Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Անդրադարձ. Մեծ Կաշառքը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_120115

Կիրակի, 29 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն վեհաժողով մը, որուն գլխաւոր նպատակը ներգաղթեալներու դէպի Եւրոպա հոսքին լուծում մը գտնելն էր: Վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն յատկացուց 3 միլիառ եւրօ եւ համաձայն գտնուեցաւ հոկտեմբեր 2016-ին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն արտօնել առանց այցեգիրի մուտք գործել Շենկենի շրջան: Աւելի՛ն, որոշուեցաւ արագացնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը եւ երկու կողմերուն միջեւ գումարել տարեկան երկու վեհաժողովներ, իսկ յունիս 2016-ին ուժի մէջ պիտի մտնէ ներգաղթեալներու վերադարձի մասին համաձայնագիրը:

Համաձայնութիւնը կը ծառայէ գաղթականները պահելու Թուրքիոյ մէջ, այլ խօսքով` գաղթականները մինչեւ սուրիական տագնապին լուծումը, իսկ անոնց մէկ մասը նաեւ այդ լուծումէն ետք պիտի շարունակեն մաս կազմել թրքական ընկերութեան:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի վկայութեամբ` Անգարա արդէն 8 միլիառ տոլար ծախսած է Թուրքիա գտնուող տեղահանուածներուն օժանդակութեան համար, Սակայն ատիկա փաստօրէն ոչ մէկ ձեւով արգելակեց աւելի լաւ կեանքի ձգտող գաղթականներու հոսքը: Իրականութեան մէջ Եւրոպայի կողմէ տրամադրուած 3 միլիառ եւրոն չի կրնար նկատառելի ազդեցութիւն ունենալ այդ կացութեան վրայ: Պաշտօնապէս իբրեւ սուրիացի գաղթականներուն յատկացուած` յայտարարուած այդ գումարը իրականութեան մէջ կաշառք մըն է, որուն նպատակը թրքական իշխանութիւնները մղելն է արգելք հանդիսանալու գաղթականներու հոսքին: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ վեհաժողովէն մեկնելէ առաջ ընդգծեց, որ այդ գումարը պիտի փոխանցուի հանգրուանային ձեւով` «քայլ առ քայլ» հետեւելով Թուրքիոյ յառաջդիմութեան: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք իր կարգին յայտարարեց, որ Պրիւքսէլ Եւրոպա հասնող տեղահանուածներու թիւի «անմիջական եւ նկատառելի» նուազում մը կը սպասէ: Թուրքիոյ վստահուած առաքելութիւնը, սակայն, անմիջականօրէն առնչուած է Թուրքիոյ ղեկավարութեան քաղաքական կամքին: Թուրքիոյ ստանձնած նիւթական բեռին եւրոպական մասնակցութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ այդ իրողութենէն: Ի վերջոյ, Անգարայի կողմէ գաղթականներուն Եւրոպա «գործուղումը» Եւրոպական Միութեան վրայ ճնշում բանեցնելով զիջումներ ապահովելու համար չէ՞ր:

Եւրոպացի ղեկավարները ատիկա քաջ գիտնալով Թուրքիոյ շանթաժին դիմաց յաւելեալ զիջումներ կատարելով` իբրեւ կաշառք օգտագործեցին նաեւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին արագացումը եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու Շենկենի շրջան ազատ մուտքի արտօնման հեռանկարը:

Տաւութօղլու Պրիւքսէլի մէջ գոյացած եւ Եւրոպական Միութեան վարկին ոչ բարենպաստ համաձայնութիւնը իրաւամբ կոչեց «նոր սկիզբ մը», որովհետեւ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները այսուհետեւ հիմնուած պիտի ըլլան շանթաժի եւ կաշառքի վրայ: Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ զայն կոչեց «պատմական օր» մը, ինչ որ ճշգրիտ բնորոշում մըն է, որովհետեւ 16 տարի առաջ, երբ Թուրքիա Եւրոպական միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստացաւ` նշուեցաւ, որ բանակցութիւնները սկիզբ կ՛առնեն, սակայն հոլովոյթը առանց ժամկէտի է եւ կախեալ Թուրքիոյ արձանագրած յառաջդիմութենէն, իսկ այսօր շնորհիւ Անգարայի գտած հնարքին, այդ հոլովոյթը յառաջ կը մղուի` Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց մարզի թերութիւններէն անկախ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>