Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի Սպանութիւնը Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Մուտքը Պէյրութ

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ 14 սեպտեմբեր 1982-ի յետմիջօրէին, Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնին առջեւ

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ 14 սեպտեմբեր 1982-ի յետմիջօրէին, Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնին առջեւ

Իսրայէլեան բանակին Պէյրութի դուռերուն հասնելէն ետք, 1982-ի սեպտեմբերի սկիզբը, պաղեստինեան եւ սուրիական վերջին զօրաբաժինները հեռացան Պէյրութէն, անցքերը վերաբացուեցան եւ բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերու արեւմտեան շրջաններ մուտքով ապահովութեան ծրագիրի գործադրութիւնը սկսաւ: Իսրայէլ «Գալիլիոյ համար խաղաղութիւն» գործողութիւնը աւարտած կը նկատէր եւ սկսած էր ճնշում բանեցնել ընտրեալ նախագահ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի վրայ` խաղաղութեան դաշինք մը կնքելու համար:

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ 1 սեպտեմբեր 1982-ին Իսրայէլի Նահարիա աւանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Մենահիմ Պեկինի հետ: Պեկին Պեշիրէն պահանջեց, որ խաղաղութեան դաշինք կնքէ Իսրայէլի հետ, նկատել տալով, որ լիբանանեան պատերազմի ամբողջ ընթացքին Իսրայէլ եղած է «Լիբանանեան ուժեր»-ուն գլխաւոր նեցուկը: Պեկին աւելցուց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի չհեռանան հարաւային Լիբանանէն, մինչեւ որ խաղաղութեան դաշինք չկնքուի:

Շէյխ Պեշիր ըսաւ, որ «Լիբանանեան ուժեր»-ը եօթը տարի կռուեցան եւ հազարաւոր զոհեր տուին, Լիբանանը ազատագրելու համար պաղեստինեան եւ սուրիական ուժերէն, եւ իր այս պահանջով Իսրայէլ փոխարինած պիտի ըլլար զանոնք:

Պեկին բարկացած կրկին անգամ Պեշիրի յիշեցուց իսրայէլեան նեցուկը: Պեշիր պատասխանեց ըսելով, որ չի կրնար խաղաղութեան դաշինք կնքել առանց լիբանանցի իսլամներուն եւ արաբ ժողովուրդներուն հաւանութիւնը առնելու:

Պեկինի եւ Պեշիրի միջեւ ծագած տարակարծութիւնը լուծելու առաջադրանքով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Արիէլ Շարոն սեպտեմբեր 12-ին Պիքֆայա այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ շէյխ Պեշիրի հետ: Պեշիր Շարոնի ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը պիտի մտնէ պաղեստինեան գաղթակայանները եւ զինաթափ պիտի ընէ մնացած կռուողները: Ան նաեւ ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը պիտի օգնէ Իսրայէլի` Լիբանանի մէջ սուրիական բանակին դէմ կռիւի պարագային: Շարոն Պեշիրի յիշեցուց Իսրայէլի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքելու անհրաժեշտութեան մասին, բայց Պեշիր մնաց իր մերժողական կեցուածքին վրայ:

Պեշիրի ծրագիրն էր, որ իսրայէլեան բանակը սուրիական ուժերը քշէ Լիբանանէն եւ կը խորհէր այնուհետեւ իր կապերը օգտագործելով դիմել ամերիկացիներուն, որպէսզի ճնշեն Իսրայէլի վրայ` քաշուելու լիբանանեան հողերէն: Այսպիսով շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ կարմիր գիծը անցաւ եւ իր մահավճիռը հաստատած եղաւ:

Երեքշաբթի, 14 սեպտեմբերին շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ հանդիպում ունեցաւ իր քրոջ` կրօնաւորուհի քոյր Արզէի հետ: Այնուհետեւ ան ուղղուեցաւ Էշրեֆիէ, Սասին հրապարակին մօտակայ փաղանգաւորներու կեդրոնը, ուր հաւաք մը կազմակերպուած էր ի պատիւ ընտրեալ նախագահին, ուր ան վերջին անգամ ըլլալով խօսք պիտի առնէր իբրեւ փաղանգաւոր ղեկավար եւ «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատար:

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնին մէջ, սպանութենէն քանի մը վայրկեան առաջ

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնին մէջ, սպանութենէն քանի մը վայրկեան առաջ

Bach_109

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Շէյխ Պեշիր ժամը 4:00-ին խօսք առաւ: Տասը վայրկեան ետք, ժամը 4:10-ին ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ կեդրոնին մէջ, քանդելով շէնքին երեք յարկերը: Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ եւ քսանվեց ուրիշներ զոհուեցան եւ շուրջ եօթանասուն ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան:

Պայթումէն ետք, փաղանգաւոր ուժեր անմիջապէս պաշարման օղակ մը հաստատեցին դէպքին վայրին շուրջ: Յաջորդող քանի մը ժամերուն լիբանանեան բոլոր աղբիւրները, ու իրենց տեղեկութիւնները անոնցմէ քաղող միջազգային լրատու գործակալութիւնները հաւաստիացուցին, որ նորընտիր նախագահը փրկուած է մահափորձէն ու ոտքէն թեթեւօրէն վիրաւորուելով «Օթէլ Տիէօ» հիւանդանոց փոխադրուած է:

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի մարմինը միայն ուշ գիշերին կարելի եղաւ դուրս բերել ականահարուած շէնքին փլատակներուն տակէն:

Վարչապետ Շաֆիք Ուազզան կէս գիշերին, իր բնակարանին մէջ մամլոյ յայտարարութեամբ մը հաստատեց շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի մահուան գոյժը:

Ընտրեալ նախագահին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 15-ին, Պիքֆայայի մէջ, պաշտօնական արարողութեամբ ու զինուորական պատիւներով:

Պաապտայի պալատէն կանուխ առաւօտուն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը տուաւ շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի մահուան գոյժը:

Նախագահ Իլիաս Սարգիս եւ վարչապետ Շաֆիք Ուազզան յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պիքֆայա ժամանեցին ու իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին փաղանգաւորներու կուսակցապետ շէյխ Փիեռ Ժըմայէլի եւ երեսփոխան շէյխ Ամին Ժըմայէլի: Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան Պիքֆայայի հրապարակը, ուր տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան պաշտօնական արարողութիւնը:

Նոյն միջոցին, Պիքֆայայի Մար Ապտա եկեղեցիէն դէպի Պիքֆայայի հրապարակը փոխադրուեցաւ հանգուցեալ նախագահին դագաղը:

Մարոնիներու Խըրէյշ պատրիարքը գլխաւորեց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Կրօնական արարողութեանց աւարտին խօսք առին Նասրալլա Սֆէյր եպիսկոպոս, նախագահ Իլիաս Սարգիս եւ շէյխ Ամին Ժըմայէլ: Այնուհետեւ հանգուցեալ նախագահին դագաղը փոխադրուեցաւ իրենց ընտանեկան դամբարանը, ուր հողին յանձնուեցաւ թնդանօթի 21 հարուածներով:

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ ծնած էր 1947-ին, Պէյրութ: Ուսումը ստացած էր յիսուսեան հայրերու Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ, վկայուելով քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքէն: 1976-ին ստանձնած էր փաղանգաւոր զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը: 1981-ին անդամ դարձած էր Լիբանանեան ճակատին: Ան հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէր 23 սեպտեմբերին:

Ժըմայէլները (արաբերէն ժամիլ` գեղադէմ) դարեր շարունակ մարոնի իշխող ընտանիքներէն եղած են: Անոնք ծագումով Աքուրայի մօտակայ Եանուհ գիւղէն են, ուրկէ փոխադրուած են Ժըպէյլ գաւառի Ժաժ գիւղը, այնուհետեւ` Քեսրուան, իսկ 1545-ին Պիքֆայայի մէջ բնակութիւն հաստատած են: Էմիր Ֆախրէտտին Մաան շէյխութեան տիտղոս տուաւ անոնց: Ֆիլիփ Ժըմայէլ պատրիարք եղած է, իսկ Անթուան փաշա Ժըմայէլ Եգիպտոսի մէջ «Ալ Զուհուր» թերթի հիմնադիրը եղած է:

* * *

Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնը պայթումէն ետք

Էշրեֆիէի փաղանգաւորներու կեդրոնը պայթումէն ետք

Շէյխ Պեշիր Ժըմայէլի մահուան գոյժին հրապարակումէն քանի մը ժամ ետք, սեպտեմբեր 15-ի առաւօտուն իսրայէլեան ուժեր մուտք գործեցին Պէյրութի արեւմտեան գօտիէն եւ հարաւային արուարձաններէն ներս:

Իսրայէլեան յառաջխաղացքն ու յարձակումները շարունակուեցան ամբողջ օրը եւ ընթացան բազմաթիւ առանցքներու վրայ:

Առաջին յառաջխաղացքները սկսան հարաւէն, երեք գլխաւոր առանցքներու վրայ: Այսպէս, իսրայէլեան ուժեր յառաջացան օդակայանէն դէպի Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայանները, զանոնք անջատելով Պուրճ Պարաժնէէն: Երկրորդ յառաջխաղացքը տեղի ունեցաւ Ուզահիէն դէպի Սամըրլէնտ, Ժընահ, Ռամլէթ Պայտա եւ Ռաուշէ, իսկ երրորդը` Պիր Հասան-Քոլայի բոլորակ առանցքին վրայ: Այս շրջաններուն մէջ իսրայէլեան ուժեր դիրքեր եւ անցարգելներ հաստատեցին գլխաւոր խաչմերուկներու եւ ճամբաներու վրայ, գործնապէս պաշարման օղակներու մէջ առնելով պաղեստինեան գաղթակայանները:

Երեկոյեան, իսրայէլեան ուժերը մուտք գործեցին Սապրա գաղթակայանէն ներս, շրջանին մէջ գտնուող զինեալ ուժերուն հետ բախումներէ ետք:

Յառաջխաղացքներուն զուգահեռ, իսրայէլեան օդանաւեր ժամը 5:15-էն սկսեալ ու աւելի քան չորս ժամերու ընթացքին, բազմաթիւ թռիչքներ կատարեցին Պէյրութի վերեւ: Նոյն միջոցին, Պէյրութի օդակայանին մէջ իսրայէլեան օդանաւեր էջք կատարեցին, որոնք նոր ուժեր կը փոխադրէին դէպի Պէյրութ:

Իսրայէլեան յառաջխաղացք մը ծայր առաւ նաեւ նաւահանգիստէն դէպի պանդոկներու եւ կեդրոնական շուկաներու ուղղութեամբ, ինչ որ ծայր տուաւ յառաջացող ուժերուն եւ գլխաւորաբար մուրապիթուններու միջեւ բախումներու: Իսրայէլեան ուժեր յառաջացան մինչեւ Նորմանտիի շրջանը, իսրայէլեան մարտանաւերէ կատարուած ռմբակոծումներու հովանիին տակ:

Ծովեզերեայ գօտիին զուգահեռ, իսրայէլեան ուժեր կեդրոնական շուկաներու շրջանէն անցնելով, ուղղուեցան դէպի Ուատի Ապու Ժամիլ: Ուշ գիշերին, իսրայէլեան կարգ մը ուժեր հասան մինչեւ Արլըքէնի մօտակայ թաղամասերը:

* * *

Հինգշաբթի, 16 սեպտեմբերի կանուխ առաւօտէն սկսեալ, եւ օդանաւային սուտ յարձակումներու հովանիին տակ իսրայէլեան ուժերը սկսան յառաջանալ մէկէ աւելի առանցքներու վրայ: Հրասայլային զօրաբաժին մը պանդոկներու շրջանէն ուղղուեցաւ դէպի Զոքաք Պլաթ ու անկէ աւելի հարաւ` Մար Իլիաս, Մազրաայի քոռնիշին վրայ գտնուող Հըլու զօրանոցին ուղղութեամբ: Երկրորդ զօրաբաժին մը ուղղուեցաւ դէպի Քլեմանսօ փողոց, եւ ֆրանսական դեսպանատան, կեդրոնական դրամատան ու տեղեկատուութեան նախարարութեան մօտէն անցնելով բարձրացաւ դէպի պատկերասփիւռի կայան տանող մայրուղիէն: Երրորդ զօրաբաժին մը ընթացաւ ծովեզերքէն ու հասաւ մինչեւ զինուորական բաղնիք, իսկ չորրորդ թեւ մը ամբողջացուց Պէյրութի արեւմտեան ծովեզերքին օղակումը: Միւս կողմէ, հարաւէն դէպի հիւսիս շարժելով, զօրաբաժին մը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանէն ուղղուեցաւ դէպի Վերտէոն եւ Պրիսթոլ պանդոկի շրջանը. կարգ մը ուժեր մուտք գործեցին նաեւ Համրա փողոց:

Իսրայէլեան ուժերը, որոնք յառաջխաղացքներուն զուգահեռ դիրքեր հաստատեցին կարգ մը փողոցներու եւ խաչմերուկներու, ինչպէս նաեւ` դէպի Համրա տանող ճամբաներուն վրայ, կարգ մը շրջաններու մէջ սահմանափակ կամ ուժգին դիմադրութեան դէմ յանդիման եկան: Արեւմտեան Պէյրութի կազմակերպութեանց պատկանող ուժեր գնդացիրներով եւ կիսածանր զէնքերով դիմադրեցին իսրայէլեան հրասայլերուն, որոնք ռմբակոծեցին դիմադրող դիրքերը: Ծայր առին բազմաթիւ հրդեհներ, որոնցմէ մէկը` կեդրոնական դրամատան երկրորդ յարկին վրայ, ինչպէս նաեւ` քանդուեցան կամ այրեցան ճամբաներու  եզրերուն կանգ առած բազմաթիւ ինքնաշարժներ: Ռումբ մը ստացաւ նաեւ իտալական դեսպանատունը:

Կարգ մը թաղերու մէջ կրակոցներն ու պայթումները շարունակուեցան մինչեւ գիշեր, երբ իսրայէլեան օդանաւեր նոր թռիչքներ կատարեցին ու լուսարձակ ռումբեր արձակեցին ելեկտրականութենէ զուրկ արեւմտեան Պէյրութի վերեւ:

Միւս կողմէ, փաղանգաւոր կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու կը ներկայացնէ իր անդամներէն երեսփոխան Ամին Ժըմայէլը:

* * *

Շէյխ Պեշիրի մարմինը փլատակներու տակէն հանելու պահուն

Շէյխ Պեշիրի մարմինը փլատակներու տակէն հանելու պահուն

Արեւմտեան Պէյրութ իրենց ներթափանցումին երրորդ օրը, ուրբաթ, սեպտեմբեր 17-ին իսրայէլեան ուժերը արտակարգ միջոցառումներու դիմեցին, իրենց հակակշիռը ամրապնդելու համար մայրաքաղաքի բոլոր շրջաններուն վրայ:

Առաջին հերթին, իսրայէլեան ուժերը կրակմարի դրութիւն հաստատեցին Պէյրութի արեւմտեան գօտիէն ներս ու արգիլեցին շրջագայութիւնը: Ապա, անոնք բարձրախօսներով եւ այլ միջոցներով շրջանի բնակիչներէն եւ զինեալ կազմակերպութիւններէն պահանջեցին զինաթափ ըլլալ եւ իրենց մօտ գտնուող զէնքերը յանձնել ճշդուած կարգ մը կեդրոններ: Միաժամանակ, անոնք ձեռնարկեցին գլխաւոր փողոցներու վրայ իրենց զինեալ ներկայութեան ամրապնդման եւ կողմնակի թաղեր հակակշիռի ենթարկելու գործողութիւններու: Այսպէս, անոնք խուզարկութիւններ կատարեցին կազմակերպութեանց կեդրոններու եւ բնակարաններու մէջ ու զէնքեր եւ զինամթերք գրաւեցին: Հարաւային արուարձաններուն մէջ, նմանօրինակ խուզարկութեանց արշաւի մը ծիրին մէջ, իսրայէլեան ուժեր մուտք գործեցին շիի համայնքի Ղըպէյրիի կեդրոնը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր արգիլեցին կարգ մը մզկիթներու մէջ ուրբաթի յատուկ կրօնական արարողութիւնները:

Բացի զէնքերու հաւաքէն եւ խուզարկութիւններէն, իսրայէլեան ուժեր բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կատարեցին եւ հարցաքննութեան ենթարկեցին բազմաթիւ անձեր: Ինքնութեան ստուգումներ կատարուեցան նաեւ շրջանի պանդոկները իջեւանած անձերու մասին:

Հակառակ անոր որ իսրայէլեան ուժերը զինուորապէս նուաճած էին արեւմտեան Պէյրութը, զայն զինուորական պաշարման ենթակայ բազմաթիւ շրջաններու ենթարկելով, այսուհանդերձ, ներքին կարգ մը թաղամասերու մէջ, ներխուժող ուժերուն եւ շրջանի կազմակերպութեանց զինեալներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան: Այսպէս, մինչեւ ուշ երեկոյ, բախումներ տեղի ունեցան Պարպիրի, Ապու Շաքէրի, Մուսայթպէի, Քասքասի, Պասթայի եւ Ռաս Նապաայի ներքին թաղերուն մէջ, նկատի ունենալով, որ կարգ մը կազմակերպութիւններ կը մերժէին զինաթափ ըլլալ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը, ուժգին ռմբակոծումներէ ետք, գրաւեցին Մազրաայի քոռնիշին վրայ գտնուող մուրապիթուններու Արաբական Լիբանանի ձայն ձայնասփիւռի կայանը, ու անկէ զինաթափումի հրահանգներ արձակելէ ետք, վերջ տուին ռատիոկայանի հաղորդումներուն:

Իսրայէլեան ուժերու յարձակումներուն ընթացքին մուրապիթուններու ղեկավար Իպրահիմ Քլէյլաթ վիրաւորուեցաւ ոտքէն եւ դարմանատուն փոխադրուեցաւ:

Գրաւուած կեդրոններու շարքին էր նաեւ պաղեստինեան ուսումնասիրութեանց կեդրոնը:

Իսրայէլեան ուժեր նաեւ պաշարման տակ առին խորհրդային դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ զինեալ հսկողութիւն հաստատեցին խորհրդային դիւանագէտներու բնակարաններուն առջեւ:

Իսրայէլեան ուժեր մուտք գործեցին նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջափակէն ներս, իսկ Ռիվիերա պանդոկն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպանատունը զինուորական հիւանդանոցի վերածեցին:

Մայրաքաղաքի երկու գօտիներուն միջեւ անցքերը կը մնային փակ, բացի նաւահանգիստի անցքէն, որ բաց էր միայն զինուորականներու առջեւ:

Գիշերը, ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատումին առթած մթութենէն օգտուելով, անծանօթներ ձեռնառումբ մը նետեցին Արա Երեւանեան ակումբին, իսկ երկրորդ մը` «Ազդակ»-ի տպարանին վրայ: Մարդկային եւ նիւթական վնաս չարձանագրուեցաւ:

Միւս կողմէ, ազատական կուսակցութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, յայտարարելով, որ իր ղեկավարին` նախկին նախագահ Քամիլ Շամունի թեկնածութիւնը կը դնէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>