Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Այլընտրանքային Բացատրութի՞ւն Մը

$
0
0

Alexander-Dugin_83016

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Տումայի նախկին նախագահ Կենատի Սելեզնիովի եւ ներկայ նախագահ, Ռուսիոյ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան ականաւոր անդամներէն Սերկէյ Նարիշքինի խորհրդականի պաշտօններ վարած, Քրեմլինի մօտիկ ռուս քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուկին, որուն տեսակէտները յաճախ նկատուած են իբրեւ ֆաշական, 10 յունիսին իր խմբագրած «Քաթեհոն» կայքին վրայ տեղադրուած տեսագրութեան մը մէջ յայտարարեց. «Իբրեւ պետութիւն եւ կայսրութիւն, Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն ետք, մենք Բիւզանդիոնի ժառանգորդներն ենք: Երրորդ Հռոմը դառնալու առաքելութիւնը ստանձնեցինք, ինչպէս նաեւ ըլլալու ժառանգորդները համաուղղափառութեան, որովհետեւ ռուսական ուղղափառ եկեղեցին բիւզանդական աւանդութիւնները պահպանած է: Մենք Բիւզանդիոնն ենք, մեր ոգիին, արմատներուն եւ ինքնութեան մէջ»:

Այդ տեսակէտը նորութիւն մը չէր, եւ Ռուսիոյ` 3-րդ Հռոմը ու Բիւզանդիոնի ժառանգորդը ըլլալու լայթմոթիֆը կը գտնենք «Քաթեհոն»-ի վրայ տեղադրուած այլ յօդուածներու եւ նիւթերու մէջ: Անթոն Պրիուքով 7 յուլիսին կը գրէր, որ Ռուսիան պէտք է ըլլայ կայսրութիւն մը` աւելցնելով, որ ազգ պետութիւնը բիւզանդականութեան թշնամին է: Այստեղ պէտք է յիշել նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած շրջանին Հիլըրի Քլինթընի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) այլ անունի տակ Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու փորձ մըն է, որուն պիտի ընդդիմանայ Ուաշինկթըն: Այդ մէկը անոր անձնական տեսակէտը չէ, այլ Ուաշինկթընի կողմէ ընդունուած պաշտօնական տեսակէտ մը:

Այս բոլորին ծիրի՞ն մէջ պէտք է հասկնալ 10 օգոստոսին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն Մոսկուայի մէջ հանդիպումին ընթացքին Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը, ուր յստակ տարբերակում մը կը դնէր «կայսրութեան»` ԵՏՄ-ի եւ ազգ պետութեան` Ռուսիոյ միջեւ. «Ես սերտած եմ անցեալ տարուան տուեալները` Եւրասիական տնտեսութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութենէն ետք համախառն ներքին արդիւնքը ձեր մօտ աճած է 10 առ հարիւրով: (…) Մենք ունինք նաեւ երկկողմանի բնոյթի բազմաթիւ այլ հարցեր»: Ան այդպիսով Հայաստանի տնտեսութեան մէջ արձանագրուած աճը (ճիշդ կամ սխալ) կը վերագրէր «կայսրութեան», եւ ոչ թէ ազգ- պետութեան:

Իր կերպարանքով ու ազդեցութեամբ մերօրեայ Ռասփութինի մը տպաւորութիւն ձգող Տուկինը պատմութիւնը կը դիտէ իբրեւ մէկ շարունակութիւն.ինչպէս Հռոմը ընդդէմ Կարթակէնայի, այդպէս ալ նոր Հռոմը ընդդէմ Անգլեւսաքսոն երկիրներուն, իսկ եւրասիականութիւնը` ընդդէմ «ատլանտականութեան»: Յաղթանակ արձանագրելու համար Տուկին կը յանձնարարէ, որ Ռուսիան «Լիզպոնէն-Վլատիվոսթոք» երկարող Եւրասիական միութեան մը մէջ իր շուրջ համախմբէ նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները, կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպան, Թուրքիան եւ Իրանը:

Ռէալփոլիթիքի կողքին արդեօք կարելի՞ է նաեւ այս ծիրին մէջ հասկնալ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններու վերականգնումը եւ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճիի 19 օգոստոսին«Տէյլի Սապահ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու փափաքին մասին յայտարարութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>