ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Կուկըլ-ի մէջ Արցախի վերաբերող փնտռտուքը հետեւեալ արդիւնքները կու տայ` «Արցախ (հայատառ)» բառին համար 3.020.000 արդիւնք, «Ղարաբաղ (հայատառ)»` 1.210.000, «Artsakh»` 3.010.000, «Nagorno Karabakh» 5.010.000, «Armenia» 349.000.000, «Azerbaijan»` 275.000. 000: Կուկըլ-ի գիրքերու բաժինին մէջ կատարուած սերտողութիւնը այս թիւերը կը պարզեն` «Artsakh»` 8460 արդիւնք, «Nagorno Karabakh»` 7600, «Armenia» 703.000, «Azerbaijan» 233.000. Իսկ նոյն ծառայութեան ակադեմական բաժինին մէջ (Կուկըլ Սքալըր)-ին մէջ որոնելու պարագային, հետեւեալ արդիւնքը կը ստանաք. «Artsakh»` 1060 նիւթ, «Nagorno Karabakh»` 15.700, «Armenia»` 377.000, «Azerbaijan»` 270.000: Այստեղ պատկերը յստակ է, համացանցի մէջ հասանելիութեան իմաստով Հայաստանը բաւական առջեւ է Ազրպէյճանէն, իսկ Արցախը, բնականաբար եւ հասկնալի պատճառներով, բաւականին ետեւ է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի դիրքերէն: Այդ պատճառներէն կարելի է նկատել Արցախի, որպէս անկախ պետականութիւն, միջազգային ճանաչում չունենալու հանգամանքը:
Բաղդատականին օղակը լայնցնելու համար, կ՛արժէ սերտել Արցախի իրաւական-գործնական կարգավիճակին մօտիկ կամ նման տարածքներուն առնչութեամբ Կուկըլ-ի մէջ ճանաչելիութեան եւ հասանելիութեան տուեալները: Օրինակ, Արցախի նման անկախութիւն հռչակած ու միայն ՄԱԿ-ի անդամ չեղող ինքնահռչակ պետութիւններու կողմէ ճանաչում ստացած «Transnistria»-ն կուկըլի մէջ ունի 4.890.000 արդիւնք, ինչ որ մօտ է նախաբանին մէջ նշուած Արցախի արդիւնքին: Իսկ, օրինակի համար, Արցախի իրաւական կարգավիճակին մօտիկ ու ՄԱԿ-ի անդամ շարք մը երկիրներու կողմէ ճանչցուած «Kosovo»-ն ունի 87.300.000 արդիւնք…: Պատկերը աւելի կը լրջանայ, երբ նոյն ցանցին մէջ հակամարտութիւններու անուններ կը փնտռուին: Այսպէս` «Nagorno karabakh conflict» միայն 507.000 արդիւնք, «Armenia Azerbaijan conflict», աւելի շատ, 873.000 արդիւնք, իսկ «South Sudan conflict»` 3.220.000 արդիւնք, «War in Somalia»` 25 100 000, «israeli-palestinian conflict»` 2.680.000, «kosovo conflict»` 10.200.000 (1). Այս թիւերը որոշ չափով երեւան կը հանեն նաեւ ընթացող հակամարտութիւններուն նկատմամբ համաշխարհային հասարակութեան կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան մակարդակը…:
Կարելի է վերլուծել, թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ Արցախի ճանաչելիութեան մակարդակը թէեւ այդքան ալ բացասական չէ, սակայն գոհացուցիչ ու մրցունակ ալ չէ: Պատմականօրէն նոյն ժամանակահատուածին եւ նոյնիսկ աւելի ուշ սկսած հակամարտութիւններ աւելի լայն համաշխարհային հետաքրքրութիւն կը վայելեն, քան արցախեան հիմնահարցը: Ժողովուրդներ եւ զանգուածային հասարակութիւններ լաւատեղեակ չեն Արցախի մասին ու Արցախի հակամարտութեան նկատմամբ իրենց հետաքրքրութիւնը աւելի նուազ է, քան այլ շրջաններու մէջ ընթացող հակամարտութիւններու պարագային: Եթէ ընդունինք, որ համացանցը այսօր քարոզչութեան հզօրագոյն եւ ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ տեղեկահաւաքի կարեւորագոյն աղբիւրը, ապա համացանցի վրայ Արցախի եւ արցախեան հակամարտութեան նուիրուած նիւթերու եւ աղբիւրներու զարկ տալը անհրաժեշտ է:
Միւս կողմէ, Արցախին անունը չլսած ու աշխարհի քարտէզին վրայ անոր ուր ըլլալը չգիտցող միլիոնաւոր մարդիկ կրնան ո՛չ միայն ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ենթարկուիլ, այլ նաեւ շարք մը միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցներու անճիշդ տեղեկութիւններով գաղափար կազմել Արցախի մասին: Օրինակ, որոշ միջազգային լրատուամիջոցներ արցախեան հիմնախնդիրը կը դնեն քրիստոնեայ-իսլամ կրօնական շինծու հակամարտութեան ծիրին մէջ (2), ինչ որ ճիշդ չէ, եւ կամ արցախեան հարցը որպէս անջատողական արարք կը ներկայացնեն (3): Վնասակար այլ երեւոյթ է նաեւ արցախեան հիմնախնդիրը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ միջպետական տարածքային հակամարտութիւն նկատելը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արցախեան հակամարտութեան պաշտօնական բանակցութիւններէն հեռու մնալը, ինչ որ ուղղակիօրէն բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան Արցախի համաշխարհային ճանաչելիութեան վրայ:
Ահա թէ ինչո՛ւ, Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ, քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքներուն կողքին, նոյնքան անհրաժեշտ են ժողովրդային-հասարակական մակարդակներու վրայ Արցախի ճանաչելիութեան բարձրացումը: Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հասարակ քաղաքացիները տեղեկանալու են արցախցի ժողովուրդին արդարացի ու պատմական իրաւունքներուն մասին, որպէսզի կազմուի համաշխարհային ճշգրիտ ընդհանուր կարծիք, որ ի նպաստ Արցախի ժողովուդին ինքնորոշման իրաւունքին պէտք է օգտագործուի:
Սկսեալ Եւրատեսիլի մրցումին արցախեան դրօշը պարզած երգչուհիէն, մինչեւ ողիմպիական ոսկի մետալակիր հայ մարզիկին շապիկին վրայ երեւցող Արցախի հերոսին նկարը ճիշդ ու տեղին քարոզչութիւններ են: Ողջունելի է նաեւ Արցախ գործուղուած լրագրողներուն աշխատանքները ու Հայ դատի գրասենեակներու քարոզարշաւները: Այս բոլորին կողքին կարելի է նաեւ առաւել զարկ տալ Արցախի զբօսաշրջութեան, Արցախը ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի եւ ԵՈՒԵՍՔՕ-ի նման կազմակերպութիւններու անդամագրելու աշխատանք տանիլ, Արցախի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներդրումներն ու զարգացման ծրագիրները բազմապատկել, միջազգային երիտասարդական եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն Արցախ հրաւիրել ու համապատասխան նախաձեռնութիւններ, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն կարելիութիւնները լաւագոյնս օգտագործել, ինչպէս նաեւ Արցախի մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը ապահովել, միջազգային այն ձեռնարկներուն, փառատօներուն, ներկայացուցչական ծրագիրներուն, ուր պարտադիր չէ միջազգային իրաւական ճանաչում ունենալու հանգամանքը:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը հետեւեալը կը յայտարարէր. «Մենք միջազգային ընտանիքէն կը պահանջենք, որ Արցախի վրայ կեդրոնացնէ իր ուշադրութիւնը ո՛չ միայն պատերազմի ու զինուորական գործողութիւններուն ժամանակ…»:
Պահանջուած ուշադրութիւնը վայելելու համար, օգտագործելու ենք հնարաւոր բոլոր միջոցները ու նոյնիսկ ստեղծագործելու ենք, աւելի ճիշդ` յաղթելու ենք…: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ յաղթողն ու ուժեղը ուշադրութիւն կը վայելեն, ուստի յաղթելու համար Արցախի սահմանին կանգնած քաջարի զինուորին չափ ընելիք ունինք իւրաքանչիւրս:
Վիեննա, 28 օգոստոս 2016
———————————–