Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Մասունք Աստուածային Քեզնով Ենք Յաւերժանում» (Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան 25-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

«Շնչահեղձ դարձած եմ…», «Կը զգամ, որ սիրտս պիտի կենայ, պիտի խեղդուիմ…»,  «Արդէն ժամանակն է, որ դարձեալ երթամ…», «Ներուժի կարիք կայ…», եւ նման արտայայտութիւններու երկար շարքը շրջապատիս մէջ յաճախ լսուող խօսքեր են. անոնց ակնարկութիւնը կ՛երթայ Հայաստան այցելութեան` հայրենիքին հանդէպ կարօտը փորձել յագեցնելու, Արարատը տեսնելու, անոր շնորհած ներուժով լիցքաւորուելու, նոր եկեղեցի մը բացայայտելու եւ հոն մոմ մը վառելով` ուխտ մը կատարելու զգացումը ապրելու, եւ այլն…

Յստակ է, որ Հայաստան այցելութիւնը լիբանանահայուն համար մտասեւեռում է, մնայուն ծրագիր եւ ոգիով ներշնչուելու հասցէ:

Ոմանց համար, սակայն, Հայաստանի, Երեւանի ու Արարատի կողքին, Արցախը նաեւ պարտադիր այցելութիւններու շարքին մէջ կ՛իյնայ, որովհետեւ ազգային հպարտութիւն մը եղող Արցախը շատ աւելի հսկայ ներուժ կը ներարկէ հայուն: Արցախի հողին վրայ սիրտդ կը դողայ. ահա այս ոմանց մէջ է, որ կը գտնեմ ինքզինքս… եւ տարեկան դրութեամբ կ՛այցելեմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն` փորձելով բացայայտել նոր վայրեր, իւրաքանչիւր քարի տակ փնտռել պատմութիւն, հպարտութեամբ լեցուիլ, մաքրութեամբ հիանալ, անառիկ լեռներուն զօրութեամբ համակուիլ, այգիներու կանաչին սիրահարիլ,  ժողովուրդին բարութեամբ տոգորուիլ, իսկ վերջը` արցունքով հեռանալ անկէ:

yerespokhanneroun-hed_90216

Սակայն այս տարուան այցելութիւնս տարբեր էր. անիկա պարզ այցելութիւն մը չէր, այլ գործուղում` Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստելու:

Գիտակցութեամբ եւ կատարեալ լրջութեամբ ստանձնեցի աշխատանքը: Այնքան սիրած ու պաշտած հայրենիքս օտարին ու նաեւ հայութեան ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու համար զիս ընտրած էին, եւ այս մէկը մեծ պատիւ էր:

Սակայն գործուղման թուականն ու բնոյթը վաւերացնելէ 24 ժամ ետք Արցախը եւ ինքնաբերաբար հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր պատմութեան ամէնէն դառն էջերէն չորսը:

1 ապրիլին կատարուածը Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած ազրպէյճանական զինուորական լայն գործողութիւն էր. անիկա ապրիլմէկեան կատակ մը չէր, այլ` քառօրեայ պատերազմ մը, որ ցնցած էր ամբողջ հայութիւնը:

Այս իրավիճակը եւ պատերազմի օրերուն լիբանանեան մակարդակի վրայ կատարուող ապատեղեկատուութիւնը  աւելի եւս հաստատեցին գործուղման անհրաժեշտութիւնը:

Քառօրեայ պատերազմէն 25 օր ետք «Էմ. Թի. Վի.» կայանի «Թահքիք» յայտագիրի անձնակազմին ու վաւերագրական ժապաւէններու պատրաստութեամբ հմուտ լրագրող եւ բեմադրիչ Քլոտ Ապի Նատեր Հինտիի հետ հասանք Ստեփանակերտ:

Պէյրութի մէջ ծրագրուածը Արցախի մէջ գործադրելու համար առաջին հերթին կարիքը ունէինք վերատեսութեան ենթարկելու այդ ծրագիրը եւ պատշաճեցնելու հոն տիրող պայմաններուն եւ յարմարութեան:

Այս իմաստով կազմ ու պատրաստ էին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախագահն ու անդամը` երեսփոխաններ Դաւիթ Իշխանեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին յաջողցնելու մեր ծրագիրը: Անոնք բոլոր ուղղութիւնները տուին` դիւրացնելու մեր աշխատանքը եւ ապահովելու այն, ինչ որ պէտք ունէինք: Հոս անկարելի է մոռնալ նաեւ «Ապառաժ»-ի լրագրողներէն Արմինէ Նարինեանը, որ մնայուն կերպով ընկերակցեցաւ մեզի` հեզասահ դարձնելով մեր առաքելութիւնը:

Ստեփանակերտը լուռ էր ու տխուր: Մայրաքաղաղքի բնակիչներուն դէմքերուն վրայ արտայայտութիւն չկար, իսկ անոնց աչքերը լեցուած էին անորոշութեամբ, բայց` ոչ վախով:

«Էմ. Թի. Վի.»-ի անձնակազմը հայկական լեռնաշխարհի բնութենէն մեկնելով` արդէն իսկ եզրակացուցած էր. «Հայաստան- Արցախ` երկրի վրայ գտնուող դրախտ են»:

Այս հիացմունքը դուռ կը բանար անոնց կողմէ թափող հարցումներու տարափի մը` Արցախի եւ հայութեան մասին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն գիտնալու, եւ ապա զայն վաւերագրական ժապաւէնի մը ընդմէջէն ծանօթացնելու լիբանանցիին, լիբանանահայուն եւ ընդհանրապէս անոր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մասին գրեթէ բան չէր գիտեր, կամ ոչ իսկ լսած էր:

Այո՛, Ստեփանակերտը տխուր էր, իսկ Շուշին կը հեծէր: Մռայլ եղանակ, թեթեւ անձրեւ եւ հոգի խոցող տնքոց. «Վազգէ՜ն, ա՜հ Վազգէ՜ն» կ՛աղերսէր մայրը…ազգի եւ հայրենիքի պաշտպան կամաւորականի թաղումն էր:

Առաջին անգամ ըլլալով է, որ ներկայ կը գտնուէի նման յուղարկաւորութեան մը: Սահման գացած ու իր արիւնը հայրենի հողին հետ շաղախած Վազգէնը առյաւէտ բաժնուած էր կեանքէն ու ընտանիքէն:

vazken_90216

Քառասուն գարուններ ամբողջացուցած ու իր ետին կին, երկու զաւակ ու ծնողք թողած Վազգէնը ազգային իր պարտականութիւնը կատարած հերոսի գոհունակութեամբ եւ ճակատաբաց կը հանգչէր իր դագաղին մէջ` չորս կողմը պատելով համատարած սուգ:

Պահը ծանր էր, «Վազգէ՜ն, ա՜հ Վազգէ՜ն» ցաւոտ աղերսը ականջիս մէջ անդադար կը հնչէր, սակայն կար առաքելութիւն, պէտք էր պատմէի եւ շարունակէի բացատրել հոն կատարուածը, տրուող մեկնաբանութիւնը եւ յուղարկաւորներուն մխիթարութիւնը:

Եւ ահա ընկերակիցներս հասկցան, որ նախքան Արցախ ուղղուիլը Եռաբլուրի մէջ իրենց վկայած արձանագրութիւնը` «Մահ իմացեալ անմահութիւն է», ինչպէ՛ս կը դրսեւորուի հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ:

Անկարելի էր հասնիլ Շուշի եւ չպատմել անոր պատմութիւնը, մշակութային մայրաքաղաք ըլլալու անոր իրականութիւնը, հերոսական ազատագրումը, զգացնել Ղազանչեցոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սփռած հոգեւոր  ներուժը, ռազմավարական նշանակութիւնը եւ փաստել պատերազմին ու քանդումին տոկալու անոր հսկայական կամքը:

Այս բոլորը կը մղեն, որ մէկը նոյնանայ այդ վայրին հետ եւ դառնայ անոր անբաժանելի մէկ մասնիկը, նոյնիսկ երբ ան ֆիզիքապէս հեռու կը գտնուի այդ շրջանէն:

Շուշիի ազատագրումին մասնակցած ազատամարտիկին եւ պատմաբան երեսփոխան Լեռնիկ Յովհաննիսեանին հետ ունեցած մեր հարցազրոյցներէն ետք, հերթը հասած էր Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին հետ մեր կատարելիք զրոյցին:

Ստեփանակերտի առաջնորդարանին մէջ սրբազանը ընդունեց մեզ: Տասնամեակներէ ի վեր Արցախի հոգեւոր առաջնորդի պարտականութեան տէր սրբազանին ներկայութիւնը յարգանք եւ երկիւղածութիւն կը պարտադրէր ներկաներուն վրայ:

Սրբազանը հայերէնի կողքին լաւ անգլերէն կը խօսէր եւ, հետեւաբար, հաղորդակցութիւնը շատ աւելի դիւրին էր անձնակազմին եւ անոր միջեւ:

Իր պատասխաններուն ընդմէջէն սրբազան հայրը յստակացուց Արցախի պատմութիւնը, անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները, 25-ամեայ պետութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու կարեւորութիւնը, արցախցիին պահանջը` խաղաղ ապրելու, անոր զուգահեռ Ազրպէյճանի յարձակողական վերաբերումը եւ հայկական հողը բռնագրաւելու մնայուն ախորժակները, որոնց իսկական դրսեւորումն էր քառօրեայ պատերազմը:

Սրբազանին խօսքերը աւելի ազդու դարձան, երբ ան հաստատեց, թէ Ղարաբաղը միշտ ալ հայկական հող եղած է, ընդգծելով, որ Ստալինի կողմէ անոր բռնակցումը Ազրպէյճանին` զայն երբեք ազրպէյճանական հող չի կրնար դարձնել: Աւելի՛ն. ան շեշտեց հայրենի հողը պաշտպանելու ղարաբաղցիին իրաւունքը` աւելցնելով, որ Արցախ ջատագովն է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ քաղաքական լուծման տարբերակին:

IMG_2146

Հոգեւոր առաջնորդին կողմէ տրուած այս բացատրութիւնները ներշնչեցին աշխատանքի եկած անձնակազմը, որոնց համար սրբազանին ամէնէն հզօր յայտարարութիւնը մնաց հայը բնորոշելու համար իր ըսած հետեւեալ նախադասութիւնը. «Ո՞վ է հայը. հայը քրիստոնեան է: Չկայ հայ մը, որ քրիստոնեայ չէ: Երբ հայ կ՛ըսենք, քրիստոնեայ կը հասկնանք»:

Ինծի համար սակայն թշնամին լաւապէս ճանչցող սրբազանին ամէնէն տպաւորիչ արտայայտութիւններէն էր. «Պատերազմը վատ բան է, որովհետեւ կեանքեր կը կորսուին: Ազրպէյճան միայն պատերազմի լեզուն գիտէ խօսիլ. անիկա դարձեալ յարձակումներ պիտի շղթայազերծէ, իսկ մեր սուրբ պարտականութիւնն է հայրենի մեր հողը պաշտպանել եւ մինչեւ արեան վերջին կաթիլ պայքարիլ մեր ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան պահպանումին համար»:

Կ՛անցնին օրեր, աշխատանքը կը շարունակուի, մթնոլորտը ընտանեկան է, իւրաքանչիւրը կը գուրգուրայ միւսին, բոլորը կը ձգտին լաւագոյն նկարահանումին, որպէսզի աչքով տեսնուած գեղեցկութիւնը կարենան տեսախցիկի ոսպնեակով փոխանցել ակնդիրներուն:

Տնտեսութեան եւ ընկերային մարզերուն մասին կատարուելիք նկարահանումները, որոնք սովորաբար դիւրին կը նկատուին, դարձան դժուար ու բարդ, որովհետեւ Արցախի մէջ կացութիւնը կը շարունակէր մնալ լարուած եւ գործարաններու մեծ մասը` փակ: Արցախցիին համար առաջնահերթութիւնը հողը պահպանելն էր եւ, հետեւաբար, տղամարդիկը առաջնագիծի վրայ կը պաշտպանէին երկրին սահմանները:

Այս իրականութիւնը յստակ կը դառնար երեկոյեան ժամերուն, երբ Ստեփանակերտի մէջ յանկարծ կը ստեղծուէր եռուզեռ մը: Մարդկային այդ եռուզեռին լաւագոյն նկարագրականը եկաւ «Էմ. Թի. Վի.»-ի անձնակազմէն. «Տեսէ՛ք, կիներն են: Անոնք աշխատանքէ կ՛արձակուին: Ապրի՛ն հայ կիները. անոնք են, որ իրենց ամուսիններուն ու զաւակներուն բացակայութեան կը պահեն երկիրը, տնտեսութիւնն ու ընկերութիւնը»:

Հիացմունքս եւ գոհունակութիւնս մեծ էր. անոնք սկսած էին զգալ, տեսնել եւ շօշափել իրականութիւնները:

Յառա՜ջ դէպի առաջնագիծ…

Ուղղութիւնը դէպի Աղտամ կը տանէր, իսկ մթնոլորտը պատերազմական էր: Ասկերանէն սկսեալ տեսանք մեծ թիւով զինուորներ, սպառազինում եւ դէպի սահման գացող եւ եկող զրահապատներու ու հրասայլերու շարժում:

Անցանք նաեւ Տիգրանակերտի բերդին մօտէն` իմանալով, որ կ՛երթանք դէպի Մարտակերտ. ինքնաշարժին մէջ կը տիրէր քար լռութիւն:

Նոր Մարաղան անցնելէ որոշ ժամանակ ետք Մարտակերտը հիւրընկալեց մեզ: Մթնոլորտը սկսաւ աւելի եւս ծանրանալ` նկատի ունենալով տիրող ամայութիւնը:

postin_vra_talish_90216

Մարտակերտի մէջ ամէն բան ճնշող էր, յատկապէս երբ այցելեցինք այն բնակարանները, որոնք ռմբակոծումի ենթարկուած էին ապրիլեան պատերազմին ընթացքին: Այդ բնակարաններուն բնակիչները ցնցուած էին եւ պաղ նայուածքներով կ՛արտայայտէին իրենց ցաւը:

Անոնք պատմեցին, թէ ինչպէս անակնկալ յարձակումի ենթակայ դարձած էին եւ կորսնցուցած` իրենց բնակարանները, հաստատելով, որ իրենք իրենց կեանքը պիտի շարունակեն Ղարաբաղի մէջ:

Մինչ Միջազգային կարմիր խաչի ինքնաշարժ մը եկած էր Մարտակերտ` մարզի վարչական կեդրոն` ռմբակոծուած բնակարանները նորոգելու եւ բնակիչներուն տրուելիք հատուցումներուն մանրամասնութիւնները քննարկելու, մենք բանակցութիւններ կը վարէինք պատասխանատուներուն հետ` առաջնագիծ երթալու նպատակով:

Մթնոլորտը ժխտական էր սահմանին անապահովութեան պատճառով, սակայն երկար բանակցութիւններէ եւ միջամտութիւններէ ետք համաձայնութիւն գոյացաւ մեզ առաջնորդելու Թալիշի առաջնագիծ:

Մարտակերտէն ետք Մատաղիսը շատ աւելի պատերազմական վիճակի մէջ էր, իսկ մինչեւ Թալիշ արդէն իսկ կարելի էր հաշուել շրջանին կանաչ մարգագետիններուն վրայ հրասանդի ռումբերուն ձգած հետքերը, ինչպէս նաեւ` զգուշանալ ճամբու այն մասերէն, որոնք ազրպէյճանական կողմէ յստակ էին եւ արձակազինութեան թիրախ:

Թալիշը ծանրօրէն ռմբակոծուած էր եւ պարպուած` իր բնակչութենէն: Մեր աշխատանքը զինուորներուն եւ կամաւորներուն հետ էր:

Ամբողջ ճամբուն տեւողութեան ապրած մեր պրկումները փարատեցան, երբ մենք այցելեցինք զինուորական ու կամաւորական դիրքեր, ուր կեանք կար, ուժ, կամք, կորով եւ հայրենի հողը պաշտպանելու համոզում:

Ինչպէս ղարաբաղցիները կ՛ըսեն` «տուխները» բարձր էին, այսինքն` տրամադրութիւնն ու ոգին բարձր են:

Անձնակազմին համար հիանալի էր տեսնել աշխարհի չորս կողմերէն եկած կամաւորներ` իրենց հայրենիքի պաշտպանութեան համար, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական էր իմանալ չորս օրուան ընթացքին հայ զինուորին արձանագրած հերոսութիւնները: Անոնք ուղղակի շշմած էին եւ իրարու միջեւ կը փոխանակէին հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Յստակ է. այլեւս գիտենք, թէ ի՛նչ է այս պատերազմը եւ ինչո՛ւ համար անձնազոհութեան գնով մարդիկ կը պաշտպանեն իրենց հողը»:

Իսկ գետնի վրայ մեր տեսած սպառազինութիւնը ոչ մէկ ձեւով կը կապուէր տարածուող այն լուրերուն, թէ ազրպէյճանական արդիական սպառազինութեան դիմաց մենք նախնական զէնքերով կը կռուինք:

Հաւատացէ՛ք, որ մեր սահմանները հսկող բանակին ու կամաւոր տղոց ձեռքին սուրեր չկան, այլ անոնց տրամադրութեան տակ են որակական զէնք ու զինամթերք:

Առաջնագիծ գացողը կը լսէ ու կը տեսնէ շատ բան, ինչպէս` աւեր, զինուոր, կամաւոր, հրամանատար, սպառազինում եւ տարածքներ:

Գիտնալով հանդերձ այս վերջինին մասին ներքին` հայկական իմաստով առկայ լայն տարակարծութիւնները, կը բաւարարուիմ ըսելով, որ առանց քաղաքական որոշումի եւ դիւանագիտական յաղթանակներու` զինուորական յառաջխաղացքները դժուար են եւ անկարելի, այլապէս երկվայրկեան մը իսկ չեմ կասկածիր հայ զինուորին անյաղթ ըլլալուն ճշմարտութեան:

Թալիշ այցելութենէ ետք բոլորս տարբեր էինք. ամէնքը ներքուստ կ՛աղօթէին զինուորներուն անփորձանք վերադարձին համար:

Առաքելութիւնը կարելի էր աւարտած նկատել, սակայն Բերձորէն դուրս գալը այդքան ալ դիւրին չէր, յատկապէս երբ կարմիր կղմինտրներ կը գրաւեն ուշադրութիւնդ: Արիաւանն է. լիբանանահայ գործարարներու ներդրումներուն արգասիքը, որուն երկունքին իբրեւ վկայ` անձնակազմը իրազեկ պէտք էր դարձնէի անոր մանրամասնութիւններուն մասին: Եւ ընկերակիցներս դարձեալ կը յայտնուին նոյն վիճակին մէջ` ափ ի բերան, ու կրկին կը հնչէ նոյն բառը` «Նկարէ՛, նկարէ՛…»:

ariavan_90216

Արցախ գործուղման դասերը շատ են, անոնցմէ հիմնականը այն է, որ մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է, իսկ անկէ ոչ աւելի նուազ մակարդակի վրայ կու գայ այն, որ իբրեւ սփիւռքահայեր մեր  առօրեային պէտք է միախառնենք Արցախը` իւրաքանչիւրը իր ձեւով եւ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, թէկուզ` զոյգ մը մոմ վառելով սահմանը պաշտպանող զինուորին ապահովութեան եւ Արցախի գոյատեւման համար:

Անկախութեան 25-ամեակդ շնորհաւոր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

Մինչ նոր հանդիպում` յառաջիկայ տարի Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին, տեղւոյն վրայ շնորհաւորելու 9 մայիսի եռատօնդ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>