Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Ծերանոցի Մամիկներն Ու Պապիկները Ապահով Ձեռքերու Մէջ Են

$
0
0

29-7-16-4

ԱՆԻ ԴԱՒԻԹԵԱՆ-ՈՒՐԻՇԻԿԵԱՆ

Սուրիոյ պատերազմին պատճառած աւերները տակաւին կը շարունակուին ամէնուրեք, մանաւա՛նդ Հալէպի մէջ: Մղձաւանջային այս ծանր օրերուն ունեցանք նահատակներ, վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ`  նիւթական ահաւոր վնասներ: Բազմաթիւ կառոյցներ, հաստատութիւններ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ գտնուեցան անապահով շրջաններու մէջ:

Ո՞վ չտուժեց այս տմարդի եւ անըմբռնելի պատերազմին: Սկսեալ նորածին երեխայէն, որ տակաւին չի գիտակցիր, թէ ի՛նչ կը պատահի իր շուրջը, մինչեւ ամենատարեցը, որ իր խոր ծերութիւնը կը փափաքէր անցընել խաղաղ միջավայրի մէջ: Իւրաքանչիւրս` մեծ ու փոքր, երիտասարդ ու ծեր, համտեսեցինք պատերազմին դառնութիւնը ու տակաւին կը շարունակենք համտեսել:

Հայոց պատմութեան մէջ հայ ծերանոցը դարաւոր պատմութիւն ունի: Տակաւին 4-րդ դարուն, Ներսէս Մեծի հրամանով, կը բացուին բազմաթիւ աղքատանոցներ, որբանոցներ, հիւանդանոցներ, ծերանոցներ եւ բարեսիրական այլ հաստատութիւններ: Երկար պատմութիւն ունի նաեւ 1923-ին հիմնուած Հալէպի Հայ ծերանոցը: 93 տարուան կեանք ունեցող այս հաստատութիւնը Հալէպի մէջ շարունակուող մարտերու պատճառով նոյնպէս տուժած է, սակայն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:

Նշենք, որ Հայ ծերանոցին պատսպարեալները  2012-էն ի վեր երեք անգամ տեղափոխուած են: Սկզբնական շրջանին անոնք Պոսթան Փաշայի շրջանէն տեղափոխուեցան «Աստուրեան» հիւանդանոց, ուր մնացին երկու օր միայն, ապա`  «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոց, ուր ապահովուած էր կենցաղային ամէն տեսակի յարմարութիւն: Սակայն Նոր Գիւղի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով, անոնք երրորդ անգամ ժամանակաւորապէս տեղափոխուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը:

Այս առնչութեամբ հանդիպում ունեցանք Հայ ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեանին հետ, «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոց կառոյցէն ներս, ուր վերստին հանգրուանած են պատսպարեալները ներկայիս:

Տնօրէնէն խնդրեցինք  մեզի տեղեկացնել, թէ Հայ Ծերանոցը քանի՛ ծեր պատսպարեալ ունի եւ ի՞նչ է անոնց առողջական վիճակը: Ան յայտնեց.

«Մեր ընտանիքը կը բաղկանայ 50 անդամներէ: Ունինք 39 ծեր պատսպարեալներ եւ 3 մնայուն պաշտօնեաներ, որոնք եւս ապաստան գտած են Հայ ծերանոցէն ներս. այսինքն` 26 իգական եւ 16 արական սեռի պատկանող պատսպարեալներ, որոնցմէ 10-ն անկարող տարեցներ են (7 կին եւ           3 այր): Անոնք կը մնան «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցի երկու յարկերուն մէջ եւ 24 ժամուան դրութեամբ խնամքի ենթակայ են: 2012-ին Պոսթան Փաշան ծանր մարտերու վայր դարձաւ, եւ յարմարագոյնը նկատուեցաւ «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցի շէնքը փոխադրուիլ:

Թէեւ ան մեզի համար գաղթակայան է, բայց շնորհակալ ենք այս հաստատութեան բարերարներէն: Այստեղ տարեցներուն ամէն տեսակ խնամք կը տրուի. անոնց առողջական վիճակը հսկողութեան տակ է եւ կենցաղային ամէն ինչ ապահովուած է` սնունդ, հագուստ, դեղորայք եւ այլն: Պատերազմի ընթացքին շատ բաներ մեր անձնական տուներուն մէջ չենք գտներ, սակայն իրենք ոչ մէկ բանէ զրկուած են. թէեւ քիչ, բայց անպայման կայ` շնորհիւ բարերարներուն եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն: Շաբաթական դրութեամբ լոգանք ունին. մեծ խնամք կը տրուի անոնց մաքրութեան, լուացքին` նոյնիսկ ջուրի տագնապի օրերուն: Պատկերացուցէ՛ք, որ հոս որքան մեծ քանակութեամբ ջուր պէտք է, սակայն անոնց մաքրութեան եւ խմելու ջուրը միշտ ապահովուած է, եւ ըստ յարմարութեան, ծերանոցի օրէնքները ընթացքի մէջ են:

Հարկ է նշել, որ Հայ ծերանոցը (հանգստեան տուն) այն հաստատութիւնն է, որ կը վայելէ երեք համայնքապետներու հովանաւորութիւնը: Ծերերուն առողջական, կենցաղային եւ այլ էական հարցերը խորապէս կը հետաքրքրեն զանոնք. անոնք, անմիջական հսկողութեամբ, յաճախ կ՛այցելեն, ինչպէս նաեւ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն: Այդ հիման վրայ ալ երեք համայնքապետներուն հովանաւորութիւնը վայելող բոլոր եկեղեցական թաղական խորհուրդները, հայրենակցական, մարզական, մշակութային եւ տիկնանց միութիւնները համախմբուած են Հայ ծերանոցին շուրջ»:

Հայ ծերանոցին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն, բնականաբար, ազգասէր, գթասիրտ, նուիրեալ բարերարներ եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններ, որոնց աջակցութիւնն ու հոգատարութիւնը զգալիօրէն ակնյայտ է: Խնդրեցինք տնօրէնէն, որ այս առնչութեամբ եւս մեզի տեղեկութիւններ տայ: Ան ըսաւ.

«Անշո՛ւշտ Հայ ծերանոցը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ շնորհիւ իր բարերարներուն եւ բարեսիրական հաստատութիւններուն ցուցաբերած աջակցութեան: Հետեւաբար մենք յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Պետրոս Տարագճեանին եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ` «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէնուհի Թալին Թոփալաքեանին: Շնորհակալ ենք նաեւ Սուրիոյ Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին, որ Հայ ծերանոցին յաճախ յատկացուցած է իր լուման, մանաւա՛նդ վերջին պայթիւնին, անմիջապէս օգնութեան հասնելու իմաստով: Չմոռնանք նաեւ ՀՕՄ-ն ու ՍՕ Խաչը եւ բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք զանազան ձեւերով օգտակար կը դառնան: Մենք կ՛օգտուինք նաեւ օտար հաստատութիւններէ, որոնց նոյնպէս շնորհակալ ենք, ինչպէս` ՄԱԿ-ի Գաղթականներու յանձնաժողովէն, JRS-էն` Փախստականներու խնամատարութեան յիսուսեան խորհուրդէն, որ շաբաթական 5 օր ճաշ կ՛ուղարկէ ծերանոց, Կարմիր մահիկ կազմակերպութենէն եւ Մար Իլիաս եկեղեցիէն:

Պէտք է նշենք նաեւ երեք ակումբներու` «Տիգրանեան»-ին, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի եւ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տուն ցուցաբերած աջակցութիւնը: Անոնք ջուրի տագնապի օրերուն երբեք  ծարաւ չձգեցին ծերանոցը, մանաւա՛նդ «Տիգրանեան»-ը, որ խմելու ջուր կ՛ապահովէ մեզի: Երախտապարտ ենք նաեւ ակումբի տղոց: Բարեսիրական հաստատութիւններու կողքին, ունինք նաեւ  անհատ բարերարներ, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին Հայ ծերանոցին. անոնց եւս շնորհակալ ենք: Պէտք է նշենք, որ կը վերահաստատենք կապերը մեր բարերարներուն հետ: Սակայն ամէն ինչէ առաջ մենք երախտապարտ ենք Հալէպի մեր բարերարներուն, որովհետեւ իրենք ալ կ՛ապրին ծանր պայմաններու մէջ, բայց անխափան իրենց լուման կը շարունակեն յատկացնել: Ինչպէս նաեւ պէտք է հպարտ զգանք, որ զանազան երկիրներէ, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն բարերարներ ունինք: Օրինակ` Հայաստանի քաղաքացի մը մեծ նուիրատուութիւն կատարեց` առանց իր անունը նշելու: Յատուկ շնորհակալական խօսք ունինք Հայաստանի Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին, որ մօտէն կը հետաքրքրուի Հայ ծերանոցի պատսպարեալներու հարցերով եւ նեցուկ կը կանգնի անոնց»:

Ինչպէս նշեցինք, Հայ ծերանոցի պատսպարեալները երրորդ  անգամ ըլլալով տեղափոխուած էին «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցէն` զինեալ խմբաւորումերուն կողմէ հրթիռակոծման պատճառով: Այս առնչութեամբ խնդրեցինք Աւօ Գաթրճեանէն, որ մեզի տեղեկութիւններ տայ նաեւ 26-27 մայիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն շուրջ: Ան պատմեց.

«Նկատի առնելով, որ Նոր Գիւղի մէջ ենք, ուստի հրթիռակոծման թիրախ ենք: Սակայն Հալէպի մէջ չկայ ապահով վայր, ամէն տեղ ենթակայ է վտանգի, նոյնպէս` ծերանոցը: 26 մայիսի գիշերը, յաճախակի պայթիւններէ ետք, ծերանոցը նոյնպէս ենթարկուեցաւ հրթիռակոծման: Ժամը 12:00 էր, երբ վերջին պայթիւնը տեղի ունեցաւ եւ փուլ եկաւ «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցին մէկ բաժինը, այսինքն` այժմու Հայ ծերանոցին մէկ հատուածը: Տեղական շինուած հրասանդի ռումբ  մըն էր: Յաջորդ օրը` մայիս 27-ին, կէսօրուան ժամը 11:30-ին զինեալներ կրկին անգամ` հրթիռակոծեցին շէնքը, այս անգամ կազի տակառով: Նախորդ օրուան փլածին մնացած բաժինն ալ քանդուեցաւ: Այս պայթիւնին պատճառով ծերանոցի ամենակրտսեր պաշտօնեան նահատակուեցաւ, ունեցանք նաեւ վիրաւորներ: Այդ իրարանցումին մէջ անմիջապէս դիմեցինք զանազան տեղեր: Արագ ընդառաջող եւ իբրեւ ամէնէն ապահով տեղ, յարմար նկատուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին թելադրանքով եւ թաղական խորհուրդին ու շրջանի պատասխանատու տղոց աջակցութեամբ, անմիջապէս դասաւորեցինք եւ նոյն օրը ծերերը փոխադրեցինք այնտեղ: Թէեւ եկեղեցին ալ կը գտնուի Նոր Գիւղի շրջանը, որ ապահով չէ, սակայն համեմատաբար աւելի ապահով եւ յարմարագոյն տարբերակն էր: Այս ծանր պատահարի ընթացքին երեք համայնքապետները անձամբ այցելութիւն տուին թէ՛ «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոց եւ թէ Ս. Գ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, մօտէն հետաքրքրուեցան մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն վիճակով: Մեր բարերարներն ու բարեսիրական հաստատութիւնները եւս փութացին ամէն տեսակի օգնութիւն հայթայթելու: Ծերանոցի կիսաքանդ բաժինը վերականգնելէ ետք, 21 յունիս 2016-ին վերադարձանք մեր շէնքը»:

Հայ ծերանոցը, իր կարգին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ունի աշխուժ կեանք` իր ձեռնարկներով եւ արարողութիւններով: Երբ հարց տուինք, թէ հայ մամիկներն ու պապիկները ինչպէ՛ս կ՛անցընեն իրենց առօրեան, տնօրէնը պատասխանեց.

«Մէկ տարուան ընթացքին բոլոր տաղաւարներն ու տօնական օրերը կը նշենք: Վարը լքուած սրահ մը ունէինք, զայն վերականգնեցինք ու վերածեցինք փոքրիկ եկեղեցիի մը, ուր կ՛օգտագործուին Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու սպասները: Այս սրահին մէջ կը կատարենք մեր բոլոր արարողութիւններն ու գեղարուեստական յայտագրերը: 17 մարտ 2016-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Մայրերու օրը, որ կազմակերպած էր Հայ ծերանոցի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Հալէպի բոլոր եկեղեցական, բարեսիրական, միութենական ներկայացուցիչները: Հոկտեմբեր 1-ին նշած ենք նաեւ Տարեցներու միջազգային օրը, եւ այսպէս` շարքը կը շարունակուի: Քարոզչական իմաստով պատկերասփիւռի կայաններու ճամբով ներկայացուցած ենք Հայ ծերանոցը, միւս կողմէ` օրացոյց մըն ալ տպած ենք, որ ծերանոցի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կ՛իրագործուի եւ այլ տեսակի աշխատանքներ»:

Հարցազրոյցի ընթացքին տնօրէնին խօսքը յաճախ կ՛ընդհատուէր, երբ մամիկ մը կամ պապիկ մը, առանց արտօնութեան, դուռը կը բանար եւ չարուկ երեխայի մը նման կը սպասէր: Տնօրէնը գիտէ, թէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ կը մտածէ կամ ի՛նչ պիտի պահանջէ եւ ժպտուն դէմքով անոնց կամքը կատարելէ ետք, պաշտօնեայի մը ուղեկցութեամբ զանոնք կ՛ուղղէ դէպի իրենց սենեակը` «տունը»: «Իբրեւ Հայ ծերանոցի մեծ ընտանիք` մենք եւ մեր պաշտօնեաները կը փորձենք մեր ծերերուն տալ իրենց զաւակներուն, թոռներուն ու ընտանեկան պարագաներուն զլացած գուրգուրանքը: Ես շնորհակալ եմ ծերանոցի խնամակալներուն, Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին ու մանաւանդ պաշտօնէութեան: Անոնք մեծ աշխատանք կը տանին, որ չի գնահատուիր նիւթականով, որովհետեւ այս աշխատանքը նուիրումի, զոհողութեան ու խիղճի աշխատանք է»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>