ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Է.- Հայ Յեղափոխական Շարժում
Վեց դար Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին մեծ մասը ստրուկի նման գերութեան մէջ ապրած է. պետական ու ոչ պետական շահագործումները, կեղեքումները եւ ամէն տեսակ բռնարարքները հայութեան վերէն տրուած բախտ են եղած. հայը դարձած է ժխտականօրէն ճակատագրապաշտ. ինք բարդոյթ չունի. վասնզի, պարզապէս իր բախտը այդպէս գրուած է եղեր. աշխատանքի շահագործում, ինչքերու բռնագրաւում, 2-րդ կամ 3-րդ կարգի քաղաքացիութիւն (մէկ բառով` անքաղաքացիութիւն), բռնաբարում, մարդու իրաւունքէ կատարեալ զրկում:
Այս դժոխքէն դուրս գալու միջոցը ազգային զարթօնքը կ՛ըլլայ, որմէ ետք առարկայական եւ ենթակայական (արտաքին ու ներքին քաղաքական, ընկերատնտեսական եւ գործօններու հասունացումով, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ կը կոտրէ բռնատիրութեան շղթաները` հայ երիտասարդութիւնը մղելով զէնքի: Հայ ժողովուրդը այլեւս ինք իր ճակատագրին տէր կը կանգնի:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նկատի առնելով Հայաստանի եւ շրջանի աշխարհագրական, տնտեսաքաղաքական եւ ռազմական տուեալները` կը մշակէ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը, որոնց մասին կարելի է գտնել ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու որոշումներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը ընկերներու ռազմավարական երկերու, օրինակ` Նիկոլ Դումանի «Ինքնապաշտպանութեան նախագիծ»-ին մէջ: Հոս կ՛արժէ նաեւ յիշել Ս. Վ. Սարգսեանի «Հայ ռազմական արուեստի պատմութիւնից» երկէն առնուած հետեւեալ տողերը. «Հայաստանը միշտ պատերազմներ է վարել միայն իր ժողովուրդի ազատութիւնը եւ երկրի անկախութիւնը պաշտպանելու համար. նա չի վարել յարձակողական քաղաքականութիւն, ուստի անհրաժեշտ չի եղել բանակը զինել բերդեր քանդող թեքնիքական միջոցներով»: «Հայ ռազմական արուեստի պատմութիւնից», էջեր 8 եւ 9, Ս. Վ. Սարգսեան, Հայաստան հրտկչ., Երեւան, 1969): Միւս կողմէ, Ն. Դումանի կարծիքով, լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակումի մէջ է: Սակայն այս տեսակէտը, չի հակասեր Սարգսեանի վարկածին:
Կը խորհինք, թէ հայ յեղափոխական շարժումը տուած է բարոյական եւ մշակութային արժէքներ.
1.- Հայ յեղափոխական շարժումը ինքնին հայ ժողովուրդին համար պատմամշակութային արժէք կը ներկայացնէ:
2.- Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին գործադրուած հալածանքները, կեղեքումները, ջարդերը, պաշտօնական թէ անպաշտօն կողոպուտները, բարբարոսութիւնները հայ յեղափոխական շարժումը կը դնեն ազատ ապրելու կամ մեռնելու ընտրանքին առջեւ. եւ շարժումը ճամբայ կ՛ելլէ «Ազատութիւն կամ Մահ» նշանաբանով` իր հազարաւոր մարտիկները եւ ֆետայիները ողջակիզելով հայ ժողովուրդի ազատութեան բագինին:
3.- Հայ յեղափոխական շարժումը ֆետայական եւ ահաբեկչական գործողութիւնները եւ անձնազոհ մարտիկները յարգելու եւ անմահացնելու նպատակով յօրինած է տասնեակներով յեղափոխական եւ ազգային երգեր, որոնք միաժամանակ սերունդներ դաստիարակած են. ժողովուրդը մինչեւ այսօր ալ կ՛երգէ ուրախառիթ թէ թախծոտ երգերը հայ յեղափոխութեան. Պանք Օթոմանի գրաւումը, Խանասորի արշաւանքը, Եըլտըզի ռումբը, Սուլուխի կռիւը, Թալէաթ փաշայի սատկեցումը, Գարեգին Նժդեհի եւ Գէորգ Չաւուշի յիշատակները, Սերոբին եւ Սօսէին նուիրուած երգը, Պետոյի, Պետրոս Սերեմճեանի եւ Մենակի յիշատակը եւ Անդրանիկին նուիրուած երգերը, «Յառա՛ջ, նահատակ» եւ «Մշակ, բանուոր» քայլերգները, եւ բազմաթիւ այլ ազգային եւ յեղափոխական երգեր:
Այս երգերը զուտ գրականութիւն չեն. այսուհանդերձ, անոնց մէջ պահպանուած են բանաստեղծական տողերու յանգերը կիրարկելու կանոնը եւ քերթուածները երգի վերածելու դաշնաւորման սկզբունքներու ճշգրիտ գործադրումը: Հետեւաբար ազգային-յեղափոխական երգերը որոշ չափով մշակութային արժէք կը ներկայացնեն:
Ը.- 1850-1950 Ազգային Մշակութային Դարաշրջան
Հայ ազգային զարթօնքը ծնունդ առած է շուրջ 1850-ին` միջնադարեան եւ նախազարթօնքեան քաղաքական եւ ընկերամշակութային գործընթացով եւ արտագայութեամբ: Միջնադարու մշակութային երեւոյթին մասին արդէն գրած ենք, թէեւ` ոչ ամբողջական, վասնզի նիւթերը շատ են, եւ այս յօդուածին ծաւալը` սահմանափակ:
Ռազմաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական ոչ հայանպաստ պայմաններու պատճառով հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ մնացած է օսմանեան եւ պարսկական ու ռուսական կայսրութիւններուն մէջ, որուն պատճառով բաժնուած երկու` արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներու: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ երկու հատուածները կը մնան մէ՛կ ազգի բաղկացուցիչ մասեր` նոյն պատմական անցեալով, նոյն մշակոյթով եւ աշխարհաքաղաքական ճակատագրով:
1850-1950 մշակութային դարաշրջանը ներկայացնելու համար նկատի առած ենք հետեւեալ մարզերը.
Ա.- Գրականութիւն
Բ.- Գեղանկարչութիւն
Գ.- Երաժշտութիւն
Դ.- Պարարուեստ
Ե.- Քանդակագործութիւն
Զ.- Ճարտարապետութիւն
Ա.- ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ա.- Զարթօնքի շրջան
ա1.- Արեւմտահայ ճակատ
ա2.- Արեւելահայ ճակատ
Բ.- ԻՐԱՊԱՇՏ ՍԵՐՈՒՆԴ
բ.1.- Արեւմտահայ ճակատ
բ2.- Արեւելահայ ճակատ
Գ.- ԳԵՂԱՊԱՇՏ ՇՐՋԱՆ
գ1.- Արեւմտահայ բեմ
գ2.- Արեւելահայ բեմ
Դ.- ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
դ1.- Սփիւռքահայ սերունդ
դ2.- Խորհրդահայ գրողներ
Հայ բոլոր գրողներուն չենք անդրադառնար, որովհետեւ յօդուածը գրականութեան մասին չէ միայն: Նաեւ չենք դանդաղիր կենսագրութիւններուն վրայ, այլ` որոշ գրական յատկանիշներուն եւ արուեստագիտութեան:
Ա.- Զարթօնքի Շրջան – 1850-1885
ա1.- Արեւմտահայ ճակատ
Արեւմտահայ Ազգային սահմանադրութիւն
Հայ ազգային կեանքի օրէնսդիր եւ գործադիր ուժերու իրաւասութիւնները կը յստականան 1860-ի Ազգային սահմանադրութեան որդեգրումով: Սահմանադրութիւնը անկիւնադարձային նշանակութիւն կ՛ունենայ հայ ժողովուրդի ներքին քաղաքական եւ ընկերամշակութային պատմութեան մէջ: Անիկա ժամանակի եւրոպական եւ ընդհանրապէս արեւմտեան քաղաքակրթութեան անդրադարձն է: Հայ եկեղեցին, ազգային իշխանութիւնները եւ քաղաքական ու վարչական ղեկավարութիւնը կ՛ընդունին ժողովականութիւնը, իսկ հոգեւորականութիւնը` ժողովրդավարութիւնը («Դար մը գրականութիւն», Մինաս Թէօլէօլեան, Ա. հատոր, էջ 46, տպարան «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1955): Հետեւաբար այլեւս հայ ղեկավարութիւնը (հոգեւոր թէ աշխարհական) չի նշանակուիր, այլ կ՛ընտրուի:
1850-1885 տարիներու արեւմտահայ զարթօնքի գրականութեան վաստակը կը ներկայացուի հետեւեալ գրողներուն ընդմէջէն. Յովհաննէս Տէրոյենց, Խաչատուր Միսաքեան, Նիկողայոս Զօրայեան, Նահապետ Ռուսինեան, Յովհաննէս Հիսարեան, Ստեփան Ոսկան, Գրիգոր Չիլինկիրեան, Գրիգոր Օտեան, Կարապետ Իւթիւճեան, հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Մկրտիչ Խրիմեան (Հայրիկ), Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Թոմաս Թերզեան, Պետրոս Դուրեան, Ծերենց, Սրբուհի Տիւսաբ, Սրապիոն Հեքիմեան, Խորէն արք. Նարպէյ, Մատթէոս Մամուրեան, Գարեգին եպս. Պէրպէրեան, Եղիա Տեմիրճիպաշեան, Մինաս Չերազ, Յովհաննէս Սեթեան, Յարութիւն Մրմրեան:
Զարթօնքի սերունդը կ՛իրագործէ առնուազն հետեւեալ նուաճումները.
- Կը հաստատէ վարժարաններու ցանց մը եւ կը նպաստէ արեւմտահայերէն աշխարհաբարի զարգացման. 2. Ստեղծագործ գրականութեան առաջին նուաճումը կ՛արձանագրէ. 3. Երգիծանքը կը ներմուծէ գրականութեան մէջ. 4. Պատմուածքի եւ վէպի առաջին փորձերը կու տայ. 5. Դասական գրականութեան նախաճաշակը կը զգենու. 6. Նախափորձ կը կատարէ թատերական գրականութեան. 7. Ազգայնական եւ գաղափարաբանական նիւթերը կը քաջալերէ:
Հայ գրականութեան 1850-1885 շրջանը արժեւորելու ամէն փորձ մակերեսայնութեան կամ ծանծաղութեան կը մատնուի, եթէ չէ կարդացուած արեւմտահայ զարթօնքի սերունդէն`
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆի (1851-1872) քնարերգական խռովայոյզ քերթուածները, անոր պայքարը կեանքի, ճակատագրի եւ մահուան դէմ. Սկիւտարի սոխակի քերթողութեան վաստակը կը կազմէ թիւով 70 հատ բանաստեղծութիւններ: («Արդի հայ գրականութիւն», Ա. հատոր, Մուշեղ Իշխան, էջ 89, տպ. Համազգային, Պէյրութ): Հիւանդութեան սեւ ճակատագրին դիմաց եւ իր մօտալուտ մահը զգալով` բանաստեղծը «Տրտունջք» քերթուածով կ՛ընդվզի Աստուծոյ դէմ, յաջորդ օր սակայն «Զղջում»-ով ներողութիւն կը հայցէ: Փունջ մը երգեր են միայն իր գրածները, բայց այդ փունջն ալ բաւարար է զինք դասելու մեր մեծագոյն քնարերգակներու շարքին (նոյն, էջ 90):
– Հայ գրականութեան մեծագոյն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի (1841-1892) «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ը, «Ազգային ջոջեր»-ը, «Քաղաքավարութեան վնասները», ուր կը յայտնուին սրատեսութիւնը եւ մարդիկ ճանչնալու կարողութիւնն ու զանոնք պարսաւելու ատակութիւնը` մարդոց ժպտեցնելու ընդունակութեամբ` առանց մասնաւոր ճիգի մը:
– ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆի -ՀԱՅՐԻԿի (1820-1907) «Պապիկ եւ թոռնիկը», տեսնելու անոր հայրենասիրական աշխարհահայեացքը` Հայաստանի հողին պաշտամունքով, նաեւ` իմանալու հայ ժողովուրդին անսակարկօրէն ծառայելու իր յանձնառութիւնը: Խրիմեան Հայրիկ «Թուղթէ շերեփ»-ը ձախողած կը յայտարարէ եւ կոչ կ՛ուղղէ դիմելու ԵՐԿԱԹԷ ՇԵՐԵՓի ռազմավարութեան:
– ԾԵՐԵՆՑԻ` ԲԺ. ՅՈՎՍԷՓ ՇԻՇՄԱՆԵԱՆի (1822-1888) «Թորոս Լեւոնին», «Երկունք Թ. դարու» եւ «Թէոդորոս Ռշտունի» վէպեը, որոնք սերունդներուն կը պատմեն մեր հերոսական անցեալին մասին` միաժամանակ անոնց ազգային կրթութիւն տալով:
– ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲԻ (1842-1901) «Մայտա»-ն, «Սիրանուշը» եւ «Արաքսիա կամ վարժուհին», որոնց մէջ կ՛երեւի անոր անզիջող կեցուածքը` կնոջ ազատութիւնը եւ տղամարդոց հետ իրաւահաւասարութեան պահանջը (ֆեմինիզմ): Տիւսաբի գրականութեան առանցքը կը կազմեն իգական սեռը դաստիարակելու եւ կնոջ հոգին յարգելու յանձնառութիւնը:
– ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի (1851-1908) «Դպրոց եւ դպրութիւն»-ը, ուր կը պարզուի անոր սերունդներու դաստիարակութեան մշակութային հայեացքներն ու փիլիսոփայութիւնը:
– ԵՂԻԱ ՏԵՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆի (1851-1908) բանաստեղծութիւնները, իմաստասիրական գրուածքները, գրադատական էջերը եւ տպաւորապաշտ քրոնիկները: Եղիա տարօրինակ դէմք է մեր գրականութեան մէջ: Հիւանդագին զգացումներու տէր, թախծոտ եւ հալածախտէ տառապող. անոր գրականութիւնը իր հիւանդ հոգիին արտացոլումն է (նոյն, էջ 190):
– Վերը մեր նշած Զարթօնքի սերունդի իրագործումներու շարքին 6-րդը կը վերաբերի թատրերգութիւնը ներմուծելու հայ գրականութեան մէջ: Մէջտեղ կու գան շարք մը թատերագիրներ` Թովմաս Թերզեան, Սրապիոն Հեքիմեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Սրապիոն Թղըլեան, Պետրոս Դուրեան: Մեծ ընդունակութեան տէր դերասաններ ալ երեւան եկած են Վարդովեանի եւ Մաղաքեանի ղեկավարութեան տակ. անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Պետրոս Ադամեանն է` Շէյքսփիրի հերոսները անզուգական անձնաւորողը (նոյն, էջ 37):
– 1880-ական թուականներուն հայերէն ներկայացումները կ՛արգիլուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, որովհետեւ հայոց պատմութեան դրուագները բեմ հանելով` հայերուն մէջ կ՛արթննան ազատութեան եւ հայրենասիրութեան բուռն զգացումներ եղեր (նոյն, էջ 36-37):
ա2.- Արեւելահայ ճակատ
Զարթօնքի սերունդի արեւելահայ գրողներուն անունները հետեւեալներն են (կ՛ենթադրենք արեւելահայ սերունդի գրողներուն թիւը արեւմտահայերէն նուազ եղած է). Խաչատուր Աբովեան, Գաբրիէլ քհնյ. Պատկանեան, Գէորգ Դոդոխեան, Ստեփանոս Նազարեան, Միքայէլ Նալպանտեան, Րաֆֆի, Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա), Ղազարոս Աղայեան, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Գրիգոր Արծրունի, Մուրացան:
Զարթօնքի արեւելահայ սերունդի վաստակը գնահատելու համար պէտք է առնուազն կարդալ`
– ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆի (1805-1848) հայ գրականութեան կոթողային գործերէն մէկը «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ երկու արժէքով կը ներկայացուի 1.- Արեւելահայ աշխարհաբարի առաջին մշակումը, 2.- Վէպին հայրենասէր հերոս Աղասիին երազանքը` յեղափոխութեան ճամբով կերտելու Հայաստանի ազատութիւնը:
– Արեւելահայ գրականութեան ազատութեան առաջին բոցավառ երգիչ ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆի (1829-1866) «Ազատն Աստուած»-ը «Մանկութեան օրեր»-ը եւ «Մեր հայրենիք»-ը, որ հետագային Հայաստանի քայլերգ կը դառնայ:
– ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆի (1830-1892) «Արաքսի արտասուքը», «Հիմի՞ էլ լռենք»-ը. «Սան Սթեֆանօ», Պերլին, թուղթէ եւ երկաթէ շերեփի խռովայոյզ մթնոլորտին մէջ կը գրէ յեղափոխաշունչ երգեր. ահա տեղ մը կ՛ըսէ. «Ո՞ւր է, դու գիտե՞ս, բախտդ ու փառքը, Ու ազատ կեանքը: — ի ծայր քո սուրի»… Ուրեմն, Պատկանեան Խրիմեան Հայրիկին հետ համոզուած է, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն:
– ՐԱՖՖԻԻ` ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԻՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆի – (1835-1888) «Սամուէլ», «Դաւիթ Բէկ», «Կայծեր», «Խենթը», «Խամսայի մելիքութիւնները», «Ջալալէտտին» վէպերը, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ տիպարներ` հայ յեղափոխական գործի առաքելութեամբ: Րաֆֆիի գրականութիւնը կը միտի ժողովուրդը արթնցնել հարիւրաւոր տարիներու թմբիրէն: Եթէ Խ. Աբովեան երազած է յեղափոխութեան ճամբով կերտել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատութիւնը, ապա Րաֆֆի ծրագրա՛ծ է զայն:
– Եռօրեայ «Մշակ»-ը (1872-1920) ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆի (1842-1892), որ իր շուրջ հաւաքած է յեղաշրջական նկարագրով խումբ մը մտաւորականներ: Յեղաշրջանակութեամբ, թերթին խմբագիրը` Արծրունի եւ իր ընկերները համոզուած են, թէ անհրաժեշտ է մեր ընկերային կեանքը վերակազմակերպել «ծրագրուած» կերպով. քննադատած է պահպանողական մամուլը եւ խաւարամիտ կղերականութիւնը:
(Շար. 3)