ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Երբ ԶՈՄ-ի կեդրոնը մտնէք, պատէն կախուած կը տեսնէք ընկեր Մհեր Ջուլհաճեանի գրած նամակը` ԶՈՄ-ի օրուան վարչութեան: Անոր մէջ կը տեղեկացնէ, որ ինք պիտի մեկնի հայրենիք եւ կը խնդրէ փոխանցուիլ Հայաստանի Դաշնակցութեան կառոյց:
Հայաստան հասնելով` Արցախի հողը զինք կը կանչէ, ու ան կ՛անցնի հոն, ուր ո՛չ ծափ կար, ո՛չ ոսկի: Կը հասնի Մարտունի եւ իր կանաչ կեանքը մատաղ կու տայ հերոսածին Արցախին:
Դաշնակցութիւնը իր երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերէն լաւագոյն տղաքը նուիրեց` յանուն հայ ազգի սրբազան Դատին ու երկարաշունչ պայքարին:
Ընկեր Մհերը դարձաւ «Դէպի Երկիր»-ի իսկական գաղափարապաշտը` իր մտածումներով, գործերով եւ ընտրած ուղիով: Առիւծ Մհերը եղաւ դաշնակցական զոհաբերութեան տիպարի խորհրդանիշը:
Մհեր Ջուլհաճեանի տիպարը դարձաւ դաստիարակող օրինակ ԼԵՄ-ական եւ ԶՈՄ-ական իրերայաջորդ սերունդներու: Այդ սերունդները Մհերէն ժառանգեցին շարք մը դաշնակցական արժէքներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` զոհողութիւնը, գաղափարապաշտութիւնը եւ բարոյականութիւնը:
Գաղափարական երիտասարդութիւն ունենալ` կը նշանակէ ամուր երիտասարդութիւն ունենալ, եւ ուրեմն` ամուր ապագայ:
Հոսկէ մեկնած` Մհեր Ջուլհաճեան ունէր իր մտահոգութիւնները երիտասարդութեան վերաբերեալ: Ան կը գրէ. «Երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ` այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհը ըլլալով»: Այո՛, կենսական է, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը ունենայ իր ուրոյն կեցուածքը եւ գաղափարը: Երիտասարդը պէտք չէ, կլանուած, ենթարկուի այս կամ այն առիթին եւ պէտք չէ դառնայ ուրիշներուն անձնական շահերուն զոհը: Երիտասարդութեան համար կարեւորագոյնը պէտք է ըլլան` հաւաքականութիւնը, ազգը եւ հայրենիքը:
Մհերի տիպարէն պէտք է ժառանգել բարոյականութիւն: Անբարոները, գողերը, անսկզբունքներն ու անողնայարները եւ ամօթը անամօթէն չզանազանողները տեղ չունին մեր մէջ:
Ընկեր Մհեր կը գրէ. «Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ, հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին»:
Առ այդ, անհատականութի՛ւն է պէտք, եւ ոչ թէ անկայուն եւ վախկոտ նկարագիր: Մհերին ունեցած անձնազոհութիւ՛նն է պէտք, եւ ոչ թէ` անձնական փառքի սիրոյն շահախնդրութիւն: Իսկ եթէ անհատականութիւններ կան, պէտք չէ դիւրաւ ճզմուին, որպէսզի շարունակեն պայքարը:
Մհերի նման վճռական պէտք է ըլլալ անարդարութեան, ստրկութեան եւ բռնատիրութեան դէմ պայքարին մէջ, ոչ թէ` պատրուակներ ստեղծել` արդարութեան ձայնը խեղդելու, ստրկութեան շուքը վերադարձնելու եւ մենատիրութեան հարուածները ամրացնելու:
Սորվինք ընկեր Մհերին պատգամէն:
«Խօսքը առանց գործի` մեռեալ է», կ՛ըսէ Սիմոն Զաւարեան: Խօսքի եւ գործի միջեւ մեծ տարբերութիւնը կը բարկացնէր նաեւ ընկ. Մհերը, այն աստիճան, որ կ՛ըսէ. «Մէկ կողմէ կ՛որդեգրուին սկզբունքներ, միւս կողմէ` կը գործադրուին այդ սկզբունքներուն հակադրուող քայլեր»: Եւ ճիշդ այդ պատճառով գործն է կարեւորը եւ ոչ թէ` խօսքը: Ուստի պէտք է ըլլալ Մհերի նման գործի նուիրեալներ:
Դաշնակցական երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը կը խոնարհին ազգի հերոսներուն եւ նահատակներուն մեծութեան ու վեհութեան դիմաց:
Մհերներու ճամբով մենք կը շարունակենք մեր պայքարը ամէն տեսակի թշնամիներուն դէմ: Մհերի նահատակութիւնը մեր վրայ պարտք կը դնէ շարունակելու իր գաղափարապաշտութիւնն ու պատգամը` ներկայ պայմաններուն համաձայն:
Փա՛ռք, ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին համար գործող կուսակցութեան,
Փա՛ռք, արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուածներուն,
Փա՛ռք, Դէպի Երկրի գաղափարապաշտ ընկ. Մհեր Ջուլհաճեանին: