Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գաղութէ –Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Պոլիս

«Ո՞վ Են Այս Հայերը» Գիրքը` Թրքերէնով

Susan-Paul-Pattie_90116Վերջերս, «Արաս» հրատարակչատունը համագործակցութեամբ, «Հայ Հիմնարկ»-ը լոյս ընծայեց «Ո՞վ են այս հայերը» խորագիրը կրող գիրք մը` թրքերէնով: Անգլերէն բնագիրէ թարգմանուած այս գիրքին հեղինակն է Սուզըն Փոլ Փեթի, որուն հետ գործակցած են Գագիկ-Ստեփան Սարգիսեան եւ Մարալ Քերովբեան: Գիրքը թրքերէնի թարգմանած է Լորա Սար, իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան:

Նշենք, որ այս գիրքին անգլերէն բնագիրը հրատարակուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան»  եւ «Պենլիեան» հիմնարկներուն միջոցներով: Հեղինակը Լոնտոնի «Հայ հիմնարկ»-ի նախկին ղեկավարն է, իսկ ներկայիս ան մաս կը կազմէ հոգաբարձուներու խորհուրդին: Այս գիրքը հպանցիկ ակնարկ մըն է` հայոց պատմութեան, երկրագունդի վրայ հազարաւոր տարիներու երթին, ներկային, կենցաղին, հաւատքին, լեզուին ու մշակոյթին, հարուստ ժառանգութեան, եւ պետականութեան: Ներկայացուած է պարզ ու մատչելի ձեւով եւ ուղղուած է հաւասարապէս գրեթէ բոլոր սերունդներուն: Հոն կը գտնենք ողջունելի ուղեցոյց մը, որ կը նպաստէ հայ ժողովուրդը ճանչնալու եւ անոր շուրջ երեք հազար տարուան պատմութեան ծանօթանալու: Գիրքին մէջ ներկայացուած են Հայաստանը, սփիւռքը, այսօրուան Թուրքիոյ տարածքի պատմականօրէն հայաբնակ շրջանները, ինչպէս նաեւ` աշխարհի տարածքին վրայ գտնուող հայ մանուկներու կեանքէն դրուագներ: Գիրքը նաեւ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ խոհանոցի, պարերու, գեղարուեստի, բանաստեղծութեան, մարմնամարզութեան, ժողովրդական բանահիւսութիւններու եւ խաղերու շուրջ:

Շուրջ վաթսուն էջերէ բաղկացած գիրքին մէջ յատուկ բաժին մը յատկացուած է Հայաստանի, անոր առաջին հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի, 1988 թուականի երկրաշարժին եւ Արցախի մասին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Լոյս Տեսաւ Հայկական Հին Դրամներու Նուիրուած Հատոր Մը

tram_90116

Նախաձեռնութեամբ Դասական դրամագիտական խմբակին, վերջերս լոյս տեսաւ` «Արմինիըն Քոլնէյճ ին տը քլասիքըլ փիրիըտ» խորագիրը կրող հայկական վաղեմի դրամներու նուիրուած անգլերէն հատոր մը, որուն հեղինակն է քալիֆորնիացի դրամագէտ Ֆրենք Լ. Քովաքսի:

Հատորը, որ յիշեալ խմբակին հրատարակած «Դասական դրամագիտական ուսումնասիրութիւններ» շարքին 10-րդն է, հայկական դրամներու մասին վերջին տասնամեակին լոյս տեսած առաջին աշխատասիրութիւնն է, որ կը քննէ ամենահին հայկական դրամանիշէն (275 Ք. Ա.) սկսած աւելի քան 300 դրամներ:

142 էջնոց լաթակազմ հատորին գինը 90 տոլար է, ներառեալ` առաքում Միացեալ Նահանգներէն ներս: Միջազգային ապսպրանքներու սակը 125 տոլար է: Հատորին տարածումը ստանձնած է Հայկական դրամագիտական ընկերակցութիւնը, որուն հասցէն է` PO Box 210313, Milwaukee, WI 53221-8006:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.anasociety.org կայքը:

«Հայք» Հայագիտական Դասընթացքներ` «Լարք»-ի Մէջ

lark_90116

2016-2017 տարեշրջանի «Հայք» հայագիտական դասաւանդութիւնները դարձեալ տեղի պիտի ունենան «Լարք»-ի մէջ, 3 սեպտեմբերէն սկսեալ, շաբաթ օրերը:

Հայր Տաճատ Եարտըմեան պիտի դասաւանդէ դասական հայերէն` գրաբար, հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւն եւ պատմութիւն հայ իմացական մշակոյթի եւ ինքնութեան, իսկ Վաչէ Պարսումեան պիտի դասաւանդէ հայ երաժշտութիւն:

ՀՕՄ-ի Պըրպենքի «Արազ» Մասնաճիւղը Ունեցաւ Իր Շաբաթօրեայ Վարժարանը

HOM_Burbank_90116

Երկար սպասումէ ետք, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը, գործակցաբար Պըրպենքի «Աղբալեան» շաբաթօրեայ ճամբարին, պիտի ունենայ իր շաբաթօրեայ վարժարանը, Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական ընդարձակ կեդրոնէն ներս, ուր պիտի դասաւանդուին` հայոց լեզու (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն), հայոց պատմութիւն եւ աշակերտը պիտի ծանօթանայ հայկական մշակոյթին: Աշակերտներուն առիթ պիտի տրուի նաեւ բացայայտելու իրենց թաքուն ձիրքերը` երգի, պարի, երաժշտութեան եւ այլ մարզերու մէջ:

Դասընթացքները սկիզբ պիտի առնեն 10 սեպտեմբերին:

Բժշկական Փառատօն` Յանուն Առողջ Սիրտի Ապահովման

paradon_71716

17 յուլիսին Քրեսենթա Հովիտի մէջ,  յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ:  Հիւրընկալն էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներէն Շահան Տէր Օհանէսեան:

Հիւրասիրութենէն ետք Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առողջապահական ծառայութեան եզակի ձեռնարկ մը, ուր բժշկական ծառայութեան կողքին տեղի ունեցաւ նաեւ սրտի առողջութեան հետ կապուած ու անոր անխափան գործունէութիւնը ապահովող շահեկան դասախօսութիւն մը:

Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի անունով դոկտ. Զարմինէ Նագգաշեան ողջունելէ ետք ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց առողջապահական փառատօնին մասնակցած բոլոր բժիշկներուն եւ բուժաշխատողներուն, որոնք փոխանցեցին իրենց գիտելիքները: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօս սրտաբան տոքթ. Հերի Պալեանի բժշկագիտութեան մէջ անցած ուղին եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

Տոքթ. Հերի Պալեան ներկաներուն ծանօթացուց կանխարգելիչ հիմնական այն քննութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են հսկողութեան տակ պահելու եւ ապահովելու սրտի առողջ աշխատանքը` շարունակելու համար մեր կեանքի ազնիւ պայքարը:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Պալեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Առողջապահական փառատօնի քննութիւններն ու ձեռնարկները տեղի ունեցան առողջապահութեան մասնագէտներու կողմէ: Բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ եւ այլ մասնագէտներ սիրով կատարեցին արեան քննութիւններ, ճնշման, հասակի, ծանրութեան չափումներ եւ պատասխանեցին ներկաները հետաքրքրող առողջապահական հարցերուն:

Սահակ-Մեսրոպ Վարժարանի Նախակրթարանն Ու Մանկապարտէզն Այսուհետեւ Պիտի Կոչուին Քրիստին Սարեանի Անունով

sarian_81816

18 օգոստոսին Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի մէջ  նշուեցաւ նախակրթարանի ու մանկապարտէզի անուանակոչութիւնը բարերար Մայք Սարեանի դստեր Քրիստին Ս. Սարեանի անունով: Վարժարանին նեցուկ կանգնելու  նպատակով  վերջերս ազգային գործիչ, «Փրայմ հելթքեր մենէյճմենթ» առողջապահական ընկերութեան նախագահ Մայք Սարեան 250 հազար տոլար նուիրեց Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանին:

Իր խօսքին մէջ Մայք Սարեան կարեւոր նկատեց հայ դպրոցին ունեցած դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ, աւելցնելով, որ մենք  շատ կարեւոր պարտականութիւն ունինք` հայ պահել մեր սերունդները հայրենիքէն հեռու, եւ լաւագոյն միջոցը հայկական վարժարաններն ու հայ եկեղեցին են:

Ձեռնարկի հանդիսավար Կրեկ Մարթայեան յայտնեց, որ համայնքի համար Սարեանի նուիրատուութիւնը շատ կարեւոր չափանիշ է եւ պէտք է օրինակ հանդիսանայ  բարերարներուն` առաջնահերթութիւն համարել հայկական ազգային վարժարաններուն աջակցիլը:

Երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Մարի Թաշճեան-Ուիլիամզ, որ նշեց, թէ տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող հայկական կրթօճախներու համար նման աջակցութիւնը չափազանց ոգեւորիչ է եւ հնարաւորութիւն կու տայ նոր ծրագիրներու իրականացման:

Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցան նաեւ այլ անձնաւորութիւններ: Աւարտին Սարեանի յանձնուեցան յուշագրեր` Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ զանազան անհատներու կողմէ:

 

Քանատա

Բաբգէն Արք. Չարեանի Անդրանիկ Այցելութիւնը Վանքուվըր

canada_81916

19 օգոստոսին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան անդրանիկ այցելութեամբ ժամանեց Վանքուվըր:

Նոյն օրը երեկոյեան ան այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ արժանացաւ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան: Եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Ապա եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ վրդ. Թահանեան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց սրբազանին, որ տուաւ իր անդրանիկ պատգամը:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը քրիստոնէական հաւատքին եւ հայեցի դաստիարակութեան, որոնք հիմքը կը կազմեն նոր սերունդի առողջ կազմաւորման եւ ճշմարիտ քրիստոնեայի ու իսկական հայու կերտման: Ան կոչ ուղղեց որպէս ամբողջական մեծ ընտանիք համախմբուելու եկեղեցւոյ շուրջ` միասնական ճիգերով եւ համագործակցութեամբ գաղութի ազգային եկեղեցական կեանքը աշխուժացնելու եւ նոր սերունդը դաստիարակելու ազգային արժէքներով:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոնդակը, որուն մէջ վեհափառը լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհէր Հրանդ վրդ. Թահանեանի:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք սրբազան հայրը կատարեց ջրաղբիւրի բացումը, որուն բարերարն էր Սարաֆեան ընտանիքը: Ապա ան ներկայ գտնուեցաւ «Սասուն» ճամբարի աւարտին կազմակերպուած ընկերային հաւաքին ու ընթրիքին:

Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ հոգաբարձութեան, գործակից միութիւններու եւ պատկան մարմիններու հետ, ինչպէս նաեւ կիրակի օր Ս. պատարագ մատուցեց եւ նախագահեց «Սասուն» հայ պարի ամառնային ճամբարի 10-ամեակի հանդիսութեան:

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան 44-րդ Պատգամաւորական Ժողով

CANADA1_82016

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի (Քանատայի երիտասարդական միութիւն) 44-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 20-21 օգոստոսին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին 38 պատգամաւորներ, Օնթարիոյի, Քեպեքի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի զանազան շրջաններէն:

Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի, ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի, ՀԵԴ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ:

Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին ՔԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի ամառնային ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթը, ՔԵՄ-ի քաղաքական գործունէութիւնը, երիտասարդ գաղթականներու ընտելացումը եւ գիտարուեստի կապակցութեամբ ռազմավարութիւնները:

Ժողովը հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան որ ՔԵՄ-ը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, սակայն միութեան ընդհանուր գործունէութիւնը արժանացած է բարձր գնահատանքի Քանատայի համայնքին մէջ, մանաւանդ քաղաքական գործունէութեան ծիրին մէջ:

Հայրենիքի մէջ միութեան իրագործած գլխաւոր ծրագիրն է Վանաձորի ճամբարը, որ կը համախմբէ եւ կը դաստիարակէ երկու հարիւրէ աւելի պատանիներ, որոնք կը ստանան անգլերէնի, հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ միութեան կամաւորներու կողմէ: Ժողովը առաջադրեց ընդլայնել ճամբարի ծրագիրը:

Ժողովին ընթացքին պատգամաւորները ցուցաբերեցին հետաքրքրութիւն` ներդրում բերելու Հայաստանի մէջ որոշ բարեգործական նախաձեռնութիւններու: Հարկ է նշել, որ միութիւնը մասնաւորաբար հետաքրքրուած է զօրացնելով յարաբերութիւնները ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան հետ եւ պատրաստ է թիկունք կանգնելու ու օժանդակելու միութեան ծրագիրներուն ամէն ձեւով:

Քարոզչական գետնի վրայ «Արծիւ» պաշտօնաթերթը քանատահայ երիտասարդութեան աւելի հասանելի դարձնելու համար` ժողովը թերթը տարածելու եւ սփռելու նոր միջոցներ որդեգրելու առաջարկներ կատարեց:

Միութեան քաղաքական ծրագիրին մէջ, ժողովը առաջարկներ կատարեց Արցախի հարցին առնչութեամբ` կարեւոր նկատելով միութեան շարունակական բարոյական եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը: Ժողովը նաեւ նշեց Թուրքիոյ ներկայի մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ որոշեց յատուկ ծրագիր պատրաստել` յատկանշելու համար այս հարցերը Քանատայի կառավարութեան եւ հասարակութեան:

Վերջապէս, պատգամաւորները շեշտեցին միութեան դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները, ինչպէս` գիտարուեստի ռազմավարական ծրագիրի կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով ընկերային ցանցերու բազմաբնոյթ օգտագործումը:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմը:

 

Պուլկարիա

Փազարճիկ Քաղաքին Մէջ Խաչքարի Տեղադրում

Պուլկարիոյ Փազարճիկ քաղաքի նորակառոյց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ բակին մէջ պիտի տեղադրուի խաչքար մը, որուն հեղինակն է երիտասարդ խաչքարագործ Արտակ Համբարձումեան, որուն աշխատանքներուն կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Համբարձումեան յայտնեց, որ խաչքար կերտելու առաջարկը ստացած է փլովտիւաբնակ երկու ընկերներու` Յարութիւն Ֆեսչեանի եւ Արման Սիւլեմեզեանի կողմէ, որոնք եկեղեցին կառուցելու ժամանակ ուխտած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրել հայկական խաչքար մը: Հարկ է նշել, որ Արտակ Համբարձումեան խաչքարը պատրաստած է երկու ամսուան մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>