Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գիրքերու Հետ. «Մեղմ Պատերազմի Մետիան. Հանրային Կարծիքին Վրայ Տիրապետելու Արուեստը»

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

20160820_151812Հրապարակի վրայ է լիբանանցի քաղաքական մեկնաբան, մտաւորական, «Մամլոյ եւ ուսումնասիրութիւններու միջազգային կեդրոն»-ի տնօրէն Ռաֆիք Նասրալլայի նորագոյն հրատարակութիւնը` «Մեղմ պատերազմի մետիան. հանրային կարծիքին վրայ տիրապետելու արուեստը» գիրքը («Պիսան» հրատարակչատուն, յուլիս 2016):

«Մեղմ պատերազմ» («Soft War») հասկացողութիւնը յարաբերաբար նոր է եւ կ’անդրադառնայ արդի տեղեկատուութեան միջոցներով մղուած այն ահաւոր պատերազմին, որ այսօր աւերներ կը գործէ ամէնուրեք. վարչակարգեր կը տապալէ, ընկերութիւններ կը քայքայէ եւ ազգային ինքնութիւններ կը ջլատէ:

Բնորոշումի Փորձ

«Մեղմ պատերազմ» բնորոշումը կը պատկանի ամերիկացի հանրածանօթ քաղաքագէտ, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ Ժոզէֆ Նային (Joseph Nye), որ նոր ազատականութեան փայլուն տեսաբաններէն մէկն է: Նայ անդամ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու բարձրաստիճան մարմիններուն:

Հարվըրտ համալսարանի վաստակաւոր դասախօսն ու նախկին տնօրէնը «Մեղմ պատերազմ»-ի իր տեսութեան մէջ դիտել կու տայ, որ այսուհետեւ պատերազմները իրենց ընթացիկ մեթոտներով` երկիրներ գրաւել, ծախսալից յարձակումներ կատարել, զոհեր տալ եւ այլն, պիտի չյաջողին քաղաքական եւ տնտեսական ամբողջական տիրապետութիւն հաստատել աշխարհի չորս կողմը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ են տարբեր ձեւի պատերազմներ, որոնք համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններուն ընկերանալով, պիտի յաջողին հիմնական յեղաշրջումներ յառաջացնել ժողովուրդներու մտածելակերպերուն, համոզումներուն եւ քաղաքական մօտեցումներուն մէջ: Իսկ նման բան կարելի չէ բանակներով կատարել: Անհրաժեշտ են տարբեր տեսակի «բանակ»-ներ, ուժեր, որոնք զինուորական տարազ չունենան, օդանաւեր եւ մարտանաւեր չօգտագործեն եւ հսկայական ծախսեր չպահանջեն…:

Նախատեսուածը, «Մեղմ պատերազմ»-ի տրամաբանութեամբ, հաւաքական յիշողութիւններու դէմ մղուելիք պատերազմն է, ազգային համոզումներու, ինքնութիւններու եւ գաղափարախօսութիւններու դէմ տարուելիք աշխատանքն է, երկիրները առաջնորդելու համար ներքին անկայունութեան, ժողովրդային խլրտումներու եւ բեւեռացումներու: Կացութիւններ, որոնք պարարտ ենթահող կը պատրաստեն ապագայի հաւանական «գունաւոր» յեղափոխութիւններու:

Ժոզէֆ Նայի յիշեալ տեսութիւնը վերլուծելով, Ռաֆիք Նասրալլա «Մեղմ պատերազմի մետիան…» գիրքին մէջ կը ներկայացնէ նման պատերազմի մը պատրաստութեան եւ շղթայազերծման յաջորդական փուլերը, որոնց օրինակներուն ականատեսներն ենք տասնամեակէ մը ի վեր` արաբական աշխարհի զանազան երկիրներու, Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Լիբանանի եւ… Հայաստանի մէջ:

«Ստեղծագործ Քաոս»

u34i6zyuixgh9h3i3(1)«Մեղմ պատերազմ»-ը կը նպատակադրէ հարուածել ժողովուրդներու ազգային, մշակութային եւ քաղաքակրթական աւանդական արժէքները եւ փոխարէնը ստեղծել «Ստեղծագործ քաոս»` ժողովուրդները փողոց առաջնորդելով: Այս մէկը յաջողցնելու համար հարկ է իրականութիւններ շրջել, խեղաթիւրել, հեղինակութիւններ վարկաբեկել եւ անիշխանական վիճակ ստեղծել:

Միջոցները պատրաստ են: Անցեալ դարու վերջերուն նախ հրապարակ ելան արբանեակային պատկերասփիւռի կայանները, ապա` համացանցի կայքերն ու ընկերային ցանցերը, որոնք լաւապէս օգտագործուեցան այս նպատակին համար: Ժոզէֆ Նայի տեսութիւնն էր այդ. հասնիլ ուղղակի՛ մարդոց մտքերուն: Նորօրեայ պատերազմը մարդոց մարմիններուն դէմ պիտի չըլլայ, այլ` ուղեղներուն:

Հոսկէ նաեւ մտածումը ստեղծելու «Խելացի մետիան» («Smart Media»), որ «խելացի ռումբերէն» շատ աւելի ազդեցիկ ու ճշգրիտ ձեւով պիտի գործէ: Ռումբը կը հարուածէ դիրք մը, քաղաքի թաղամաս մը, զինուորական որոշ թիրախ մը, բայց ի վերջոյ անոր տարողութիւնը կը մնայ սահմանափակ, մինչդեռ «Խելացի մետիան» կրնայ հարուածել ամբողջ ժողովուրդի մը հանրային կարծիքը, ինչ որ դիւրութեամբ կրնայ խախտել նոյն ժողովուրդին պետականութեան հիմերը (վարչակարգ, զինեալ ուժեր, տնտեսութիւն, դատական համակարգ եւ այլն):

Այսօր «Խելացի մետիան» շատ աւելի հզօր կը թուի, քան մօտիկ անցեալին ուժեղ կարծուած բանակներն ու պետութիւնները: «Մետիան» է, որ հողը կը պատրաստէ որեւէ ճակատումի: «Մետիան» հրապարակ կը նետէ ճակատումը արդարացնող պատճառաբանութիւններ (յիշենք «Արաբական գարնան» օրինակները` Թունուզէն Եգիպտոս, Սուրիա: Մտաբերենք նաեւ «Գունաւոր յեղափոխութիւն»-ները` Ուքրանիայէն Վրաստան եւ այլուր): «Մետիան» ճեղքեր կը յառաջացնէ եւ մուտք կը գործէ տուեալ ժողովուրդի մը ընկերային շերտերուն մէջ, «Մեղմ պատերազմ»-ով կ’ընկերանայ «Տաք պատերազմ»-ին եւ, ի վերջոյ, նոյն պատերազմին արդիւնքները կ’օգտագործէ` ի շահ իր առաջադրած նպատակներուն:

«Խելացի Մետիան»

Գիրքին շարունակութեան մէջ Ռաֆիք Նասրալլա նկատել կու տայ, որ պետութիւններ եւ ազգային հաւաքականութիւններ ցարդ չեն յաջողած «Մեղմ պատերազմ»-էն պաշտպանուելու ձեւեր գտնել: «Խելացի մետիան» կը գործէ շատ ազդու կերպով` իրեն համար ճշդելով հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.-

– «Մեղմ պատերազմ»-ի յարմար միջավայրի ընտրութիւն:

– Ընտրուած միջավայրի հաւաքականութեան ազգային ինքնութեան հարուած:

– Կրօնական պատկանելիութեան հարուած:

– Գրգռութիւններու եւ բեւեռացումներու յառաջացում:

– Հանրային կարծիքին մօտ շեփորահարում այսպէս կոչուած ժողովրդավարական արժէքներու, որոնց կեղծ ըլլալը պիտի հաստատուի աւելի ուշ:

– Աւանդական համոզումներու ջլատում:

– Գաղափարախօսութիւններու քայքայում:

– Ընկերային-տնտեսական պայմաններու չափազանցեալ ու շրջուած ձեւով ներկայացում:

– Անպայման փոփոխութեան պահանջի ձեւակերպում:

– Անհատական եւ հաւաքական կարողութիւններ հարցականի ենթարկելու մօտեցում:

– Ղեկավարութիւններու թէ անհատ ղեկավարներու վարկաբեկում, նսեմացում եւ հեղինակազրկում:

– Տնտեսական մտահոգիչ կացութեան տեւական շեփորահարում` տուեալ հաւաքականութիւն մը փողոց իջնելու մնայուն պատրաստակամութեան մէջ պահելու համար:

– Մարդկային իրաւանց հարցերու եւ սեռային ազատութիւններու մնայուն արծարծում` երիտասարդական լայն շրջանակներու հետաքրքրութեան ներգրաւման համար:

«Մեղմ պատերազմի մետիան…» խորագրեալ գիրքին մէջ, հեղինակը` Ռաֆիք Նասրալլա կը հաստատէ, որ «Մեղմ պատերազմ»-ի գաղափարին ծնունդը շատ աւելի հին է, քան ինչ որ կը կարծուի: «Պատերազմ»-ին գլխաւոր սկզբունքները տեղ գտած են Ռոտչիլտ ընտանիքի անդամներէն Ուիլիըմ Կէյ Քարի մէկ գիրքին մէջ («Պատմութիւն չգրուող պատմութեան»), որ լոյս տեսած է 1958-ին: Յիշեալ գիրքին մէջ, Կէյ Քար կ’անդրադառնայ 24 կէտերու, որոնք այսօրուան «Մեղմ պատերազմ»-ը առաջնորդող հիմնական սկզբունքները կը հանդիսանան:

«Մեղմ Պատերազմ» Մղելու Ձեւերը

Սկզբունքներու ներկայացումէն ետք, Ռաֆիք Նասրալլա կը ճշդէ «Մեղմ պատերազմ»-ը գետնի վրայ մղելու ձեւերը: Այսպէս,

– Հազիւ 300 հոգինոց ժողովրդային հաւաք մը բջիջային հեռաձայններով նկարել այնպիսի անկիւններէ, որ բազմահազարնոց հաւաքի մը տպաւորութիւնը ձգէ:

– Նախապէս պատրաստել ժողովուրդին սրտին խօսող եւ փոփոխութեան երազներ փայփայող նշանախօսքեր:

– Ստեղծել զգայացունց կացութեան տպաւորութիւն ձգող իրավիճակներ` ընդհանրապէս հրդեհ մը յառաջացնելով (աղբաման մը այրել, հրշէջ մեքենայ մը կամ ոստիկանական ինքնաշարժ մը հրկիզել…) եւ լրատուամիջոցներով ստեղծել այն խաբկանքը, որ տեղի ունեցածը մեծ հրդեհներ են:

– Նախապէս պատրաստել ականատես վկաներ, որոնք այդ օր, այդ պահուն «պատահմամբ» ներկայ են այնտեղ եւ իրենց «տեսածն ու լսածը» պիտի փոխանցեն նոյն օրը, նոյն պահուն, դարձեալ «պատահմամբ» հոն գտնուող լրատուամիջոցներուն:

– Քաղաքացիական ընկերութեան եւ ոչ-պետական կազմակերպութիւններու` NGO-ներու ներգրաւում հաւաքներու կազմակերպման մէջ:

– Վարչակարգի փոփոխութիւն առաջադրող հիմնական նշանախօսքի մը որդեգրում («Ժողովուրդը կ’ուզէ վարչակարգի անկումը», «Նախագահ, հեռացի՛ր»…):

– Զինեալ ուժերու դէմ գրգռութիւններ, որպէսզի ոստիկաններ մղուին կատարելու հակազդեցութիւններ, որոնք անմիջապէս պիտի շահագործուին հաւաքներու մասնակիցներուն կողմէ: Պէտք է բռունցքները բարձրացնել անպայման, պէտք է բռնութեան դիմել զինեալ ուժերու դէմ, որպէսզի… արձանագրուի գէթ զոհ մը, որուն թաղումը ինքնին շահարկումի այլ առիթ կրնայ ըլլալ:

Արհեստագիտութեան Դերը

«Մեղմ պատերազմ»-ը առաւելաբար կ’ապաւինի արհեստագիտութեան. ձայնասփիւռ, պատկերասփիւռ, ընկերային ցանցեր թէ բջիջային հեռաձայններ, բոլորն ալ կը գործեն ի սպաս այս պատերազմին յաջողութեան: Անտեսանելի պատերազմը ոչ ոքի կը խնայէ: Մարդիկ ռումբերէն եւ փամփուշտներէն կրնան պաշտպանուիլ ապաստանարաններ դիմելով, սակայն «Մեղմ պատերազմ»-էն պաշտպանուելու տեղ չկայ: Համացանցն ու բջիջային հեռաձայնը բոլորին անբաժան ընկերակիցներն են: Կարելի չէ չվայելել անոնց բարիքներն ու… չարիքները:

Արհեստագիտութեան դերը տարաձայնութիւններ տարածելն է ամէնէն առաջ: Չըրչիլ պիտի ըսէր. «Սուտը աշխարհը պիտի դառնար, մինչեւ որ իրականութիւնը հագուստը հագուէր»: Սուտի, տարաձայնութեան գլխաւոր աղբիւրն է արդի արհեստագիտութիւնը «Մեղմ պատերազմ»-ին մէջ: Կը բաւէ, որ քանի մը սուտեր ընկերային ցանցերու միջոցով հրապարակ նետուին, եւ արդէն կասկածի ու անվստահութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծուի անմիջապէս: Իսկ «Դիմատետրի հանրապետութեան» ցանցերուն մէջ որքա՜ն սուտ ու կեղծիք կայ, այդ բոլորը հնարողները եւ անոնց գինը վճարող վարպետնե՛րը միայն գիտեն: Յստակ է, որ տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուին սուտերով հոգեբանական պատերազմներ մղելու համար:

152-aviny

Իսրայէլի օրինակը խօսուն է: Իսրայէլ տարեկան 110-135 միլիոն տոլար կը յատկացնէ ընկերային ցանցերու մէջ գործող իր մասնագէտներուն համար: Իսրայէլեան բանակի թիւ 8200 միաւորը կազմուած է այս նպատակով: Միաւորին մաս կը կազմեն քաղաքագէտներ, պատմաբաններ, հոգեբաններ եւ, անշուշտ, ընկերային ցանցերու մոլիներ, որոնք օրն ի բուն ներկայ են ցանցերու մէջ եւ… արաբական, իսլամական կեղծանուններով ահագին սուտ, կեղծիք, ծայրայեղական մտածումներ եւ գրգռութիւններ կը նետեն մէջտեղ` արաբական հաւաքականութիւնները պառակտելու եւ բեւեռացնելու համար:

Թիւ 8200 միաւորը ստեղծուած է 2000 թուականին, 22 կամաւոր զինուորներով, մասնագէտ հոգեբաններով եւ Մոսատի երկու պատասխանատուով: Այսօր միաւորը կը հաշուէ 820 անդամ, որոնք անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի կողքին կը տիրապետեն պարսկերէնի ու արաբերէնի բոլոր նրբութիւններուն եւ տեղական բարբառներուն: Շատերը անոնցմէ նախապէս Իրան, Սուրիա, Մարոք եւ այլուր ապրած հրեաներ են, որոնք քաջածանօթ են տեղական բարքերուն, լեզուական առանձնայատկութիւններուն եւ ժողովրդային մտածելակերպերուն:

«Մեղմ Պատերազմ»-ին Գործած Աւերները

Երբ արդի արհեստագործութիւնը իր պարտականութիւնը կատարէ եւ «Մեղմ պատերազմ»-ը աւերը գործէ, ոստիկանը իր ազդեցութիւնը կը կորսնցնէ փողոցին վրայ, ապահովական պատասխանատուն կը հեղինակազրկուի, բանակային զինուորը կը վարկաբեկուի եւ կը դադրի երկրի սահմանները պաշտպանող անձնազոհ մը ըլլալէ, իշխանութեան գործակից կուսակցութիւնը կը վերածուի «իշխանութեան գրպանը եղողի»: Բոլորը կը դառնան վարչակարգին «լծակիցները», «կամակատարնե՛րը»: Հետեւաբար, վարչակարգի փոփոխութիւն առաջադրողները պիտի ճակատին այս բոլորին դէմ: Պիտի յարձակին, գրաւեն ու քանդեն պետական ինչքեր` փոխադրամիջոցներ, աղբամաններ, երթեւեկի լոյսեր թէ այլ: Իսկ երբ պետական մարմիններ փորձեն առաջքը առնել անկարգութիւններուն, հաւարը պիտի փրթի, որ «Տեսէ՜ք, թէ իշխանութիւններ ինչպէս ազատութիւններ կը կաշկանդեն, ազատ կարծիքի արտայայտութեան միջոցները կը խափանեն, ձերբակալութիւններ կը կատարեն, մարդիկ (հոգ չէ թէ անկա՛րգ, քանդող-այրող խուլիկաններ) կալանքի կ’ենթարկեն: Ո՞ւր էք մարդկային իրաւանց մարմիններ, հասէ՜ք…»:

«Մեղմ պատերազմ»-ին աւերները երկար ժամանակի վրայ կրնան անդարմանելի ըլլալ, ըստ Ռաֆիք Նասրալլայի: Մտահոգ է ան: Մտահոգ ենք բոլո՛րս, որովհետեւ պատերազմը քանի մը տարուան ընթացքին աշխարհը հասցուցած է քաղաքական, բարոյական եւ մտաւորական սնանկութեան դռները: Աշխարհը վերածուած է փոքր գիւղի մը, ուր սակայն մարդիկ չեն գիտեր եթէ տեղ ունի՞ն, թէ՞ ոչ: Մարդիկ սկսած են կասկածիլ իրենց ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան իսկ վրայ: Չէ՞ որ չորս կողմ համաշխարհայնացում է եւ անսահման ազատութիւնները քանդած են ազգային ինքնուրոյն արժէքներու պահպանման ամէն պատնէշ:

Այս բոլոր երեւոյթներուն եւ մեր անմիջական ճակատագիրին առնչուած հիմնական այլ հարցերու (լեզու, մշակոյթ, կրթութիւն, ինքնութիւն, սպառողական ընկերութիւն, գաղափարական սնանկութիւն) կ’անդրադառնայ Ռաֆիք Նասրալլայի «Մեղմ պատերազմի մետիան. հանրային կարծիքին վրայ տիրապետելու արուեստը» գիրքը, որ կը փորձէ պատասխաններ գտնել իր յառաջաբանով իսկ ներկայացուած հիմնական չորս հարցումի`

– Ի՞նչպէս կը խաբուիս:

– Ի՞նչպէս սուտ մը կը ստեղծես եւ իրականութեան կը վերածես:

– Ի՞նչպէս մարդոց գիտակցութեան բացակայութիւնը կ’օգտագործես:

– Ի՞նչպէս մարդկային ընկերութենէ մը ներս կը թափանցես ու անոր մշակութային եւ յեղափոխական արժէքները բզիկ-բզիկ կ’ընես:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>