Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Առ Ցուցք Թաքնագիր.- Մօրքուրի Թազա Անունն Ա «Մորիս»

$
0
0

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

m1_91016

Ծանօթ.-  Նարեկ Դուրեան երկար ժամկէտով «վարձակալած» է Գրողներու միութեան պատմական շքեղ տան սրահը եւ զայն այժմ կը վերածէ իր բեմահարթակին: Նոր թատրոնը պիտի արձակուի «Իմ կնոջ անունն է Մորիս» ներկայացումով:  Ելոյթը, ուրեմն, հարկ է, որ  շահագրգռէ համայն սրտցաւ հայութիւնը:

m2_91016

24 օգոստոսին առիթն ունեցայ շուրջ երկու ժամ տեւող այս գործը դիտելու Տիկնիկային թատրոնի բեմին վրայ: Ներկայացումը որոշ չափով ունի «թատրոն` թատրոնի մէջ»-ի բնոյթ: Բեմի վրայ Դուրեան հեռաձայնային «երկխօսութիւն» կ’ունենայ հեղինակին հետ, որ իրմէ կը խնդրէ բեմադրել իր միակ թատրերգութիւնը` զայն «ատափթացնելէ» ետք (յարմարեցնել): Ելոյթի աւարտին հեղինակը կրկին կը զանգէ, որովհետեւ մտահոգ է գործի վերջաբանով: Իսկ թէ մտահոգուելու ի՞նչ պատճառ կրնայ ունենալ հեղինակը, կը տեսնենք ստորեւ …

Ի դէպ, Դուրեանի երեւակայական հեղինակ- խօսակիցը, ըստ երեւոյթին, անտեղեակ է, որ իր գործը տասներկու տարի առաջ, այսինքն շարժապատկերային տարբերակը նկարահանուելէ (2002) կարճ ժամանակ ետք բեմադրուած էր Հայաստանի Թատերական գործիչների միութեան այժմու նախագահ Յակոբ Ղազանչեանի կողմէ  (Պատանի հանդիսատեսի թատրոն 2004): Յոյժ զարմանալի անգիտութիւն` նկատի առած հեղինակային իրաւունքներու պաշտպանութեան օրէնքները: Ինչպէ՞ս վերծանել, ուրեմն, Դուրեանի այդ երկխօսութիւնը: Շարժապատկերային տարբերակը ստացած է դաժան քննադատութիւն:

m3_91016

Բնագիրը.-  Դուրեան,  ինչպէս շատ յաճախ, «հայա- ֆիկացուցած» է (իմա` «Նարեկա-ֆիկացուցած») ֆրանսական «կացութենական կատակերգութիւն» մը (situation comedy): Բնագիրի վերնագիրն է` «Ma femme s’apelle Maurice» (1997) (1): Գործը Րաֆֆի Շարթի (Raffy Shart 1957- ) միակ թատրերգութիւնն է: Շարթի թատերական վաստակը համեստ է. անցեալ 20 տարիներու ընթացքին գրած է երեք այլ ժապաւէններու բեմագրութիւնները եւ դեր վերցուցած` երկու ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ մէկուն  բեմադրիչը, ի դէպ, ինքն է  (Incontrôlable, 2006): Այդ թուականէն ետք Շարթի զբաղումն է  յօրինել երգեր, կազմակերպել շոյեր, ծանուցումային ձեռնարկներ եւ այլն: Րաֆֆի Շարթ յաջող գործարար մըն է: Այսուհանդերձ …

m4_91016

Կատարողական.- Պէտք է ընդունիլ, որ մէկ երկարաշունչ արարանոց կատակերգութիւնը ունէր կուռ կառոյց եւ աշխուժ կշռոյթ: Ակնյայտ էր դերակատարներու միջեւ գոյ դրական «քիմիա»-ն: Ժամանակի զգացումը անբիծ էր: Բեմայարդարումը պարզ էր եւ գործնական: Գլխաւորաբար կը բաղկանար սեւ տուփերէ: Կողքի նկարը գծած եմ` ըստ յիշողութեան (2): Դուրեան շեշտը կը դնէ դերակատարի ստեղծած պայմանականութեան վրայ: Բարի՛: Երաժշտական ձեւաւորումը եւ մասամբ յօրինումը կը պատկանէին Դուրեանին, որ ունի աւելի քան բաւարար շնորհ եւ պատրաստութիւն: Բարի՛: Կար սրամիտ խօսքերու եւ արարքներու տարափ (բարի՛), բայց չկային անակնկալներ (ո՛չ բարի): Ի սկզբանէ պարզ էր, թէ դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ թատերական շարժումը: Այո՛,  պարտաւոր եմ ընդունիլ, որ Դուրեան շատ լաւ արհեստաւոր է: Այսուհանդերձ…

m5_91016

Դիպաշարը.-  Ժորժ  (նկատել շատ հասարակ անունը) սովորական արտաքինով եւ նուազ քան միջակ մտային կարողութեամբ դատարկապորտ մըն է, որ կ’ապրի իր հարուստ կնոջ հաշուոյն եւ անշուշտ կը դաւաճանէ անոր: Ամբողջ հինգ ամիս ամուսնական պարտականութիւններու թերացումէ ետք կինը կը սկսի կասկածիլ, թէ Ժորժ սիրուհի ունի: Սիրուհին, որ իր կարգին սկսած էր կասկածիլ, թէ Ժորժ (բնականաբար) մտադիր չէ ամուսնալուծուելու, կը սպառնայ Ժորժի` դաւաճանութիւնը տեղեկացնել կնոջ:  Կը յայտնուի պատահական մարդ մը (Մորիս), որ եկած էր նուիրատուութիւններ հաւաքելու: Ժորժ մարդը կը համոզէ, որ խաղայ սարսափելի կնոջ դեր: Ժորժին զոքանչը բոլորէն գաղտնի ծանուցում տուած է վաճառելու համար բնակարանը: Կը յայտնուի սփիւռքահայ տարեց զոյգ մը, որ եկած էր բնակարանը գնելու: Կը յայտնուի նաեւ սիրուհիի … ամուսինը: Մնացեալը թամաշա է, «թալթիշ», քսւըռտուք  եւ սխալներու կատակերգութիւն:

Երկու բներգ.– Առաջինը պարզ է եւ ընթացիկ: Արժանիքներէ զուրկ շատ հասարակ տիպար մը կարողանայ պերճ կեանք վարել` շնորհիւ անշնորհ ձեռնածութեան: Կարելի է թուել բազում օրինակներ: Թեման առկայ է նաեւ հեքիաթներու մէջ (յատկապէս` միջնադարեան), ուր հասարակ մարդ մը կը յաջողի բախտի եւ խաբէութեան շնորհիւ: Այս ի հարկէ ինքնախաբէութիւն է, պատրանք, որպէսզի կարելի ըլլայ անհորիզոն կեանքը շարունակել:

Շարթի երկրորդ բներգը գործի ենթախորքն է, էական ասքը եւ թաքուն ծրագիրը:  Բնագիրը հումորի միջոցով կը փորձէ աւելի ընդունելի դարձնել սեռային երկբայութիւնը: Նորեկը (Ն. Դուրեան)` հագուստափոխութեան (trans-vestism) որպէս շահաւէտ գործարք: Ժորժ, սակայն, կը յայտնաբերէ իր մէջ մինչ այդ ճնշուած եւ թաքնուած կանացի բնութիւնը եւ … կը սիրահարի օտարականին:

m6_91016

Արեւմուտքի մէջ հարցին մասին աւելի հանգիստ կը խօսին: Յիշենք, որ Ազնաւուր 1972-ին յօրինեց «What makes a Man, a Man» յուզիչ երգը: Բայց նոյնիսկ այդտեղ կը կարծուի, թէ «երկբայասեռական»-ներու առնուազն 70 տոկոսը կը ծածկէ իր ինքնութիւնը: Արեւմուտքի մէջ այժմ իւրաքանչիւր տարի հարիւր հազարաւոր անձեր կը փոխեն իրենց անունի սեռը: Տասնեակ հազարներ կը դիմեն վիրաբուժութեան: Այո՛, Լիբանանի մէջ եւս: «Եուրովիժըն»-ի յաղթական մօրուքաւոր աղջկան ելոյթը աւելի շատ խորամանկ շահարկում էր, քան` «հերոսութիւն»: Հայկական բեմի վրայ, սակայն,  նման առաջադրանք մեղմ ասած շատ համարձակ է: Դուրեան մտահոգութիւն յայտնած է թղթակիցներուն. « …մի փոքր վախեցանք ու նոյնիսկ +16 դարձրինք: Ինքնին արդէն ծիծաղելի է, երբ տղամարդը գալիս է ու գրկում ինձ… աղի վրայ մի քիչ էլ աղ լցնելը ճիշդ չէ» (3):

«Ատափթացիա».- Բնագիրը ցարդ անհասանելի է: Համացանցի վրայ գոյ կատարումներու հետ բաղդատած` կարելի է նկատել, որ Դուրեան կատարած էր կարեւոր փոփոխութիւններ:

m7_91016

Դուրեան զեղչած էր Ժորժի եւ Մորիսի սիրոյ բացայայտ տեսարանները: Յարաբերութիւնը գոյ է, բայց այդ կարող են նկատել միայն անոնք, որոնք ծանօթ են բնագիրին:

m8_91016Թատրոն` թատրոնի մէջ մօտեցումը կը շեշտէ, որ բեմի վրայ են ոչ թէ լիարիւն տիպարներ, այլ` դերասաններ, որոնք կը մարմնաւորեն այդ տիպարները: Այս չքմեղանքը  յատկապէս էական է փարիզեան մօրաքոյր-Դուրեանի պարագային: Ի դէպ, իր նոր թատրոն` թատրոնի մէջ բացայայտօրէն կը բողոքէ` «Ճակտիս մօրքո՞ւր ա գրած»: Իսկ ո՞վ է այդ գրած, եթէ ոչ ինք` Դուրեան:  Գիրկընդխառնումներու ընթացքին Դուրեան ակնյայտ ջանք կը գործադրէ ցուցադրելու առնական հետաքրքրութիւն կնոջական մարմնի հանդէպ եւ զզուանք` արական մարմնէն: Այս կէտը աւելի քան նկատելի էր նաեւ մօրաքոյրի տիպարին մէջ:  Ժեսթը առաջին հերթին կ’արտայայտէ Դուրեանի մտահոգութիւնը եւ ապա կը կորզէ դիւրին ծիծաղ: Նոյն ուղղութեամբ Ժորժ վար եկաւ բեմէն եւ պարեց առաջին շարքի վրայ նստած աղջիկներէն մէկուն հետ: Այս «յարմարեցումները» կը միտին քողարկել Շարթի բնագրին բնոյթը:

m9_91016Դուրեան հուժկու կռփամարտիկ նախանձոտ ամուսինի տիպարը փոխարինած է մանրակազմ ոստիկանով մը: Այս արհեստականօրէն առիթ կը ստեղծէ քաղաքական կողմնակի ակնարկներ սպրդեցնելու ներկայացումէն ներս: Այս  «théàtre de dix heures»-ի (ժամանցային թատրոն) բնոյթ կու տայ ելոյթին: Կռփամարտիկը առնական ֆիզիքական ուժի յստակ խորհրդանիշ է: Ծանօթ է նաեւ, որ մարմնամարզի նման ճիւղերու հետեւողները կը ցուցաբերեն սեռային խոտորումներ: Ամուսինը, Ժորժ եւ Մորիս կը տապլտկին բեմի վրայ (16+ տեսարան): Հասկնալի պատճառներով այդ «տապլտկումը» տեղի ունեցաւ թիկնաթոռ ներկայացնող խորանարդներու ետին: Նկատել, որ կողքի նկարին մէջ տեսարգել-թիկնաթոռի ետեւէն բարձրացող երեք ձեռքերը յարանման են (4): Տեսարանը պատկերներու լեզուով կ’ըսէ, թէ միասեռական հակումը առկայ է երեք տղամարդոց մէջ: Ընթերցողը կրնայ ուշադիր զննել թիկնաթոռի վրայ ուժաթափուած-ուշաթափուած Մորիսը:  Կարելի չէ հաւատալ, որ այդ մանրակազմ ոստիկանը կարողանար բռնի ուժով թիկնաթոռի ետին տանիլ ոչ թէ մէկ, այլ երկու իրմէ աւելի խոշոր մարդ … Թէ խորհրդանշական-քաղաքական ի՞նչ իմաստ կրնայ ունենալ իշխանութիւնը ներկայացնող ոստիկանի հետ տապլտկիլ, կը ձգեմ ընթերցողի վերծանումին …

Հեղինակի երկրորդ հեռախօսային կապը ներկայացման աւարտին մասին էր: Իմա` Ժորժի եւ Մորիսի սիրային-սեռային կապի բացայայտմամբ: Երեւակայական խօսակիցը հասկնալիօրէն մտահոգուած հարց կու տայ, թէ Դուրեան ինչպիսի՞ լուծում պիտի գտնէ: «Այ այսպէ՛ս» կ’ըսէ Դուրեան եւ կը փակէ հեռախօսն ու երեկոն: Իմա` փախուստ կու տայ, որովհետեւ Տիկնիկայինի բեմին վրայ ընդունելի այլընտրանք չունի: Աղի վրա մի քիչ էլ աղ լցնելը ճիշդ չէ, էլի՛:

Դուրեանի երկրորդ «Հայաֆիկացիա»-ն այն էր, որ բնագրի սովորական տեղացի տարեց զոյգը փոխարինուած էր «մեռնելու համար» Հայաստան ներգաղթած սփիւռքահայ կարծրատիպերով:  Այսինքն` խամաճիկի կերպարանքով տգէտ, միամիտ, անճաշակ, բայց անհամեմատ հարուստ: Ամուսինը ի հարկէ տխեղծ, իսկ ակնյայտօրէն շատ աւելի երիտասարդ կինը` հագուկապով միջոցով գնդայնացուած (տես որմազդը): Ցաւալի էր յատկապէս այն պահը, երբ ոստիկանը զառամած «ախպեր»-ը օձիկներէն բռնած` թափ կու տար, մինչ սրահը մեծ հաճոյքով կը ծիծաղէր: Արդեօք Դուրեան նոյնքան լիաթոք ծիծաղ կ’ակնկալէ՞ արտասահմանեան հիւրախաղերու ընթացքին …

Դուրեանի բոլոր ներդրումները կը միտէին թաքցնել եւ շպարել հեղինակի հիմնական բներգը: «Մորիս»  լայն քայլ մըն է նետուած «Մօրաքոյր»-էն անդին: Դուրեան թղթակիցներուն (գուցէ` խորիմաստօրէն) ըսած է` «Երեւանում Մորիս անունով մարդիկ շատ կան» (5): Ապագայ տապլտկումներու ընթացքին թերեւս կարելի կ’ըլլայ զանց առնել տեսարգել-թիկնաթոռները: Դուրեան իր դերասաններուն խորհուրդ տուած է. «… Խաղալիս պիտի ուշադիր լինես, որ վուլկարութեան (գռեհկութեան) չհասնի, հումորներ անելիս չափը չանցնես» (6): Կը փութամ ծանուցել, առ որ անկ է,  թէ «Մորիս» արդէն իսկ կանգնած է այդ կարմիր գիծին վրայ:

m10_91016«Խրամատներու  թիկունք»` Դուրեանի դրոյթը մօտաւորապէս հետեւեալն է`

«Այսօր Պեքեթի, Սարթրի ու Քամիւի դարը չէ» (7),  «Թատրոնը թերափիայի (բուժիչ) դեր պիտի խաղայ ու հայ հանդիսատեսն էլ պուլվարի կարիք ունի»,

«Արտիստի… աշխատանքը պատերազմի ժամանակ շատ կարեւոր է: Եթէ մարդիկ իրենց ոգին բարձր չպահեն, թշնամին կը յաջողի: Մեզ պէտք է պինդ լինել» (8), կը նշէ, որ Երեւանի Պարոնեանի անուան թատրոնը կառուցուած է Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին:

Բարի՛. պահ մը ընդունինք Դուրեանի փաստարկը: Բայց մի՞թէ ռազմական ոգին բարձր պահելու միակ միջոցը մօրքուրցած այրերու գիրկընդխառնումն ու տապլտուքն են: Ի հարկէ՛ ոչ: Հարցը կը կայանայ ոչ թէ կատակերգութիւն կամ զաւեշտ խաղալու, այլ այդ ներկայացումներու որակին եւ ասքին մէջ:

Ընդհանրական.- Իսկական ցաւը այն է, որ ոչ գոյ է պետական հովանաւորութիւն: Թատրոնը լքուած է շուկայական յարաբերութիւններու «խղճին»: Կը բարգաւաճի ժամանցային զուարճախօսութիւնը, որ մտային պրկում չի պահանջեր հանդիսատեսէն: Նման թատրոն չի ծառայեր պնդացնելու մեր թիկունքը,  հանդիսատեսը չի մղեր քննադատական կեցուածքի: Այս տիպի հումորը ոչ թէ կը ձաղկէ, այլ կը շաքարապատէ հարցերը (9):

———————————-

  1. Տես youtube v=045KlC39O-Y
  2. Բարձրախօսը, ի զարմանս ինծ, յայտարարած էր թէ նկարելու բոլոր միջոցները խստիւ արգիլուած էին:
  3. ArmStyle, 10 յունիս 2016:
  4. «My Wife Maurice», Jean-Marie Poiré, Raffy Shart 2002, France, 105 min.:
  5. Aysor.am 24 մայիս 2016:
  6. Դերասաններն ամուսնանում են հանդիսատեսի հետ» bravo.am 8 յունիս 16:
  7. Ա1+ Մշակոյթ Պրեմիերա «Cherchez la femme»,  28 հոկտեմբեր 2011:
  8. «Ուրախութիւնն էլ է դեղ» Aysor.am 23 մայիս 2016:
  9. Խզմալեան, Ա. Է. (2013) Սոցիալ-հոգեբանական միտումների բեմական անդրադարձները. Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւնների թիւ 3:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>