Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մկրտիչ Տարագճեանի Իւրայատուկ Ցուցահանդէսը

$
0
0

DrMegerditch_enterzoghe_82616

Մասնագիտութեամբ բժիշկ, սակայն էութեամբ արուեստագէտի խառնուածքի տէր, քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի մէկ յատկանշական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ յուլիս 28-ի  երեկոյեան, Մոն Ռոյալ քաղաքապետարանի Ռեճինըլտ Տոուսըն հանրային գրադարանի արուեստի ցուցասրահին մէջ, ներկայութեամբ` Մոն Ռոյալ տարածաշրջանի քանատական խորհրդարանի  անդամ` Անթընի Հաոսֆատըրի:

Ցուցադրութեան դրուած էին շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնք արուեստասէրներուն ընդհանուր գաղափար մը կու տան Տարագճեանի ստեղծագործական անցած ուղիի մասին:

Տարագճեան թէեւ գերիրապաշտ մըն է, սակայն այս մէկը չի խանգարեր զինք, որպէսզի  իրագործէ նաեւ իրապաշտական բնոյթի դիմաքանդակներ, որոնք կը դրսեւորեն անոր ծեփակերտելու  հմտութիւնն ու կատարողական մակարդակը: Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են անոր հզօր երեւակայութեան եւ տաղանդին: Անոր գլխաւոր կերպարը Մարդն է` Գլխագիր մարդը, տարօրինակ, երբեմն նոյնիսկ` արտակեդրոն միջավայրի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ գոյատեւման պայքարն ու մարդու մարդկայնացման տագնապահար գործընթացը: Ան կ՛աշխատի մարդու մարմնի մասերու հանման սկզբունքով, որուն  նախակարապետներէն են Օկիւստ Ռոտէնն ու Արշիլ Կորքին: Մեր օրերուն բազմաթիւ են այն կերպարուեստագէտները, որոնք ազատօրէն կը վարուին մարդու մարմինի հետ, սակայն քիչ են յաջողածները: Այդ քիչերէն  կարելի է համարել Տարագճեանը եւս, որուն  «Քրոսինկ տը ուոլ» ստեղծագործութիւնը այս առումով լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ: Ան այն յանձնառու արուեստագէտներէն է, որոնց ստեղծագործութիւններէն իւրաքանչիւրը պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ: Այս պատճառով ալ անոր արուեստը առաւելագոյնս բացայայտելու համար կարիքը կը զգացուի համապատասխան վերլուծումներու եւ մեկնաբանութեան:

Ցուցահանդէսը փակուեցաւ 25 օգոստոսին։

Մ. Ծ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>