Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Տենչս Է, Որ Զմմառեան Միաբանութիւնը Մնայ Միշտ Պաշտպան Ու Պահապան Աստուածամօր Տան»

$
0
0

DJI_0062

Ա՛յս էր Երանելի նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի մաղթանքը, ուղղուած` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան:

Մայրիներու երկրին մէջ 1749-ին հիմնուած` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը եւ պատմական վանքը իրենց հիմնադրութենէն ի վեր համայն հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան առաջին օրրանը հանդիսացան` ի սպաս քրիստոնեայ կրօնի պահպանման եւ հայ մշակոյթի, գրականութեան եւ արուեստի ծաղկման: Այդ օրէն ի վեր իր շարքերէն հոյլ մը առաքեալներ նուիրուեցան այս տեսլականի ծառայութեան իրագործման:

DJI_0075

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Զմմառու վանքին շրջակայքը կառուցուեցաւ նոր ամփիթատրոն մը, որուն բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի.  պատրիարքին:

Զմմառու վանքի նորակառոյց այս շքեղ ամփիթատրոնը կը յիշեցնէ այլ ամփիթատրոններ, ուր նահատակուեցան առաջին քրիստոնեաները: Այսպէս` Անտիոքի առաջնորդ Ս. Իգնատիոս աստուածազգեաց հայրապետը հալածուեցաւ հռոմէացի հեթանոսներու կողմէ եւ դատապարտուեցաւ գազաններու կեր դառնալու ամփիթատրոնի մէջ` ի տես հանդիսատես ամբոխին: 19 դար ետք, Մարտինի առաջնորդ` Իգնատիոս Մալոյեան նման մահուամբ կը պսակէր իր քաջ հովիւի, իմաստուն հայրապետի եւ տիպար եկեղեցականի կեանքը, ի վկայութիւն իր հաւատքին եւ Յիսուսի սիրոյն:

DJI_0083

Այսօր Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը իր ծոցէն ելած ամէնէն արժէքաւոր անդամներէն մէկուն` Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանին նուիրուած ամփիթատրոն մը կառուցանեց անմահացնելու համար անոր յիշատակը:

Ամփիթատրոն լատիներէն (amphitheatrum) իսկ յունարէն ամֆիթէատրօ(*) կը նշանակէ հանդիսատեսարան, թատրոն: Հին Հռոմի մէջ` ան յուշակոթողային շինութիւն էր հրապարակային ներկայացումներու համար: Ամփիթատրոնի մէջ կը կատարուէին սուսերամարտեր, մարզախաղեր եւ թատերական ներկայացումներ: Ասոնցմէ մին է Հռոմի նշանաւոր Քոլոզէոն, որ մինչեւ մեր օրերը կանգուն կը մնայ:

Ամփիթատրոնի գործածութիւնը տարածուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Միջերկրականի տարածքին` հռոմէական եւ հելլենական գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող բոլոր երկիրներուն մէջ:

Պատմական վկայութեանց համաձայն, պատմական Հայաստանի Տիգրանակերտ, Արտաշատ եւ այլ քաղաքներուն մէջ կը բեմադրուէին յունական ողբերգութիւններ, ինչպէս նաեւ գուսանական այլ ներկայացումներ:

Կը պատմուի Մեծն Տիգրանին մասին, թէ անոր արքունիքը ժամանակակից յոյն գրագէտներու եւ արուեստագէտներու գլխաւոր ժամադրավայրերէն մէկն էր. եւ թագաւորին որդիները այդ վարպետներուն ձեռաց ներքեւ գրական ու գեղարուեստական կրթութիւն կը ստանային:  Ծանօթ է, որ Տիգրան Մեծի որդին` Արտաւազդ Ա.-ը 56-34 թ. Ն.Ք. յօրինած է ողբերգութիւններ, գրած է ճառեր ու պատմական աշխատասիրութիւններ: Մեծն Տիգրանի  անունը կրող Տիգրանակերտ մայրաքաղաքին մասին, պատմութիւնը կը յիշէ, թէ  լեցուն էր ճոխ կոթողներով եւ գերազանց վարպետներու քանդակներով ու թատերական հանդէսներու ընթացքին ունէր բազմաթիւ կատակերգուներ, երաժիշտներ եւ պարողներ: Մեր մաղթանքն է, որ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» ամփիթատրոնի կառուցումը ծառայէ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան կրօնական եւ մշակութային առաքելութեան դաշտին մէջ, ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Ս. եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն ազգիս հայոց:

(*) Ամֆի – թէադրօ կը նշանակէ երկու կողմէ թատրոն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>