«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշանաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2017-ի յիշարժան տարեթիւերու շարքին մէջ: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան: Անոր համաձայն, այդ առիթով տարբեր երկիրներ եւս (Այվազովսքին իր կենսագրութեամբ տարբեր երկիրներու հետ կապուած է, ինչպէս` Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի) ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած են:
«Հայաստանը` իբրեւ նախաձեռնող կողմ, ունի իր ծրագիրները. կը նախատեսուի մեծ ցուցահանդէս կազմակերպել: Միացեալ ծրագիրներ ունինք Ռուսիոյ հետ, եւ ներկայիս քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Լեհաստանի հետ», յայտնած է փոխնախարարը: Ներսէս Տէր Վարդանեան, խօսելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատմամշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ հայկական յուշարձաններու ներկայացման մասին, նկատած է, որ ներկայիս աշխատանքները կը տարուին այլ երկիրներու հետ միացեալ դիմումներ կազմելու կարելիութիւնները օգտագործելու ուղղութեամբ: «Միացեալ դիմումներ ներկայացնելու ուղղութիւնը յատկապէս վերջին շրջանին մեծ թափ կը ստանայ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ալ մեծ հետաքրքրութիւն կայ այդ առնչութեամբ: Միացեալ դիմումներու տարբերակներ կը քննարկուին նաեւ դրացի երկիրներուն` Իրանի ու Վրաստանի հետ, եւ Յունաստանի ու Կիպրոսի», աւելցուցած է Տէր Վարդանեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան իր կարգին նշած է, որ Քոչարի աւանդական խմբապարը` լրամշակուած տարբերակով, պիտի քննարկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան պաշտպանութեան կոմիտէի 2017-ի շրջափուլին: Փոխնախարարին համաձայն, ներկայիս հայկական կողմին հիմնական ուշադրութիւնը այդ դիմումին շուրջ է:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան, անդրադառնալով նշեալ կառոյցի մշակութային ժառանգութիւնը արձանագրելու դիմումներու ներկայացման ընթացակարգին, նշած է, որ ատիկա կրնայ ընել միայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային յանձնախումբը: «Ոչ մէկ կազմակերպութիւն, գերատեսչութիւն, թանգարան կրնայ դիմում ներկայացնել: Անոնք կրնան առաջարկ եւ գաղափար ներկայացնել նախարարութեան եւ յանձնախումբին, բայց դիմում ներկայացնել չեն կրնար», ըսած է Վահան Կաժոյեան` անդրադառնալով Որդան կարմիրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառելու մասին մամուլի հրապարակումներուն:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Կաժոյեանի համաձայն, երեք յանձնախումբ ունի` համաշխարհային ժառանգութեան, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան եւ մարդկութեան յիշողութեան ցանկերը: Կաժոյեան տեղեկացուցած է, որ առաջինին մէջ Հայաստանէն 3 արձանագրուած դիմում կայ, երկրորդին` 4 եւ մարդկութեան յիշողութեան ցանկին մէջ` 3: «Ներկայիս գաղափար կայ կեդրոնանալու համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի համալրման ուղղութեամբ, որովհետեւ ասիկա նիւթական եւ շօշափելի է եւ միանշանակ կը նպաստէ զբօսաշրջութեան աճին: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մարդկութեան յիշողութեան ցանկը իրականացնելու եւ ուխտի տրամադրութիւններուն ենթարկելու աշխատանքներուն սկսած է: Ասիկա ցանկ մըն է, որուն մէջ կը ներգրաւուին արխիւներ եւ պատմական փաստաթուղթեր: Մատենադարանի ամբողջ հաւաքածոն, Արամ Խաչատուրեանի շարժապատկերներու համար գրուած երաժշտութիւնը եւ Բենիամին Մարգարեանի աստղագիտական ուսումնասիրութիւններու Բիւրականի հաւաքածոն եւս այս ցանկին մաս կը կազմեն», յայտնած է ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղարը:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ Անիի Ընդգրկումը` Յուշարձանի Պահպանութեան Երաշխիք
Միջնադարեան հայկական Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անիի ընդգրկումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ցանկին մէջ մեծ ձեռքբերում է` յուշարձանի պահպանութեան առումով, այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեցին դիմումի քննարկման մասնակցած պաշտօնատարները:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` «Անի. հնէաբանական վայր» անուանումով դիմումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին ներկայացուցած է Թուրքիան` նախապէս ներկայացուցած դիմումը յաւելեալ մշակումի ենթարկելէ ետք: Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանի համաձայն, յաւելեալ մշակումի ենթարկուած դիմումը կ՛արտայայտէր Անիի ինքնութեան հատուածը եւ յստակօրէն կը ներկայացնէ անոր հայկականութիւնը, որ հայկական պատուիրակութեան համար կարեւոր դրոյթներէն մէկն է: «Կարեւոր կը նկատենք այս դիմումին ընդգրկումը ցանկին մէջ նախ եւ առաջ անով, որ մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը աշխարհով մէկ սփռուած է, եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող յուշարձաններուն ու ողջունենք փաստերը, երբ միջազգային կազմակերպութիւնները իրենց հսկողութեան տակ կ՛առնեն զանոնք: Ցանկին մէջ յայտնուիլը յուշարձանի պահպանութեան համար որոշակի երաշխիքներ կը ստեղծէ, իսկ Թուրքիոյ մէջ գտնուող յուշարձաններու շրջագիծին մէջ ատիկա աւելի կարեւոր կը նկատուի», ըսաւ փոխնախարարը:
