Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բոլոր մասնագիտութիւններն ալ ընկերային գետնի վրայ իրենց առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները ունին: Հիմնական, վերջնական արժէքը անշուշտ պէտք է մարդը ըլլայ, սակայն առաւելագոյնս նիւթականացած այս դարուն «դասակարգումները» միշտ կը գերակշռեն քիչ մը ամէն տեղ: Նոյն ասպարէզին, արհեստին մէջ մարդիկ անխուսափելիօրէն կը «դասակարգուին»: Թագաւորին սափրիչը, մեծահարուստի մը սափրիչը, հռչակաւոր երգիչի, դերասանի, մարզիկի մը սափրիչը, երկրորդական փողոցի մը սափրիչը: Իսկ մինչեւ այսօր տակաւին կան հեծանիւով շրջագայող սափրիչներ… Անշուշտ անոնց բոլորին նկատմամբ հանրութիւնը տարաբնոյթ վերաբերմունք ունի, այն աստիճան, որ թագաւորին սափրիչը մարդոց մեծամասնութեան կողմէ կ՛արժանանայ թագաւորական յարգանքի, մինչ հեծանիւով շրջագայող սափրիչը իբրեւ մարդ` յաճախ կ՛անտեսուի: Բնականաբար հիմնականը վճարումներն են եւ այսօրուան էջին պարագային` երկիրներու առաջին դէմքերու սափրիչներն ու մսխուած գումարները, ինչպէս նաեւ, Թուրքիոյ պարագային, սափրիչներուն կարծիքները նախագահին մասին: Ստորեւ` արեւմտեան կայքերէ քաղուած խճանկար մը:
Ն.
Ֆ. Հոլլանտի սափրիչին ամսականը` 9895 եւրօ
«Լը Փուան» թերթը բացայայտած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի սափրիչին ամսական աշխատավարձը 9895 եւրօ է:Կը նշուի, որ 46-ամեայ Օլիվիէի(անունը չի բացայայտուիր) հետ 5 տարուան աշխատանքային պայմանագիրը ստորագրուած է 2012 թուականին: Ըստ պայմանագիրին, սափրիչը պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ նախագահին համար(ամբողջ շաբաթը, օրական 24 ժամ), պէտք է ուղեկցի նախագահին արտասահմանեան ճամբորդութիւններուն եւ մանաւանդ պէտք է գաղտնապահ ըլլայ: Պայմանագիրը նաեւ կը ներառէ «բնակարանային օժանդակութիւն եւ ընտանեկան առաւելութիւններ»: Հոլլանտի սափրիչին աշխատավարձը մօտ է Ֆրանսայի նախարարներու աշխատավարձին, վերջիններս ամսական կը ստանան 9940 եւրօ աշխատավարձ:
Ըստ սափրիչի փաստաբանին, այս աշխատանքին պատճառով Օլիվիէ չէ կրցած ներկայ գտնուիլ իր երեխայի ծնունդին, նաեւ զեղչուած գինով վաճառած է իր սեփական սափրատունը: «Էլիզէ Փալաս» օրաթերթը կը հաստատէ, որ սափրիչը ամէն առտու, եւ քանի անգամ որ անհրաժեշտ է, իւրաքանչիւր ճառէ առաջ կը յարդարէ Հոլլանտին մազերը:
Բնականաբար նախագահի սափրիչին առնչուած այս տեղեկութիւնները Ֆրանսական լրատու միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ արագօրէն եռուզեռ ստեղծեցին` նախագահին մազերը հեգնելով #coiffeurgate-ով:
Քանի մը ամիս առաջ «Վենիթի Ֆեր»-ը նման բացայայտում մը ըրած էր` տեղեկացնելով, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի դիմայարդարը կոկիկ գումար մը կը գանձէր` ամսական 8 հազար եւրօ:
Ըստ Ա.Էֆ.Փէ. լրատու գործակալութեան, Սարքոզի Ֆրանսայի առաջին նախագահն է, որ արուեստագէտ դիմայարդար մը ունեցած է:
Սափրիչը, որ Օպաման առոյգ տեսքով կը պահէ
Ոչ ոք կ՛ուզէ անճոռնի մազերով տեսք ունենալ, բայց ո՞վ պատրաստ է տասնեակ հազարաւոր տոլարներ ծախսելու` պատշաճ սափրուելու նպատակով: Ըստ տեղեկագիրի մը, ասիկա կը յարմարի միայն թագաւորի մը, կամ Միացեալ Նահանգներու նախագահին:
Պարաք Օպամա շատ հետամուտ է առոյգ, թարմ տեսք ունենալու: Այդ պատճառով նախագահը կարգադրած է, որ իր քաղաքէն` Շիքակոյէն սափրիչ մը, որ միայն կ՛անուանեն Զարիֆ, 10 օրը անգամ մը օդանաւով հասնի Սպիտակ տուն:
Զարիֆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի սափրիչն է 1998 թուականէն ի վեր: Երբ ան Շիքակոյի Հայտ Փարքի սափրատան մէջ սովորական յաճախորդները չ՛ընդունիր, ժամանակը կ՛անցընէ կանոնաւոր ուղեւորութեամբ դէպի Սպիտակ տուն, ուր անոր պարտականութիւնն է «նախագահական սափրումի ենթարկել ազատ աշխարհի ղեկավարը»: Զարիֆ վերջերս հարցազրոյց մը տուաւ այն մասին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին սափրիչը ըլլալը:
«Մենք ուշադիր կ՛ըլլանք, որ նախագահը միշտ լաւ տեսք ունենայ:Ես Սպիտակ տուն կ՛երթամ եւ նախագահին մազերուն խնամք կը տանիմ: Անշուշտ ես այս աշխատանքը անվճար չեմ ըներ: Օպամա բոլորին նման 21 տոլար կը վճարէ: Մեզի համար կարեւոր չէ, թէ դուք որքան հռչակաւոր էք: Ամէն ոք նոյն գինը կը վճարէ», ըսաւ Զարիֆ:
Բայց ասիկա անշուշտ չի նշանակեր, որ Օպամա խնայողութիւն կ՛ընէ: Սափրիչին օդանաւային ուղեւորութիւնները` Շիքակօ-Ուաշինկթըն-Շիքակօ վերջին երեք տարիներուն պետական սնտուկին արժած են…27 հազար տոլար:
Նաթանիահուի սափրուելու ծախսը
Յունիսին Իսրայէլի մէջ բացայայտուեցան պետութեան գանձէն վարչապետ Պենիամին Նաթանիահուի անձնական մսխումները:Նիւ Եորք 6-օրեայ այցելութեան ընթացքին Նաթանիահու իր սափրիչին վճարած է 1600 տոլար: Տեղեկագիրին մէջ նաեւ կը նշուի, որ այդ այցելութեան համար ծախսուած է 600 հազար տոլար, որուն 20 հազար տոլարը` կարասիները տեղափոխելու եւ տեղադրելու ծախսը: Նաթանիահու նաեւ կնոջը հետ գնումներ ըրած է, եւ անշուշտ կարելի է երեւակայել, թէ կին մը, երբ ազատօրէն գնումներ ընէ, որքան գումար կրնայ ծախսել:
Տիկինը արդէն իսկ կը հարցաքննուի իր առտնին ծախսերուն գծով պետական գանձէն ըրած մսխումներուն համար: Եթէ ամուսինը 6-օրեայ ճամբորդութեան ընթացքին սափրիչի համար ծախսած է 1600 տոլար, ուրեմն կինը վարսայարդարի համար որքա՞ն կրնայ ծախսած ըլլալ: Ի վերջոյ վարսայարդարն ալ մարդ է, ան ալ պիտի ապրի…
Էրտողան` իր սափրիչներուն աչքով
Անոնք եղած են Ռ.Թ.Էրտողանի սափրիչները աւելի քան 20 տարիներ, ուրեմն ո՞վ կրնայ աւելի լաւ պատկերացում մը տալ անոր մասին:
Անոնք միասին մեծցած են Պոլսոյ Քասիմփաշա թաղի պահպանողական շրջանակին մէջ, ուր եկած են Սեւ ծովու առափնեայ Ռիզէ գիւղէն: Անոնցմէ մէկը այսօր Թուրքիոյ բոլոր ժամանակներու ամէնէն հզօր ղեկավարներէն մէկն է, մինչ միւսը` սափրիչ մը:
Եաշար Այհան տակաւին կապ մը ունի իր մանկութեան ծանօթին հետ: Ամէն անգամ, որ նախագահ Ռ.Թ.Էրտողան սափրիչի կարիքը ունենայ, անոր կը դիմէ:
Եաշար Այհան իր, յաճախորդ ընկերոջ մասին կ՛ըսէ.«Այս օրերուն Էրտողան աւելի նուազ կը հանդիպի, ոչ միայն բազմազբաղ ըլլալուն համար, այլ որովհետեւ հեւքէն եւ ճնշուածութենէն սկսած է մազերը կորսնցնել: Ես անոր սափրիչն եմ 1994-էն ի վեր: Հակառակ անոր որ ան կը ձգտի նախագահական յաւելեալ լիազօրութիւններու, ուժի, ատիկա դատարկ բան չէ, ան նուիրուած է Թուրքիոյ ծառայելու: Էրտողան օր մը ինծի ըսաւ. «Եթէ ես յաւելեալ ժամանակ յատկացնեմ պեխս շտկրտելու համար, չեմ կրնար հայրենիքին լաւ ծառայել»:Հակառակ ներկայացուած պատկերացումներուն` Էրտողան կարծուած բռնատէրը չէ: Ես առարկայական չեմ, բայց ես ապուշ մըն ալ չեմ: Էրտողան լաւ ղեկավար է, ան ջերմ, համակրելի, շնորհալի եւ խելացի մարդ մըն է: Պարզապէս ճիշդ չէ, որ ան բռնատէր է», կը պնդէ Թուրքիոյ նախագահին սափրիչը:
Անոր գործընկերը` Հայրի Կոզ համաձայն է. «Պրն. Էրտողան ազնիւ, հաճելի մարդ մըն է: Իւրաքանչիւր ընտրութեան ես իմ քուէս կու տամ անոր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Էրտողան բնաւ չէ փոխուած:Ես անոր սափրիչն եմ Պոլսոյ քաղաքապետ եղած օրերէն»:
Ռ.Թ. Էրտողան կը բնակի Անգարա գտնուող աշխարհի ամէնէն մեծ պալատին մէջ` Աք Սարայ (Սպիտակ պալատ), որ ունի հազար սենեակներ: Տարածութեամբ քառապատիկն է Վերսայի: Բայց սափրիչները կ՛ըսեն, որ Էրտողան չէ փոխուած եւ կը մնայ համեստ անձ մը:
«Ան, երբ քեզ տեսնէ, կը բարեւէ, բնաւ չի մոռնար, թէ ո՛ւր կ՛երթայ եւ որո՛ւ կը հանդիպի: Ես անոր հետ մեծցած եմ, բայց ան հիմա կարեւոր նախագահ է: Երբ հանդիպինք, կը հարցնէ.«Ինչպէ՞ս ես, եւ ես պրկուած չեմ ըլլար», կ՛ըսէ Այհան:
Արդեօք Էրտողան վճարումի ատեն առատաձե՞ռն է: Ատիկա նախագահին եւ սափրիչին վերաբերող հարց է: Այհան կ՛աւելցնէ. «Պրն. Էրտողան խնայասէր, սակաւապէտ մարդ է: Սափրիչի եթէ կարիք ունենայ, ինք Պոլիս կու գայ, փոխանակ զիս Անգարա կանչելու, ինչպէս աւելի շռայլ, մսխող ղեկավարներ կ՛ընեն»:
![Էրտողան Պոլսոյ քաղաքապետ եղած ժամանակ «Ումուտ» սափրատան մէջ (1995 կամ 1996)](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/08/erdogan-barber2_80516.jpg?resize=600%2C402)
Էրտողան Պոլսոյ քաղաքապետ եղած ժամանակ «Ումուտ» սափրատան մէջ (1995 կամ 1996)
Սափրիչներէն Ահմեթ Կիւլեր խրատ մը ունի Էրտողանի.«Եթէ այսօր հոս գայ սափրուելու, իրեն պիտի ըսեմ, որ աւելի հանդարտ ըլլայ: Ան երբեմն յանկարծ կը պոռթկայ: Պէտք չկայ յաւելեալ սրումի»: