ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Արհամարհել փոքր բաները` կը նշանակէ գաղափար չունենալ մեծութեանց կառուցման մասին:
Վահան Թոթովենց
«Ազդակ», 26 յուլիս 2016
Թէ ինչո՛ւ այս հպարտալի առիթին մտաբերեցի վաստակաւոր գրող եւ եզակի մտածողութեամբ յագեցած մտաւորականին` Վահան Թոթովենցին վերոնշեալ տողերը, աւելի՛ն. թէ ինչպիսի՞ խոհական եւ մտածական տարածքի առնչութիւն ուզեցինք տեսնել գրագէտին խօսքին եւ Արցախի անկախութեան հռչակման 25-ամեակին միջեւ, պարզապէս անոր համար, որ շատ անգամ մոռացութեան տրուած մանրամասնութիւններ` ներազգային կեանքի բնագաւառներուն մէջ, պատճառ դարձած են հաւաքական կորուստի, ինքնաքանդումի եւ այլատեսակ պարտութիւններու:
Արդարեւ, խենեշ բռնատէրի մը` Ստալինի որդեգրած կամայականութեան եւ քաղաքական աճուրդին իբրեւ հետեւանք (1923թ.) հայոց հայրենիք Արցախ աշխարհը կը բռնակցուէր Ազրպէյճանին, այսպէս ըսած յանուն պոլշեւիկեան «եղբայրութեան», բայց մանաւանդ` աշխարհառազմավարական թաքուն ծրագիրներու իրականացման:
Այլ խօսքով, հայութեան դէմ բնաջնջումի, սպանդի եւ հայրենահանումի տարբերակ մը եւս կ՛իրականացուէր, իր լրումին հասցնելու համիտեան թէ երիտթուրք մոլուցքի, ցեղապաշտի եւ հայատեացութեան քաղաքականութիւնը:
Այս առումով եւ անվարան յաչս աշխարհին պէտք է տեւ եւ գիշեր ազգովին բարձրաձայնենք, որ Արցախը մանրամասնութիւն մը չէ, չէ՛ եղած, որ այս հողամասը հայոց բազմադարեան պապենական հող է, որ արժանի է բոլորիս զոհողութեան, տնտեսական աջակցութեան, թիկունքին եւ խոր հաւատքին:
2 սեպտեմբեր 1991:
Հայոց մերօրեայ պատմութեան մէջ արեամբ արձանագրուած այս թուականը ո՛չ միայն անկիւնադարձային եղաւ, այլ նաեւ` հոգեցնցիչ եւ ապագայակերտ:
Այսինքն` յետխորհրդային փլուզումին եւ արցախեան ճակատամարտերու ամէնէն թէժ պահուն արցախահայութիւնը, շնորհիւ իր անկոտրում կամքին ու տեսլականին, հաւաքական գիտակցութեան եւ քաղաքական մտքի հասունութեան կրցաւ շրջանցել ամէնէն ահաւոր եւ դաժան պայմանները եւ յայտարարել ազատ ու ինքնիշխան ապրելու ազգային իր իրաւունքը` Արցախի անկախութեան հռչակումը:
Իրօք, արցախցին իբրեւ թիկունք ունենալով ամբողջ հայութիւնը, ինքզինք պարտադրեց համայն աշխարհին` դէմ դնելով ստիպողական պատերազմի արհաւիրքին եւ շրջափակումներուն: Հայը յաղթե՛ց զազիր թշնամի թուրք-ազերիին:
Աւելի՛ն. արցախահայութիւնը` ապաւինելով իր ծոցէն ծնունդ առած ազատամարտիկներու անասելի քաջագործութիւններուն, դէպի թշնամին խոյանալու նախանձախնդիր ոգիին, համազգային նեցուկին եւ հաւատամքին, ազատագրեց հայրենի հողը, միացաւ հայրենիքի սրտին եւ 12 մայիս 1994-ին բարբարոս թշնամիին պարտադրեց զինադադար եւ այսուհետեւ լծուեցաւ հայրենիքի վերաշինութեան աշխատանքներու եւ պետականութեան ամրակայումին:
Երկունքէ ծնունդ առած Արցախ աշխարհը 25 տարիներու հաւաքական աշխատանքին եւ եզակի նուիրումին շնորհիւ այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ կայացած պետութիւն` ժողովրդավար համակարգի ձեռնհասութեամբ, որ սակայն կը սպասէ միջազգային ընտանիքին կողմէ իրաւական եւ քաղաքական գործընթացներու ճանաչումին:
Ի դէպ, հայութեան անդաստանին մէջ հերոսական Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած պատկառելի գրականութիւնը` լրատուութիւն, յուշագրութիւն, յօդուածագրութիւն, գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւն, իրաւաքաղաքական աշխատասիրութիւն թէ արհեստավարժի մակարդակի փաստավաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ այլն, բաւարար ապացոյցեր են, որ հայութիւնը լրջօրէն կը պատրաստուի հետագայ բոլոր զարգացումներու դիմակայման:
Այսուամենայնիւ, Արցախի պետութեան ամէնէն նուիրական աշխատանքը եղաւ բանակաշինութիւնը, որուն արհեստավարժի եւ մարտունակի չափանիշները միայն հպարտութիւն եւ պատկառանք կը սնուցեն բոլորիս:
Սակայն, ընթացիկ տարուան ապրիլեան զինուորական գործողութիւնները, որոնք տեղի ունեցան ապրիլի 1-4, եկան ցոյց տալու բազում առկայ խնդիրներու եւ բացթողումներու հարթակներ:
Փաստօրէն, թուրք-ազերի հորդաներ, յագուրդ տալով իրենց ռազմատենչի բնազդին, նկրտեցան մէկդի շպրտել միջազգային մակարդակի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի բանակցային գործընթացները եւ յաչս աշխարհին յարձակիլ հայոց բանակի պաշտպանական դիրքերուն ուղղութեամբ, առաջադրանք ունենալով գրաւել Ստեփանակերտը եւ պարտադրել նորովի զինուորական եւ քաղաքական իրավիճակ:
Ճի՛շդ է, որ հայոց բանակը` շնորհիւ իր հրամանատարական կազմի հնարամիտ եւ արհեստավարժի ունակութիւններուն, սպաներուն եւ հայ զինուորներուն անասելի սխրանքներուն, յաջողեցաւ պարտութեան մատնել թշնամին եւ ձախողեցնել անոր քստմնելի ծրագիրները, սակայն ունեցաւ անգին զոհերու փաղանգ եւ կարգ մը դիրքերու կորուստ:
Հայոց բանակը իր կարգին զգետնեց թշնամի հարիւրաւոր խումբեր, կոտրեց անոնց թափն ու կորովը, բարոյալքեց եւ իր ձեռքին պահեց նախաձեռնութեան ամէն միջոց եւ իրաւունք:
Մէկդի թողնելով թշնամիին կրած կորուստները, միջազգային դաւերն ու յատկապէս գործընկեր-դաշնակիցի նենգ վերաբերումները, յստակ դարձաւ մէկ ճշմարտութիւն, թէ հայութիւնը ունի մէկ ու միակ ապաւէն, այդ ալ իր ազգն է, իր բաղադրիչներով եւ ուժականութեամբ:
Եւ ահա տուեալ հասկացողութեան առաւել խորացումով, մենք ազգովին անդրադարձանք, որ հայ պետական մտածողութիւնը կ՛ապրի խարխափումի շրջան, թէ՛ ինքնակազմակերպման, եւ թէ՛ միջազգային հարթակներու վրայ ինքզինք պարտադրելու առումով:
Արդ, հրամայական պահանջէ թելադրուած, հայութիւնը պարտաւոր է սթափիլ եւ առանց բացառութեան պէտք է ձեռնարկէ համազգային զօրաշարժի բոլոր մակարդակներու վրայ, որպէսզի կարենայ դիմադրել աշխարհաքաղաքական թաքուն ծրագիրներուն, դիմակայել պարտադրուած ընկերատնտեսական ճնշումները եւ պատուով յաղթահարել մեծապետական շրջափակումները:
Փաստօրէն, հետագայ տասնամեակներու աշխարհաքաղաքական բացայայտ մրցակցութիւնները, ներկայ օրերու կործանարար պատերազմները այլապէս կը յուշեն, թէ փոքր երկիրներու եւ ժողովուրդներու հաշուոյն հետագայ կորուստները պիտի ըլլան անհաշուելի եւ անդարմանելի:
Եթէ երբեք հայութիւնը իր պետականութեամբ կ՛ուզէ դասեր քաղել իր մօտիկ անցեալէն, ապա պարտաւոր է հաշուի առնել սա դարաւոր իմաստութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ ազգեր իրենք կ՛որոշեն իրենց ճակատագիրը, կը կերտեն հայրենասէր սերունդներ եւ ատով կ՛ապահովեն հայրենիքի շարունակականութիւնը:
Արդ, չափազանցած չենք ըլլար, եթէ երբեք հայ սերունդներու ամէնօրեայ աղօթքը դարձնենք հայաբորբ այն զգացողութիւնը, միտքն ու դաւանանքը`
թէ` Արցախը մեր հաւաքական իղձերուն, երազանքներուն եւ յաջողութիւններուն ամէնէն ապահով յենարանն է:
Թէ` Արցախը հայութեան հայրենիքն է. տէր ըլլանք ժառանգուած սրբութեան:
Թէ` Արցախը հայութեան արժանապատուութիւնն է. ատով կը յարգուինք մեծ ազգերու կողմէ:
Թէ` Արցախը հայ մշակոյթի ու քաղաքակրթական մեր հայեացքներուն օճախն է. լուսաւոր ճանապարհը դէպի յաւիտենականութիւն:
Թէ` Արցախը հայ քաղաքական մտքի հասունացման միջավայրն է, այլապէս դիւանագիտական նուաճումներու կաճառը, որով պիտի կարենանք փաստել մեր քաղաքական հոտառութեան, գործելակերպերուն եւ մարտնչումներու հարթակին իրաւացիութիւնը:
Թէ` Արցախը ներկայ ժամանակներու ազգային ազատագրական պայքարի հնոցն է, յեղափոխական տրամաբանութեան քուրան եւ փորձադաշտը:
Թէ` Արցախը նահատակ սերունդներու պանթէոն է. բոլոր ժամանակներու յուշարարը եւ մեր ինքնութեան պաշտպանը:
Թէ` Արցախը մեր հաւաքական զգացողութեան` վրէժի ու ցասումի օրրանն է:
Թէ` Արցախը ազատ ապրելու եւ գործելու պարարտ հողն է:
Թէ` Արցախը բնութենապաշտ մեր հոգեկերտուածքին հայելին է:
ԹԷ` Արցախը մեր աւետարանն է, ներշնչումի մաքրամաքուր աղբիւրը:
Թէ` Արցախը յաղթանակներու կայմն է, ուղեցոյցը` անպարտելիութեան:
Այսուհանդերձ, Արցախի Հանրապետութիւնը իր պետական, քաղաքական, ընկերատնտեսական թէ քաղաքացիական կեանքով կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ 20 տարի է ի վեր:
Ճիշդ է, որ հայութիւնը պարտաւոր է տէր կանգնիլ իր հայրենի հողամասին, ճիշդ է նաեւ այն, որ արցախահայութիւնը իր պետական համակարգով ունի յանձնառութիւն եւ պատասխանատուութեան բաժին` տիրութիւն ընելու յատկապէս իւրաքանչիւր հայու սրտէն ու մտքէն ժայթքած մէն մի հայանուէր զգացողութեան, ապրումի եւ յարգանքի արտայայտութեան:
Այլ խօսքով, Արցախի Հանրապետութեան պետական համակարգին ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի այն ճշմարտութիւնը, որ այս պապենական հողը կը պատկանի հայութեան, անոր սեփականատէրը հայ ժողովուրդն է, քաղաքական թէ քաղաքացիական որեւէ աշխատանքի հիմքը պէտք է շաղախուած ըլլայ ազգային համապարփակ զգացողութեամբ` յանուն Արցախի գոյատեւման եւ յաղթանակներու ձեռքբերման: Այսինքն` արցախահայութիւնը ստիպուած է զգուշութեամբ շարժիլ, արթնամիտ ըլլալ եւ իր հոգեկերտուածքէն վանել փտածութեան, շահամոլ գործելակերպերու թէ քաղաքական աճպարարութիւններու ամէն սայթաքում, յանուն վաղուան բարօր կեանքի ապահովման եւ յառաջդիմութեան:
Այլ ըսած, սահմանադրական փոփոխութիւններու թէ քաղաքական հեռակայ բոլոր հաշուարկներու կիզակէտը պէտք է ըլլայ հայութեան յաղթանակը, ազգային արժանապատուութեան բոցավառումը եւ արժանահաւատ կեանք վարելու արդար իրաւունքը:
Միայն ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետական համակարգն է, որ պիտի կարենայ հաստատել ժողովրդավար կարգերու կանոնադրութիւն, որմէ պիտի օգտուին հետագայ սերունդները վայելելով հողին բարիքները:
Արցախը կոչուած է ապահովելու իր վերջնական յաղթանակը: Հայութիւնը այս ժամանակներուն կը մղէ իր ամէնէն դաժան ռազմական թէ քաղաքական մարտերը: Յուսալքութեան թէ հիասթափութեան որեւէ նշոյլ մահ է մեր ազգային երազներուն եւ ապրելու կամքին: Ազգային հոգեկերտուածքի շտեմարանը ունի բաւարար ներուժ եւ իմացական կարողականութիւն պարտադրելու իր տեսակը:
Բոլոր մակարդակներու վրայ բացթողումներու, սխալներու եւ եսակեդրոն գործելակերպերու յամեցումը ինքնասպանութեան տանող ճանապարհն է:
Հայ պետական միտքն ու քաղաքական համակարգը պարտաւոր է ամէն քայլափոխի ինքնասրբագրման եւ որակաւորման աշխատանքներու հասու դառնալ, կեանքի մանրամասնութիւններու դիմաց խոհական տրամադրութիւն ցոյց տալ, չվարանիլ դիմելու գործնապաշտ աշխատանքներու` յանուն ազգային կառոյցներու առաւել աշխուժացման:
Փաստօրէն, քառօրեայ վերջին ռազմական գործողութիւնները ցոյց տուին հայ կեանքի (սփիւռք թէ հայրենիք) ոչ բաւարար պատրաստուածութիւնը, նախատեսելու կարողութեան քաղաքական մակարդակը, շատ անգամ փերեզակի` խոհանոցային հայրենասիրութեան գոյավիճակը, թուլամորթ վարքագիծերու ներկայութիւնը եւ մասամբ նորին:
Այսուամենայնիւ, հայութիւնը` շնորհիւ հայ զինուորի եւ սպայի յանդուգն եւ անվեհեր կազմաւորումին, արեամբ պաշտպանեց հայրենիքի սահմանները եւ տիրութիւն ըրաւ ազգային արժանապատուութեան:
Հայ քաղաքական ու դիւանագիտական միտքը պարտաւոր է նուաճել հայ զինուորին հասունութեան պատուաբեր աստիճանաչափը, որպէսզի կարենայ իր կարգին նուաճել հայութեան սիրտերն ու հոգիները, այլապէս հայութեան նուիրելով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:
Յաջորդող ամեակներու հայոց մեծագոյն իրագործումը այս պէտք է ըլլայ:
Եւ պիտի ըլլա՛յ: