ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն, որդեգրեց իր գաղափարախօսութիւնը, որ ազդուած էր գերմանական մարքսականութենէն, ռուսական նարոտնիկութենէն եւ արեւմտեան ժողովրդավարութենէն: ՀՅԴ-ն որեւէ գործողութեան ծրագրումէն առաջ իր ջանքերը թափեց տարածելու իր գաղափարները հանրութեան լայն շրջանակներուն մէջ: Ան իր տեսաբանները ուղարկեց երկիր` այդ նպատակը իրականացնելու համար:
ՀՅԴ-ի կրած գաղափարները ոչինչէ չեկան. ՀՅԴ-ն վաղուց ճշդած էր իր կողմնացոյցը, որ հայ ազգն էր. ան իր բոլոր ուժերը ի սպաս դրաւ յանուն հայ ազգի ծառայութեան: Ազգայնականութիւնը ՀՅԴ-ի համար ուրիշ ազգերու նկատմամբ ատելութեան սերմանումը չէր, այլ ընդհակառակն, ազգերու միջեւ եղբայրութիւն հաստատելով` ի նպաստ հայ ազգի զարգացման աշխատիլը:
ՀՅԴ-ն չուզեց կերտել ազգ մը, որուն մէջ կը տիրեն կրօնական, դաւանական կամ ցեղական բաժանումներն ու խտրութիւնները, այլ` ազգ մը, որ ամուր, միացած եւ քաղաքակիրթ է: Դաշնակցութիւնը չորդեգրեց ընկերվարութիւնը այն պատճառով, որ ատիկա հանրածանօթ էր արեւմտեան արդիւնաբերական երկիրներուն մէջ, այլ որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Կովկասի հայ աշխատաւորութիւնը կ՛ապրէր սակաւապետներու կողմէ դասակարգային շահագործման պայմաններու մէջ, եւ հայ բանուորը որեւէ ապահովագրութիւն կամ իրաւունք չունէր արժանապատիւ կեանք ապրելու: Անիկա նարոտնիկականութիւնը չորդեգրեց, որովհետեւ վերջինս տարածուած էր ռուս յեղափոխական տարրին մէջ, այլ` հայ գիւղացիին կրած տառապանքին պատճառով, որովհետեւ վերջինս աղաներուն կողմէ ենթարկուած էր կեղեքման: ՀՅԴ-ն ընկերվարութիւնը եւ նարոտնիկականութիւնը որդեգրեց հայ բանուորը եւ մշակը ազատագրելու համար տանջանքէ եւ զրկանքէ: ՀՅԴ-ն ժողովրդավարութիւնը չորդեգրեց, որովհետեւ անոր մասին միշտ կը խօսուէր լրատուական միջոցներուն մէջ, այլ որովհետեւ թէ՛ արեւմտահայը եւ թէ՛ արեւելահայը կ՛ապրէին բռնակալ կարգերու տակ եւ կ՛ենթարկուէին ազգային ու կրօնական խտրութեան. Դաշնակցութիւնը սկզբունքայնօրէն ուզեց կերտել հասարակութիւն մը, ուր սեռերու, ազգերու, կրօններու եւ դաւանանքներու միջեւ կը հաստատուի հաւասարութիւն, ուր մարդու բնական ազատութիւնները օրինականացուած են, եւ ուր մարդ անհատը մեծ արժէք ունի:
Ինչպէս որ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեան ըսած է` «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», նոյնպէս ալ ՀՅԴ-ն առաջին օրերէն հրապարակ իջաւ կէտ առ կէտ իրականացնելու իր ծրագիրը: Հոս պիտի կեդրոնանամ ռուսական, պարսկական եւ օսմանեան յեղափոխութիւններուն վրայ: ՀՅԴ-ն իր մեծ ներդրումը ունեցած է յիշուած յեղափոխութիւններուն մէջ. Դաշնակցութիւնը ճանչցուած էր իբրեւ Ռուսիոյ, Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող ամէնէն աշխուժ եւ կազմակերպուած յեղափոխական կուսակցութիւնը: Դաշնակցութիւնը անտեղիտալի պայքար մղեց ցարական, շահական եւ սուլթանական վարչակարգերուն դէմ եւ միշտ պայքարի պատնէշին վրայ մնաց: Կրցաւ կարգ, կանոն եւ խաղաղութիւն հաստատել ամէնուրեք: Բանտերը,աքսորները եւ կախաղանները չկրցան խեղդել դաշնակցականներուն գաղափարաշունչ ոգին: Հայը, թուրքը, քիւրտը, պարսիկը եւ ռուսը հաւասար եւ համերաշխ ապրեցան ՀՅԴ-ի կարմիր դրօշին ներքոյ:
Թերթատեցէք պատմութեան էջերը եւ պիտի տեսնէք ՀՅԴ-ի ծաւալած 126-ամեայ պայքարը` յանուն ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան: Հիմա եկէք` մենք մեզի հարցնենք. 100 տարի առաջ ունէինք աշխատաւորական եւ գիւղացիական միութիւններ, կը կազմակերպէինք զրոյցներ` գաղափարախօսութեան մասին. այսօր ու՞ր են այս բոլորը: 21-րդ դարը փոխեց աշխարհը, եւ մենք ալ պէտք ունինք փոխելու մեր մտածելակերպն ու գործելակերպը, որպէսզի քալենք ժամանակին հետ: Այսօր կարիքը ունինք դնելու ընկերային-տնտեսական ծրագիր մը, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան վրայ, կազմակերպելու աշխատաւորութիւնը եւ մեր գաղափարախօսական հանգանակը արդիականացնելու: Յոյսով եմ, որ ՀՅԴ-ն, ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր պիտի կարենայ քալել ժամանակին հետ եւ յաղթահարել բոլոր մարտահրաւէրները: