Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Խոստումը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` Թորոնթոյի Փառատօնին

$
0
0

0818promise1

Թորոնթոյի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող «Խոստումը» («The Promise») ժապաւէնին համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 11-ին, փառատօնի կալա երեկոներէն մէկուն ընթացքին:

Նշենք, որ ժապաւէնին բեմադրութիւնը ստանձնած է «Օսքար» մրցանակի արժանացած Թերի Ճորճ, իսկ անոր գլխաւոր դերակատարներն են Քրիսչըն Պէյլ, որ նոյնպէս արժանացած է «Օսքար» մրցանակին, Օսքար Այզիք, որ շահած է «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակը, եւ Շարլոթ Լը Պոն:

Ըստ ժապաւէնի արտադրողներուն մօտիկ աղբիւրներու` ամերիկեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կրնայ սկսիլ դեկտեմբերին:

Գըրգ Գըրգորեանի հիմնած «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» («Վերապրումի Ֆիլմեր») անունով ընկերութեան առաջին ձեռնարկը հանդիսացող սոյն շարժապատկերին նկարահանումը արդէն իսկ ամբողջացած է: Ժապաւէնը պիտի ներկայացնէ սիրոյ եռանկիւնի մը իւրայատուկ պատմութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>