Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

$
0
0

ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Բ.- Իրապաշտ Սերունդ 1885-1900

բ1.- Արեւմտահայ ճակատ

1885-ի Իրապաշտ շարժումը, հայ ժողովուրդի ապրած ընկերային եւ քաղաքական պայմաններուն համաձայն, արեւմտահայ գրականութեան մէջ կը ձգտի հաւաքական կեցուածքները հակադրել անհատական ուղղութեան: Իրապաշտ սերունդի գրականութիւնը կամուրջ մըն է Զարթօնքի եւ Գեղապաշտ սերունդներուն միջեւ:

  1. Գրաբար հայերէնը կատարեալ աշխարհաբարի կը վերածէ. այլեւս ժողովրդական լեզուն աշխարհաբար կ՛ըլլայ: 2. Իրապաշտներու ժամանակ գրաքննութիւնը չափազանց կը խստանայ. այս հարկադրանքին դիմաց մեր գրողները, ժողովուրդը տեղեակ պահելու համար ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային իրադարձութիւններուն, կը մղեն նորավէպի, քրոնիկի եւ թերթօնային գրականութեան հնարամիտ ոճերու որդեգրումին: 3. Երգիծական գրականութեան Զարթօնքի սերունդէն Յակոբ Պարոնեան կ՛անցնի Երուանդ Օտեանի, որ գեղապաշտ շրջանին ալ ինքզինք կը հաստատէ: 4. Արեւելահայ եւ արեւմտահայ կեանքի փոխադարձ ճանաչման փորձ կը կատարուի, մէկ կողմէ «Արձագանգ» եւ «Մշակ» արեւելահայութեան մօտ, միւս կողմէ «Մասիս» եւ «Արեւելք» Պոլսոյ մէջ: 5. Հայրենի գաւառի տոհմիկ պատկերները, հողին շունչն ու բարքերը եւ աւանդութիւնները խօսքի կը վերածուին: Գրականութեան մէջ, արուեստէ աւելի, մեր ժողովուրդը կը գտնենք: 6. Հայ հրապարակագիրը մօտէն կը ճանչնայ մեր ժողովուրդը, կը խորանայ անոր ընկերային, ազգային եւ կրթական տագնապանքին մէջ… Մեր մամուլը մեր ժողովուրդն է (իմա` հաւաքական): «Արեւելք», «Մասիս» եւ «Հայրենիք»` աւելի քան պատուաբեր վկայութիւններ են, մեր հրապարակագրութեան առողջ ըմբռնումին ու համապատասխան նուաճումներու ի նպաստ: Հաւաքական վերելքի հաւատք մը կը վարեն մեր թերթերը: Անոնց շուրջ հաւաքուած մարդիկ կը գիտակցին, որ նիւթական եւ իմացական նոր կարելիութիւններու հորիզոն մը ունին իրենց առջեւ (նոյն, էջ 324-325): 7. Մտաւորականութիւնը գրականութիւնը իբրեւ միջոց կը գործածէ, որ ժողովուրդը ընդունի կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է: 8. Պատմական նիւթեր արծարծելու փոխարէն, օգտապաշտական մտասեւեռումով, մեր ժողովուրդի հաւաքական ապրումներուն առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տայ (նոյն, էջեր 321-325):

Այս իրագործումները կատարած արեւմտահայ իրապաշտ գրողներն են` Արփիար Արփիարեան, Գրիգոր Զօհրապ, Հրանդ-Մելքոն Կիւրճեան, Սիպիլ, Տիգրան Կամսարական, Երուխան, Թլկատինցի, Լեւոն Փաշալեան, Արշակ Չոպանեան, եւ ուրիշներ: Անգամ մը եւս պէտք է ըսել, որ իրապաշտ գրողներու հանրային հանգանակը հաւաքապաշտութիւնն է: Այս երեւոյթը գնահատելու նպատակով պէտք է կարդալ.

– ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆի (1852-1908) նշանաւոր «Կարմիր ժամուց»-ը, որուն գլխաւոր արժէքը անոր ներկայացուցած մէկ կողմէ` քաղաքի պահպանողականութեան, միւս կողմէ` գաւառի անկեղծութեան եւ արժանապատուութեան հակադրութեան մէջ կը կայանայ: Արփիարեան իրապաշտ սերունդին տիրական դէմքերէն մէկն է, թէեւ իր կարելիութիւններուն ամբողջ լիութիւնը չէ կրցած տալ մեր գրականութեան:

– ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊի (1861-1915) «Անհետացած սերունդ մը», «Խղճմտանքի ձայներ», «Կեանքը ինչպէս որ է», «Լուռ ցաւեր» նորավէպերը: Զօհրապ կնոջ հոգիին եւ ապրումներուն ամէնէն վաւերական մեկնիչը կը հանդիսանայ. գռեհկութիւն չի տեսնուիր Զօհրապի կնոջ մէջ. Զօհրապի կինը իր կանացիութեան մէջ կը կայանայ. կնոջ մարմինէն, կիրքէն, խաթարումէն անդին` Զօհրապ կը հասնի անոր ներքին էութեան եւ իսկութեան:

Անոր նորավէպերուն մէջ կը շեշտուի իրապաշտական գրական նկարագրի գիծը: Զօհրապ իր հրապարակագրական յօդուածներով կը պայքարի պատրիարքարանի Հայկական հարցի հետապնդումի սխալ ոճին դէմ, անոր շուրջ հաւաքուած կարգ մը մարդոց աղայական յետամնացութեան դէմ, ժողովրդավար կարգերու դէմ կանգնողներու, Սրբուհի Տիւսաբի կնոջ` տղամարդէն ազատագրելու եւ անոր հետ հաւասար իրաւունքներ պահանջելուն դէմ, այն մտահոգութեամբ,  որ մեր ընկերային-ազգային աւանդութեանց մէջ խախտում կրնայ պատահիլ: Գրիգոր Զօհրապ կը նկատուի հայ գրականութեան Նորավէպի Իշխանը:

– ՀՐԱՆԴի` ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆի (1859-1915).- պանդուխտի «Նամակներ»-ը եւ քրոնիկներն ու պատմուածքները` հրատարակուած «Մասիս»-ի, «Արեւելք»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Ազատամարտ»-ի եւ «Երկունք»-ի մէջ, ուր կ՛երեւին հողի, գաւառի եւ ժողովուրդի հանդէպ խորունկ զգացումներով ապրող գրողը. այս սերունդի պանդուխտ գաղթականներուն տառապանքին եւ առօրեայ գալարումներուն անփոխարինելի գրողը Մելքոն Կիւրճեանն է: 1880-1890 գաւառէն Պոլիս եկած պանդուխտները լեցուցած խաները եւ փողոցները գործ ու բախտ կը փնտռեն: Մեր պանդուխտները` պարզ, ընդհանրապէս միամիտ, թշուառ ու տառապող, կը թափառին քաղաքին փողոցները բախտ որոնելու ցնորքով: Անշուշտ իրապաշտները չեն կրնար անտարբեր մնալ այս ողբերգութեան առջեւ, եւ Մելքոն Կիւրճեան այդ փաղանգէն միակը եղած է` այնքա՛ն սրտառուչ կերպով յաւիտենականացնելու համար հայ պանդուխտին տառապանքը (նոյն, էջ 361):

– ԵՐՈՒԽԱՆի` ԵՐՈՒԱՆԴ ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆի (1870-1915) «Ամիրային աղջիկ»-ը, որ մեզի գաղափար կու տայ պոլսահայ բարքերուն եւ տիպարներուն, անոնց հակասական բնաւորութիւններուն մասին. մէկուն հարստութեան քով` բարոյական սնանկութիւնը, միւսին աղքատութեան քով` հոգեկան մեծութիւնը, սիրոյ զուգահեռ` կանացի չքմեղանքի ցնորամտութիւնը. այդ մարդոց բախումը կ՛ընեն եղերականօրէն իրական: Երուխանի տաղանդը, սակայն, ամէնէն աւելի այս տիպարները ապրեցնելու գրական արժանիքին մէջ կը կայանայ (նոյն, էջ 412):

– ՍԻՊԻԼի` ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐի (1863-1934) «Ցոլքեր»-ը, «Աղջկան մը սիրտը», նորավէպերը եւ յօդուածները, ռոմանթիկ ոճով գրուած երկերը, կնոջ յառաջդիմութեան եւ ազատագրման դատին նուիրուած, ինչպէս նաեւ` կրթական ու հանրային խնդիրները:

բ2.- Արեւելահայ ճակատ

Արեւելահայ իրապաշտ գրականութիւնը կ՛ընդգրկէ` 1. Հայ յեղափոխական շարժումի նախօրեակը, 2. Հայ գաղթականութեան ողբերգութիւնը եւ մեր ընդվզումը, 3. Արեւելահայ թատրոնի գլխաւոր դէմքը` Շիրվանզադէն, 4. Վիպակի ազատագրական դատի պաշտպաններէն` Վրթանէս Փափազեանը:

1885-1900 արեւելահայ գրական երախտիքը կը ներկայացուի հետեւեալ գրողներով. Յովհաննէս Յովհաննէսեան, Ալեքսանդր Ծատուրեան, Լեւոն Մանուէլեան, Արամ Չարըգ, Յակոբ Յակոբեան, Շիրվանզադէ, Նարդոս, Լէօ, Վրթանէս Փափազեան եւ այլն:

Արեւելահայ իրապաշտ գրականութիւնը արժեւորելու համար հարկ է իմանալ`

– ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆի (1865-1917) անարդարութեան եւ տառապանքի դէմ ընդվզումի քերթողութիւնը: Հայրենասիրութիւնը բռնկուն կրակ մըն է իր հոգիին մէջ ու կը հաւատայ, թէ արեան գնով եւ նահատակներու ճամբով միայն կարելի է ազատութիւն ձեռք ձգել (նոյն, էջ 426). սիրային երգերուն մէջ ալ Ծատուրեան կը յատկանշուի չգոհացուած եւ անտեսուած մարդու հոգեբանութեամբ: Տառապանքը իր քերթողութեան ամէնէն ցայտուն գիծն է:

– ՎՏԱՐԱՆԴԻի` ԱՐԱՄ ՉԱՐԸԳի (1874-1947) «Մեծ առաւօտ»-ը, հայրենիքի ազատութեան նուիրուած երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը: Վտարանդի 1909-ին Վենետիկի մէջ կը հրատարակէ սիրային եւ հայրենասիրական փունջ մը ոտանաւորներ: Իր քերթողութեան մէջ խորհրդանշապաշտական եւ անձնականութեան գիծ մը կայ` ազդուած եւրոպական գրական ուղղութիւններէն: Արդարօրէն կրնանք հաստատել, որ Արամ Չարըգ հայ գրականութեան մէջ Սիամանթոյի հետ առաջին դիւցազներգակներէն է:

– ՇԻՐՎԱՆԶԱԴԷի` ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆի (1858-1935) «Քաոս»-ը, «Գործակատարի յիշատակարանից», «Հրդեհ նաւթագործարանում»-ը, «Խնամատարը», «Զուր յոյսեր»-ը, թատերական գործերէն` «Իշխանուհի», «Եւգինէ», «Ունէ՞ր իրաւունք»: Շիրվանզադէ միշտ սեւեռումի տակ կ՛առնէ դասակարգեր, ու տիպարներէն եւ դէպքերէն կը մղուի բարքեր եւ մտայնութիւններ, հարազատ կամ խորթ ձգտումներ բերել լոյսին, պատմողի բացառիկ ձիրքերով` առարկայապաշտ մնալու, հոգեբանական խորացումներ փորձելու եւ վիճակներ պատկերացնելու նոյնքան ցայտուն կարելիութիւններով (նոյն, էջ 453): Այսուհանդերձ, Յակոբ Օշական եւ Պօղոս Սնապեան Շիրվանզադէն գտած են պատեհապաշտ. հոս տեղը չէ գրական վերլուծումներով ապացուցանելու անոր պատեհապաշտութիւնը:

– ՆԱՐԴՈՍի` ՄԻՔԱՅԷԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի (1867-1933) «Սպաննուած աղաւնին», «Տանտիրոջս աղջիկը», «Նեղ օրերից մէկը», «Պայքարը», «Մահը»: Նարդոսի համար արժանապատուութիւնը մարդուն մէջ ամէնէն սրբազան զգացումն է: Տկար եւ ոչ պիտանի մարդիկ ապրելու իրաւունք չունին, մանաւանդ` իրենց արժանապատուութեան մէջ խորապէս խոցուած հոգիներ (նոյն, էջ 457): Ուրեմն Նարդոսի վէպը բարոյախօսիկ է իր նկարագրով. մարդիկ կեանքը արժեւորելու կամ իմաստով մը լեցնելու կոչումը ունին. եթէ ապրելու համար պէտք է նուաստանալ, նախընտրելի է չապրի՛լ:

– ՎՐԹԱՆԷՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆի (1866-1920) «Կաֆլանկուն», «Արտաշէս Բ.», «Գագիկ Բ.», «Սահակ եւ Մեսրոպ», «Վարդանանց պատերազմ», «Պատկերներ թրքահայոց կեանքէն», «Պատմութիւն հայոց գրականութեան» գործերը եւ այլաբանական կարգ մը հեքիաթները եւ վկայութիւնները` գիւղէն: Փափազեան գրիչով պայքարած է անարդարութիւններու, զրկանքներու եւ տառապանքներու դէմ, եւ ասիկա` ոչ միայն ազգային հարթակի, այլ նաեւ` մարդկայնական (նոյն, էջ 286-289):

Գ.- ԳԵՂԱՊԱՇՏ ՇՐՋԱՆ – 1900-1920

Գեղապաշտ սերունդի շրջանին կը զուգադիպի հայ գիրերու գիւտին 1500-ամեակը: Անոր կը նուիրուին ժողովրդային տօնակատարութիւններ եւ մշակութային ձեռնարկներ: Ամբողջ ժողովուրդը, արեւմտահայ եւ արեւելահայ թեւերով, մեծ խանդավառութեամբ կը պանծացնէ հայութեան ինքնութեան պահպանումին եւ հայ գրականութեան գալիք հազարամեակներու հիմք հանդիսացող հայկական այբուբենը: Մշակութային աննախընթաց ոգեւորութիւն կը տիրէ հայ գրական գործիչներուն մօտ. Սիամանթօ կը գրէ Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած «Գիւտին փառքը»:

գ1.- Արեւմտահայ բեմ

1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, հայ մտաւորականները, որոնց մեծ մասը գրաքննութեան պատճառով կ՛ապրի կայսրութենէն դուրս, օգտուելով համեմատական խաղաղութենէն, կը դառնայ Պոլիս: Նոր թերթեր եւ պարբերաթերթեր կը լեցնեն գրական հրապարակը. սահմանափակ տեւողութեամբ ազատութիւնը դժբախտաբար կը կանխէ ահաւոր Եղեռնը:

Այսուհանդերձ, կարծես ճակատագրի կանխատեսութեամբ, 1908-1915 շրջանին մեր մտաւորականութիւնը մշակութային անօրինակ երկունքով մը կը յղանայ ու կը ստեղծագործէ առատ գրականութիւն` թէ՛ որակական եւ թէ՛ քանակական առումներով:

