Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Դամասկոս
ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհրդաժողով
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան առաքելութիւնը լաւագոյնս յառաջ տանելու եւ գիտակից հայ սերունդներ պատրաստելու միտումով, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց Դամասկոսի մասնաճիւղի սկաուտական խորհրդաժողով` ներկայութեամբ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Գալեմքերեանի , ուրբաթ, 15 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Դամասկոսի «Ա. Ահարոն-եան» կեդրոնի «Տիգրան Ստեփանեան» սրահին մէջ: Մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտական խորհուրդին, երէց ՀՄԸՄ-ականներու, որոնք ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ եղած են խմբապետ, աքելլա, վարչական եւ սկաուտական խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ` «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչին: Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Աւօ Աճեմեան: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց խորհրդաժողովը ղեկավարող Գէորգ Գալեմքերեանը ներկայացնելու ժողովին նպատակը: Ան Շրջանային վարչութեան գնահատանքը յայտնեց մասնաճիւղի քոյր-եղբայրներուն` իրենց հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին համար, ապա նշեց խորհր-դաժողովին նպատակը` ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին տարած զանազան աշխատանքները արժեւորել եւ համագործակցութեան ոգիով գործնական որոշումներ տալ, ի խնդիր ՀՄԸՄ-ի պայծառացման:
Մասնաճիւղի ատենադպիր Սօսի Քիւրտեան մասնա-կից քոյր-եղբայրներուն ներկայացուց հնգամսեայ ամփոփ տեղեկագիրը` մատնանշելով վարչութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնք խորհրդաժողովին քննարկումի հիմնական կէտերը հանդիսացան, եւ այդ բոլորը յաղթահարելու համար շինիչ առաջարկներ ներկայացուեցան` հայ նորահաս սերունդներուն լաւագոյնս դաստիարակելու եւ զանոնք հայկական առողջ միջավայրի մէջ պահելու առնչութեամբ:
Խորհրդաժողովը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով:
Յունաստան
«Հրէշը Լուսնի Վրայ» Թատերախաղի Ներկայացում
17 յուլիսին Փեթրուփոլիի տարեկան «Թէաթրօ Փեթրաս» փառատօնի ծիրէն ներս Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Յունաստանի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, բեմադրութեամբ Ալեքսիս Սարիեանի:
«Հրէշը լուսնի վրայ» թատրերգութեան հեղինակն է լեհ ծագումով ամերիկացի-հրեայ թատերագիր Ռիչըրտ Քալինոսքի, իսկ յունարէնի թարգմանութիւնը կատարած է Տիմիթրիս Թարլօու: Նիւթը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած երկու երիտասարդ հայերու ողբերգութեան, որոնք նոր կեանք կը փնտռեն Ամերիկայի մէջ, իւրաքանչիւրը` իր անձնական, բայց նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդի ճաշակած աղէտն ու վէրքերը իրենց հոգիներուն մէջ ունենալով:
Միացեալ Նահանգներ
Տիթրոյթի Մէջ Արցախի Նուիրուած Ձեռնարկ
Վերջերս Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած ձեռնարկ:
ՀՕՄ-ի անունով միացեալ յանձնախումբի անդամ Անի Աթթար իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Արցախի Հանրապետութեան ամրապնդումը մեր հայրենիքի թիկունքին ապահովումն է, եւ հրաւիրեց բոլորը` իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւնը բերելու վերակառուցման աշխատանքներուն:
Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նախ ներկայացուց հանրապետութեան ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը` նախքան վերջին պատերազմը, ապա մանրամասն անդրադարձաւ պատերազմին եւ անկէ ետք պատահած դէպքերուն: Յովհաննիսեան հաստատեց, որ վերջին պատերազմը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, թէ արցախահայութեան գոյատեւելու կամքը անխորտակելի է:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Այրին Պուտագեան 30 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ ՀՕՄ-ի «Լոռի» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Վարժարանին
8 յուլիսին Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի «Թիթիզեան» սրահին մէջ Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի «Լոռի» մասնաճիւղի վարչութիւնը հիւրընկալեց բարերար Այրին Պուտագեանը, որ հիմք ունենալով իր անցեալի ուսուցչական ասպարէզը եւ հաւատալով ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ վարժարաններուն կատարած սուրբ գործունէութեան, շարունակելով իր առաքելութիւնը, նուիրեց 30 հազար ամերիկեան տոլար` «Լոռի» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանին, որ այսուհետեւ պիտի կոչուի «ՀՕՄ-ի Լոռի Այրին Պուտագեան շաբաթօրեայ վարժարան»:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Պասթիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին` անոր կատարած նուիրատութեան համար, հաստատելով, որ նոյն թափով ու ճիգով պիտի շարունակուի այս սուրբ գործը` բազմացնելով աշակերտութեան թիւը եւ յաջողցնելով նոր գործունէութիւններ` ի խնդիր վարժարանի բարելաւման:
Իր կարգին, բարերար Այրին Պուտագեան խնդրեց վարչութեան անդամ Մարալ Մանուկեանէն, որ կարդայ իր պատրաստած գրութիւնը, որով ան կը յայտնէր իր շնորհակալութիւնը «Լոռի» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, որոնք ընդունեցին իր նուիրատուութիւնը եւ փափաքը: Պուտագեան յայտնեց իր ուրախութիւնը, որ կրցաւ իր բաժինը բերել այս ազնուական գործին, հաւատալով, որ շաբաթօրեայ վարժարաններուն միջոցով կը դաստիարակուին հայ սերունդներ, որոնք կը յաճախեն օտար դպրոցներ, պահելով մեր մայրենի լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու աւանդութիւնները:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռեբեքա Պէրպէրեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Այրին Պուտագեանին` հաստատելով շաբաթօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ. ան գնահատեց մասնաճիւղին գործունէութիւնը` կոչ ուղղելով ընկերուհիներուն, որ շարունակեն այս գործը:
ՀՕՄ-ի խնամակալ մարմինի անունով Մարալ Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին եւ մարմինին անունով մնայուն պատրաստակամութիւն յայտնեց վարչութեան օգտակար հանդիսանալու եւ աջակցելու իրենց:
«Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէին անունով Թորոս Քեչեճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերարին եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի ամդամներուն` իրենց ապագայ ծրագիրներուն մէջ:
Չինաստան
Մերի Կնեազեան` Չինաստանի Հայկական Համայնքի Փոխնախագահ
6 յուլիսին Չինաստանի հայկական համայնքի գործադիր մարմինը կրթական հարցերու փոխնախագահ ընտրեց Մերի Կնեազեանը:
Ան բեղուն գործունէութիւն ցուցաբերած է համայնքէն ներս եւ հեղինակ է տասնեակ մը գիտական յօդուածներու: Ան ստացած է շարք մը մասնագիտական վկայագիրներ եւ պատուոյ գիրեր, որոնցմէ վերջինը` Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահին կողմէ` հայապահպանութեան գործին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար: Մերի Կնեազեանի շնորհիւ` հայոց լեզուն առաջին անգամ տեղ գտաւ Չինաստանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն ակադեմական ցանկին մէջ: Ան մինչ օրս կը շարունակէ հայերէն դասաւանդել չին ուսանողներու:
Հայաստանը Լաւագոյն Դիրքը Գրաւեց Մանկական Նկարներու Ցուցահանդէսին
Վերջերս Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան նուիրուած «Ամբողջ աշխարհի երեխաներու բարեկամութիւնը» խորագիրը կրող մանուկներու նկարներու միջազգային ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին աւելի քան 500 մանկական աշխատանքներ, որոնք կ՛արծարծէին բարեկամութիւն եւ խաղաղութիւն, պայծառ ապագան ու բոլոր մանուկներու երջանիկ ու անհոգ մանկութիւնը:
Ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ Երեւանէն փոքրիկն Մարինէն, որուն աշխատանքը նկատուեցաւ լաւագոյնը` դառնալով ցուցահանդէսի խորհրդանիշը: Ան ներկայացուցած էր աշխարհի ազգային դրօշները` որպէս հաստաբուն ծառի տերեւներ, որուն շուրջ կը պարէին տարբեր ազգերու պատկանող երեխաներ:
Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին
Նախաձեռնութեամբ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Փեքինի «Ճինթայ» արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանցի գեղանկարիչ Ալեքսանդր Դերոյեանի գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Ս. Մանասարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան տարիներու անցած ճանապարհը` կարեւոր նկատելով երկու երկրներուն միջեւ մշակութային փոխհամագործակցութիւնը: Դեսպանը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկները առիթ են չին արուեստասէր հասարակութեան ներկայացնելու հայկական գեղարուեստը:
Աւստրալիա
Աւստրալահայ Համայնքի Հաւաքած Գումարով Արցախի Բանակին Սարքաւորումներ Պիտի Տրամադրուին
18 յուլիսին տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան նուիրուած թելեթոնը` հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին եւ «Արմինիա Միտիա» մամուլի եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան:
Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած Արցախի զօրակցութեան նուիրուած թելեթոնին ընթացքին հաւաքուեցաւ 112 հազար տոլար:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արին Մարգարեան նկատել տուաւ, որ Աւստրալիոյ հայերը ցուցաբերեցին առատաձեռնութիւն եւ բարութիւն` Արցախի ժողովուրդին համար, ըլլալով միասնական եւ ուժեղ, ընդգծելով, որ երիտասարդներն ու տարեցները միացան օգնելու Արցախին:
Ան յայտնեց, որ նուիրատուութիւններուն մեծամասնութիւնը տրամադրուած էր հայերու կողմէ, սակայն յոյներ եւ ասորիներ, որոնք տեղեակ են մեր ներկայ խնդիրներէն, իրենք եւս մասնակցեցան նուիրատուութեան:
Արին Մարգարեան ըսաւ, որ հանգանակուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հիմնադրամին, աւելցնելով, որ գումարներու օգտագործման նպատակին վերաբերեալ արդէն համաձայնութիւն կնքուած է Արցախի հետ, եւ առաջին ծրագիրը բանակին համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ գնել է:
Ֆրանսա
Փարիզ. Կայա Կեռեանի Գիրքին Ներկայացումը
Վերջերս Հայ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Կայա Կեռեանի «Հայուհին. կեանքի անխորտակելի թելը» գիրքին ներկայացումը. գիրքը լոյս տեսած էր հոկտեմբեր 2015-ին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արփի Շիրվանեան, որ յուշեր պատմեց «Դպրոցասէր»-ի մէջ իր եւ հեղինակին անցուցած տարիներուն մասին: Կայա Կեռեան հայկական պարեր կը սորվեցնէր աղջիկներուն, որոնք ուրախութեամբ կը մասնակցէին շաբաթօրեայ պարի դասերուն:
Իր կարգին, հեղինակը անդրադարձաւ դպրոցական տարիներուն եւ մանաւանդ Յունաստանէն Մարսէյ փոխադրուած 80-100 հայ որբուհիներու ճակատագրին, որոնք ի վերջոյ կրցան փարիզեան մէկ արուարձանին մէջ ապաստարան մը գտնել ու այնտեղ հաստատուիլ: Ան նաեւ ներկայացուց գիրքէն քանի մը դրուագներ:
Հեղինակը «Դպրոցասէր» վարժարանին մէջ տեղեկացած է Ցեղասպանութեան առնչուող իրադարձութիւններու մասին, իսկ աւելի ուշ վերապրողներու վկայութիւններէն օգտուելով` սկսած է պրպտել եւ ուսումնասիրել այդ օրերու եղերական պատմութիւնը: Այս գիրքով իր ընտանիքին ոդիսականին ընդմէջէն հեղինակը կը վերարժեւորէ կիները եւ անոնց մղած պայքարը:
Նիսի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուած Է` Ի Յիշատակ Ահաբեկչութեան Զոհերուն
Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Սուրբ Փիլիպոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան արք. Յովհաննիսեանի, պատարագ մատուցուած է ի յիշատակ յուլիս 14-ին Նիսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերուն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը վկայակոչելով «Նուվել տ՛Արմենի»-ն` Ս. պատարագին մասնակցած են նաեւ Երուսաղէմի Սուրբ Ղազարի միաբանութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆիլիփ Պիկապիետրան, Սուրբ Փիլիպոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գրիգոր Խաչատրեանը, Լոնտոնի սուրբ Մեսրոպ հայկական եկեղեցւոյ հովիւ հայր Շնորհք Բաղդասարեանը, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ այլք:
Պատարագին մասնակցած է նաեւ ահաբեկչութեան ընթացքին վիրաւորուած 10-ամեայ տղայ մը, որ եկեղեցւոյ երգչախումբին անդամ է:
Պատարագէն ետք հաւատացեալները, Վահան արք. Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, շարժած են Փրոմընատ տէ Անկլէ, ուր տեղի ունեցած է ահաբեկչութիւնը եւ աղօթած` զոհուածներու հոգիներուն համար:
«Մենք եկած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերուն եւ վկայելու մեր համերաշխութեան, սրտակցութեան մասին, կիսելու Նիսի բնակիչներուն ցաւը: Յիշելը հաւատքի եւ դիմադրութեան քայլ է, քանզի ատով կը պահպանենք կեանքի նկատմամբ յոյսը», դիմելով հաւաքուածներուն` ըսած է Վահան արք. Յովհաննիսեանը
Իրլանտա
Փրոֆ. Գրիգոր Երզնկացեան Արժանացաւ Իրլանտայի Վիրաբուժներու Թագաւորական Քոլեճի Բարձրագոյն Պարգեւին
Իր բազմամեայ գործունէութեան եւ վիրաբուժութեան ծիրէն ներս մեծ ներդրում ունենալուն համար մարդասէր եւ բարերար փրոֆ. Գրիգոր Երզնկացեան արժանացաւ Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական քոլեճի բարձրագոյն պարգեւին` պատուաւոր անդամի կոչումին:
Երզնկացեան իր կեանքը նուիրած է արեւելեան, կեդրոնական եւ հարաւային Ափրիկէի մէջ բժշկութեան մարզի զարգացման, վիրաբուժներու ուսուցման, որակեալ մասնագէտներ պատրաստելու եւ իր մասնագիտական փորձը անոնց փոխանցելու աշխատանքին: Ան հեղինակ է ափրիկեան վիրաբուժութեան վերաբերեալ մեծ թուով աշխատութիւններու:
Արեւելեան, կեդրոնական եւ հարաւային Ափրիկէի վիրաբոյժներու համալսարանի (ԱԿՀԱՎՀ ) նկատմամբ իր ունեցած ներդրումին եւ նուիրումին պատճառով համալսարանը արձանագրած է բազմաթիւ յաջողութիւններ ու նուաճումներ: Իր մեծ վաստակին եւ ներդրումին համար 2012 թուականին ան արժանացած է ԱԿՀԱՎՀ պատուաւոր անդամի կոչումին:
2007-ին ԱԿՀԱՎՀ-ի եւ Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական քոլեճին միջեւ սկսաւ համագործակցութիւն, որուն մէջ մեծ է դերը փրոֆ. Երզնկացեանի:
Փրոֆ. Երզնկացեան պարպերաբար կ՛այցելէ Հայաստան վիրաբուժական եւ բարեգործական գործունէութեան նպատակներով:
Վրաստան
Տոլմայի Աւանդական Փառատօն` Թիֆլիսի Մէջ
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ, վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի, «Հայարտուն» կեդրոնի եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ, 10 յուլիսին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է հայկական ազգային կարեկրատեսակի` տոլմայի փառատօն-մրցումը: Այս մասին տեղեկացուցած է վիրահայոց թեմը` աւելցնելով. «Լաւ աւանդութիւն դարձած է Վրաստանի ազգային միւս արժէքներուն հետ միասին ներկայացնել նաեւ հայկական խոհանոցը իր բազմազանութեամբ, որ հայոց բազմադարեան մշակոյթի անբաժան մասն է: Այս տարի «Տոլմա 2016» փառատօն-մրցումին մասնակցութեան ցանկութիւն յայտնած էին ոչ միայն «Շուշանիկ» միութեան անդամները, այլ նաեւ` Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, «Վրաստան» եւ «Ալիքմետիա» մայրենի լեզուով լրատուամիջոցները, թիւ 104 հայկական դպրոցը, հասարակական կազմակերպութիւններ, մշակութային համոյթներ, Թիֆլիսի մէջ գործող քանի մը ճաշարաններ ու սրճարաններ եւ բազում տնային տնտեսուհիներ, թիւով` 37 մասնակից»:
Սեղաններուն վրայ շարուած էին գեղեցիկ ձեւաւորուած 45 կաթսաներ` հայկական տոլմայի տարատեսակներով: «Փառատօն-2016»-ի մասնակիցներուն խոհարարական հմտութիւնը գնահատելու համար ձեռնարկին կազմակերպիչներուն հրաւէրով Թիֆլիս մեկնած էր հայ խոհարարական աւանդութիւններու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան` կազմակերպութեան անդամներ Գարիկ Գէորգեանի, Գրիշա Անտինեանի, Արմէն Քեֆելեանի եւ Ախթալայի քաղաքապետ Հայկ Խաչիկեանի ընկերակցութեամբ:
Փառատօնին պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի, ծնունդով թիֆլիսցի Լէյլա Սարիբեկեան:
Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան ողջունելով մասնակիցներն ու ներկաները` փառատօն-մրցումը յայտարարեց բացուած: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Մերզանխանեան եւ թեմակալ առաջնորդի օգնական Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան օրհնեցին տոլմայով լի կաթսաները եւ բարեյաջող ընթացք մաղթեցին փառատօնին:
Հայոց հինաւուրց եկեղեցւոյ բակը լեփ-լեցուն էր մարդոցմով. եկած էին տեղացիներ եւ բազմաթիւ հիւրեր` հայեր, վրացիներ, ռուսեր եւ արտասահմանցիներ: Տոլմայի համտեսումը կ՛ընթանար ուրախ համերգով, զոր կը վարէին թեմի մշակոյթի բաժանմունքի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան եւ մենակատար-երգչուհի Աննա Պօղոսովա-Բադալեան:
«Տոլմա 2016» փառատօն-մրցումը հայրենասիրական եւ ազգային երգերու անզուգական կատարումներով ողջունեց արուեստագիտուհի Լէյլա Սարիբեկեան` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:
Հինգ հոգիէ բաղկացած հեղինակաւոր դատական կազմը` Հայաստանի գլխաւոր խոհարար Սեդրակ Մամուլեանի գլխաւորութեամբ, համի, ձեւաւորման եւ մտայղացման անուանակարգերու մրցանակներ շնորհեց «Կալանդա» ճաշարանին, «Կրեքօ օթել» ճաշարանին, Ս. Էջմիածին Եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր կիներու միութեան անդամ Քնարիկ Ոսկանեանին, իսկ «Կրան փրի» մրցանակին արժանացաւ «Մանկալ-հաուզ Թիֆլիս» ճաշարանը: