Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին Նուիրուած Արարողութիւններ

 Սուրիա

Հալէպ

Haleb_80716

Կիրակի, 7 օգոստոսի առաւօտեան Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգը ղօղանջեց` աւետելու Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը:

Տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, ապա խաղողօրհնէք:

Օրուան պատարագիչն էր Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան:

Խաղողօրհնէքը սկիզբ առաւ դպիրներու մուտքով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, տարիներու աւանդոյթին համաձայն, խաղողը ներկայացուցին Ս. խորան, ուր կատարուեցաւ խաղողօրհնէքը,  որուն ընթացքին գովաբանեցին Աստուածամայրը:  Քահանան օրուան խորհուրդը փոխանցեց ըսելով. «Այսօրուան աւետարանի նիւթը անդամալոյծին բժշկութեան հրաշքն է: Քրիստոս իր աստուածային զօրութեամբ բազմաթիւ հրաշքներ գործեց: Աւետարանը վկայութիւնն է այդ հրաշալի նշաններուն: Օրուան խորհուրդը մեզի կը սորվեցնէ հաւատքով մօտենալ Աստուծոյ, որուն միջոցով անկարելին հնարաւոր կ՛ըլլայ, այլ խօսքով աստուածային ներգործութեան շնորհիւ արգելքներու եւ դժուարութիւններու յաղթահարումը իրական կը դառնայ: Խաղողօրհնէքը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ համար: Խորքին մէջ խաղողի օրհնութեան ընդմէջէն բերքի օրհնութիւնը տեղի կ՛ունենայ: Ս. Ներսէս Շնորհալի աղօթքի ընթացքին յիշուեցաւ, թէ խաղողը պատուական պտուղ է, որովհետեւ Տիրոջ կողմէ ընտրուեցաւ որպէս հաղորդութեան խորհուրդին ծառայող նիւթ: Ուրեմն պատահական չէ խաղողին օրհնութիւնը: Հայկական առումով ալ խաղողը առատութեան եւ ճոխութեան իմաստ ստացած է: Թող Տէրը օրհնէ մեր սեղանները, իր հովանիին ներքեւ պահէ մեր քաղաքը` Հալէպը, թող խաղաղութեան իշխանը` Քրիստոս խաղաղութիւն շնորհէ մեր սուրիական հայրենիքին»:

Ապա օրհնուած խաղողները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին:

Նոյնանման արարողութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` խուռներամ բազմութեան ներկայութեան:

Քեսապ

kesab_81416

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, 14 օգոստոսին, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը իր պատգամը տուաւ ներկայ ժողովուրդին, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

Esgouran_81516Karadouran_81516Վերափոխման տօնին առիթով 15 օգոստոսին մատաղօրհնէք տեղի ունեցաւ նաեւ Քեսապի Էսկիւրանի շրջանին մէջ, իսկ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 16 օգոստոսին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք` Բերիոյ թեմի առաջնորդին նախագահութեամբ:

Գամիշլի

kameshli_81416

14 oգոստոսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը: Ս. պատարագին ընթացքին օրուան պատգամը փոխանցեց Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, որ Աստուածամօր ողորմութիւնը հայցելով` խաղաղութիւն խնդրեց համայն աշխարհին եւ Սուրիոյ համար:

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք:

Մեշթել Հըլու

Mashtal_81216

Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հանդիսապետութեամբ 12 օգոստոսին Մեշթել Հըլուի մէջ կայացաւ Ս. պատարագ, խաղողօրհնէք եւ ժողովրդային հանդիպում:

Թեհրան

tehran_81416

14 օգոստոսին Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ խաղողօրհնէք:  Ջոմհուրի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Սրբազան հայրը` խօսելով Աստուածամօր ինքնութեան եւ տիպարին մասին, անդրադարձաւ անոր առաքինի կեանքի եւ անխորտակելի հաւատքին:

Յայտնենք, որ Նոր Ջուղայի եւ Ատրպատականի թեմերէն ներս եւս մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Պուլկարիա

bulgaria_81416

14 օգոստոսին  նշուեցաւ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Պուլկարիոյ մէջ գործող  եկեղեցիներէն երեքին մէջ` Սոֆիայի,  Ռուսէի եւ Շումէնի, որոնք կը կրեն Ս. Աստուածածնին անունը:

Սոֆիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ  Ս. պատարագը  մատուցեց Պուլկարահայոց թեմի  առաջնորդ  Իսահակ վրդ. Պօղոսեան, որ քարոզին  մէջ խօսեցաւ տօնին խորհուրդի մասին` շեշտը դնելով  հաւատարմութեան վրայ, որուն օրինակը հանդիսացաւ Աստուածածինը:

Միացեալ Նահանգներ

asdvadzadzin_81416

14 օգոստոսին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք ու մատաղօրհնէք:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուածածինի երկրային կեանքին` մատնանշելով, որ ան ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ առաքինութեամբ, համեստութեամբ, հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ եւ մաքրութեամբ, դարձաւ կիներուն ամէնէն օրհնեալն ու ընտրեալը, իբրեւ Աստուածորդւոյն մայրը` հոգաց Անոր բարի դաստիարակութիւնը, եւ Զաւակին խոստումին իրականացումով` արժանի դարձաւ երկնային բնակութեան: Ան որպէս մայր կրեց աշխարհի ամէնէն ծանր կսկիծը` զաւակի կորուստը, սակայն միշտ մնաց տոկուն իր հաւատքի կեանքին մէջ, դաոնալով Քրիստոսի եկեղեցւոյ մայրը, պաշտպանը, հիմքն ու խնամատար բարեխօսը: Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց աղօթելով Աստուածածինին, որ բարեխօսէ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին համար, խաղաղութիւն պարգեւէ անոնց ու Միջին Արեւելքին, որոնք դժուար պահեր կ՛ապրին այս օրերուն:

 

Պոլիս

Թալին Նայիր` Պէզճեան Մայր Վարժարանի Նորանշանակ Տնօրէն

Talin-Nayir_82516

Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդն ու Պէզճեան մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն Պոլսոյ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէն նշանակեցին Թալին Նայիր, որ շուրջ տասնհինգ տարիէ ի վեր համայնքային զանազան վարժարաններու մէջ բազմաբնոյթ պաշտօններ ստանձնած է: Նայիր ստանձնեց պաշտօնը բազմավաստակ ու փորձառու կրթական մշակ Եղիսաբէթ Չաթանասլանին, որ 2015-2016 կրթական շրջանի աւարտին որոշեց հանգստեան կոչուիլ` բազմաթիւ տարիներու իր երախտաշատ ու նուիրեալ կրթական գործունէութենէն ետք:

 

Շուէտ

Շուէտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայկական Խաչքարի Օծումը

Sweden(3)_82116

21 օգոստոս 2016-ին Շուէտի Սէոտերթելիէ քաղաքի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ օծուեցան եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանը եւ բակին մէջ տեղադրուած հրաշակերտ խաչքարը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Sweden(1)_82116

Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան պաշտօնակատար Տիրան վրդ. Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ գաղութի զաւակներէն կազմուած թափօրը դիմաւորուեցաւ աղ ու հացով:

Արարողութեան կազմակերպչական իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան Սկովտիոյ փոխանորդ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեանը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հովիւներ Նորայր քհնյ. Գեանջումեանը եւ Ստեփանոս քհնյ. Յովհաննիսեանը, Օհան սարկաւագ Պետրոսեանը, Սէոտերթիլիոյ հայ եկեղեցական խորհուրդի անդամները, բարերարները եւ եկեղեցւոյ հաւատացեալները:

Sweden-(5)_82116

Արարողութեան ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը, Սէոտերթիլիոյ քաղաքապետուհի Պուէլ Կոտներ, հիւպատոս Դաւիթ Մանուկեանը, Շուէտի քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու պետական խորհուրդի քարտուղար Մաքս Սթոքմանը, բարերարներ Հրաչ Մարութեանը, Մելքոն Մելքոնեանը, Սիլվա Յարութիւնեանը, Ճուէլ Յովհաննիսեանը եւ այլն:

Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան իր քարոզին մէջ նշեց, որ Սէոտերթիլիոյ հայ եկեղեցւոյ զաւակները այսպիսով ունեցան ձեռքբերում մըն ալ` խաչքարի եւ աւազանի օծման առիթով, եւ յորդորեց ամուր մնալ ազգային եւ հոգեւոր աւանդութեան մէջ: Սրբազանը Սրբալոյս Միւռոնով եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանը օծելէ ետք, ըստ կարգի օծեց նաեւ մկրտութեան սրբապատկերը:

Մկրտութեան աւազանը եկեղեցւոյ նուիրաբերած էր շուէտահայ բարերար Հրաչ Մարութեանը: Խաչքարի քանդակագործն է Հայաստանի արուեստագէտ Գարեգին Մխիթարեանը:

Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը, Սէոտերթիլիոյ քաղաքապետ Պուէլ Կոտներ, Շուէտի քրիստոնէական պետական խորհուրդի քարտուղար Մաքս Սթոքմանը եւ Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւորական Գաբրիէլ Պարքաշոն:

Տիրան վրդ. Պետրոսեան շնորհաւորելով Սէոտերթելիոյ հայերը` խաչքարի օծման առիթով, իր օրհնութիւնը փոխանցեց նախաձեռնող բարերարներուն ու եկեղեցական խորհուրդին: Ան մաղթեց, որ քարակերտ այդ խաչերը` իբրեւ Կենաց ծառի փրկագործութեան խորհուրդ, Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակ սուրբերու բարեխօսութեամբ դառնան մեր աղօթքներն առ Աստուած հասցնողներ` աշխարհի խաղաղութեան եւ Սէոտերթելիոյ հայ եկեղեցական համայնքի հոգեւոր յառաջընթացին համար:

Sweden(2)_82116

Խաչքարի օծման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբն ու տարազաւորները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ժաք Յակոբեանի Ծննդեան 100-Ամեակին Եւ Իր Բեղուն Վաստակի 80-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

30 հոկտեմբերին Կլենտէյլի Փրիսպիթիրեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սփիւռքահայ բանաստեղծ, մշակոյթի գործիչ Ժաք Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին եւ անոր բեղուն վաստակի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Մաշտոց քոլեճի կողմէ եւ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ազգային առաջնորդարանին, Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ազգային առաջնորդարանին, Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ աւետարանական միութեան:

Ժաք Յակոբեան հեղինակ է 35 հատորներու: Ան նաեւ եղած է հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Լիբանանի Կենաց երկրորդական վարժարանի մէջ եւ Փասատինայի Սահակ Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանին մէջ:

Յայտագիրը պիտի բովանդակէ երկու բանախօսութիւն, ողջոյնի խօսքեր եւ վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական բաժին, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի բանաստեղծին կեանքը ներկայացնող տեսերիզ մը, նաեւ պիտի հրամցուին նուագներ եւ ասմունք:

Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ձեռնարկին Դրամահաւաք` «Մեր Զինուորներու Կողքին» Արշաւին Ի Նպաստ

arshav_80616

6 օգոստոսին Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Պօղոս Փաթաթեան, ապա Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Մաճարեան խնդրեց ներկաներէն, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն Արցախի քառօրեայ պատերազմի զոհերուն յիշատակը: Ապա բեմ հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճուտի Չուն, որ ներկաները ողջունելէ ետք ատենապետին յանձնեց յանձնախումբին հասցէագրուած Ներկայացուցիչներու տան գնահատագիրը:

Այնուհետեւ Վահէ Մաճարեան ներկայացուց յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը, իրագործումները եւ յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:

Փասատինայի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Հիլտա Սալիպան դրուատեց Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբը` անոր  կատարած կենսական դերին համար:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Կարին Գեւոնեան եւ Գրիգոր Ապաճեան  շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ ներկաներուն, որոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Հայ դատի յանձնախումբին:

Իր կարգին, Փասատինայի քաղաքապետ Թերի Թորնեք շեշտեց, թէ յոյժ կարեւոր կը նկատէ Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ընդհանրապէս Փասատինայի հայ համայնքին հետ իր սերտ գործակցութիւնը: Իր ելոյթի աւարտին, առ ի երախտագիտութիւն քաղաքապետին ցուցաբերած աջակցութեան եւ համագործակցութեան ոգիին, հայերէն այբուբենը ներկայացնող ձեռագործ մը նուիրուեցաւ անոր:

Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ ընթրիք: Գլխաւոր բանախօս` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց քաղաքականապէս աշխուժ համայնք մը դառնալու կարեւորութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Հայ դատի առաքելութեան հիմնական կէտերը, անոր տարած ջանքերը եւ հետապնդած նպատակները: Ան նաեւ ողջունեց Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ անոր վարչութեան, կամաւորներուն եւ համակիրներուն տարած գործունէութիւնը:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներու կողքին» արշաւին մասին տեսերիզ մը: Ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց արշաւի ատենապետ Դաւիթ Առաքելեան` յիշեցնելով, որ անոր հիմնական նպատակն է աջակցիլ Արցախի քառօրեայ պատերազմի նահատակներու ընտանիքներուն:

Այդ նպատակին գործնականապէս օժանդակելու առաջադրանքով, տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ դրամահաւաք:

Յայտնենք, որ Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբը եւս որոշած է ձեռնարկին հասոյթէն յատկանշական մաս մը տրամադրել այս արշաւին:

«Մեր զինուորներու կողքին» արշաւին աջակցելու համար այցելել` http://withoursoldiers.com կայքը:

«Անուշաւան Աբրահամեան» Կրթական Հիմնադրամի Ճարտարագիտական Երկու Աշխատանոցներու Բացում     

aprahamian_82516

Լոս Անճելըսի մէջ հիմնադրուած «Անուշաւան Աբրահամեան» կրթական հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, քայլ մը եւս առաւ Հայաստանի շրջաններու երիտասարդութեան ապագայի կերտման ճամբուն վրայ:

Հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու միութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան երկու ուսումնական հաստատութիւններու մէջ բացուեցան ճարտարագիտական աշխատանոցներ: Առաջինը` Արմաւիրի Ճարտարարուեստի մանկավարժական պետական դպրոցին մէջ, իսկ երկրորդը` Մարալիկի Պետական արհեստագործական ուսումնարանին մէջ:

Այս ծրագիրին միջոցով աշակերտները առիթ կ՛ունենան ուսումնասիրելու համակարգչային ծրագրաւորման, եռաչափ տպագրութեան, մարդամեքենաներու նախագծման, ստեղծումին ու կառավարման ծալքերը: Այս մասնագիտութիւնները աշխատանքի առիթներ գտնելու նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն, քանի որ արդի արհեստագիտութեանց  ոլորտը նոր մասնագէտներու մեծ պահանջ ունի:

Սեպտեմբերին պիտի սկսին առաջին դասընթացքները, որոնք պիտի իրականացուին անվճար` ներգրաւելով ուսանողներու աւելի լայն շրջանակ: Աշխատանոցին մէջ ծաւալուելիք հետագայ դասընթացքները շարունակական կերպով պիտի քաջալերուին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ, որովհետեւ այս բացառիկ նախաձեռնութիւնը կը դիտուի իբրեւ մտային կարողութեան եւ ստեղծագործութեան համադրումի գերազանց օրինակ:

Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

Memorial-Hospital_80916

9 օգոստոսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի ներկայացուցիչներէն` հաստատութեան նախագահ Ճեք Այվի, հիւանդանոցի անձնակազմի անդամ Մերի Ֆիլիփեան եւ հոգեւոր խորհրդատու Քէյսի ՄըքՔարթի:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան հիւանդանոցի աշխատանքներուն, ապագայ ծրագիրներուն եւ Ազգային առաջնորդարանին հետ սերտ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ 1.5 միլիոն նահատակներու սրբադասման հանգամանքին ու 101-ամեակին առթիւ Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին մէջ Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներուն նուիրուած իւրայատուկ եկեղեցական արարողութեան կարեւորութեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

 

Արժանթին

Պուէնոս Այրեսի Հայկական Եկեղեցին Ներառուած Է Քաղաքի Զբօսաշրջութեան Ծրագիրին Մէջ

Armenian-Cathedral-Buenos-Aires-82516

Արժանթինի մայրաքաղաքի Փալերմօ շրջանին մէջ գտնուող Պուէնոս Այրեսի Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցին ներառուած է քաղաքի զբօսաշրջութեան այցի պաշտօնական ծրագիրին մէջ:

Քաղաք այցի պաշտօնական ծրագիրով զբօսաշրջիկները կրնան տեսնել ճարտարապետական յուշարձաններ, թատրոններ, թանգարաններ, ինչպէս նաեւ հայկական եկեղեցին:

«Ճանչցի՛ր Պուէնոս Այրեսը» ծրագիրը կազմողները ներառած են հայկական եկեղեցին` նպատակ ունենալով ընդգծել քաղաքի հայ համայնքին կարեւորութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>