ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Այսպէս սկսաւ պատմել մեր բարեկամուհին:
«Հեռաձայնիս զանգին ձայնէն արթնցայ այդ առաւօտ: Անծանօթ թիւ մը եւ անուն մը երեւցաւ: Նման պարագաներու չեմ պատասխաներ, սակայն այդ օր, երբ հայու մը անունը կարդացի, թէկուզ անծանօթ, անզգալաբար վերցուցի ընկալուչը:
Իրեն ծանօթ կը թուէի ըլլալ, գէթ անունով, որովհետեւ մականունս տալով խօսեցաւ հետս եւ խնդրեց, շատ կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ քանի մը վայրկեան տեսնուիլ հետս: Բնականաբար մերժեցի, եւ երբ կը պատրաստուէի ընկալուչը վար դնել, փորձեց համոզել, որ առաջարկը չմերժեմ, քանի «խիստ կարեւոր» հարցի մը համար է, որ կը փափաքէր տեսնուիլ հետս, եւ այդ ալ` քանի մը վայրկեանի համար միայն: Այդ «խիստ կարեւոր» հարցը կը վերաբերէր ամուսնոյս, զոր կորսնցուցած էի աւելի քան, 20 տարիներ առաջ, սրտի կաթուածի մը պատճառով»:
«Տարիները իրարու յաջորդած, զաւակներս երիտասարդներ դարձած են` առանց վայելելու իրենց հայրը, եւ յանկարծ ամուսնիս ծանօթ անձ մը, որուն անունն անգամ բնաւ չեմ լսած, կը փափաքի տեսնուիլ հետս:
Երբ հարցը կը վերաբերի սիրելի ամուսինիս, ինչպէ՞ս կրնայի մերժել իր առաջարկը: Միեւնոյն ժամանակ երկմտանքի մէջ էի:
Կ՛ուզէր յանձնել ծրար մը, որ ամուսինիս կը պատկանէր:
Նոյնիսկ տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ էր այդ ծրարին պարունակութիւնը, եւ ինքնաբերաբար հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ մէջս, միեւնոյն ժամանակ` կասկած:
Կը մտածէի`ո՞ւր էր մինչեւ հիմա, ինչո՞ւ այսքան երկար տարիներ ետք յանկարծ յիշեց, որ տալիք ծրար մը ունի աւելի քան 20 տարիներ առաջ մահացած անձի մը կնոջ: Նո՞ր միտքը ինկաւ:
Ինչպէ՞ս վստահիլ բոլորովին անծանօթ անձի մը, թէկուզ հայ ըլլար այդ անձը:
Կրնար խաղ մը կամ թակարդ մը ըլլալ:
Քանի մը օր մտածելու ժամանակ խնդրեցի եւ ընկալուչը վար դնելով` անմիջապէս հեռաձայնեցի եղբօրս. պատմեցի ստացած հեռաձայնիս մասին եւ ուզեցի լսել իր կարծիքը:
Ինք եւս երկու մտքի էր, սակայն եկանք այն եզրակացութեան, թէ նախընտրելի է, որ տեսնուիմ անոր հետ:
Եղբայրս որոշեց ընկերանալ ինծի եւ հեռուէն հետեւիլ, որ ի հարկին միջամտէ կամ օգտակար հանդիսանայ: Անյարմար կը գտնէր առանձին կնոջ մը բոլորովին օտար անձի մը հետ հանդիպումը»:
«Քանի մը օր ետք, որոշուած ժամուն, հասանք ժամադրավայրը: Եղբայրս, անյայտ անկիւն մը, գաղտնի ոստիկաններու նման արեւի սեւ ակնոցներ աչքերուն, անգլերէն լրագիր մը կարդալու տպաւորութիւնը կը ձգէր, սակայն աչքին տակէն կը հետեւէր շարժումներուս:
Հեռուէն նշմարեցի բաւական տարիքոտ անձ մը: Ինչպէս նախապէս համաձայնուած էր, զինք ճանչնալու համար ձեռքին ճերմակ թաշկինակը կը շարժէր օդին մէջ: Վստահաբար սպասած անձս էր: Մօտեցայ եւ գլխու թեթեւ շարժումով մը բարեւեցի: Թաշկինակը վար առաւ ու ձեռքս թօթուելով`
«Ես այսինչեանն եմ: Գործի բերումով ամուսնոյդ պարտական էի, բայց նախքան պարտքս վճարելս` անակնկալօրէն հեռացաւ այս աշխարհէն: Առանց որեւէ յետին նպատակի, որ զլանամ վճարել պարտքս, անզգալաբար օրերը ամիսներու, ապա տարիներու վերածուեցան: Գրասենեակը փակ էր եւ հեռաձայններս անպատասխան կը մնային: Ուրիշ թիւ չունէի տրամադրութեանս տակ: Քանի տարիները իրարու կը յաջորդէին, այնքան կը ծանրանար խղճիս վրայի ծանր քարը, երբ պատահմամբ գտայ տանդ հեռաձայնի թիւը: Ուզեցի անձամբ յանձնել ձեզի ու հանգստացնել խիղճս, սակայն կը խնդրեմ, որպէս ստացագիր` քեզմէ կ’ուզեմ լսել երկու բառ:
«Հալալ ըլլայ»:
Ժպտեցայ: Բարձրաձայն եւ սրտանց «Հալալ ըլլայ» ելաւ շրթներէս: Ստացայ ծրարը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով` հեռացայ:
Յուզուած էի: Քանի մը օր ետք միայն կրցայ բանալ ստացած ծրարս:
Մէջի գումարը այնքան կարեւոր չէր, որքան` իր խղճին վրայի ճնշած ծանր քարը վերցուած զգալու հրճուանքը:
Ուրախ էի , որ անոր հետ տեսնուելու որոշում տուած էի»:
* * *
«Տունն եմ:
Ծրարին մէջի գումարով բնաւ չեմ հետաքրքրուած: Նոյնիսկ չեմ հաշուած: Կարեւորը` անծանօթ հայուն վեհանձն հոգին էր:
Կարեւորը` «հալալ» գումարը պարտականին կողմէ, պարկեշտ ամուսնիս
ընտանիքին հասած էր:
Խոր մտածումներու մէջ մխրճուած եմ: Այս օրերուն, երբ մարդիկ հազար ու մէկ աղտոտ միջոցներու կը դիմեն, կը խաբեն, կը կողոպտեն եւ գիշերները հանգիստ կը քնանան, անդին` հազուագիւտ են պարկեշտ մարդիկ, որոնց խղճին վրայ ծանր կը նստի ակամայ չվճարած պարտքը, եւ կարելին անկարելի կը դարձնէ, վճարելով իր պարտքը` կը հանգստացէ իր խիղճն ու հոգին:
Այո՛, տակաւին աշխարհի վրայ կան պարկեշտ մարդիկ»:
Բազմաթիւ օրինակներու հանդիպած եմ, դժբախտաբար` նոյնիսկ հայերու մօտ, որոնք իրենց ծնողքին ձգած ժառանգին տիրանալով` ընտանիքի միւս անդամներուն «հալալ» բաժինը փորձած են իւրացնել: Շատեր յաջողած են տիրանալ, սակայն ի՞նչ խիղճով պիտի կարենան «վայելել» այդ գումարը կամ կալուածը:
Պարկեշտ պարտական հայը, եթէ չփորձէր գտնել պարտատիրոջ ընտանիքը ու չվճարէր տարիներ առաջ մոռցուած պարտքը, իրմէ եւ իր խիղճէն զատ ո՛չ ոք տեղեակ պիտի ըլլար: Ո՛չ ոք պիտի յիշեցնէր, թէ պարտական է, բացի` իր խիղճէն:
* * *
Մտածումներու մէջ իյնալու կարգը իմս է:
Երբ կը խօսուի պարտական-պարտատէրի մասին, բնականաբար մտածումներս կը սլանան դէպի Թուրքիա, ուր պարտական ազգ մը գոյութիւն ունի, որ խղճի ամենայն հանդարտութեամբ կը զլանայ վերադարձնել յափշտակուած հայրենիք մը:
Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած մեր արդար հողերը, մեր «հալալ» հայրենիքը, 50 տարի սգացինք: Ոչ մէկ անդրադարձ:
Յիսնամեակէն 51 տարի անցած է: Ողբը փոխարինեցինք պահանջատիրութեամբ: Այս անգամ հանդիպեցանք անդրադարձի:
Ժխտական անդրադարձ: Ուրացում:
Ողբացինք, յիշեցինք, յիշեցուցինք ու պահանջեցինք, սակայն թուրքի քար սիրտը օրէ օր աւելի կը կարծրանայ: Մահացած է խղճի զգացումը:
«Պարկեշտութիւն» եւ «խիղճ» բառերը գոյութիւն չունին իրենց բառացանկին մէջ, փոխարէնը` յաճախ կը հանդիպինք կողոպուտ, ջարդ եւ ոճիր գոյականներուն:
Ի՞նչ կարիքը ունին «պարկեշտ» եւ «խիղճ» բառերուն, երբ անոնք պիտի մնան անգործածելի բառեր, սակայն վերը նշած բառերս Թուրքիոյ կենցաղին մէկ անբաժան մասնիկն են:
Այնքան ատեն որ մեծ պետութիւնները իրենց քաղաքական աղտոտ հաշիւներուն համար կարիքը ունին Թուրքիոյ` օգտագործելու որպէս խամաճիկ, մեր հողերը Արցախի նման զէնքով ազատագրել` ներկայիս անհնար է:
Մեծ պետութիւններու հաշիւները, մէկ օրէն միւսը, շատ դիւրութեամբ կրնան իրենց ուղղութենէն շեղիլ, ինչպէս պատահեցաւ կարգ մը երկիրներու պարագային:
* * *
Երեւակայական, կամ բարոյախօսական պատմուածք մը չէ այս գրութիւնը: Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած, իսկապէս պատահած դէպք մըն է:
Լսելէս ետք այս պարզ, միեւնոյն ժամանակ իմաստալից դէպքը, երկար ժամանակ ես ինծի խորհրդածեցի: Քիչ կը հանդիպինք նմանօրինակ դէպքերու: Հազուագիւտ են նման պարկեշտ մարդիկ:
Խորհրդածութիւններս կ’անցնին պարկեշտութիւն քարոզելու սահմանները:
Սքանչանալով հանդերձ այդ պարկեշտ անանուն հայուն, ընդվզում մը կը յառաջանայ մէջս: Ընդվզումէն աւելի զօրաւոր բառ մը եթէ գոյութիւն ունի, տեղեակ չեմ: Ատելութիւն բառը ժխտական իմաստ ունի, այդ պատճառով ալ յաճախ կը խուսափիմ գործածելէ:
Ընդվզում կամ ատելութիւն կրնաք կոչել` ինչ որ ուզէք: Այդ երկու գոյականները, ուղղուած են մէկ հասցէի: Թուրքիոյ, որ Ցեղասպանութենէ 101 տարի անց կը յամառի ուրանալ իր անմարդկային արարքը: Կը զլանայ վերադարձնել բռնագրաւուած հողերը, մեր «հալալ» հողերը:
101 տարի ետք, տակաւին զգաստութեան չէ եկած եւ իր խղճին վրայի ծանր քարը չի ճնշեր իր անսիրտ հոգին:
Թուրքի նման ազգէ մը միամտութիւնը չունիմ ակնկալելու, թէ օր մը իր խիղճը կրնայ տանջել ու վերադարձնել մեր հողերը, սակայն այդ չի նշանակեր, որ պիտի չտիրանանք մեր բռնագրաւուած հայրենիքին:
Շատ մը կայսրութիւններ եկած ու անցած են: Թուրքիոյ աւազի վրայ կառուցուած կայսրութիւնը եւս, ուշ կամ կանուխ կրնայ փուլ գալ, եւՎահան Թէքէեանի բառերով կ’ըսեմ:
«Պիտի իյնաս» (թուրքին)
Պիտի իյնա՛ս այս անգամ, եւ ա՛լ իսպառ, անհարիր
Պիտի մնաս գետնին վրայ ճանկռտելով հողը դեռ,
Եւ դեռ երկա՜ր չմեռնիս պիտի, եւ տունդ մոխիր
Եղած` ծածկէ պիտի քեզ, երբեմնի տո՜ւնդ եռուզեռ: (Վահան Թէքէեան)
Լոս Անճելըս 2016