Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սիմոն Զաւարեանի 150-Ամեակի Նշում
Երեւանի Մէջ
Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն մէկուն` հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Սիմոն Զաւարեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին ներկայացուած է գործիչի ուղին` կեանքն ու գործունէութիւնը:
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուդինեանի համաձայն, Սիմոն Զաւարեան եղած է այն գործիչներէն, որոնք քաղաքականութեան մէջ երբեք չշեղեցան հայուն բնորոշ ազգային բարոյական չափանիշներէն:
Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է
Հրաչեայ Աճառեանի Կիսանդրիին
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ներկայ գտնուած է ականաւոր հայ լեզուաբան եւ բառարանագիր, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի կիսանդրիի բացման արարողութեան:
Կիսանդրիին բացումը կատարած են Երեւանի քաղաքապետն ու Հրաչեայ Աճառեանի ծոռը` Անի Աճառեան:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ մայրաքաղաքի Աւան վարչական շրջանի համանուն թաղամասի Աճառեան փողոցին վրայ մեծ հայորդիին կիսանդրիին տեղադրումը քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նախաձեռնութիւնն է:
Յատուկ կերպով կարեւոր նկատելով Աւան վարչական շրջանի թաղամասերն ու պուրակները հայ մեծերուն անուններով անուանակոչումը, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին մէջ անոնց քանդակներու տեղադրումը, նախաձեռնութեան մասնակիցները նկատել տուած են, որ ուսուցողական ու ճանաչողական բնոյթ կրող նմանատիպ նախաձեռնութիւնները մեծ արժէք եւ դերակատարութիւն ունին յատկապէս մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Կիսանդրիի տեղադրման աջակցելուն համար իր երախտագիտութիւնը յայտնելով քաղաքապետին` մեծանուն գիտնականին ծոռը նշած է, որ յարգանքի նման դրսեւորում երախտագիտութեան իւրօրինակ խօսք է` ուղղուած ազգի նուիրեալներուն:
Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց
Մոնթեպելլոյի Պատուիրակութիւնը
Նոյեմբեր 23-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Մոնթեպելլօ շրջանի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեանն ու ՀՅԴ Արեւմտեան ափի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Հայ դատի խորհուրդի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհաւորեց Ճ. Հաճինեանը` վերջերս Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ վերընտրուելուն համար եւ ուրախութիւն յայտնեց այն մասին, որ հայ երիտասարդը օտար երկրի մը մէջ կրցած է նման բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնի հասնիլ:
«Հայութեան համար մեծ հպարտութիւն է ամերիկեան կառավարական կառոյցներուն մէջ տեսնել իր հայրենակիցները. ասիկա ազգային հպարտութեան ազդակ է անոնց եւ աւելի կ՛ամրապնդէ ազգային արմատներուն եւ ինքնութեան հետ անոնց կապը: Հետեւաբար շատ կարեւոր կը նկատեմ յատկապէս երիտասարդութեան հետ տարուող աշխատանքը, մանաւանդ որ այսօր համաշխարհայնացած աշխարհը երբեք չի նպաստեր ազգային ինքնութեան պահպանման», ըսած է Հրանուշ Յակոբեան` յորդորելով աւելի նպատակասլաց եւ արդիւնաւէտ կերպով աշխատիլ երիտասարդութեան հետ:
Ներկայացնելով Մոնթեպելլոյի հայ գաղութը` Ճեք Հաճինեան ըսաւ, որ անիկա Լոս Անճելըսի հնագոյն քաղաքն է, ունի 62.500 բնակիչ, որուն 7 հազարը հայ է: Հոն կը գործէ Հայ Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցին, Մեսրոպեան ազգային վարժարանը, աշխուժ կերպով կ՛աշխատին` Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը: 1968-ին հոն կանգնեցուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող: Յատկանշական է նաեւ, որ Մոնթեպելլոն քոյր քաղաք հռչակուած է Ստեփանակերտի հետ, եւ այս այցելութեան ընթացքին միացեալ գործունէութեան լայն ծրագիրներ մշակուած են:
Այնուհետեւ ներկաները զրուցած են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն մասին: Հրանուշ Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացած է նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն` յոյս յայտնելով, որ Մոնթեպելլոյի հայութիւնը, ունենալով հայ քաղաքապետ, աւելի աշխուժ կերպով կը մասնակցի անոնց:
Երկուստեք շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել` իրարու նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու, քանի որ փոխադարձ վստահութիւնը հիմնական գրաւականն է արդիւնաւէտ ծրագիրներ կեանքի կոչելու:
Աղաւնոյ Գիւղին Մէջ 24 Բնակարաններ
Արդէն Պիտի Սկսին Գործածուիլ
Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) կողմէ կառուցուող 50 առանձնատուներէն 24-ը մինչեւ տարեվերջ արդէն պիտի սկսին օգտագործուիլ:
Հոն կը կատարուին վերջին հանգրուանի աշխատանքները` արտաքին յարդարում, բնակարաններու մերձակայ տարածքի բարեկարգում: Միւս 26 բնակարանները պատրաստ պիտի ըլլան յաջորդ տարի: Հոն կը կատարուի արտաքին ջրամատակարարման եւ կոյուղիի ցանցերու կառուցում:
Յիշեցնենք, որ բնակարաններու շինարարութիւնը սկսած է 2013 թուականին` Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան վերաբնակեցման գօտիի զարգացման ծրագիրներու ծիրին մէջ: Նիւթականը կը յատկացնէ «ARI 3 Limited» ընկերութեան` Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան եւ Արցախի ներդրումային հիմնադրամի համաֆինանսաւորմամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Վերջին Եօթը Տարիներուն Ստեղծուած Է
Հայերէն 26 Տառատեսակ
Հայաստանի Ազգային գրապալատի հայկական տառատեսակներու մշակման եւ պահպանման բաժինը վերջին եօթը տարիներուն ստեղծած է հայկական 26 տառատեսակ:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ազգային գրապալատի հայկական տառատեսակներու մշակման եւ պահպանման բաժինի վարիչ Էդիկ Ղաբուզեան` աւելցնելով, որ 26 տառատեսակներն ալ «եունիքոտ» համակարգին մէջ մշակուած են, կարելի է զանոնք օգտագործել որեւէ տպագրութեան եւ կայքի մէջ:
Էդիկ Ղաբուզեանի համաձայն, իրենք ունին յստակ առաջադրանք` տարեկան երեք տառատեսակ ստեղծել, սակայն աւելին ըրած են ու կ՛ընեն. «Եօթը տարուան ընթացքին 26 տառատեսակ ստեղծած ենք: Այս տարուան ընթացքին ալ հինգ տառատեսակ ստեղծեցինք»:
Ան դիտել տուած է, որ ամէնէն կիրարկելին GHEA Mariam եւ GHEA Grapalat տառատեսակներն են, որոնք ընդունուած են պետական համակարգին մէջ` իբրեւ պարտադիր տառատեսակներ:
«Պետական համակարգին մէջ որեւէ փաստաշրջանառութիւն կը կատարուի այդ տառատեսակներով, կը գործածուին նաեւ գեղարուեստական գրականութիւն տպելու համար, գովազդային պաստառներու վրայ», բացատրած է Ղաբուզեան:
«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը 2015-ին
2 Միլիառ 512 Միլիոն Դրամ Տրամադրած Է
Ընկերային Տարբեր Ծրագիրներու
Այս տարուան ընթացքին «Վիվասել-Էմ. Թի.Էս.»-ը 2 միլիառ 512 միլիոն դրամ տրամադրած է ընկերային բնոյթի տարբեր ծրագիրներու, որոնց մէջ 894 միլիոն 500 հազար դրամ (35.6 տոկոս) ներդրուած է մշակութային նախագիծերու մէջ:
25 նոյեմբերին կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս առնչութեամբ անդրադարձած են Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանն ու «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Նախարարը բարձր գնահատած է ընկերութեան այս աջակցութիւնը` դիտել տալով, որ մշակութային բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կարելի չէր ըլլար կեանքի կոչել առանց «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի նեցուկին: «Մեր բարեկամութիւնը արդէն տասը տարուան պատմութիւն ունի: Մեծ է ընկերութեան ներգրաւուածութիւնը յատկապէս ժամանակակից արուեստի եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտներուն մէջ: Սակայն չկայ որեւէ ոլորտ, ուր ընկերութիւնը չունենայ իր մասնակցութիւնը: Պէտք է նշել, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մասնակցութեամբ իրականացուող իւրաքանչիւր ծրագիր կ՛արձանագրէ որակական բարձր արդիւնքներ»:
Ընդհանուր առմամբ, իր գործունէութեան տասը տարիներուն «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը 23,6 միլիառ դրամ յատկացուցած է ընկերային զանազան նախագիծերու, անոր մէջ 7 միլիառ 912 միլիոն 600 հազար դրամը (34,4 տոկոս) տրամադրուած է մշակութային ծրագիրներու:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ի աջակցութիւն մշակոյթին` նպատակ ունի նպաստելու աշխարհի հետ երկխօսութեան հաստատման եւ ազգային արժէքներու տարածման: Մշակոյթը նաեւ ինքնարտայայտման ձեւ է, մեր եզակիութիւնը, ազգային ինքնութիւնն ու տեսլականը ներկայացնելու միջոց: Աջակցութիւն ցուցաբերելով մշակութային նախաձեռնութիւններուն` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը հետամուտ է իր աւանդն ունենալու ազգային մշակութային աւանդոյթներու ներկայացման եւ երիտասարդ սերունդի գեղագիտական դաստիարակութեան գործին մէջ: Իւրաքանչիւր մշակութային նախաձեռնութիւն նոր որակ եւ գոյն կը հաղորդէ հայ հասարակութեան», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Նշենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ գործադրուող ծրագիրներուն մէջ կան մշակութային եւ ազգային տարբեր բնագաւառներու վերաբերող բազմաճիւղ աշխատանքներ:
Տեղի Ունեցաւ Ամերիկահայ Բանաստեղծուհի
Սոնա Վանի «Լիբրետօ Անապատի Համար»
Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ բանաստեղծուհի Սոնա Վանի «Լիբրետօ անապատի համար» գիրքին շնորհահանդէսը: Հեղինակը գիրքը նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան նշեց, «Բազմաթիւ գրականագէտներ, գրաքննադատներ եւ թարգմանիչներ (հայ թէ օտար) Սոնա Վանին կը համարեն մեր ժամանակներու մեծագոյն գրական երեւոյթներէն մէկը, եւ կը կարծեմ, որ այստեղ չափազանցութիւն չկայ: Իսկապէս Աստուած շռայլ գտնուած է Սոնայի հանդէպ` զայն օժտելով ո՛չ միայն բանաստեղծի, բժիշկ-հոգեբանի տաղանդներով, այլեւ մարդկային լաւագոյն որակներով` գեղեցկութեամբ, բարութեամբ, կանացի հմայքով»:
Սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ վանեցիի թոռ ըլլալով` Սոնա Վանը միշտ վառ կը պահէ իր նախնիներու յիշողութիւնը եւ զայն վարպետօրէն կը դարձնէ բանաստեղծութեան: «Ընդհանրապէս, ամէնէն գնահատելին Սոնա Վանի բանաստեղծութեան մէջ այն է, որ ան կը յաջողի ամենաառօրէական, ամէնէն ոչ բանաստեղծական իրավիճակները հաղորդել խորունկ քնարականութիւն եւ բանաստեղծական քնքշութիւն` բառի եւ կշռոյթի, մտքի եւ զգացմունքի կատարեալ ներդաշնակութեամբ, առանց յատուկ ճիգի եւ ջանքի, առանց կեղծ բարեպաշտութեան: Իր բանաստեղծութեամբ ան կը փորձէ փրկել մարդկութիւնը կեղծիքէ, հոգեկան աղճատումէ, անկումէ եւ տանիլ մարդը դէպի լոյսը, դէպի գեղեցիկը», աւելցուց ան:
Նախարարը նշեց, որ Սոնա Վանը 5 ժողովածուի հեղինակ է: «Վերջին` «Լիբրետօ անապատի համար» ժողովածուն կարճ ժամանակի ընթացքին թարգմանուած է 9 լեզուներով` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, ուքրաներէն, գերմաներէն, վրացերէն, պարսկերէն, թրքերէն, եբրայերէն: Այս առիթով կ՛ուզէի մէջբերել ռուս անուանի բանաստեղծուհի եւ թարգմանիչ Իննա Լիսնեանսքայայի խօսքերը. «Հայերու ցեղասպանութեան նիւթով Սոնա Վանի գործերը անկասկած պէտք է համարել մինչեւ օրս գրուած ամէնէն հզօրներէն մէկը», աւելցուց նախարարը:
Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան Սոնա Վանը պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» մետալով:
Բանաստեղծուհիին նոր գիրքին մասին զեկուցումներով հանդէս եկան գրականագէտներ Սերժ Սրապիոնեանը եւ Նորայր Ղազարեանը:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս գալով` ամերիկահայ բանաստեղծուհի Սոնա Վանը նշեց. «Ես անկեղծօրէն չէի սպասեր այսպիսի հանդիպման, եւ այս մէկը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նուէրն է ինծի եւ իմ աշխատանքիս»:
Հեղինակը ընդգծեց, որ գիրքը իր հօրաքրոջ եւ բոլոր այն հայ կոյսերուն համար է, որոնք ցեղասպանուելով` չհասան մօտենալու եկեղեցւոյ խորանին: Սոնա Վանը ըսաւ, որ իրեն համար Եղեռնը շարունակուած է նաեւ ընտանիքին ֆիզիքական փրկութենէն ետք` մեծ հօր օրագրային գրառումներու տեսքով:
Տեղեկացնենք, որ հանդիսութեան աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան վայելելու Սոնա Վանի բանաստեղծութիւնները Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Եուզպաշեանի ասմունքով, դիտեցին Սոնա Վանի մասին պատմող ժապաւէն մը, ինչպէս նաեւ անոնք ըմբոշխեցին համերգային ծրագրով հանդէս եկած «Ծաղկազարդ» խումբը: