ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ուրբաթ, նոյեմբեր 13-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն վերիվարոյ ծանօթ ենք բոլորս ալ:
Արեւմուտքի քարոզչական միջոցներու (տպագիր, ելեկտրոնային թէ հեռասփռուող) հակազդեցութիւնը կը միտէր «տուփիկի» մէջ տեղաւորել պատահարը, որպէսզի քիչ մը խոր մտածելու առիթ չտրուի հանրային կարծիքին:
Այսպէս, դէպքին առթիւ ստեղծուած «հաշթակ»-ները, դէպքին «աննախընթաց» որակուիլը, պատճառ – հետեւանք կապի ի սպառ չգոյութիւնը, բայց մանաւանդ արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած կազմակերպութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ սերտ կապերու մասին որեւէ ակնարկի բացակայութիւնը կը միտէին ամբողջութեամբ շեղել հանրային կարծիքը հիմնական խնդիրներէն:
Փորձենք բացատրել:
Անցեալ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Իրաքի մէջ տեղի ունեցած նոյնանման ոճրային արարքներու զոհ գացին 714 իրաքցիներ:
Փարիզի ահաբեկչական դէպքերէն միայն երկու օր առաջ Պէյրութի մէջ նմանօրինակ արարքի զոհ գացին աւելի քան 40 անմեղ քաղաքացիներ (աւելի քան 200 ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան): Նոյն Պէյրութի մէջ երիտասարդ մը, Ատել Թըրմոս անունով, նկատելով կասկածելի մը, որ կը պատրաստուէր ինքզինք պայթեցնելու բազմութեան մէջ, նետուեցաւ վրան, պայթումէն ինք բզկտուեցաւ, բայց փրկեց տասնեակներով ուրիշներու կեանքերը: «Լը Մոնտ»-ը, «Լը Ֆիկարօ»-ն կամ CNN-ը անդրադարձա՞ն այս հերոսութեան:
Ոեւէ մէկը մտածե՞ց «աղօթել» Իրաքի կամ Պէյրութի զոհերուն համար, որեւէ «հաշթակ» ստեղծուեցա՞ւ, «Ֆէյսպուք»-ը իր օգտագործողներուն առաջարկե՞ց իրաքեան կամ լիբանանեան դրօշի գոյներով պատել իրենց դիմանկարները: Պատասխանը գիտենք բոլորս:
Գալով Փարիզի դէպքերուն «աննախընթաց» որակումին, այդ եւս սխալ է: Միայն մատի վրայ համրուող պարկեշտ լրագրողներ (որոնց շարքին` Ռապըրթ Ֆիսք) հանրութեան յիշեցուցին 1961 հոկտեմբերին պատահած ուրիշ նախճիր մը® Փարիզի սրտին վրայ, Փալէ տէ Սփորին շատ մօտերը: Այդ օր աւելի քան 20 հազար ալճերիացիներ ցոյց կը կատարէին (թէեւ չարտօնուած)` իբրեւ զօրակցութիւն իրենց երկրի ազատագրական պայքարին: Ոստիկանութիւնը սպաննեց մօտաւորապէս 200 խաղաղ ցուցարարներ: Ոստիկանները շատ մը ցուցարարներու ոտքերն ու ձեռքերը կապելով` զանոնք նետեցին Սեն գետը® Այդ օրերուն Փարիզի ոստիկանապետն էր Մորիս Փափոնը, որ 1940-ական տարիներուն Փեթենի գործակիցներէն եղած էր: Լէյլա Սեպպար անունով գրող մը մինչեւ իսկ վէպ մը գրած է այս նախճիրին նիւթով:
Իսկ ի՞նչ եղաւ Ֆրանսայի հակազդեցութիւնը Փարիզի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած ահաբեկչական արարքներէն ետք (արդէն հասանք այսօրուան մեր բուն նիւթին):
«Մենք պատերազմի մէջ ենք» յայտարարեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, եւ երկու օր ետք ֆրանսական օդուժը սկսաւ ռմբակոծել ՏԱՀԵՇ-ի (*) դիրքերը Սուրիոյ մէջ: Պատերազմ, բայց որո՞ւ դէմ: ՏԱՀԵՇ-ի՞: Բայց այս կազմակերպութիւնը ֆինանսաւորողներն ալ յայտնի են, անոր զինեալները զինող ու պարէնաւորողներն ալ յայտնի են, մարզումի կայաններ տրամադրող պետութիւններն ալ յայտնի են (Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Թուրքիա եւ այլն): Յայտնի են նաեւ Սուրիոյ դէմ չյայտարարուած պատերազմին մէջ այս կազմակերպութեան զօրակցող արեւմտեան պետութիւնները (որոնց շարքին` Ֆրանսան), ՏԱՀԵՇ-ի կողոպտած սուրիական քարիւղը գնողն ալ յայտնի է (Թուրքիա), նոյն ՏԱՀԵՇ-ին հրահանգներ արձակողը ու զայն իր ամբողջական հակակշռին տակ պահողն ալ յայտնի է` դարձեալ ու միշտ Թուրքիան:
Մինչեւ այսօր, Արեւմուտքի, ներառեալ Ֆրանսայի կողմէ, գէթ հրապարակուած հակազդեցութիւններուն մէջ մենք Թուրքիոյ մեղսակցութեան վերաբերող ոչ մէկ ակնարկութեան հանդիպեցանք:
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած ՏԱՀԵՇ ամէն տեսակի զօրակցութիւն կը ստանայ Թուրքիայէն` քաղաքական թէ գործնական գետնի վրայ: Այս կազմակերպութիւնը (ու անոր նմանները. անուններէն չխաբուինք) փաստօրէն վերածուած է Թուրքիոյ աղտոտ գործերը ընող «միլիս» խմբաւորումի: Թուրքիան այսօր այս խմբաւորում(ներ)ը կը գործածէ իր տարածաշրջանային ռազմավարական նպատակներուն համար: Այս ռազմավարական նպատակներէն մէկն ալ, երբե՛ք չկասկածինք, Հայաստանի ու հայութեան դիրքերու թուլացումն է:
Չմոռնանք Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումը ու տեղւոյն հայութեան տեղահանութիւնը մէկուկէս տարի առաջ: Չմոռնանք Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանին եւ Հալէպի Քառասուն Մանկանց դարաւոր եկեղեցւոյ ականահարումները: Չմոռնանք Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ռմբակոծումները: Ասոնք բոլորն ալ կատարուած են Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ, դրդումով կամ նոյնիսկ հրահանգով, միշտ` Անգարայի ռազմավարական շահերէն թելադրուած, որոնք էապէս հակահայ բնոյթ ունին:
ՏԱՀԵՇ-ը, իբրեւ գործիք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ձեռքը, իբրեւ անոնց «գաղտնի» զէնքը (որ շատոնց բացայայտուած է, ինչպէս ըսինք արդէն մեր խորագիրին մէջ), կրնայ լուրջ վտանգ սպառնալ Հայաստանին: Հայութիւնը, իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն, պէտք է գիտակցի այս նոր տեսակի վտանգին:
Այս հաստատումը կը կատարենք միայն ու միայն սթափ մօտեցում ցուցաբերելու տրամաբանութեամբ:
Թուրքիան այսօր նոր տեսակի ճակատ մը բացած է Հայաստանի ու հայութեան դէմ, ինչ որ մեզ կը մղէ ոչ միայն քարոզչական, այլեւ մանաւանդ` քաղաքական գետնի վրայ նորանոր նախաձեռնութիւններ առնելու պարտադրանքին տակ: Հո՛ս է, որ նաեւ կ՛իմաստաւորուի պաշտօնական Երեւանի ու սփիւռքի տարածքին հայկական քաղաքական ուժի ներքին համադրումը:
(*) Հայկական մամուլը բծախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերէ այս կազմակերպութեան անուանումին հարցով: Երբեք պէտք չէ գործածել Իսլամական պետութիւն, ISIL կամ ISIS անուանումները, որովհետեւ «պետութիւն» բառը գործածելով` զայն «օրինականացնելու» սուսուփուս ճիգին նպաստած կ՛ըլլանք: Ի վերջոյ «պետութիւն»-ը կ՛ենթադրէ միջազգային օրինական դրուածքին մաս կազմել: Հետեւաբար` միայն ՏԱՀԵՇ: