Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Հայ Երգը Քեսապի Մէջ Վերստին Հասաւ Կասիոսի Գագաթը

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

kessab_91516

Տասը եւ վեց տարիներ առաջ (2000 թ.) Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Քեսապի մասնաճիւղի վարչութիւնը հրաշալի գաղափարը կ՛ունենար Քեսապ հրաւիրելու տաղանդաւոր երաժշտագէտ-խմբավար տիկին Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը, որպէսզի երգ ու երգեցողութիւն սորվեցնէ Քեսապի մանուկներուն եւ պատանիներուն:

Եւ այսպիսով ծնունդ առաւ «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ անընդհատ վեց տարիներ` մինչեւ 2006 թուականը ելոյթներ ունեցաւ (2012-ին եւս ունեցաւ մէկ ելոյթ խմբավարութեամբ` Միւռոն քհն. Աւետիսեանի` այժմ Այնճարի հոգեւոր հովիւ): Ասոր առընթեր կազմուեցաւ «Կիլիկիա» երէցներու երգչախումբը, որ գոյատեւեց չորս տարիներ` 2002-2006:

Յաջորդող տարիներուն, մասնաճիւղը ունեցաւ իր երիտասարդական երկսեռ պարախումբը. իսկ քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր մասնաճիւղը ունէր իր մնայուն թատերախումբը, որպէս բեմադրիչ ունենալով հանգուցեալ տիկին Ռիթա Մանճիկեանը, որուն բեմադրական վաստակը կ՛անցնի երկու տասնեակ թատրերգութիւններ, որոնց մի քանին մանկապատանեկան թատերակներ եւ օփերեթներ:

Մշակութային այս երթը խափանուեցաւ 2011-ին, սուրիական մեր հայրենիքի վեցամեայ տագնապին պատճառով:

Արդարացի թէ անարդար պատրուակներ կարելի է գտնել, համոզելու համար շրջապատը, պատճառաբանելով այս կանգառը: Սակայն պէտք էր նայիլ Հալէպին:

Ինչ մեղքս պահեմ, դրականօրէն կը նախանձէի հոն գործող (ցայսօր) մասնաճիւղերուն եւ միաւորներուն, որոնք ռումբերու, հրթիռներու տարափին տակ չեն վհատած, եւ տակաւին բարձր բռնած են մշակոյթի ջահը, այս օրհասական պայմաններուն կազմակերպելով երգահանդէսներ, պարային ներկայացումներ, թատրերգութիւններ եւ զանազան նախաձեռնութիւններ մեղմացնելու համար ամիսներով պաշարուած, խաւարի ու ծարաւի մատնուած հալէպահայութեան անմխիթար առօրեան:

Միայն կարելի է զանոնք ջերմապէս գնահատել եւ անոնցմով հպարտանալ, հակառակ այն իրողութեան որ հալէպահայութեան, եւ անոր մշակութասէր սերունդներուն թիւը, ակամայ, շատ նօսրացած է այսօր, սակայն երթը կանգ չէ առած:

Մարդկային կամքէն զօրաւոր միա՛յն Աստուածայինը գոյութիւն ունի:

Քեսապի կեանքը 2014-ի մարտ 21-ին կը խափանուէր, ծանօթ` ահաբեկիչներու ներխուժումով ու գրաւումով: Եւ քեսապահայութիւնը կը տարագրուէր Լաթաքիա:

Այդ տարագրութեան օրերուն քեսապցիք Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից, «Արարատ» սրահին մէջ ժողովուրդին մատուցեցին համեստ հանդիսութիւն մը` փոքրիկներուն կատարողութեամբ:

Երգ, ասմունք, թատերակ… եւ այլն:

Կ՛ուզեմ այստեղ մէջբերել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոսի Քեսապ այցելութեան պարագան, որ Ատանայի կոտորածէն ետք, (երբ քեսապցիք տարագրուեցան Լաթաքիա, զոհ տալով մօտ 167 հոգի եւ հրկիզուեցան ու թալանուեցան Քեսապի տուները), ան շրջագայութեան ընթացքին հանդիպելով Քեսապ, ի տես ժողովուրդի գրասիրութեան եւ մշակութասիրութեան դեղին ոսկիներու պարարտ քսակ մը նուէր կու տայ քեսապահայութեան, որ կը կառուցէ մօտ 175 հոգի պարփակելու ծաւալով սրահ մը, թատերասրահ մը, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ: Սրահը ցայսօր կը գործէ որպէս մշակութային սահմանափակ ձեռնարկներու վայր (իր տեղը զիջած է Ազգային ուսումնասիրած ճեմարանին կից, 500 տեղանոց «Սարդարապատ» սրահին) եւ ցարդ կը կոչուի «Սահակեան» սրահ` ի պատիւ եւ յիշատակ երջանկայիշատակ Սահակ վեհափառ կաթողիկոսին:

Ան մօտ 75 տարիներ, ծառան ու պատսպավայրը եղած է Քեսապի մշակութային կեանքին:

* * *

Ուրեմն տեղահանութիւն. երեք ամիսներ ետք, բարեբախտաբար, վերադարձ Քեսապ:

Ամէնուրեք աւեր եւ աւար:

Ահաբեկչական խմբակները իւրացուցած էին 1917-ի Պոլշեւիկեան յեղափոխութեան լոզունգներէն` «հինը քանդել», սղելով «նորը շինել» բառերը, որովհետեւ ծրագրած էին միայն քանդել թրքական պետութեան կողմէ:

Քեսապի տնտեսական եւ մշակութային կեանքը կասեցուած, քանդուած էր:

«Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան (եւ մանաւանդ) վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմին` քեսապահայութիւնը իբրեւ հայր ու ապաւէն ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, եղբայր ունենալով Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգսեանը, ի սփիւռս աշխարհի, համայն հայութեան եւ վտարանդի քեսապահայութեան, հայկական բազմաթիւ ու բազմատեսակ կազմակերպութիւններու առաքած բազմատեսակ նպաստերով, կը վերադառնար, կը տեղաւորուէր եւ վերստին կ՛արմատաւորուէր իր պատմական եւ դարաւոր հողին մէջ, ուրկէ խլուած ու պոկուած էր:

Եւ այս նպաստներով ու նեցուկով շուտով կը վերականգնէր իր բնակարանը, աղօթատունը, եւ դպրատունը:

Եւ որովհետեւ հարկաւոր է հոգեմատաւոր իր տան կեանք, հոգի եւ շունչ տալ, ան շուտով կը վերակազմակերպէր իր մարզա-մշակութային, բարեսիրական միութիւններու ցանցը, որոնցմէ մէկն էր Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը:

Մասնաճիւղը 9 ամիսներու ընթացքին, վերանորոգ ուժերով վերստին ասպարէզ կու գար նախ թատերական ներկայացումով, ապա վերանորոգ «Կիլիկիա» երգչախումբով, որուն անդամները 10-15 տարիներ առաջ կը կոչուէին «Կանթեղիկներ», ղեկավարութեամբ նոյն տաղանդաւոր խմբավարին, յանձինս երաժշտագէտ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, որ վիրաւոր Հալէպէն յատուկ եկած էր երգի-երաժշտութեան` մշակոյթի սերմերը ցանելու մէջ Կիլիկեան Քեսապի «պարարտ հողին» մէջ:

Իսկապէս Քեսապ վերականգնած էր:

Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ 2 օր. 11 եւ 12 սեպտեմբեր 2016-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:

Երգահանդէսին ներկայ գտնուեցան, բացի Քեսապ աւանի պետական վարչամեքենայի գլխաւորները, ազգային կրօնական եւ միութենական կառոյցներու վարչութիւնները, այլեւ Լաթաքիա տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի բազմաթիւ սպաներ, որոնք ծարաւը ունէին քառաձայն մեկնաբանութեամբ, խմբերգներու, երգերու եւ երաժշտութեան, երբ մանաւանդ իմացած էին որ բացի հայերէն եւ արաբերէն երգերէն, երգացանկը կը պարունակէր ռուսերէն երգեր:

Ու հանդիսութիւնը սկսաւ ճիշդ  ժամը 8:00-ին, սուրիական հայրենիքի, Հայաստանի քայլերգներով, եւ յոտնկայս մէկ վայրկեան յարգելով յիշատակը Սուրիոյ եւ հայութեան նահատակներուն:

Սրահին բեմը գրաւուած էր զանազան տարիքի երգիչ-երգչուհիներով, ուր գերակշիռ էր երիտասարդ տարրը:

Յաղթական մուտքով բեմ եկաւ տիկին Գայիանէն, որ մօտ 2 ամսուան, ամէնօրեայ փորձերով յաջողած էր, հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն, մարդկային թէ թեքնիք, բեմականացնել մօտ 2 ժամ տեւողութեամբ երգացանկ մը:

Ան, արտակարգ շնորհքը վաստկած էր, իր

25-ամեայ գործունէութեան ընթացքին, խումբը, հակառակ անդամներուն փորձառական համեստութեան, որպէս մէկ ամբողջական ձայն, տիրականօրէն ներկայացնելու:

Ան իր ապրումը, փորձը, ուսուցումը ներախառնած ու որպէս ծիածան տուած էր խումբին, ու ինք դարձած էր անոր ադամանդեայ պրիսմակը, ձայներու երանգներով զարդուած էր բեմը:

Յաղթակա՛ն էր տիկին Գայիանէն:

Իր ցանած տունկերը. պարարտ հողի վրայ ծլարձակած էին, աճած. բարձրացած եւ հաստաբուն ու ճկուն կաղնի դարձած էին:

Անոր սիրտն ու հոգին բաւարարուած էին:

Երգացանկի առաջին բաժինը կը սկսէր «Եկմալեանի» Հայր Մերով. Կոմիտասէն` «Գութանը հաց եմ բերում», «Զար-Զընգը» «Ատանայի ողբը», «Զարթիր որդեակ», Հայրենասիրական երգերու փունջ մը. «Տուն իմ հայրենի», «Երազ իմ երկիր» «Երեւան Էրեբունի», «Հայաստան»:

Սակայն յիշարժան եւ գերգնահատելի էին երկու նոր երգեր.

Մին «Սուրիա` արաբերէն երգը, խօսք` Յովհաննէս Օհանեանի, երկրորդը` «Արցախ», խօսք Քեսապէն տիկին Սեւան Աշըգեանի երկու երգերուն երաժշտութեան եւ դաշնաւորումի հեղինակն էր տիկին Գայիանէն:

Երկրորդ մասը կ՛ընդգրկէր երկու ռուսերէն երգեր` «Կալինկա» եւ «Մոսկովեան գիշերներ», արաբերէն երկու հայրենասիրական երգեր. հայերէն` «Կիլիկիա», «Արաքսի երգը», «Կապոյտ Մանուշակ», «Արցախի ֆետայիներ», «Միասնութեան շուրջպար», «Մեր երկիր Հայաստան», «Էյ ոտքի հայ ժողովուրդ». Իսկ այս բաժնին յատկանշական երգն էր «Քեսապ» երգը, խօսք` Մկրտիչ Աբելեանի, երաժշտութիւն` Սահակ Սահակեանի, նուիրուած Քեսապի ազատագրութեան եւ ժողովուրդին տունդարձին:

Ակնառու էին կարգ մը պատանի պարմանիներ, որոնք կատարեցին երաժշտական ընկերակցութիւնը, դաշնամուրի վրայ: Հրանդ Պէօճիկեան, Մեղեդի Պետրճիգեան, Անդօ-Ճորճ Փանոսեան:

Բեմին վրայ տիրական եւ հմուտ ձայն ու երգեցողութիւն էր Նարեկ Առաքելեանը` սուրիական բանակի վիրաւոր զինուոր, ապաքինումի համար տուն եկած… ու հպարտօրէն բեմ բարձրացած:

Ան հմտօրէն մեկնաբանեց ռուսերէն` «Կալինկան» ու «Երազ իմ երկիր»-ը:

Խոստմնալից մեներգողներ հանդիսացան փոքրիկն Արմէն Դանիէլեանը. նոյնպէս Լուսին Քիւրքչեան, Յովիկ Դանիէլեան, Անի Չէլէպեան, Արաքս Արամեան, Ժոզեֆ Արամեան, Անդրանիկ Հաննէսքէհեան եւ տիկիններ` Ռանիա Ճըղըլեան, Կարինօ Քորթմուսեան, Նարինէ Փանոսեան, Մարինա եւ Սիլվի Լնդեաններ:

***

Կիլիկեան ոստան Քեսապի մէջ բարձրացաւ ձայնը «Կիլիկիա» երգչախումբին:

Անոր ձայնը հասաւ գրաւեալ Կասիոս լերան գագաթը:

Հասաւ ոսոխին ականջը, ըսելու համար` Քեսապ չէ մեռած, ան ոտքի կանգնած է:

Թնդացին սրտերը. խոնաւցան աչքերը:

Քեսապի բռնագրաւումին, քեսապցիերու բռնագրաւումին պատճառաւ, անոր տրամադրուած համահայկական նիւթաբարոյական օժանդակութիւնները, որոնց համար երախտապարտ է քեսապահայութիւնը, հասած են իրենց նպատակին:

Իսկապէս Քեսապն ու քեսապցին կտրած են վերականգնումի ճանապարհի դժուար բաժինը:

Քեսապ
14 սեպտեմբեր 2016

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>