանեան մանրամասն բացատրութիւններ տուին առկայ խնդիրներուն մասին` փոխանցելով Երեսփոխանական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան միացեալ տեսակէտները կալուածային տնօրինումներու առնչութեամբ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերահաստատելու Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան եւ գաւառապետութեան միջեւ սերտ համագործակցութիւնը:
Յորդանան
«Վարդավառ» Երգչախմբին Անդրանիկ Ելոյթը Յորդանանի Մէջ` Նուիրուած Անմահ Կոմիտասի Յիշատակին
Յորդանանահայ գաղութի արուեստասէր շրջանակը բացառիկ առիթը ունեցաւ ներկայ գտնուելու «Վարդավառ» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 29 օգոստոս 2016-ին, Ամմանի «Հուսէյն» մշակութային կեդրոն-թատերասրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ հաշիմական ընտանիքի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիին:
Շնորհիւ հայ արուեստի կատարող, երաժիշտ, երգահան, խմբավար Վարդուհի Թորոյեան- Ներսէսեանի եւ ելոյթի շնորհաբեր դերակատարներուն` հայ արուեստն ու մշակոյթը մեծ արձագանգ գտաւ Յորդանանի եւ տեղական բազմաթիւ օրաթերթերու մէջ:
Օրուան բացման խօսքէն ետք հնչեցին Յորդանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա` Կոմիտասի երգերը, երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւններն ու պարերը:
Թիւով 30 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը կեանքի կոչուեցաւ ընթացիկ` 2016 տարուան սեմին: Երգչախումբը կազմուեցաւ Յորդանանի հայ համայնքին հանդէպ խմբավարին ունեցած նախանձախնդրութենէն:
Ամբողջ համերգի ընթացքին իր փառահեղ մասնակցութիւնը կը բերէր Յորդանանի Ազգային երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը` գլխաւորութեամբ երաժշտանոցի տնօրէն, Յորդանանի Ազգային նուագախմբի ղեկավար մայեսթրօ Մոհամետ Օթման Ստիքի:
Յայտագիրը ճոխ էր, հարազատութեամբ եւ հայկականութեամբ լեցուն: Անոր ընթացքին իրենց ձիրքերը դրսեւորեցին բազմաթիւ անհատներ: Ամմանի Հայ օգնութեան միութեան «Արազ» պարախումբը (պարուսոյց Անի Քարալեան-Գիզիրեան) ներկայացուց «Մարալի» մենապարը:
Համերգի աւարտին խմբավար Վարդուհի Թորոյեան փակման խօսքին մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իշխանուհի Ռիմ Ալիին` հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիին` անոր ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Հայ եւ արաբ ազգերու մշակոյթը իրարու աւելի ծանօթացնելու նպատակով Վարդուհի Թորոյեան բարի ցանկութիւն յայտնեց, որ մօտիկ ապագային «Վարդավառ» երգչախումբը արաբերէն երգացանկով եւս ելոյթ ունենայ Հայաստանի մէջ:
Իր փակման խօսքի աւարտին խմբավարը «Վարդավառ» երգչախումբի կողմէ պարգեւատրեց Ազգային երաժշտանոցի տնօրէն Մոհամետ Օթմանը` իր ազնիւ մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց Արին Շարաֆը` որպէս համերգին մասնակցած կրտսերագոյն անդամ:
Քաղաքապետը իր հերթին մեծապէս դրուատեց Վարդուհի Թորոյեանը եւ «Վարդավառ» երգչախումբին ելոյթը, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն եւ նորանոր վերելքներ մաղթեց բոլորին:
Պոլիս
Տօնական Օրեր
Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած է Վագըֆլը գիւղին խրախճանքը` Ս. Աստուածածնի տաղաւարին յաջորդած շաբաթներուն: Այս տարի եւս շարունակուեցաւ սոյն նախընթացը` Գնալըի մէջ կազմակերպուած բազմակողմանի ծրագիրով:
27 օգոստոսին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհնէք` նախագահութեամբ` պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի: Ապա եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր: Բակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարներու մէջ այցելուներուն տրամադրութեան տակ դրուած էին Վագըֆլը գիւղի աւանդական արտադրանքը, որուն հասոյթը յատկացուեցաւ Վագըֆլը գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ:
Միացեալ Նահանգներ
«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» Շքանշանը` Իրաւաբան Էտվին Մինասեանին
28 օգոստոսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան կարդաց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կոնդակը, ըստ որուն, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան կը պարգեւատրուէր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով: Թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան յանձնելէ ետք շքանշանը, բարձր գնահատեց Մինասեանին նուիրումը` Պոլսահայ միութեան գործունէութեան եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր, հաստատելով, որ զոհողութիւնը անոր կեանքին ու գործին մէջ որդեգրուած զգացում մը դարձած է:
Սրբազանը իր քարոզը կեդրոնացուց հաւատքի վրայ` շեշտելով, որ երբ հաւատքը գործածես գործի մը մէջ, ապա իբրեւ ազգային գործիչ` մշակութային միութիւններու եւ բարեգործական հաստատութիւններու զարգացման ընթացքին գոյացած դժուարութիւնները կրնաս յաղթահարել առանց վախնալու:
Նշենք, որ Էտվին Մինասեան նաեւ իր ազգային ծառայութիւնը կը բերէ Ամերիկայի Հայ իրաւաբանական միութեան եւ «Արարատ տան» հոգաբարձութեան ընդմէջէն:
Աւարտին, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը` ի պատիւ պարգեւատրեալին : Սրբազան հայրը անգամ մը եւս իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները յայտնեց Մինասեանին, որ իր կարգին ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական խօսքով:
«Հայկազեան» Համալսարանի Սուրիահայ Ուսանողներուն Ի Նպաստ Ընթրիքը
«Հայկազեան» համալսարանի սուրիահայ ուսանողներուն կրթաթոշակի եւ կեցութեան ծախսերուն օժանդակելու նպատակով, 6 օգոստոսին, «Տեսքանզօ» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-պարահանդէս, որ յաջողեցաւ նշեալ ուսանողներուն համար կրթանպաստներ ապահովել:
«Հայկազեան»-ի հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ դոկտ. Յասմիկ Պարան տեղեկութիւններ տուաւ համալսարանի իրագործումներուն մասին` միաժամանակ դրուատելով համալսարանի տնօրէն վեր. Փոլ Հայտոսեանի, «Հայկազեան»-ի շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեանի եւ համալսարանին ի նպաստ աշխատանք տանող այլ շրջանաւարտներու գործունէութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան «Հայկազեան»-ի հոգաբարձութեան ատենապետուհի դոկտ. Անի Տարաքճեան եւ շրջանաւարտներ Հուրի Դաւիթեան եւ Սերժ Քիւրտեան:
Յայտնենք, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով ներկայիս «Հայկազեան» համալսարանին մէջ իրենց ուսումը կը շարունակեն մօտաւորապէս 40 սուրիահայ ուսանողներ, որոնց մեծ մասը նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ:
Շնորհաւորական Հիւրասիրութիւն Ի Պատիւ Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի
28 օգոստոսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ օրուան պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն:
Եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան նկատել տուաւ, որ Ազգ. երեսփոխանական ժողովին կողմէ թեմի առաջնորդ վերընտրուելէն ի վեր, առաջին անգամն է, որ ան կ՛այցելէ այս եկեղեցին: Ան շնորհաւորեց առաջնորդը` վերընտրութեան, իբրեւ առաջնորդ ծառայութեան 20-րդ ու քահանայական ծառայութեան 40-րդ տարեդարձներուն առիթներով, մաղթելով, որ անոր ծառայական կեանքը աւելի եւս արգասաւորուի յառաջիկայ տարիներուն:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով այն արարքին, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս հանդարտեցուց փոթորիկը, երբ աշակերտներուն հետ կը նաւարկէր Գալիլիոյ լիճին վրայ, յորդորեց ներկաները նման վտանգի զգացումի մէջ յիշելու Քրիստոսը, թէ ան ինչպէ՛ս խաղաղեցուց աշակերտներուն հոգիները: Ան յայտնեց, որ այս դրուագը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ փարատել կասկածներն ու տատամսումները` վերահաստատելով հաւատքի զօրութիւնը:
Աւարտին եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` առաջնորդ սրբազանի քահանայական ձեռնադրութեան 40-րդ եւ առաջնորդ ընտրութեան 20-րդ տարեդարձներուն առիթով:
Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան ողջունեց առաջնորդ սրբազանը եւ յանուն եկեղեցւոյ ծառայողներու ընտանիքին` բարեմաղթութիւններ ուղղեց զոյգ տարեդարձներուն առիթով: Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի անդամներուն ու անոնց կողքին ծառայողներուն նուիրումին մասին` մաղթելով, որ երթը շարունակուի վերանորոգ կամքով:
Աւարտին, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով սրբազան հօր նուէր տրուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի փոքրադիր արձանը, գործ` Խաչիկ Երիքեանի:
Քանատա
Վարուժան Եւ Սիլվա Լափոյեան Ամոլը 1 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրէ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանին
6 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Ճանպազեան յայտարարեց, որ ՀՕՄ-ի երկրորդական վարժարանը պիտի վերանուանուի «ՀՕՄ-ի Լափոյեան երկրորդական վարժարան»` շնորհիւ Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի իշխանական նուիրատուութեան:
Ելոյթ ունեցան Քանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան, որոնք գնահատական եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին բարերար ամոլին:
37 տարի առաջ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ հիմնուած Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանը իր առաքելութեան առաջին տարին սկսած է 75 աշակերտներով: Ներկայիս վարժարանի յարկին տակ կ`ուսանին 600 աշակերտներ:
Փարիզ
Կրթական-Ժամանցային Ձեռնարկներ Վալանսի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան, 24-28 օգոստոսին տեղի ունեցան 6-11 տարեկան վալանսաբնակ հայ երեխաներու եւ անոնց ծնողներուն համար նախատեսուած կրթական-ժամանցային ձեռնարկներ` ի նպաստ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման:
Ձեռնարկը կը ներառէր կրթական-մանկավարժական, խոհարարական, նկարչական, գեղագիտական, երաժշտական, պարային եւ այլ ծրագիրներ: Պարային ծրագիրի ծիրէն ներս ընթացան ամէնօրեայ պարային դասընթացքներ պարուսոյց Մանուկ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ:
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ պաստառի մը վրայ ներկայացուող բազմաթիւ ցուցադրութիւններով, մասնակից երեխաներու պարային եւ երաժշտական ներկայացումներով: