ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ
Ո՞վ չի ճանչնար այս կինը: Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան երկաթեայ վարչապետն է, Դոկտ. Անճելա Մերքել: Իրեն, հանրապետութեան նախագահ Կաուքին, եւ Ճեմ Էօզտեմիրին մէկական օրինակ ուղարկած էի «Ravished Paradise, Forced March to Nothingness» գիրքէս` որպէս երախտագիտութիւն Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին: Իր քարտուղարին կողմէ ստացայ հետեւեալ նամակը:
«Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան վարչապետուհին` դոկտ. Անճելա Մերքել, ստացաւ ձեր 20 յուլիս 2016 թուակիր նամակը: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ ձեր արտայայտած ազնիւ զգացումի բառերուն եւ ձեր «Ravished Paradise, Forced March to Nothingness» գիրքին համար: Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդաց ձեր ընտանիքին պատմութեան հայող մանրամասնօրէն հետազօտուած եւ վաւերագրուած տեղեկութիւնը»:
Նամակին կցուած էր երկաթեայ կնոջ ստորագրութիւնը կրող լուսանկար մը:
Գիրքերը ուղարկելուս հետեւեալ օրը իմացայ, որ «Hollywood Book Festival»-ի պատմութեան գիրքի մրցանակը շահած եմ: Երանի միայն մէկ օր եւս համբերէի, այդ լուրով կը տեղեկացնէի գիրքիս մասին: