ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի թրքական իշխանամէտ «Տէյլի Սապահ» օրաթերթին հետ ունեցած եւ 19 օգոստոսին հրապարակուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց. «Ռուսիան կը ղեկավարէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ), որուն մաս կը կազմեն Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Ազրպէյճանի (աչք ծակող սխալ մը: ԵՏՄ¬ի 4-րդ անդամը Խըրխըզիստանն է) եւ Հայաստանի նման երկիրներ: Անշուշտ կ’ուզենք մաս կազմել Եւրասիական տնտեսական միութեան` առանց վտանգելու Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամակցութեան նպատակները եւ խախտելու մաքսային միութիւնը»:
Անշուշտ, որ 183 միլիոն մարդոցմէ բաղկացած եւ 4 եռիլիոն ներքին համախառն արտադրութիւն ունեցող ԵՏՄ կոչուած շուկան կրնայ հետաքրքրել Թուրքիան, սակայն անոր տնտեսութեան նախարարին կատարած յայտարարութիւնը աւելի պատգամներու յղման համար է, քան իսկական փափաքի արտայայտման: Պահ մը մոռնանք անվտանգութեան եւ այլ առումներով Արեւմուտքէն կախեալութեան իրողութիւնը եւ նշենք, որ Թուրքիան չի կրնար ԵՏՄ-ին անդամակցիլ առանց բանալու Հայաստանի հետ իր սահմանը եւ առանց Երեւանի հաւանութեան: Հայաստան¬Թուրքիա արձանագրութիւններու նախադէպի լոյսին տակ կարելի է նշել, որ Թուրքիան դժուար թէ դիմէ իր «փոքր եղբօր» դաւաճանելու քայլին:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի այսօր Թուրքիա կատարելիք այցելութենէն եւ այդտեղ Սուրիոյ, Ֆեթհուլլա Կիւլենի եւ լարուած երկկողմանի յարաբերութիւններու հարցերուն շուրջ ունենալիք բանակցութիւններէն 5 օր առաջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած արտայայտութիւնը պատահական չէ: Անիկա ճնշում բանեցնելու փորձ մըն է: Ուաշինկթըն դէմ է ԵՏՄ¬ին եւ զայն կը նկատէ յետխորհրդային երկիրները ռուսական տիրապետութեան տակ առնելով` Խորհրդային Միութիւնը նոր տարազով վերականգնելու փորձ մը:
ՕԹԱՆ¬ի անդամ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարին կատարած այս յայտարարութիւնը չի կրնար դժգոհութիւն չյառաջացնել Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի մէջ, սակայն դժուար թէ ահազանգ հնչեցնէ, որովհետեւ ամերիկեան վարչակազմը եւ ՕԹԱՆ¬ի ղեկավարութիւնը քաջ գիտեն, թէ Ռուսիան չի կրնար Թուրքիոյ համար ըլլալ լուրջ այլընտրանք մը:
Զէյպեքճիի յայտարարութիւնը նաեւ պատգամ մը կը փոխանցէ Եւրոպական Միութեան, որուն հետ եւս յարաբերութիւնները լարուած են: Անգարան ԵՏՄ¬ն Եւրոպական Միութեան իբրեւ այլընտրանք ներկայացնելով կը փորձէ ճնշում բանեցնել Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն վրայ` նուազագոյն զիջումներով յառաջ մղելու եւ արագացնելու համար միութեան իր անդամակցութեան հոլովոյթը:
Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարին կատարած արտայայտութիւնը դժուար թէ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի կողմէ ընկալուի իբրեւ լուրջ սպառնալիք մը կամ նոյնիսկ իսկական փափաքի մը արտայայտութիւնը: Այդ յայտարարութիւնը լաւագոյն պարագային պիտի անտեսուի կամ ալ յաւելեալ դժգոհութիւն պատճառելով պիտի նպաստէ Թուրքիոյ նկատմամբ անվստահութեան ամրապնդման: