ՍԱՆԱՀԻՆ ՏԱՒՐՈՍ
Ապրիլին համակարգիչներուն դիմաց նստած, թէ հեռախօսները մեր ձեռքին կը սպասէինք Արցախի սահմաններէն հասնող լուրերուն: Անզօրութեան ու ամօթի, մտահոգութեան ու վճռակամութեան, ցաւի ու հպարտութեան զգացումները կը փոթորկէին բոլորիս մտքերն ու հոգիները:
1990-ականներուն սկիզբն ալ մարդիկ նոյնպէս անհամբեր կը սպասէին յաջորդ օրուան օրաթերթերուն` կարդալու համար Արցախի ազատագրական պայքարին եւ անսպասելիօրէն պայթած պատերազմին մասին:
Օրին հայութիւնը շատ քիչ բան գիտէր Արցախի մասին: Արցախը, Արեւմտահայաստանի ու Նախիջեւանի նման, բռնագրաւուած հայկական հող մըն էր սոսկ: Հող մը` անարդարօրէն Ազրպէյճանին տրուած: Ինքնավար մարզ մը, որուն վրայ կ՛ապրէին մեզի պէս հայեր` հալածուած եւ բռնութիւններու ենթարկուած:
Նոյն անզօրութիւնն ու ամօթը մեր նախորդ սերունդներ ալ զգացած էին: Բայց եղած էին նաեւ անոնք, քիչեր թերեւս, որոնք հասած էին Արցախ, նետուած էին ազատագրական պայքարին մէջ, արիւն թափած էին, նահատակուած էին:
Անոնց մասին ու ապրիլեան պատերազմին ընթացքին մէկիկ-մէկիկ նահատակուող տղոց մասին մտածելով` հիմա մենք ամօթ կը զգայինք մեր անզօրութեան համար, առաւել եւս մեր խղճալի վիճակին համար` հեռախօսի պաղ պաստառներէն հետեւելով տեղի ունեցող տաք պատերազմին:
Եւ եթէ օրին հայութիւնը շատ քիչ բան գիտէր Արցախի մասին, այսօր կացութիւնը ամբողջովին տարբեր է: Այսօր դպրոցականէն սկսած, մինչեւ միութենականը, մինչեւ հոգեւորականն ու գործարարը, անգամ օտարացածն ու հայութենէն հեռացածը ո՛չ միայն բաւական բան գիտեն Արցախի մասին, այլ իսկապէս կապուած են այդ ազատագրուած հողին: Ոմանց համար Արցախի հետ կապը սկսած էր կով մը նուիրելու հանգանակութեամբ մը, ուրիշ մը Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին շինութեան դրամահաւաքին մասնակցած էր: Միութենականը ազատագրուած տարածքներ գործուղուած էր, ուրիշը` բանակումի գացած: Հոգեւորականը պատմական այցելութիւն մը տուած էր, իսկ գործարարը ներդրումներ ըրած` այդ հողի վրայ:
Արցախը 25 տարի այս կամ այն ձեւով իր վրայ կեդրոնացուց բոլորիս ուշադրութիւնը: 25 տարիներ, որոնց ընթացքին կերտուած անկախութեան ու հիմնուած պետութեան համար նուիրուեցան բոլորը:
* * *
Արցախի անկախութեան 25-ամեակը առիթ է վերարժեւորելու այս 25 տարիներուն ընթացքին կատարուած բոլոր աշխատանքները: Առիթ է նաեւ սթափ վերլուծելու ներկայ կացութիւնը եւ փնտռելու նոր ուղիներ Արցախի քաղաքական, ռազմական, ընկերային ու տնտեսական խնդիրները քայլ առ քայլ լուծելու:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ի վեր դէպքերը կայծակնային արագութեամբ կը զարգանան: Ռազմական գործողութիւններուն յաջորդած դիւանագիտական եռուզեռը, գերպետութիւններու միջամտութիւնները, բանակցութիւններն ու «հողեր յանձնելու» մտավախութիւնները կու գան փաստելու, որ 1994-ի զինադադարի պայմանագիրով կասեցուած պատերազմը աւարտած չէ: Մեզի կը սպասեն նոր մարտեր: Նոր մարտերը մեզ բոլորս դրած են նոր ու աւելի ծանր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:
Պետական տագնապներու, պարտադրուած բանակցութիւններու եւ փոխզիջումներու այս մթնոլորտին մէջ մեր ապաւէնը կը մնայ մեր պաշտպանութեան բանակը, որուն վստահուած է թէ՛ մեր երկրին ներկայ սահմաններուն պաշտպանութիւնը, թէ՛ ալ մեր հողային ամբողջականութեան ապահովումը: Պետոներէ ժառանգուած բանակ մը, որ կը գիտակցի, որ` «իր գործը չէ, թէ այդտեղ կամ թէ Եւրոպաներում ինչ շահարկումներ են տեղի ունենում», ինք մինչեւ վերջ պիտի կռուի եւ պիտի չձգէ, որ պսակը` մեր անկախութիւնը դառնայ «խարամ»: