25 տարի առաջ յաղթանակ կերտած, պատերազմական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակ մարտահրաւէրի դիմացող արցախահայութիւնը 25 տարի առաջ, այսօր` 2 սեպտեմբեր 1991-ին, խորհրդային օրէնքի համապատասխան ընթացակարգով անկախութիւն հռչակեց` դառնալով գերիշխան հանրապետութիւն:
Տարի մը առաջ, 23 օգոստոս 1990-ին Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը ընդունած էր հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին, որուն համաձայն, Խորհրդային Հայաստան վերանուանուած էր իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը դուրս կը մնար Հայաստանի Հանրապետութեան կազմէն: Իսկ 21 սեպտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան հանրաքուէն, 30 հազար քառակուսի քիլոմեթրի վրայ, առանց Արցախի:
Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումը, որ տեղի ունեցաւ 30 օգոստոս 1991-ին, Արցախի ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը դրին փաստի առջեւ:
Արցախ կը գտնուէր Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ եւ կը նկատուէր Ազրպէյճանի մաս:
Երբ Ազրպէյճան անկախութիւն հռչակեց, Արցախի ուրիշ բան չէր մնար ընել, քան անկախութիւն հռչակել:
Միւս կողմէ, «պետական ինքիշխանութեան մասին» Ազրպէյճանի ընդունած հռչակագիրին մէջ արձանագրուած է, որ Պաքու կը հրաժարի խորհրդային քաղաքական ժառանգութենէն եւ կը հանդիսանայ 1918-1920 տարիներուն գոյութիւն ունեցած Ազրպէյճանի հանրապետութեան իրաւայաջորդը, այդպիսով իսկ ինքզինք զրկելով Լեռնային Ղարաբաղի տիրելու որեւէ իրաւունքէ, որովհետեւ 1918-1920 տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղ Ազրպէյճանի կազմին մէջ չէր եւ կը կառավարուէր Ազգային խորհուրդին կողմէ:
2 սեպտեմբեր 1991-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը:
Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի մէջ կիրարկուող խտրական քաղաքականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած էր հայ ժողովուրդին նկատմամբ ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան մթնոլորտ, ինչ որ յանգած էր զինուած բախումներու, մարդկային զոհերու եւ հայկական խաղաղ գիւղերու բնակիչներու զանգուածային տեղահանութեան:
Հետեւաբար ընդունուեցաւ հռչակագիր Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն հռչակելու մասին` հիմք ընդունելով 3 ապրիլ 1990-ին Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի «Խորհրդային Միութեան կողմէ միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու կարգի մասին» օրէնքը: Այդ օրէնքին առանցքը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու հանրաքուէի գաղափարն էր: Եթէ միութենական հանրապետութիւն մը կ՛ուզէր դուրս գալ Խորհրդային Միութեան կազմէն, ինչ որ կը թոյլատրէր սահմանադրութեան 72-րդ յօդուածը, ապա ընթացակարգը հանրաքուէն էր:
Այսպիսով Արցախ իր անկախութիւնը հռչակեց իրաւապէս, տէ ժիւրէ գոյութիւն ունեցող Խորհրդային Միութեան օրէնսդրութեան տառին ու ոգիին համապատասխան` չխախտելով օրէնքը եւ ընթացակարգը:
Հակադրուելով իրաւական բոլոր չափանիշներուն, Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդը 1991 նոյեմբերին ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի լուծարման մասին» օրէնքը, որ Խորհրդային Միութեան սահմանադրական դատարանին կողմէ որակուեցաւ խորհրդային սահմանադրութեան հակասող որոշում:
10 դեկտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, եւ արցախահայութիւնը բացարձակ մեծամասնութեամբ անկախ պետութեան կերտուելուն «այո» ըսաւ:
28 դեկտեմբեր 1991-ին արցախցիները մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի երեսփոխաններու ընտրութեան: Ձեւաւորուեցաւ հանրապետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը` Գերագոյն խորհուրդը: Իսկ 6 յունուար 1992-ին տեղի ունեցաւ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանը, որ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը: 8 յունուարին Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ Արթիւր Մկրտչեան:
Միաժամանակ ստեղծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախարարներու խորհուրդ, որ վարչապետ նշանակեց Օլեգ Եսայեանը: Շուտով հանրապետութիւնը ունեցաւ իր պետական դրօշը (կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, սպիտակ գոյնի հնգատամ սանդխանման զարդանշանով), զինանշանը եւ օրհներգը:
Աստիճանաբար կազմաւորուեցաւ նաեւ դատական համակարգը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորը դարձաւ պաշտպանութեան բանակը, որ ազատագրական պայքարին մէջ ինքզինք պսակած էր յաղթանակներու փառքով:
Ընկերային եւ տնտեսական ծանր կացութեան մէջ գտնուող Հայաստան իր ունեցած հնարաւոր բոլոր միջոցներով օգնեց Արցախի` Ազրպէյճանի դէմ մղուող ազատագրական պայքարին մէջ:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն պահել Շահումեանի շրջանը եւ հայկական շարք մը այլ գիւղեր, որոնց բնակիչները կը մնան արտաքսուած իրենց պապենական հողերէն:
Ճիշդ է, արցախեան շարժումը սկսաւ Հայաստանի միացումի գաղափարով, սակայն իրողութիւնները պարտադրեցին կատարել այլ ընտրութիւն: Եթէ Արցախ իրեն Հայաստանի մաս հռչակէր, ապա միջազգային հանրութեան համար անիկա ընկալելի չէր ըլլար եւ աւելին` Հայաստան դիւանագիտական հարուածներ կը ստանար: