Խմբագիր-Յօդուածագիր Սեդա Պ. Տատոյեան.
Անթիլիաս, Լիբանան. Հրատարակութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2015
- «Դրամներու հաւաքածոն», Լեւոն Ա. Սարեան. [«The Coin Collection», Levon A. Saryan] (էջ 144-157)
«Կիլիկիա» թանգարանին դրամներու հաւաքածոն,- կը գրէ հեղինակը,- սկսած է կազմուիլ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ եւ կը մեծնայ յարատեւ կերպով»: Կիլիկիայէն եւ դրացի երկիրներէ հազարէ աւելի հին դրամներ եւ կարգ մը թղթադրամներ կը կազմեն այս հաւաքածոն: Յօդուածը կը կեդրոնանայ 15 նմուշներու վրայ, ինչպէս` Տիգրան Բ.-ի դրամ (95-56 BC), Լեւոն Ա.-ի (1198-1219) արծաթէ դրամ, 1239-ի հայերէն-արաբերէն արձանագրութեամբ դրամ, Հեթում Ա. (1226-1269) եւ Զապէլ թագուհիի դրամ, Սմբատ թագաւորի արծաթէ դրամ (1296-1298), Կոստանդին Ա.-ի (1298-1299) պղինձէ փող, Օշին թագաւորի (1308-1320) արծաթէ թագադրական դրամ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100 ռուբլի թղթադրամ, 1919 թուականի:
- «Ցուցակ ծիսական մետաղեայ իրերու», Տիգրան Գույումճեան. [«Catalogue of the Liturgical Metalwork», Dickran Kouymjian] (էջ 158-297) – Այս շատ ընդարձակ աշխատութիւնը, կը բացատրէ հեղինակը, մասնագիտական դասաւորում մը եւ մանրամասն սերտողութիւն (contextualization) մըն է աւելի քան հարիւր իրերու` «Կիլիկիա» թանգարանի ծիսական մետաղներու հաւաքածոյէն, եւ ընդհանուր առմամբ ամփոփում մը` հայ մետաղագործական արուեստներուն: Մեծ մասամբ Սիսէն բերուած այս իրերը, նաեւ` ծիսական արուեստներու այլ գործեր, ինչպէս` զգեստներ, աւետարաններ, աղօթագիրքեր, արծաթեղէն, միայն նմուշներ են կաթողիկոսութեան հարստութենէն, որ կը նկատուի նախաեղեռնեան ժամանակներու ծիսական արուեստներու ամէնէն հարուստը եւ կարեւորը: Բոլոր իրերը ներկայացուած են լուսանկարներով եւ հայերէն արձանագրութիւններով (միշտ` իրենց անգլերէն թարգմանութեամբ): Առաջին մասը յատկացուած է կանուխ-արդի շրջանէն 16 մասունքի տուփերու (կամ մասնատուփերու), ինչպէս` խորանի մասնատուփեր, խաչաձեւ մասնատուփեր, աջեր (dexters), որոնց ամէնէն նշանակալին է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը: Երկրորդ մասը կը վերցնէ 28 սկիհներ: Երրորդ մասը կը ներկայացնէ 23 արծաթեայ գրքապանակներ (bindings) եւ ունի լայն ներածական մը` արծաթագործական եւ կողքագործական արուեստներուն, անոնց կեդրոններուն եւ պատկերագրութեան (iconography) մասին: Այս մասին ամէնէն նշանակալի գործն է Սիսի Սուրբ Սոֆիա տաճարին Մայր Մաշտոցը: Արծաթեայ կողքը շինուած է 1765-ին, իսկ ձեռագիրը կատարուած` 1302-1321-ին: Չորրորդ մասը 30 խառն իրերու մասին է, ինչպէս` մոմակալներ, բուրվառներ, խնկամաններ, ջահեր, գաւազաններ, խոյրեր եւ մասնաւորաբար Սուրբ միւռոնի կաթսան, որ տակաւին կը գործածուի Անթիլիաս, շինուած` Պոլիս, 1817-ին, նուէր` Չէլէպի եղբայրներէն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Կիրակոս Ա. Աջապահեան-Մեծի (1797-1822):
- «Ծիսական զգեստներ եւ այլ հիւսուածեղէններ», Մարիէլ Մարթինիանի Ռեպեր. [«Paramentiques et autres textiles», Marielle Martiniani Reber] (pp. 298-331). Հայ եկեղեցիին մէջ եկեղեցական եւ ծիսական զգեստները ունին կարեւոր դեր եւ նշանակութիւն: Հայոց կաթողիկոսութիւնը, կը գրէ հեղինակը, «ունի կարեւոր հաւաքածոյ մը` հակառակ ծանօթ դժբախտութեանց եւ յարատեւ կորուստներու, այս իրերուն թիւն ու ճոխութիւնը կարելիութիւն կու տան գործերը բաղդատելու լատին եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հաւաքածոներուն հետ»: «Կիլիկիոյ մէջ էր, որ, եւ մասնաւորաբար խաչակրական շրջանին եւ կիլիկեան թագաւորութեան,- կը շարունակէ ան,- Հայ եկեղեցին զարգացուց մօտիկ յարաբերութիւններ քրիստոնեայ մեծ եկեղեցիներուն հետ: Հիմնական ոճերն ու ձեւերը յառաջացան այս պայմաններուն մէջ եւ անոնց շնորհիւ»: Աւելի քան 30 նմուշներ, ամէն կարգի եկեղեցական զգեստաւորումներէ, կը ներկայացուին արձանագրութիւններով (իրենց թարգմանութիւններով): Ասոնք են` խորանի վարագոյրներ, ծածկոցներ, պատարագի շուրջառներ, խոյրեր, բազպաններ, գոգնոցներ, հողաթափեր եւ այլն:
- «Գեղանկարներու եւ արձաններու հաւաքածոն», ՍՊՏ. [«The Painting and Sculpture Collection», SBD] (էջ 332-339).- «Կիլիկիա» թանգարանը ունի շուրջ 350 նկարներու, 20 քանդակներու եւ քանի մը խաչքարերու հաւաքածոյ մը: Ասոնցմէ քանի մը հատը կը զարդարեն կաթողիկոսարանի կարգ մը սրահները: Այս հաւաքածոն միւսներէն կը տարբերի քանի մը մակարդակներու վրայ: Նախ, տարբեր միւս արուեստներէն, ինչպէս` ծիսական մետաղները, ձեռագիրները, զգեստները, գեղանկարները, ամբողջութեամբ յետեղեռնեան են եւ ստեղծուած` ի սփիւռս ցրուած հայ արուեստագէտներու կողմէ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա: Այսինքն, իբրեւ յետեղեռնեան երեւոյթ, նկարչութիւնը կ՛ըլլայ վկան հայ գաղթականութեան եւ աքսորի վայրերու հայոց փորձառութեանց: Հաւաքածոն ինքնուրոյն է ուրիշ պատճառով մը եւս. մինչդեռ մշակոյթի բոլոր տարբեր մարզերը արդէն կային Եղեռնէն առաջ, նկարչութիւնը գրեթէ չգոյ արուեստ է արեւմտեան հայոց մօտ մասնաւորաբար: Ուրեմն այսպէս կոչուած սփիւռքայի՛ն արուեստ է անիկա` ծագում առած եւ զարգացած ըստ արուեստագէտներու հակազդեցութեանց իրենց պայմաններուն եւ հետեւանք անոնց:
- «Գորգերու հաւաքածոն եւ ակնարկներ գորգարուեստի մասին», Մովսէս Հերկելեան. [«The Carpet Collection and Notes on the Art of Weaving», Movses Herkelian] (էջ 340-347).- «Կիլիկիա» թանգարանը ունի 50 գորգ, մեծ մասամբ` 18-րդ, 19-րդ եւ 20-րդ դարերէն: Այս գորգերէն 9-ը հիւսուած են որոշ նիւթերու շուրջ (thematic): Կան 5 աղօթքի գորգեր, 6 ղարաբաղեան գորգեր, մնացեալը կը դասաւորուի իբրեւ «պարսկական» եւ «թրքական» (այսինքն հիւսուած են հոն), սակայն հայկական են: Նոյնիսկ աղօթքի պարսկական գորգերը ոճով հայկական են, հաւանաբար` հիւսուած հայ վարպետներու կողմէ: Առաջին խումբը կը դասաւորուի հայկական գորգերու արուեստին տակ: Հոն կը տեսնենք ձիեր, սուրբեր, խաչաձեւ խորհրդանիշներ, ծիսական իրեր, մատուռներ եւ այլն: Գորգերուն մեծ մասը կը կրէ պատրաստութեան թուականը եւ արձանագրութիւններ:
- «Մատենադարանը», ՍՊՏ. [«The Library», SBD] (էջ 348-349).- 1930-ի ամրան, Անթիլիաս հասնելէն քանի մը ամիս ետք, աթոռակից կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլեսերեան համեստ սենեակի մը մէջ իր օգնականներով կը շինէ փայտէ դարակներ, եւ այսպիսով կը հաստատուի վանքին մատենադարանը: Անիկա ամէնէն արժէքաւոր նուէրն էր դպրեվանքի 37 սաներուն: Ներկայիս աւելի քան 100 հազար հատորներով` աշխարհի ամէնէն կարեւոր եւ հարուստ հայագիտական մատենադարաններէն մէկն է ան: Մասնաւորաբար հնատիպները կը ներկայացնեն մեծ արժէք, 3000 հատորներուն մէկ երրորդէն աւելին օտար լեզուներով է: Թանգարանը ունի ընթերցասրահ մը եւ եռայարկ պահեստ:
- Յաւելուածներ [Appendices] (էջ 354-400).- Առաջին երկու յաւելուածները ձեւով մը «նկարներով պատմութիւն» են` ցոյց տալու եւ արձանագրելու համար 1930-2015 կաթողիկոսութեան յառաջընթացը: Առաջինը` «Կաթողիկոսական շէնքերը 1930-ականներուն» [The Premises in 1930s] հին լուսանկարներով կը ներկայացնէ առաջին տարիները Անթիլիասի մէջ: Երկրորդը` «Կաթողիկոսութեան եւ այլ հաստատութիւններու շէնքերը 2015-ին» [The premises and Other Institutions in 2015] կը ներկայացնէ ներկան 18 լուսանկարներով: Երրորդ յաւելուածն է` «Ամբողջական ցանկ Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսներու» [Complete List of the Catholicoi of the Armenian Church] թիւով` 177: Չորրորդ յաւելուածը «Հայոց պատմութեան համառօտ ժամանակագրութիւն» մըն է [A Concise Chronology of Armenian History]: Վերջին երկու յաւելուածները պատրաստուած են Սեդա Պ. Տատոյեանի կողմէ: Հինգերորդ յաւելուածն է «Հատորին հեղինակներուն հակիրճ ինքնակենսագրականները» [Brief Autobiographies of the Contributors to the Volume].
- «Վերջաբան», Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս. [«Epilogue», His Holiness Catholicos Aram I] (էջ 350-352).- Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կը բացատրէ հատորին երեք հիմնական նիւթերը, որոնք կը կազմեն անոր խորագիրը: «Այս հատորին խորագիրը, կը գրէ վեհափառը,- Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը – պատմութիւն, գանձեր, առաքելութիւն», ունի խոր իմաստ եւ յստակ պատգամ… Պատմութիւնը այն միջավայրն է, ուր հաւատքը, մարդու վերանցական ձգտումը եւ ժամանակի եւ տեղի ազդեցութիւնները ուժգնօրէն կը բացայայտուին: Հայոց պարագային, պատմութիւնը պարզապէս պատահական դէպքերու շարան մը չէ. անիկա կը կազմէ այն միջավայրը, ուր իրենք կը գտնուին Աստուծոյ հետ կենաց երկխօսութեան մը մէջ` հաւատքո՛վ ընդառաջելով անոր հրամայականներուն եւ հետեւանքներուն: Գանձերը, որոնք համառօտ կերպով ներկայացուած են հատորին մէջ, կը ներկայացնեն հայոց հոգեւոր հարուստ մշակոյթը, որ յաճախ արեան գնով ժողովո՛ւրդը ստեղծած եւ պահպանած է Կիլիկիոյ` Հայաստանի շարունակութեան մէջ, ապա` սփիւռքի մէջ: … Առաքելութիւնը եկեղեցիին գոյութեան բուն էութիւնն է: Հայ եկեղեցիին համար եւ Հայաստանի աշխարհագրական-քաղաքական պայմաններու պատճառով, ոչ-քրիստոնէական արժէքներու հետ առօրեայ շփումով եւ բազմամշակութային ընկերութեանց մէջ իբրեւ փոքրամասնութիւն կացութեան պատճառով, առաքելական գործունէութիւնը եղաւ առաջնահերթ հարց, մանաւանդ` Կիլիկիոյ մէջ: Մեր առաքելութիւնը կը շարունակուի նորոգեալ ուժով եւ խոր նուիրումով: Այս վերջաբանը, ձեւով մը, յառաջաբանն է յոյսի, հաւատքի եւ տեսիլքի նոր երթի մը…»:
(Շար. 2 եւ վերջ)