Դէպի Երկիր գաղափարապաշտը բարձր չափանիշներու օրինակը դարձաւ ո՛չ միայն զաւարեանականին, այլ նաեւ` հայ երիտասարդին:
Անձնազոհ Մհերը գերադասեց հայրենիքի կանչը ամէն ինչէ` ուղղուելով Արցախ եւ աշխուժօրէն մասնակցելով ազատագրական պաքարին` հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն հպարտալի ժամանակաշրջանին:
Ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի նկատմամբ հաւատքը մղեց Մհերն ու անոր ընկերները պատերազմի ճակատ, ազատ հայու տեսիլքը ուղղեց Մհերը նահատակութեան խորան, «հայու արժանավայել կեանքը հայրենի հողի վրայ»-ի հաւատքն էր, որ ըմբոստացուց Մհերի յեղափոխաշունչ նկարագիրը:
Ան չգնաց Հայաստան, այլ վերադարձաւ հայրենիք: Ան կեանքը չզոհեց միայն, այլ հոգին անմահացուց: Ան նահատակուեցաւ, որպէսզի հայը մնայ հպարտ, որպէսզի հայը ըլլայ անզիջողական, հայը ապրի հայրենի հողին վրայ, մեռնի հայրենի հողին վրայ, եւ եթէ հարկ ըլլայ, զոհուի հայրենիքի պաշտպանութեան եւ կերտման ճամբուն վրայ:
Հայրենիքի կերտման երթը, սակայն, մեծապէս ընդհատուած է այսօր: Հայու արժանավայել ու բարգաւաճ կեանքը կը գտնուի միայն սփիւռքի երկիրներուն մէջ:
Ափսոս, թշուառ ու տաժանակիր կեանքը դարձած է Հայաստանի իրողութիւնը:
Ուրիշներու օրինակով Մհերը եւ Մհերի օրինակով ուրիշներ դարձան հայրենիքի մարդկային պարիսպները թշնամիին դէմ` թուրքին դէմ:
Անոնք սակայն պիտի չհաւատային, թէ հայը հայուն արտագաղթին պատճառը պիտի ըլլար օր մը, ձեւով մը` բռնագաղթ, սակայն` աւելի լուռ ու մեղմ. պիտի չհաւատային, թէ հայը հայուն ճակատագիրը պիտի տնօրինէր ժխտական կերպով:
Աչազուրկ ազգայնականութիւնը վարժեցուցած է հայուն ընդհանրապէս այլ հայ մը տեսնել իբրեւ եղբօր, ընկերոջ, բարեկամի ու ազգակիցի, իբրեւ «անձեռնմխելի» անձի:
Ի դէպ, պէտք է գիտակցիլ, թէ ամէն հայ հայրենիքը գերադասել չի գիտեր, ինչպէս Մհերը, թէ կան պնակալեզ հայեր, որոնց որկրամոլ ագահութիւնը դարձած է անոնց ինքնութիւնը, տզրուկ հայեր, որոնք ճիգ չեն խնայեր բարգաւաճելու Հայաստանի ու հայութեան հաշուոյն, եւ թէ ոչ մէկ հայ անձեռնմխելի է, ոչ մէկը անմահ է:
Անմահ է Մհերին հաւատքը, անմահ է Մհերին յոյսը, անմահ է Մհերին տեսիլքը, եւ բոլոր անոնք, որոնք արգելք են այս բոլորին ուրեմն հայութեան, Հայաստանին եւ անոր պետականութեան ծայրագոյն թշնամիներն են ու պատուհասները:
Սիմոն Զաւարեան կը հաստատէ. «Մեր ուղղութիւնը պարզ է` ծառայել մեր ժողովուրդին, թեթեւցնել անոր կրած ծանր բեռը, բանալ անոր աչքերը, կռուիլ զայն կեղեքողներուն եւ խաբողներուն դէմ: Սակայն կեանքի հրապոյրները մեծ են, եւ ազատութեան ճանապարհը` փշոտ»:
Առ այդ, մենք պիտի շարունակենք ըլլալ մեր առասպելներուն արժանավայել հրիտակները` մեր անզիջողականութեամբ, պայքարի ոգիով ու յեղափոխական շունչով: