Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Պատմական Հրատարակութիւն Մը. Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկութիւնը Պատմութիւն, Գանձեր, Առաքելութիւն

$
0
0

Dadoyan_82516

Խմբագիր-Յօդուածագիր Սեդա Պ. Տատոյեան.
Անթիլիաս, Լիբանան. Հրատարակութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2015.

Մեծ եղեռնի հարիւրամեակէն անմիջապէս առաջ, ապրիլի սկիզբը,  լոյս տեսաւ հսկայական, գեղատիպ  ու միաժամանակ բովանդակալից չորս հարիւր մեծադիր էջերով այս հատորը` աւելի քան 15 յօդուածներով եւ 600 բարձրորակ նկարներով: Իսկապէս պատմական հրատարակութիւն մը:  «Ինչպէս որ խորագիրէն յայտնի է, – իր «Յառաջաբան»-ին մէջ կը գրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, – այս հատորը կ’ուրուագծէ ընդհանուր առմամբ Հայ եկեղեցիին եւ մասնաւորաբար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան, հոգեւոր աւանդութեան եւ առաքելութեան գլխաւոր երեսները: Իրողապէս դիւրին չէ նախաձեռնել բազմակողմանի եւ լայն շրջագիծով այսպիսի՛ ծրագիր մը: Անիկա կը պահանջէ ամբողջական նուիրում եւ ծանր աշխատանք, նաեւ` ուսումնասիրական եւ խորհրդակցական երկար գործընթաց»: Հայկական եղեռնի հարիւրամեակին առիթով վեհափառ հայրը հատորը կը ձօնէ Անթիլիասի մէջ Կիլիկիոյ ութ կաթողիկոսներուն (1930-էն սկսեալ).  Սահակ Բ. Խապայեան, Բաբգէն Կիւլեսերեան,  Պետրոս Դ. Սարաճեան, Գարեգին Ա. Յովսէփեանց, Զարեհ Ա. Փայասլեան, Խորէն Ա. Բարոյեան եւ Գարեգին Բ. Սարգիսեան: «Եղեռնին յաջորդող աղէտալի պայմաններուն մէջ եւ ի սփիւռս նետուած ժողովուրդին վերակազմակերպութեան մէջ այս մեծերը խաղացին կենսական դեր»:

Հատորը կը նշէ երկու հարիւրամեակ, բայց` ոչ զուգադիպութեամբ. 1915-ի Եղեռնը եւ նոյն տարուան ընթացքին եւ իբրեւ մաս անոր` Հայոց կաթողիկոսութեան բռնի արտաքսումը հայկական Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիս/Գոզանի իր դարաւոր կեդրոնէն, ուր հաստատուած էր 1292/3-ին, մեմլուք յարձակումներուն պատճառով պարտաւորուած ըլլալով ձգելու Եփրատ գետին վրայ Հռոմկլայի իր քանդուած կեդրոնը (հոն հաստատուած 1150-ականներուն): Նախապէս, 1045-ին, Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ետք, կաթողիկոսութիւնը ձգած էր Անին եւ անցած` Կիլիկիոյ շրջանը:

Ըստ խմբագիր փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանին, հայոց կաթողիկոսութեան հազարամեայ ճանապարհը արձանագրող այս հսկայ հատորը ժամանակակի՛ց իմաստով պատմագրական աշխատանք մըն է, այն իմաստով, որ անիկա պատմական ճանաչողութիւնը կը նկատէ ի նպաստ եւ յօգուտ մարդկային շահերու: Այսինքն անիկա կը հաւատայ, որ գիտնա՛լ իրենց եկեղեցիին եւ կաթողիկոսութեան պատմութիւնը կը ծառայէ հայոց շահերուն, որովհետեւ պատմական գիտութեան սերտ կերպով կ՛առնչուին հայոց ինքնութիւնն ու գոյատեւումը:  Ճիշդ է, որ անցեալը եւ ապագան գոյութիւն չունին իրողապէս, սակայն անոնք մաս կը կազմեն ներկային եւ պէտք է որ բերուին ներկային մէջ եւ ըլլան ներկա՛յ: Ինչպէս որ հատորին կողքը (գործ` խմբագիրին), ուր Սիսի եւ Անթիլիասի կաթողիկոսական համալիրները կը թուին ըլլալ միակ տեսարան մը,  այնպէս ալ Անթիլիասը եւ Սիսը մէկ են, անոնք անցեալ, ներկայ եւ ապագայ են: Հոս կը կայանայ գործին գոյաբանական տարածքը:

«Լայն ընթերցող հասրակութիւնը ի մտի, – կը գրէ խմբագիրը իր «Խօսքին»-ին մէջ, – այս խիզախ նախաձեռնութեան առաջնահերթ նպատակն է ներկայացնել ուժական եղափոխութիւնը ամբողջ հայաշխարհի մը իր յարատեւ մեթամորֆոսիսին ընդմէջէն:  Գործին կեդրոնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է, նաեւ` կիլիկեան հայոց հոգեւոր-մտաւոր մշակոյթը եւ արուեստները, որոնք զարգացան հայրենի հողին հարաւ-արեւմուտքը, մեծ տարածութեանց վրայ: Պարագաներու տարբերութեամբ, այս միջնադարեան արեւմտահայերը (այսօրուան արեւմտահայոց նախահայրերը) յաջողեցան զարգացնել քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային հետաքրքրական յարաբերութիւններ իրենց միջավայրին հետ եւ բարգաւաճիլ թէ՛ իբրեւ հաստատութիւններ եւ թէ՛ իբրեւ ժողովուրդ»:

Առաջին մասը` 5 յօդուած, նուիրուած է Կիլիկիոյ եւ կաթողիկոսութեան պատմութեան: Երկրորդ մասը` 9 յօդուած, նուիրուած է գանձերուն: «Կիլիկիա» թանգարանը ունի հարուստ հաւաքածոներ` ձեռագիրներու, հնատիպներու, մետաղէ իրերու, դրամներու, եկեղեցական զգեստներու, ասեղնագործներու, գեղանկարներու եւ գորգերու: Ցուցադրուած իրերը հաստատութեան ընդհանուր հարստութեան: Իր «Վերջաբան»-ին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կը բացատրէ խորագրին երեք հիմնական իմացքները` իբրեւ անոր նպատակներն ու բովանդակութեան խարիսխները.  պատմութիւն, գանձեր, առաքելութիւն: Երրորդ մասը հինգ յաւելուածներու հաւաքածոյ մըն է: Յօդուածները հրատարակուած են այն լեզուով, որ գրուած են, բացի երեքէն (թարգմանուած հայերէնէ անգլերէնի` խմբագիրին կողմէ): Տառադարձութեանց համար կիրակուած է ակադեմական Հուպշման-Մէյէ սիսթեմը: Խմբագիրին հիմնական նպատակը եղած է ընթերցողին փոխանցել պատմականօրէն ճշգրիտ, ձեւով ու խորքով գիտական եւ միաժամանակ բարձրաճաշակ ամբողջութիւն մը: «Հիմնականը, – ըստ իրեն, – մէջտեղ բերել էր գործ մը, որ ըլլար արժանի վկայութիւն մը Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին` 11-րդ դարուն առաջ եկած Հայկական Կիլիկեան աշխարհէն մինչեւ ներկայ»:

 

Առաջին Մաս. Կիլիկիոյ Եւ Կաթողիկոսութեան Պատմութիւն

  1. «Կիլիկիա. վերջին հայկական թագաւորութիւնը – 1198-1375», Քլոտ Մութաֆեան» [‘Le dernier royaume d’Armenie Cilicie – 1198-1375’, Claude Mutafian] (էջ 6-21). «Վերջին հայկական թագաւորութիւնը», ինչպէս հեղինակը, որ Կիլիկեան պատմութեան մասնագէտ է կը նկարագրէ, ունեցաւ 177 տարիներու կեանք եւ 15 գահակալներ` իր հիմնադիր Լեւոն Ա. Մեծագործէն մինչեւ Լեւոն Ե., որ մահացաւ աքսորի մէջ, Ֆրանսա: 6 յունուար, 1198-ին, Լեւոն Ա.ի օծումով, թագաւորութիւնը, կը գրէ հեղինակը, տեսակ մը «պսակումն էր Ռուբինեաններու նուրբ դիւանագիտութեան ®. վերստեղծելու համար հայոց թագաւորութիւնը, զոր Բիւզանդիոնը կործանած էր 1045-ին»: Մեծ Հայքի հարաւ-արեւմուտքը «նոր-հին թագաւորութիւնը» տարբեր էր իր նախորդներէն` զանազան մակարդակներու վրայ: Անիկա նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ունէր ծովային դիրք: Այս համառօտ յօդուածը կու տայ հիմնական կողմերը թագաւորութեան եւ շրջանին քաղաքական պայմաններուն:

 

  1. «Կաթողիկոսութեան շարժը Հայաստանէն դէպի Կիլիկիա, դէպի Անթիլիաս», Սեդա Պ. Տատոյեան [“The Move of the Catholicosate from Armenia, to Cilicia, to Antelias”, Seta B. Dadoyan] (էջ 22-67). – «Այս լայն յօդուածին խորագիրը, կը գրէ հեղինակը, – կը նշանակէ կեդրոնացում կաթողիկոսութեան ուժական եղափոխութեան վրայ` իբրեւ մաս մը հայոց պատմական եղափոխութեան… որովհետեւ չորրորդ դարու սկիզբներու իր հիմնադրումէն սկսեալ այս հաստատութիւնը մարմնաւորած եւ ցոլացուցած է հայոց կացութիւնն ու պայմանները հայրենի հողին վրայ եւ անկէ անդին»: Հարաւ-արեւելեան Փոքր Ասիոյ մէջ հայոց պայմանները բոլորովին կը տարբերէին իրենց հիւսիսի եւ արեւելքի հայրենի հողերէն, եւ անոնք զարգացուցին հարուստ հայկական եւ միաժամանակ միջինարեւելեան մշակոյթ մը, որ կը յատկանշուի իր էքիւմանիք ոգիով եւ ազատամտութեամբ: Այս աւանդութիւնը կը շարունակուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտ եւ անո՛ր միջոցով: Ա՛յս դիտանկիւնէն աշխատութիւնը կը սերտէ եւ կ՛արժեւորէ կաթողիկոսութեան հազարամեայ ուղին` 1045-ին Բագրատունեաց անկումէն մինչեւ Անթիլիաս: Շեշտը միշտ կը դրուի հայկական Կիլիկիոյ կազմաւորումի ազդակներուն վրայ` այս հայկական երեւոյթը նկատելով յարացոյց մը (paradigm) մը` քրիստոնեայ Արեւմուտքին եւ իսլամ Արեւելքին միջեւ: Կը քննարկուին քաղաքական մարտահրաւէրները, արտակարգ յաջողութիւնները, եկեղեցիին էքիւմենիք դերը: Յօդուածին առաջին գլուխը ամփոփում մըն է կաթողիկոսութեան պատմութեան` Անիէն մինչեւ կիլիկեան թագաւորութեան անկումը 1375-ին: Երկրորդ գլուխը կ՛ամփոփէ 1375-2015 երկարող ժամանակը: Ի միջի այլոց կը քննարկուին Կիլիկիոյ մէջ կաթողիկոսութեան հոգեւոր-մտաւոր աւանդը, Վաղարշապատի ժողովը (1441), անոր վաղորդայնը, 19-րդ դարուն կաթողիկոսութիւնը օսմանեան աշխարհին մէջ, քայքայում, Եղեռն, եւ կաթողիկոսութեան երկրորդ մեծ գաղթը դէպի հարաւ, նախ Հալէպ, ապա` Անթիլիաս, 1930–1956 շրջանին վերակառուցում եւ վերջին տասնամեակները Միջին Արեւելքի մէջ:

 

  1. «Կիլիկիոյ կաթողիկոսական վանքը Սիս. երէկ եւ այսօր», Լեւոն Նորտիկեան [‘Le monastere du catholicossat de Cilicie a Sis – Entre hier et aujourd’hui’, Levon Nordiguian] (էջ 68-91). Օսմանեան կառավարութեան հրահանգով 1915-ի սեպտեմբերին, կը գրէ հեղինակը, բլուրի մը վրայ նստած մայրաքաղաքին նայող Սիսի կաթողիկոսական հսկայական համալիրը պարպուեցաւ: Ներկայիս այս վայրը այցելողը անակնկալի կու գայ` ի տես նոյնիսկ աւերակներու չգոյութեան: Հսկայական եկեղեցիէն կը մնան միայն հիմերը եւ խորանի քանի մը կամարներ: Կառոյցները գրեթէ ամբողջութեամբ վերցուած են Սիսի կամ Գոզանի համար ջրամբարի մը շինութեան պատրուակով: Հակառակ այս կացութեան` նոճիի ծառերով ծածկուած այս բլուրը կը ներկայացնէ հնագիտական մեծ արժէք եւ հետաքրքրականութիւն: Հեղինակը կը գրէ, որ իր աշխատութիւնը փորձ մըն է «վերակառուցելու» պատմական կոթողները, եւ մասնաւորաբար` մայր եկեղեցին, հիմնուած վկայութեանց, աշխատութեանց եւ քանդումներուն նախորդող ժամանակներու լուսանկարներու վրայ:

 

  1. «Վանքին կարաւանը – 1915» – Խադ վարդապետ Աջապահեանի ականատեսի վկայութիւնը [‘The Caravan of the Monastery – 1915’, Eye-Witness Account of Khat Vartabed [then] Achabahian] (pp. 92-95) – Գրուած` հաւանաբար 1935-ին, այս չափազանց արժէքաւոր «ընթերցուածէն» պարբերութիւն մը կ՛ամփոփէ զայն. «1915 սեպտեմբեր 3-ին Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Եղիշէ արքեպիսկոպոս Կարոյեան Սսոյ կառավարիչին քովէն վանք վերադարձին մեզ կը բերէ տարագրութեան մահաբոյր գոյժը, ըստ որում տասն օր պայմանաժամ տրուած էր միաբանութեան` երթալու համար Հալէպ: Պոլսէն հասած սոյն հրամանը վերջնական ըլլալով, տրուած պայմանաժամի միջոցին, գիշեր-ցերեկ չարաչար կ՛աշխատինք, Սսոյ ութդարեան պատմական Աթոռին թանկարժէք անօթներն ու ծանրագին զգեստները, ինչպէս նաեւ հին գիրքերը մասնաւորաբար պատրաստուած սնտուկներու մէջ տեղաւորելու հոգեմաշ գործով եւ վանքին գոյքերէն կարեւոր մաս մ՛ալ բեռներ կապած կը սպասենք մեկնումի հրամանին: 13 սեպտեմբեր` Խաչվերացի կիրակին, լաց ու կոծի օր մը կ’ըլլայ թէ՛ միաբանութեան եւ թէ՛ Սսոյ մէջ մնացող ափ մը հայութեան համար: Նոյն օրը վանքին բանալիները տրցակով կը յանձնուին կառավարութեան …. Կը մեկնինք անդարձ»:

 

  1. «Նահատակութեան եւ յարութեան խորհրդանիշներ», ՍՊՏ [‘Symbols of Martyrdom and Resurrection’, SBD] (էջ 96-102) – Հիմնուած` արխիւային նիւթերու վրայ եւ արուեստագէտներուն հետ խորհրդակցաբար եւ անոնց կողմէ հայթայթուած տեղեկութեանց վրայ, այս յօդուածը համառօտ ներկայացում մըն է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած մատուռներուն եւ յուշարձաններուն. ապրիլեան զոհերու Սուրբ Ստեփանոս մատուռը (կառուցուած` 1939-ին, վերանորոգուած 1993-ին եւ 2014-ին). Պիքֆայայի յուշարձանը` Եղեռնի յիսնամեակին նուիրուած (1965, վերանորոգուած` 2014-ին). Տէր Զօրի ապրիլեան համալիրը` 1991-ին կառուցուած, եւ մօտակայ Մարգատէի ապրիլեան զոհերու մատուռը: 2014-ի սեպտեմբերի վերջին այս երկուքը ենթարկուեցան խափանարարական պայթումներու եւ մեծ մասամբ քանդուեցան:

 

Երկրորդ Մաս. Հայկական Կիլիկիոյ Գանձերը

 

  1. «Կիլիկիա թանգարանը», Խմբագրական. [‘The Cilicia Museum’, Editorial] (էջ 104-111) – 1998ի սկիզբը աւարտած եւ բացումը կատարուած «Կիլիկիա» թանգարանը կանգուն վկան է կաթողիկութեան հազարամեայ ուղիին: Անթիլիասի համալիրին մէջ վերջինը կառուցուած քառայարկ շէնքը եղաւ մեծ մասամբ 1915-ին Սիսէն բերուած գանձերուն եւ նոր հաւաքածոներու համախմբման վայրը: Երեք յարկերու վրայ դասաւորուած են` ձեռագիրներ, մետաղեայ ծիսական իրեր, եկեղեցական զգեստներ, ձեռագործներ, կիլիկեան դրամներ, գեղանկարներ, գորգեր եւ այլ իրեր: Շէնքին արեւելեան թեւը կը գրաւէ մատենադարանը:

 

  1. «Մանրանկարներ եւ ձեռագիրներ» [‘Miniatures et manuscrits’, Sylvia Agemian] (էջ 112-137) – Մօտ քառասուն հազուագիւտ ձեռագիրներ կը կազմեն «Կիլիկիա» թանգարանին հաւաքածոն: Սրահը ձօնուած է Գարեգին Ա. կաթողիկոսին (1943-1952), մեծ մասնագէտ մը հայ մանրանկարչութեան եւ ձեռագիրներու: Մեծ մասամբ Կիլիկիայէն բերուած` այս գործերը պատրաստուած են Մեծայրի, Սկեվռայի եւ Սիսի վանքերուն մէջ: Բարձրբերդի Աւետարանը (Հռոմկլա, 1248) եւ Մայր Մաշտոցը (1302-1321, Սիս) հաւաքածոյին ամէնէն արժեքաւոր կտորներն են: Յօդուածը կը կեդրոնանայ 13-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դարերուն պատրաստուած 18 ձեռագիրներու վրայ, ներառեալ` յիշեալ երկուքը:

 

  1. «Մատենադարանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոն», Րեյմոն Գէորգեան. [‘Le fonds de livres armeniens anciens de la Bibliotheque’, Raymond Kevorkian] (էջ 138-143) – 1511-1850 հրատարակուած եւ մեծ մասամբ սկզբնական տպագրութիւններ` 1720 հատորներ կը կազմեն կաթողիկոսութեան մատենադարանին հայերէն հնատիպներու հաւաքածոն: Այս շատ հակիրճ յօդուածը կարգ մը տեղեկութիւններ կու տայ Վենետիկի, Ամսթերտամի, Մարսէյի եւ Պոլսոյ մէջ տպագրուած գիրքերու մասին:

 

(Շար. 1)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles