Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Բաժակին Լեցուն Եւ Դատարկ Մասերը Միաժամանակ Տեսնելու Փորձ Մը

$
0
0

Hagop-Balian-Ed.Յ. ՊԱԼԵԱՆ»

Ազգովին բռնուած ենք համաշխարհայնացման, քաղքենիացման, դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, բարօրութեան երազի եւ զբօս-ժամանցի ուռկանին մէջ, ուր կայ եսի անսահմանափակ փոթորկում եւ գոհունակութիւն:

Այս քաղաքակրթական «խաղ»-ը չի վտանգեր մեծ, կայուն, հզօր եւ բազմանդամ ժողովուրդները: Անոնց քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը տիրապետելու եւ ուրիշները իրենց մէջ լուծելու համապարփակ կարողութիւն ունին:

Այս` ի հեճուկս ժամանակավրէպ համարուող արժէքներու. ազգ, ազգային լեզու, շարունակութիւն ըլլալու կամք, յաճախ նաեւ ընտանիք: Ինչո՞ւ այս հարցերը ազգային զանգուածային լրատուամիջոցները չեն զբաղեցներ:

Նոյնիսկ եթէ չենք ուզեր տեսնել եւ ինքնախաբէութեամբ կ’օրօրենք եւ կ’օրօրուինք, «ազգ»-ը ժամանակավրէպ դարձած է եւ հետզհետէ այդ կը շեշտուի «հայ» համարուած հաւաքականութիւններուն համար, աստ եւ անդ:

Միշտ պէտք է գումարել հայրենալքում-արտագաղթը, մնայուն-սփիւռք-հակահայրենադարձութիւնը, եւ հայերէնի փոխարէն` հեղեղային դարձած օտարախօսութիւնը:

Ինչպէ՞ս ազգ ըլլալ եւ հայրենիք պահել: Հարցը օրակարգ չէ ստուար մեծամասնութեան համար:

Գումարման արդիւնքի ընթերցումը կրնայ մղել յուսահատութեան կամ արթնութեան: Այդ արդիւնքը կարծէք «ելեկտրոշոք» չի ստեղծեր այլեւս: Արտագաղթ եւ հակահայրենադարձութիւն միշտ արդարացման «իմաստուն» պատճառաբանութիւններ ունին, երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս, որոնք ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ հեռուէն կ’առնչուին վասն «գոյապայքար»-ի համար ըսուածին եւ գրուածին, բարձրախօս թնդացնող եւ թուղթ մրոտող:

Բայց դեռ վառ կը մնայ ազգը երեւելիութեան թառ գործածելու ախտը: Հայերէն չկարդացողը հայ բանաստեղծին մասին խօսելու համար բեմ կը բարձրանայ ուրիշի գրածը բարձրախօսէն ծախելու համար, կարծէք` օտարաբարբառ ըլլալու համեմ կը փնտռուի: Կարեւորը բանաստեղծը չէ, այլ` հանգամանաւորին երեւելիութեան բերուած նպաստը:

Ո՛չ պատմութեան եւ ո՛չ ալ մոլորակի բացառութիւն մարդիկն ենք: Տարբերութիւնը մեր եւ շատերու միջեւ այն է, որ մենք, որպէս ժողովուրդ, ինքնուրոյն հաւաքականութիւն ենք, թերեւս պէտք է ըսել` էինք, մեր իւրայատուկ մշակոյթով: Այդպէս կը հաւատայինք: Այժմ վտանգուած ենք, անհետացման ենթակայ ենք, ինչպէս` ուրիշներ պատմութեան ընթացքին եւ այսօր: Անհատական յաջողութեան եւ փառքի համար մեր կարողութիւնները կը ծառայացնենք ազգէն դուրս մշակոյթներու: Եթէ հաւկուրութենէ չենք տառապիր, արագ հաշուեկշիռ կարելի է ընել` Մոսկուա, Փարիզ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ այլուր:

Թաղային երեւելիութեան եւ անմիջականի հետամուտ մտածողութիւնը չի բաւեր ազգ առաջնորդելու, անհրաժեշտ է միացնող եւ ուժ ստեղծող մտածողութիւն, սովորաբար կը գործածենք լաւ հնչող ռազմավարութիւն եզրը, որ կը հիմնուի պատմութեան, արժէքներու, քաղաքական փորձի, գիտութեան եւ արդիականութեան վրայ, մանաւանդ` գիտնալու,  թէ ո՞ւր կ’երթանք եւ ինչո՞ւ:

Հայրենահանուածներու առաջին սերունդը կը խօսէր «ճերմակ ջարդ»-ի մասին, հիմա աւելի գիտուն ենք եւ կը խօսինք «համարկում»-ի (intégration) մասին, մեզ ընդունողները, որպէս գովաբանութիւն, կ’ըսեն` «օրինակելի համարկում» (intégration exemplaire), որ կացութեան պատշաճեցման ընթացք է, որուն հասնումի կէտի մասին ոչ ոք կը խօսի, կը խպնինք խօսելու, բայց կը սիրենք լսել այդ հաճոյակատարական խօսքը, որ մեր ընդունելիութեան փաստն է, որ մեզ լաւ դիտեն:

Անհետացումը ինքզինք կ’իրականացնէ անհատներու անհետացումով, մէկ առաւել մէկ կորուստի գումարումով: Անհետացումները հետեւանք եղած են անկումներու. քաղաքական, բարոյական, կրօնական, ռազմական, մշակութային, լեզուական: Գումարուած են անկումային ներքին եւ արտաքին ազդակներ: Հակառակ խօսուած ճառերու եւ կարգախօսներու, հոգեպարար երգերու`  Հայաստանէն արտագաղթը կը շարունակուի, ազատագրուած Արցախի վերաբնակեցումը ցանկութիւն կը մնայ միշտ, իսկ դեռ երէկ ամրակուռ համարուած հայրենամերձ գաղութները կը դատարկուին եւ մարդիկ ովկիանոսը կ’անցնին, իրենց առագաստները չեն բանար դէպի «երազուած» հայրենիքը:

Կրնանք նաեւ չանհետանալ: Եթէ չանհետանալու կամքը ճառ ըլլալէ դադրի եւ դառնայ ղեկավարում, ծրագրում, զանգուածները կը հետեւին քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներու վստահութիւն ներշնչող օրինակին:

Հայկական ընկերութիւնը անկման զառիթափին վրայ է` հակառակ փոքրամասնութեան մը վերականգնումի ճիգերուն, հետզհետէ կծկուող փոքրամասնութիւն: Այդ ճիգերը կղզիացած են, եւ ոչ մէկ առարկայական-գիտական ուսումնասիրութիւն կայ գիտնալու համար հայկական համրանքը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որ տեսականօրէն աճած է (բաժակին լեցուն մասը): Այդ համրանքի հայագրութիւնը, հայախօսութիւնը, կրօնական բաժանումները, ներառեալ` աղանդներու, «հայութիւն պահել»-ու իրենք զիրենք կոչած կազմակերպութիւններու անդամներու թիւի նուազումը, հայկական եւ օտար վարժարաններու մէջ գտնուող հայածնունդ նորահաս սերունդի թուական պատկերը, համայնքներու խտութիւնը բաղդատած տուեալ հիւրընկալ երկրին (բաժակի դատարկ մասը)` կործանման պատկեր է:

Վիճակագրական առարկայական տուեալներ չկան: Օրինակ, ի՞նչ է թուական իրաւ պատկերը Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի հայերուն, ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն ներգաղթած-արտագաղթածները, ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք հայրենիք լքող արտագաղթածները եւ ի՞նչ կրնան բերել ազգին: Սփիւռքի մէջ ստեղծուած խառնուրդի ազգային-մշակութային որակը ի՞նչ է այսօր եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ տասը կամ քսան տարի ետք: Ի՞նչ գիտենք Եւրոպայի հիւսիսային երկիրներու հայկական գաղութներու մասին, որոնք կ՛աճին:

Առանց առարկայական տուեալներու ճառերը եւ յայտարարութիւնները համոզուածներու զգացումները կը հովահարեն, եւ հնարաւորութիւն չի ստեղծուիր կազմակերպուած եւ հեռանկարային աշխատանքի: Այս պայմաններուն մէջ «ղեկավարում» եւ նախատեսութիւններ կարելի՞ են: Այս մասին չեն խօսիր հանգամանաւորները եւ հայկական համարուած զանգուածային լրատուամիջոցները:

Նոյնիսկ մօտաւոր գնահատումներով, հայածնունդներու քանակական յաւելում եղած է, թէեւ` տեւաբար տարտղնուած վիճակի մէջ: Հայաստանի մէջ է, որ քանակական անկում եղած է եւ կը շարունակուի (բաժակին դատարկ մասը): Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայածնունդներու նիւթական եւ ուսումնական համագումար կարողութիւնը մեծ համեմատութիւններու կը հասնի (բաժակին լեցուն մասը), բայց ե՛ւ գիտականը, ե՛ւ նիւթականը կը մնան տեղական եւ անհատական մակարդակներու վրայ, ազգի հզօրութիւն չեն (բաժակին դատարկ մասը): Բախտաւոր պարագային, բարեսիրական փշրանքներ կը հասնին ազգին: Սնապարծութեամբ կը յիշենք, որ աշխարհի մեծագոյն հարուստներու շարքին կան հայանուններ, յետո՞յ:

Ազգի համրանքը եւ ուժը համախմբող գաղափարախօսութիւն եւ ղեկավարում չկայ, որ այլասերման դէմ թումբ ըլլայ: Փոխարէնը` թափով կը զարգանան երեւելիութեան մարմաջը եւ անոր պատուանդան եսակեդրոն նիւթապաշտութիւնը, երբեմն ալ «ազգ»-ը համարելով միջոց` ներազգային կամ տեղական դիրքերու տիրանալու համար (թաղապետական խորհուրդ, երեսփոխան եւ աւելի պարզ` հիւրընկալ երկրի շքանշան):

Առանց ազգային-քաղաքական հեռանկարի, այդ հեռանկարի ազգի անդամներու կողմէ իւրացման, ազգի եւ ոչ խմբակներու, ինչպէ՞ս կը հասնինք դարավերջ: Ի՞նչ կրնան ըլլալ հետեւանքները այսօրուան բազմատեսակ նահանջներուն, որոնք արդիւնք են հեռանկարային ազգային քաղաքականութեան բացակայութեան (հայրենալքում-արտագաղթ) եւ հակահայրենադարձութիւն` սփիւռք յաւերժացնելու միտումով կամ խորհելով, որ սփիւռքը կրնայ յաւերժանալ որպէս ազգի հատուած:

Ազգի գոյատեւման տեսանկիւնէ` համազգային մտածողութիւնը ապագայատես զարգացում չունի, զանգուածին համար օրակարգ չէ, այդ մտածողութիւնը տեղքայլ կ’ընէ: Ինչո՞ւ: Մտաւորականութիւն, ղեկավարութիւններ, պետութիւն, կարծէք` հաշտուած են կացութեան հետ եւ կը տնտեսեն նահանջը:

Կա՛մ պատմական ներկայ ժամանակաշրջանի ճնշումը այնպէս է, որ այլ բան կարելի չէ ընել, կա՛մ մեր «դասական» կառոյցները եւ կազմակերպութիւնները այլ բան չեն թոյլատրեր:

Մեր ժողովուրդը, իր բոլոր հատուածներով, հոսանքներով, մտաւորականներով, կազմակերպութիւններով, եթէ այսօր չմտածէ դարավերջի մասին, ըստ այնմ չգործէ, այս հարցերով մտահոգուող, անոնց մասին խօսող եւ գործող չի մնար:

Քիչ մը եթէ իրատես ըլլանք, պիտի տեսնենք, որ բաժակին դատարկ մասը տեւաբար կը մեծնայ:

Ազգ չի պահուիր նահանջը տնտեսելով, քանի որ օր պիտի գայ, երբ տնտեսելիք ոչինչ պիտի մնայ:

«Ծագումով հայեր»-ը պիտի դադրին այդքանն անգամ ըլլալէ:

Ներազգային հոգեփոխութիւն-յեղափոխութեան մը ծնունդ տալու համար բաւարար ուժ ունի՞նք, կրնա՞նք ստեղծել:

Պճեղ մը լաւատեսութեամբ կրնանք հաւատալ, որ ունինք:

Ինչպէ՞ս եւ որոնցմո՞վ: Այսօ՛ր: Վաղը միշտ ուշ է:

Եւ պէտք է մտածել, որ ոսկի ձու ածող հաւը ածած պէտք է ըլլայ երկու, հինգ, տասը կամ քսան տարիէն…

26 օգոստոս 2016, Նուազի-լը-կրան

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>