Գեղապաշտ սերունդը ամբողջովին թօթափած է գրաբարի բեռը: Իրապաշտ գրողները արդէն գրեթէ գրած են մաքուր արեւմտահայերէն: Գեղապաշտները, ուրեմն, «մաս-մաքուր» արեւմտահայերէն աշխարհաբարով կը գրեն:

Գեղապաշտ սերունդը կը ներկայանայ պատկառելի թիւով որակաւոր գրողներով` Վահան Թէքէեան, Յակոբ Օշական-Քիւֆէճեան, Գեղամ Բարսեղեան, Դանիէլ Վարուժան-Չպուքեարեան, Սիամանթօ-Ատոմ Եարճանեան, Ռուբէն Զարդարեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Ռուբէն Սեւակ-Չիլինկիրեան, Միսաք Մեծարենց-Մեծատուրեան, Կոստան Զարեան, Ահարոն-Տատուրեան, Մաննիկ Պէրպէրեան, Օհան Կարօ, Մերուժան Պարսամեան, Մկրտիչ Պարսամեան, Կարօ Սասունի, Համաստեղ-Համբարձում Կելէնեան, Մատթէոս Զարիֆեան:

Գեղապաշտ սերունդի գրական վաստակը արժեւորելու համար պէտք է անպայման կարդալ հետեւեալ գրագէտներն ու իրենց գործերը.

– ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ – ՄԵԾԱՏՈՒՐԵԱՆ (1886-1908) «Ծիածան» եւ «Նոր Տաղեր», որոնց մէջ ամփոփուած են բանաստեղծին քերթուածները. հոն կ՛երեւին անոր ինքնատպութիւնը. զգայնութիւն, պատկեր, լեզու: Մեծարենցի քնարերգութեան ուշագրաւը իր բնութենապաշտ ըլլալն է: Բնութեան պահերէն ամէնէն շատ սիրածը գիշերն է, երբ հանդարտութիւն եւ անդորրութիւն կ՛իջնէ մարդոց եւ իրերուն վրայ. ձայները կը մեղմանան եւ գոյները կը մարին: Գիշերը մանաւանդ իր երկինքով ու զով շունչով կը բուժէ կարծես բանաստեղծի հիւանդ հոգին («Արդի հայ գրականութիւն», Մուշեղ Իշխան, Գ. հատոր, էջ 35 տպրն. Համազգային, Լիբանան, 1977):

Մեծարենց անշուշտ երգած է նաեւ պատանեկան իր ահաւոր ՑԱՒԸ` մօտալուտ մահուան անմիջական շունչը զգալով: Սակայն այդ ցաւը չի նմանիր Պ. Դուրեանի պոռթկացող տառապանքին, որ յանդգնած է երկինքը ցնցել: Մեծարենց շատ աւելի մեղմ է, վերապահ, ինքնամփոփ: Գիտակից է անշուշտ անբուժելի իր վէրքին եւ զինք հարուածող սեւ ճակատագրին, սակայն այդ բոլորը հազիւ կը զգացնէ ընթերցողին` թելադրական ու քողարկուած տողերով: Լուսաբաղձ հիւանդ մըն է աւելի, քան` կենսաբաղձ (նոյն, էջ 35):

Յակոբ Օշական «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» քննադատական բազմահատորեայ գործին մէջ 20-ամեայ Միսաք Մեծարենցը համեմատած է հնդիկ բարոյագէտ-իմաստասէր Ռապինտրանատ Թակորի:

Յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյսն է զուարթ…
Ոսկի թելեր` պլլուած խունկի թաւիշ մըշուշին.
Կապոյտ ծոպեր, ծիածան, ծփուն ձայներ, միստի՜ք վարդ,
Լոյսէ արցունք մոմերու` որոնք հանդարտ կը մաշին:

ԾԻԱԾԱՆ

Դաշտի ճամբու մը վրան
Կամ ստորոտը լերան,
Ուղեւորին ժամանման
Սպասողն հի՜ւղն ըլլայի:

ՆՈՂ ՏԱՂԵՐ

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ – ՉՊՈՒՔԵԱՐԵԱՆԻ (1884-1915) «Սարսուռներ»-ը, «Ցեղին սիրտը»,  «Հեթանոս երգեր»-ը եւ «Հացին երգը».  Վարուժան դիւցազներգակ բանաստեղծ է, քան քնարերգակ: Այսինքն արտայայտիչը եղած է ազգային եւ համամարդկային ապրումներու եւ քիչ անգամ երգած է իր անձնական յոյզերը: Հզօր երեւակայութեան տէր, սակայն զուսպ է եւ երբեք չի խախտեր բանականութեան օրէնքները:

Դանիէլ Վարուժան գեղապաշտ արուեստագէտ է` դասական իմաստով: Ան աւելի կը նկարէ եւ կը քանդակէ, քան կը նուագէ: Կը սիրէ ճարտարապետական կառուցումի կարգաւորութիւնը (նոյն, էջ 119): Անոր արուեստին էութիւնը կը կազմեն յստակութիւնը,  լոյսը, պայծառութիւնը: Ամէն ինչ աւարտած ամբողջի մը կատարելութեամբ կը սիրէ ներկայացնել:

Դանիէլ Չպուքեարեանի` իր գրչանունին ընտրութիւնը, Վարուժան, թռչուններու արականը, ցոյց կու տայ իր հայու առնական ոգին.-

Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
– Ձեզի ընծա՜յ, ՀԱՅ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐ
Գրիչս եղաւ անթրոց սրտերու հնոցի…
– Ձեզի ընծա՜յ, ՔԱՋ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐ-
Եղէգնեայ գրչով վրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելաներ:

«Ցեղին սիրտը»

Հայ գրականութեան մեծ բանաստեղծը վարդահեղեղ արշալոյսին ոտնաձայնը առնելով` մարգարէացած է հայ ժողովուրդի ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Կանտի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ Վարուժանի պրոնզեայ դիմաքանդակին վրայ արձանագրուած է իրմէ դիպուկ խօսք մը.

Ինչ փոյթ կեանքը մեռնող.
Երբ որ երազը կ՛ապրի,
Երբոր երազն անմահ է:

ՍԻԱՄԱՆԹՕ – Ատոմ Եարճանեանի (1878-1915) քերթողական հատորները «Դիւցազնօրէն»-ը «Հայորդիներ»-ը, «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»-ը, «Կարմիր լուրեր բարեկամէս»-ը, «Հայրենի հրաւէր»-ը եւ «Սուրբ Մեսրոպ»-ը, որոնց մէջ հեղինակը բանաստեղծական նոր աշխարհ մը կը բանայ մեր գրականութեան մէջ: Սիամանթօ կ՛երգէ մահուան տեսիլներ, ջարդի արիւնոտ դրուագներ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, մէկ խօսքով` հայուն ապրած վիթխարի ցաւն ու տառապանքը (նոյն, էջ 72):

Սիամանթօ հզօր եւ անզուսպ երեւակայութեան տէր բանաստեղծ է: Կանգ մի՛ առներ, սրաթռիչ երիվար, նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար: Սիամանթոյի երկերուն մէջ ուշագրաւ են ածականներն ու մակբայները. Վարուժան չէ սխալած, երբ Սիամանթոն անուանած է վերադիրներու բանաստեղծ:

Վերջապէս, Սիամանթօ երգած է նաեւ ըմբոստացումի պոռթկումներ, հերոսական խոյանքներ, վրիժառութեան ոգին եւ յոյսին անմար կրակներ (նոյն, էջ 72):

Կանգ մի՛ առներ, սրաթռիչ երիվար,
Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար:

(Շար. 4)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>