Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Երեւանի Հայկական ՄԱԿ-ը

$
0
0

ԼԵՆԱ ՀԱԼԱՃԵԱՆ

բնակարան_90316

Այո՛, հայկական ՄԱԿ, ամենեւին ալ սխալ չէ:

Երեւանի անտառահատուած, սակայն տակաւին Անտառային կոչուող շրջանի, Լեռ Կամսար եւ Գէորգ Էմին փողոցներու անկիւնը գտնուող, նորակառոյց համալիրի 190 բնակարաններուն մէջ կ՛ապրին զանազան երկիրներու քաղաքացի, հայրենադարձ ընտանիքներ:

Անոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն` Սուրիա, Լիբանան, Ռուսիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա, Գերմանիա, Վրաստան, Թայլանտ, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա … եւ ի հարկ է` Հայաստան:

Հաւատացէ՛ք` եթէ այս ընտանիքներուն անմիջական գաղթած քաղաքներու կամ նահանգներու թիւը գումարէք անոնց երէց անդամներու նախորդ գաղթօճախներու թիւին հետ, պիտի տեսնէք, որ այն կը գերազանցէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու թիւը, ինչպէս նաեւ երկու տարուան հարեւանութեամբ ձեռք բերուած անհամեմատ ջերմութիւնը` եօթանասուն տարուան պատմութիւն ունեցող ՄԱԿ-ի երկիրներու անհամերաշխութեան:

ՄԱԿ-ի վեհաժողովներուն նման, հոս ալ քննարկումները բուռն են, բայց լուծումները անշահախնդիր եւ ծայրայեղօրէն մարդկային:

Ամառը, երեկոյեան,շրջափակի լողաւազանին շուրջ հաւաքուած դրացիները, յատկապէս` այր մարդիկ, շատ անգամ, խմիչքի բաժակներով, ժամեր շարունակ մտերմիկ կը զրուցեն: Քաղաքական լուրերը օրակարգի առաջին տեղը կը գրաւեն, իսկ թեման` սուրիական եւ ղարաբաղեան պատերազմներն ու հարիւր տարի անց տեղահանութեան կրկնութիւնն է, հակառակ հնչող հակասական տեսակէտներուն, ցանկութիւնը միշտ մէկն է «խաղաղութիւն Սուրիոյ, Աստուած Հայաստանը գերպետութիւններու շահերու բախումէն պահպանէ»:

Տնտեսական խնդիրները նուազ առաջնային չեն, չէ՞ որ անոնք ազատ տնտեսութեան համակարգի վաճառականներ ու արդիւնաբերողներ են, բնականաբար պիտի քննադատեն ամէն ինչ` համեմատելով իրենց ապրած երկիրներու օրէնքներուն, դժգոհանքը մեծ է, սակայն եզրակացութիւնը միշտ նոյնը` «եթէ հոս ապրուստդ ապահովես, Հայաստանէն լաւ տեղ չկայ ապրելու»:

Կիները, առաւօտ կանուխ կը համախմբուին սուրճի սեղանին շուրջ, անոնց խօսակցութեան թեմաները աւելի գունեղ են` հարսանիք, ծնունդ, նորաձեւութիւն, բնակարանի կահաւորում, պատմամշակութային այցեր, երեխաներու կրթութիւն… արդէն կէսօր է եւ ի՞նչ եփել այսօր… այս թեման հասարակ քննարկում չէ, այլ կարծես «միջազգային խոհանոցի համագումար», բանախօսները` բարձրաճաշակ հմուտ կիներ, մէյ-մէկ բծախնդիր աւագ խոհարարներ են, իսկ բանաձեւը չարենցեան է` «Աշխարհ անցի՛ր, Հայաստանի օրկանական բերքի նման արեւահամ բերք չկայ»:

Համալիրի գոյնզգոյն կանաչապատումը կենսունակ է երեխաներուն ճլվլոցով, անոնք կեանքի դժուարութիւններէն անտեղեակ, լիովին անհոգ մանկութիւն ապրող, գերհոգատար ծնողներու զաւակներ են, ոմանք եկած են ամառնային արձակուրդը ամբողջութեամբ Հայաստան անցընելու, ի տարբերութիւն ՄԱԿ-ի Մանկական յանձնաժողովի խնդիրներուն` այս ծնողներուն միակ գերխնդիրը հայեցի դաստիարակութիւնն է, իսկ երեխաներուն խնդիրը` ծնողները համոզել, որ թէկուզ մէկ շաբաթով իրենց կեցութիւնը երկարաձգեն:

Աշուն է, վերամուտ: Բաժանումը` անխուսափելի: Երեխաներուն լացակումած աչքերը համաձուլումէ շատ աւելի վեհ յարաբերութիւններու մասին կը վկայեն:

Վկա՛յ, Գէորգ Էմինի մեծն հոգին, զոր ամէն գիշեր հանդիպակաց մայթի իր բնակարանէն դուրս գալով` կը թեւածէ համալիրի շէնքերու անցքերուն մէջ, շշնչալով`

«Վկայ ճեղքուած Մասիս լեռը մեր,
Վկայ մեր կէսը մորթուած Տէր Զօրում
Եւ այն կէսը,
Որ ես եմ,
Դո՛ւ եւ նա՛,
Մենք կը միանանք
Մենք կ՛ամբողջանանք, կը գտնենք մի օր
Լրիւ դառնալու հնար՛ն անհնար»:

«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները
համակարգող կեդրոն» ՀԿ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>