Անոր համաձայն, Անիի հետ կապուած հետագայ գործողութիւնները` պահպանութիւն, զբօսաշրջական հոսքերու կառավարում, Թուրքիոյ կողմէ պարբերաբար պիտի զեկուցուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: Իսկ վերանորոգում իրականացելու համար թրքական կողմը պէտք չէ հեռանայ նախնական տեսքէն, որ ունեցած է յուշարձանը: Ն. Տէր Վարդանեան նաեւ տեղեկացուց, որ նախապէս տեղեկատուական գրքոյկ մը հրատարակած են Անիի` իբրեւ Բագրատունեաց մայրաքաղաքի վերաբերեալ ու զայն տարածած են այն մարդոց, որոնք որոշումին վրայ ուղղակի ազդեցութիւն կրնային ունենալ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեանն ալ նկատեց, որ Թուրքիոյ կողմէ տուեալ դիմումին ներկայացումը պատահական չէր: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ներկայացուած հայկական կողմը իր ելոյթներուն ընթացքին շատ անգամներ արծարծած է խնդիրը, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան բազմաթիւ յուշարձաններ այլ պետութիւններու տարածքներուն վրայ են եւ անոնք պատշաճ ուշադրութեան չեն արժանանար: Համաձայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կանոնադրութեան, իւրաքանչիւր երկիր կրնայ ներկայացնել իր վարչական տարածքին մէջ գտնուող յուշարձանները, հետեւաբար Հայաստան չէր կրնար դիմում ներկայացնել այլ պետութիւններու մէջ գտնուող իր յուշարձաններուն առնչութեամբ: «Մենք կը յիշեցնէինք մեր չորս դրացի երկիրներուն մէջ ինչպիսի վիճակ կը տիրէ յուշարձաններու պահպանման առումով` մասնաւորապէս ընդգծելով Իրանի մէջ գտնուող երեք հայկական յուշարձաններու (Ս. Ստեփանոս, Ս. Թադէ եւ Ձորձորի վանքերը` իբրեւ հայկական վանական համալիրներ) ընդգրկումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ: Պարբերաբար կը նշէինք այն փաստը, որ Թուրքիոյ տարածքին մէջ ունինք ոչ լաւ վիճակի մէջ գտնուող աւելի մեծ թիւով հայկական յուշարձաններ, որոնց պահպանումը չ՛իրականացուիր: Անոր հետեւանքը այն եղաւ, որ երկու-երեք տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ երկու բացայայտ յուշարձաններ ընդգրկուեցան համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ, որմէ ետք զանոնք կարելի էր ներկայացնել մնայուն ցանկին մէջ ընդգրկուելու համար», ընդգծեց Վահրամ Կաժոյեան:
Ան նշեց, որ թրքական կողմին ներկայացուցած նախնական դիմումը կը կոչուէր «Անիի մշակութային բնապատկեր», որ մերժուեցաւ, որովհետեւ այդ պարագային ոչ թէ բնապատկեր ներկայացուած էր, այլ` պատմամշակութային եւ հնէաբանական յուշարձանը` քաղաքին պարիսպները, աւերակները, եկեղեցիներն ու վանքերը: «Փորձագիտական կոմիտէն կատարած էր այլ դիտարկումներ եւս, որոնք մինչ այդ փոխուեցան: Թրքական կողմէն յաւելեալ մշակման ենթարկուած վերջնական դիմումը բաւականին լաւ էր, ի հարկէ, կատարեալ չէր, բայց այնպէս ալ չէր, որ բացասական էր», նկատեց Կաժոյեան:
Ան տեղեկացուց, որ յայտնի քննարկումէն ետք առաջարկ եղած էր զայն կրկին ուղարկելու յաւելեալ մշակման եւ դիմումին ընդունումը յետաձգելու անորոշ ժամանակով, բայց, հաշուի առնելով յուշարձանի պահպանման կարեւորութիւնը, ի վերջոյ Անին ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: «Դիմումին վերաբերեալ աննախադէպ քննարկում ծաւալեցաւ, կոմիտէի 21 անդամ երկիրներէն միայն երկուքը չեն խօսած` Քուպան եւ Ազրպէյճանը: Միւս բոլորը, խօսելով «Անի. հնէաբանական վայր» դիմումին մասին, շեշտած են ատոր հայկականութիւնը: Կարեւոր փաստ մըն ալ, որ կոմիտէի ոչ անդամ երկիրները կրնան կարճ ելոյթ ունենալ, մենք ատիկա ըրինք դիմումին ընդունումէն ետք: Ներկայացուեցան երկու ելոյթներ` մէկը Թուրքիոյ կողմէ, որ ներկայացուցած էր դիմումը, իսկ երկրորդը Հայաստանի կողմէ, որուն կը պատկանի Անիի հեղինակային իրաւունքը», նշեց Վահրամ Կաժոյեան` աւելցնելով, որ նիստէն ետք շնորհաւորանքներ կը ստանային ոչ միայն թուրքերը, որոնք դիմումը ներկայացուցած էին, այլեւ հայերը, որոնց պատմութեան կարեւոր դրուագն ու գլուխ-գործոցը ցանկին մէջ ներառուած էր: