Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ազատագրեա՞լ Տարածքներ, Թէ՞ Գրաւեալ…

$
0
0

0221garoarmenian1ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հայրենակից մը Ֆրանսայէն հետեւեալ առարկութիւնը յղած է ինծի` յօդուածիս մէջ գործածուած «ազատագրուած տարածքներ» բառակապակցութեան մասին. կը վերարտադրեմ առանց փոփոխութեան.

«Դուն կ՛ըսես` «Այս փաստաթուղթը պաշտօնապէս չէ հրապարակուած: Եւ սակայն բոլոր քաջատեղեակ աղբիւրներու վկայութեամբ, ան պայման կը դնէ, որ 1994-ի Պիշքեքեան զինադադարի պայմանագրով հայկական ուժերու իրաւասութեան տակ գտնուող եօթը ազատագրուած շրջաններէն հինգը անմիջապէս վերադարձուի Ազրպէյճանի իրաւասութեան, ի դիմաց անորոշ եւ անբովանդակ խոստումներու…»

«ԱԼ ՍՈՒՏ ԽՕՍԻԼԸ ԵՒ ԱՊՈՒՇՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՍԵԼԸ ԿԸ ԲԱՒԷ: Պիշքեկում ստորագրուած «հրադադար»-ում ազատագրուած շրջաններ չեն նշւում, այլ` հայերի կողմից ԶԱՒԹԱԾ, ԳՐԱՒՈՒԱԾ տարածքներ, ինչը մինչեւ օրս հայերին, ուզենք թէ չուզենք, դարձնում է ագրեսոր բոլորի աչքին եւ ինչի համար հայերից պահանջւում է վերադարձնել ԳՐԱՒՈՒԱԾ շրջանները»:

Նկատի առնելով, որ այս ցաւալի շփոթը դեռ կը շարունակէ շրջան ընել քիչ մը ամէն տեղ, անհրաժեշտ կը համարեմ իմ պատասխանս բաժնել ընթերցողներուս հետ:

Իմ պատասխանս`

«5 մայիս 1994 թուակիր Պիշքեքեան (զինադադարի) Արձանագրութեան (Bishkek Protocol) բնագրին մէջ այդպիսի վերագրումներ առհասարակ չկան: Փաստաթուղթը կը զբաղի հակառակորդ ուժերու յետքաշման եւ զինադադարի սահմանագիծի հաստատման խնդիրներով: Մէկ տեղ միայն կը գործածուի «գրաւեալ հողամասեր» բառակապակցութիւնը` առանց կողմնային վերագրման, եւ` զուտ թեքնիք առումով: Յիշեալ բառակապակցութիւնը պարզապէս կը վերաբերի պատերազմական գործողութեանց պատճառով ստեղծուած կացութեան եւ ինքնաբերաբար կը հաստատէ միջազգային law of occupation-ի օրէնքով նախատեսուած կողմերու իրաւունքները իրողապէս մէկզմէկու իրաւասութեան անցած հողամասերուն վրայ:

Հետեւաբար այս փաստաթուղթը իրաւական հիմ չի հանդիսանար հայկական կողմին դէմ որեւէ ի նախագունէ (a priori) պահանջներ ներկայացնելու: Աւելի՛ն, այն սոսկ իրողութիւնը, որ Ազրպէյճան միակողմանիօրէն շարունակած է իր պատերազմական գործողութիւնները` ոտնակոխ ընելով զինադադարի պայմանագիրը, ինքնին կ՛ամրապնդէ (զուտ իրաւական հասկացողութեամբ) հայկական կողմի իրաւունքը այդ հողերուն վրայ: Ես գործածած եմ «ազատագրուած տարածքներ» բառակապակցութիւնը որպէս բնորոշիչ, քանի որ անոնք մեր պատմական տարածքներն են եւ վե՛րջ: Յուսամ` այս մէկը յստակ է: Կ՛անտեսեմ ապաշնորհ խօսքերը. յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի»:

Կը կրկնեմ: Հողային զիջումներու մասին եղած խօսակցութիւնները իրաւական հիմք չունին: Այդ քննարկումներու բնոյթը քաղաքական է: Խիստ կարեւոր է, որ գերտէրութիւններու եւ թուրքեւազրպէյճանական քարոզչութեան զոհ չերթանք: Կարեւոր է, որ մենք մեզ չնախապաշարենք: Մնանք հաստատ եւ սեւեռուած: Եւ մեր խաղաքարտերուն տիրութիւն ընենք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>