Զրուցեց` ԼԻԱ ԹԱՀՄԱԶԵԱՆ
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի շատերուն յայտնի եւ ծանօթ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի նախահայրերը Միջերկրական ծովու ափերէն են: Կիլիկիա եւ Մուսա լեռ հայկական բնակավայրերուն մէջ ապրած, 1915-ի Մուսա լերան 40 օրուան հերոսամարտին ընթացքին մարտնչած եւ յաղթանակած Գարագաշեանները 1930-ականներուն վերջերուն հաստատուած են Լիբանան, մասնակից դարձած են հիմնադրութեան Այնճար բնակավայրին, ուր ծնած է Վահագնը: Վերջինիս վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են անոր մեծ հօր եւ մեծ մօր պատմութիւնները: Բացի անկէ, ան ներշնչուած է յատկապէս Մուսա լերան պարեղանակներէն` տհոլի եւ զուռնայի հնչողութիւններէն:
«Այդ պարեղանակները ինծի համար բանաստեղծութիւններ են», կ՛ըսէ Վ. Գարագաշեան:
Եղած է «Հայրենիք» թերթի (Պոսթըն) խմբագիրը, իսկ ներկայիս «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիրն է: Իբրեւ խմբագիրը` իր միակ ու կարեւորագոյն նպատակը կը նկատէ հայապահպանումը` լեզուի, մշակոյթի, հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման ճամբով:
«Հայ համայնքը յաճախ կը ձուլուի. ասիկա շատ վտանգաւոր է մեր երկրին համար»:
Այս օրերուն խմբագիրին Հայաստան գալուն միակ նպատակն է աւելի շատ, պարզ ու գետնի վրայէն քաղուած տեղեկութիւններ հաղորդել սփիւռքին` արցախեան քառօրեայ պատերազմին մասին, որ այս տարուան ապրիլին տեղի ունեցաւ…
«Մենք միշտ պատերազմի մէջ ենք` իբրեւ ազգ, իբրեւ պետութիւն, եւ պէտք է հասկնանք, թէ նոր ի՛նչ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կանգնած ենք այսօր»:
Քիչերը, սակայն, գիտեն, որ Վահագն Գարագաշեան նաեւ բանաստեղծ է եւ ունի հրատարակուած գիրք, որուն մէջ կը ներկայացնէ գաղթական մարդու ինքնութեան խնդիրները, հարցումներ, որոնք յաճախ ինքնիրեն կ՛ուղղէ ան եւ կը փորձէ պատասխաններ գտնել:
«Բանաստեղծութիւն գրելը ինծի համար ազգային կերտուածքի եւ անհատականութեան արտայայտութեան միջոց է: Մարդկային մարմինը եւ մտածումը ինքնին տիեզերք են: Զգացումներդ փոխանցել ըստ կարելւոյն գեղեցիկ կերպով եւ այդ բոլորին հաղորդակից դարձնել ընթերցողը. ա՛յս է գրելու իմ գաղտնիքս»:
Գիրքը բաղկացած է 5 մասերէ, որոնց մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ հայրենիքին, սիրոյ, ծննդավայրին, հաւատքին եւ ինքնութեան: Բոլոր մասերուն մէջ կարմիր թելի պէս կ՛անցնի հսկայական ու ծանրակշիռ կարօտը, որ հանգիստ չի տար հեղինակին:
«Սփիւռքահայերուն մօտ միշտ կայ ինքնութեան խնդիր: Ես հայ եմ: Ներքին ապրումներովս հայ եմ, արմատներս շատ լաւ գիտեմ` անոնք հայու են, բայց իբրեւ մարդ, անհատ, երբ 4 այլ երկրի քաղաքացի ես ու 26 բնակարան փոխած` կը յառաջանայ ներքին հարցում մը` ո՞վ եմ ես` իբրեւ մարդ, ոչ թէ իբրեւ հայ, այլ իբրեւ մարդ. այս զգացումներն ու այս հարցը գիրքին մէջ տեղ գտած են: Ինքնութիւնը փնտռող, ինքնութիւնը չգտնող, ինքնութեան փնտռտուքի մէջ տառապող անհատի զգացումներ են…»:
Արդեօք անոր ապագայի ծրագիրներուն մէջ կա՞յ Հայաստան տեղափոխուելու, հոն մնայուն բնակութիւն հաստատելու նախատեսութիւն, ձգելով լրագրութիւնը սկսելու պարզապէս ստեղծագործել` իբրեւ գրող: Վ. Գարագաշեանի պատասխանը այս է.
«Վստահ եմ, որ օր մը կու գամ ու կ՛ապրիմ Հայաստանի մէջ: Հայրենիքս այստեղ է, հայրենիքս Արցախն է… Իսկ լրագրութիւնը ձգելու եւ ստեղծագործելու առնչութեամբ կ՛ըսեմ, որ իմ երազանքս է ունենալ կարելիութիւն` իմ ամբողջ ժամանակս գրելու նուիրելու…»:
Իբրեւ գրող` առաջնակարգ խնդիրը, որուն վրայ շեշտ կը դնէ Վահագն Գարագաշեան:
«Գիրքերը պատգամներ են, զորս գրողները կը փոխանցեն ընթերցողներուն: Իւրաքանչիւր գրող պէտք է իր զգացումները փոխանցէ իր ստեղծագործութիւններուն միջոցով: Իմ պարագայիս պատգամը, զոր կ՛ուզեմ փոխանցել ընթերցողիս, ինքնութեան փնտռտուքի հարցն է: Ինքնութիւնը` իբրեւ ազգութիւն, իբրեւ հայ: Միւս կողմէ` իբրեւ մարդ արարած` ուրկէ՞ կու գանք, ո՞ւր կ՛երթանք եւ ի՞նչ պէտք է ընենք: Քրիստոնէութեան հիմնական պատգամը այն է, որ յարգենք, սիրենք, օգնենք իրարու, եւ մենք իբրեւ գրողներ` պէտք է ունենանք այս փիլիսոփայութիւնը, զոր պէտք է փոխանցենք մարդոց մեր ստեղծագործութիւններուն միջոցով»:
Ապագայի ծրագիրներուն մասին…
«Կան բանաստեղծութիւններ, որոնք հրապարակուած չեն… Հիմա կ՛աշխատիմ գրական դիտարկումներով վէպի մը վրայ, որ կը վերաբերի մարդկային հաւատքին, ուրկէ՞ կու գանք, ո՞ւր կ՛երթանք: Մարդ անհատի խորքային այս հարցումները եւ մոլորակի վրայ ապրելու նպատակները»:
Իբրեւ վերջ…
Վահագն Գարագաշեանի «Երկնքի եւ երկրի արարողութիւնները» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին մէջ իւրաքանչիւր մաս միւսէն առանձնացած է գեղանկարիչ ու քանդակագործ Կարէն Պետրոսեանի գեղանկարներով, որոնք վերջինս նկարած է յատուկ այս գիրքին համար:
8 օգոստոս 2016
«Լուրեր.com»